Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Թռի՛ Էլ Էծ Է…

$
0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

 

WRITERS VATCHE PROODIANԵրկու հոգի կը վիճին իրարու հետ. ցոյց տալով հեռուն, ժայռի մը վրայ կանգնած կենդանիի մը կերպարանքը: Մէկը կ՛ըսէ՝ արծիւ է, միւսը կը պնդէ՝ այծ է: Արծիւ է… այծ է… վէճի ընթացքին, ժայռին վրայ գտնուող արարածը թեւերը կը թափահարէ, կը թռի ու կը սկսի սաւառնելու: Վիճողներէն մէկը կը պնդէ՝ «Թռի՛ էլ էծ է…»:

Այս շատ ծանօթ պատմութիւնը յիշեցինք, երբ Քսաններու գերաստիճանին ընթացքին Փութին պնդեց, թէ Տաէշի հակակշիռին տակ գտնուող սուրիական քարիւղը, հազարաւոր բեռնակառքերով, կ՛ուղղուի դէպի Թուրքիա ու այս վերջինն է գողօնին գնորդը («արծի՛ւ է»): Եւ, ո՜վ զարմանալի… նոյնիսկ արեւմտեան մամուլին մէջ լոյս տեսան լուրեր, որ այս քարիւղային ապօրինի առեւտուրին գլուխը կանգնողը Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի որդին է՝ Պիլալ Էրտողանը:

Ռուսական կողմը քանի մը օր առաջ արբանեակներէ եւ հետախուզական օդանաւերու կողմէ առնուած լուսանկարներ եւս հրապարակեց, փաստելով, թէ Տաէշ ինչպէ՛ս կը ֆինանսաւորուի քարիւղի այս ապօրինի առեւտուրով, կասկածէ դուրս մղելով Թուրքիոյ բացայայտ զինակցութիւնը այս վտանգաւոր կազմակերպութեան հետ:

Թրքական հակազդեցութիւնը եղաւ՝ «Թռի էլ էծ է»:

Միացեալ Նահանգներու պետական բաժանմունքը անշուշտ փութաց Թուրքիոյ օգնութեան, ծեքծեքումներով ըսելով, որ այս մաքսանենգութիւնը «տասնամեակներէ ի վեր» կայ, բայց թրքական կառավարութիւնը «կապ չունի» եղածին հետ: Կրկնուեցաւ նաեւ նոյն (անկեղծ) յանկերգը՝ «Թուրքիան ՆԱԹՕի անդամ է եւ մեր վստահելի դաշնակիցը»: Այսինքն՝ այնքան ատեն, որ Թուրքիան կը մնայ մեր «վստահելի դաշնակիցը», ամէն ինչ արտօնուած է անոր: Այս ձեւով պետական բաժանմունքը լռելեայն յուշեց այն ենթաթեքսթը, որ եթէ գայ այն օրը, երբ Թուրքիան դադրի «վստահելի դաշնակից» ըլլալէ, ուրի՛շ հարց:

Սուրիական (եւ… իրաքեան) քարիւղի կողոպուտին, գողին ու գողօնը գնողին մասին իրականութիւնը լուսանկարներով հրապարակելու ռուսական քայլը պարզապէս փաստա-վաւերագրումն էր այն բացայայտ գաղտնիքին, որմէ համաշխարհային հանրային կարծիքը տեղեակ էր: Տեղեակ էին նաեւ Արեւմուտքի բոլոր պետութիւնները: Ինչպէ՞ս կրնային տեղեակ չըլլալ, երբ խնդրոյ առարկայ շրջանէն ներս կը գործեն իրենց տեղեկահաւաք-հետախուզական սպասարկութիւնները, ամէնէն արդիական արհեստագիտութեամբ:

Բայց այս բոլորը սուր բնոյթ ստացան այն պահուն, երբ թրքական կողմը ռուսական օդուժին օդանաւը հարուածեց: Իսկ Թուրքիա այդ որոշումը տուաւ այն պահուն, երբ տեսաւ, թէ Սուրիոյ մէջ գործող իր տեղական դաշնակիցները (այս պարագային թիւրքմէնները) ծանր կացութեան մատնուած են զինուորական գետնի վրայ: Թիւրքմէնները կը հակակշռեն գօտի մը (Ճեպել Թիւրքմէն), որ աշխարհագրականօրէն ուղղակի կապուած է Թուրքիոյ սահմանին: Այս գօտին այժմ կը գտնուի Սուրիական բանակի եւ ռուսական օդուժին համակարգուած ճնշումի տակ:

Թուրքիա կը ջանայ ոչ միայն բաց պահել այս արիւնատար երակը, այլեւ թոյլ չտալ, որ Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող քրտական երկու անջատ գօտիները (Աֆրին եւ Քոպանի) իրարու միանան, կազմելով քրտական ինքնավար «քանթոն» մը Սուրիոյ մէջ:

Թուրքիոյ համար սարսափազդու հեռանկար է այս մէկը եւ հետեւաբար նաեւ՝ հո՛ս է բուն խնդիրը մեզի համար: Քրտական ազդակը:

Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ քրտական այս երկու գօտիները, ռուս – սուրիական համադրուած գործողութիւններով, իրարու միանան ու ապա՝ իրաքեան Քիւրտիստանին:

Հիմնականը այս պարագային, Թուրքիոյ ազդեցութեան գօտիի նուազումն է եւ իր դիրքերու տկարացումը: Իսկ նման հեռանկար մը միայն օգտակար կրնայ ըլլալ հայութեան ու Հայաստանի համար: Չսխալինք ու չկասկածինք:

Անշուշտ այս ընդհանուր խաղադաշտը բաւական խորտուբորտ է: Նաեւ՝ ականապատուած: Հակադիր շահերէ մղուած խաղացողներու թիւն ալ քիչ չէ:

Մէկ բան պարզ է սակայն, որ քրտական ազդակը գետնի վրայ իրականութիւն է Սուրիոյ հիւսիսը եւ թերեւս զարմանալիօրէն, Սուրիոյ հիւսիսային այս գօտիներու քիւրտերը կը վայելեն թէ՛ ռուսական եւ թէ ամերիկեան աջակցութիւն (թերեւս՝ տարբեր դրդապատճառներով): Այնպէս որ, այս մասնայատուկ տարածաշրջանէն ներս սպասուող զարգացումներուն ուշադիր պէտք է հետեւի հայկական դիւանագիտութիւնը, ի պահանջել հարկին օգուտներ քաղելու հեռանկարով:

Այս բոլորով կը բացատրուի նաեւ Թուրքիոյ ջղաձգութիւնը՝ «Թռի՛ էլ էծ է»:

 

3 Դեկտեմբեր, 2015

vproodian@gmail.com


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles