Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Իրան՝ Հարաւի Դարաւոր Մեր Հարեւանը

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

bedikianՎերջերս համայն աշխարհը, ոչ միայն ականատես եղաւ, այլեւ շատ մօտէն ու երբեմն սրտարոփ հետեւեցաւ օրեր ու շաբաթներ տեւած Արեւմուտք-Իրան բանակցութիւններուն՝ վերջինիս միջուկային ուժի կառուցման թնճուկը լուծելու եւ զինք այս «կործանարար» ծրագիրէն ետ մղելու շուրջ:
Այսպէս, օր մը վերջապէս, երկու կողմերը երկար ժողովներէ ետք եկան համաձայնութեան: Բանակցողները «բաներ» ստորագրեցին: Խնդացին եւ ձեռնուեցան, ապա պատմականօրէն, հազարաւոր լրագրողներու դիմաց նկարուեցան: Աշխարհն ալ, իր կարգին, խոր ու երկար շունչ մը քաշեց:
Պէտք է յիշեցնել, որ թէեւ Արեւմուտքը ուրախ եւ հպարտ էր իր ձեռք բերած համաձայնագիրով, կային նաեւ ուրիշ երկիրներ, որոնք կասկածանքով մօտեցան այս բոլորին ու իրենց մտահոգութիւնն ու դժգոհանքը բացայայտեցին: Բայց, ի՛նչ ալ ըլլան համաձայնագիրի կէտերը, մեզի, աւելի ճիշդ՝ մեր երկիրին համար, նման «բան» մը օգտաշատ է եւ բարեբեր:
Անկեղծ ըսելով՝ պատմական այս համաձայնութենէն ետք, այլեւս նման հարցերու պարագային, սկսած եմ տարբեր նայելու դէպի գալիքը, լաւատեսութեամբ լեցուելու, որովհետեւ պատմութիւնը իր ընթացքը խոր կը շարունակէ ու մեզ չի սպասեր:
Միտքս պարզեմ. մենք, իբրեւ հայեր, աշխարհի այդ բաժինի քարտէսին վրայ, նոր չէր որ կը ճանչնայինք կամ պիտի ճանչնայինք հարաւի մեր դրացի Իրանը: Անոր հետ, իր Պարսկաստան անունով, պատմութիւն կերտած էինք: Միասին կիսած ենք մեր Մայր Արաքսը, որ կենդանի դեր խաղացած է մեր պատմութեան, գրականութեան եւ հաւատքին մէջ ու դարձած խորհրդանիշ ու ներշնչում:
Պատմութիւնը չի մոռցուիր: Հաւատացէ՛ք:
Պատմաբանները կրնան հաստատել, թէ մենք այդ ժողովուրդին հետ լեզուի, արեան, կենցաղի ու մշակոյթի մօտիկ ազգականութիւն ալ ունինք դարերէ ի վեր: Վկայ՝ Թեհրանի, Ատրպատականի եւ Սպահանի թեմերը: Վկաներէն մեծագոյնը՝ իրանահայութիւնը, Նոր æուղան…
Հայը, հո՛ս, Իրան կոչուած այս երկրին մէջ եւս շատ կանուխէն իր արմատները նետած էր՝ ինքնատիպ ու պատշաճ: Իրանահայ գաղութը կրնայ այս մէկը հաստատել: Պարասկահայութիւնը մեր ամէնէն հին գաղութն է եղած ու միշտ ամուր պահած է իր աւանադոյթներն ու սովորութիւնները, իր ստեղծագործ ու շինարար ոգին ու կազմակերպուածութիւնը, ու զանոնք փոխնացած իրերայաջորդ սերունդներուն:
Առանց վառանելու ըսեմ, որ Իրանի մասին վերոյիշեալ ժողովները, կամ աւելի ճիշդ՝ բանակցութիւններն էին, որոնք այս տողերուս առիթ ընծայեցին, անգամ մը եւս լոյսի բերելու այդ երկիրն ու այնտեղի մեր հայրենակիցները:
Քարիւղի երկիր է Իրանը: Հարուստ եւ շատ հարուստ՝ շրջապատուած իսլամ երկիրներով: Միայն իր հիւսիսը կը գտնուի քրիստոնեայ փոքր երկիր մը, որուն հետ դարերով կիսած է իր բարեկամութիւնն ու դրացնութիւնը: Այդ մեր Հայաստանն է: Այսօր, ինչպէս միշտ, պարսիկը տէր է իր երկիրին եւ ճակատագիրին։ Ո՛չ մէկ կասկած… Ինծի համար պարսիկը բանաստեղծ է եւս: Ոչ մէկ խօսք… Ասիկա տարբեր հարց է:
Անկախ այս բոլորէն, մտովի արագ սակայն կարճ ակնարկ մը նետելով կարգ մը պատմական իրողութիւններու վրայ, զորս կիսած էինք հարաւի դարաւոր այս դրացիին հետ, արդէն իսկ ամէն բան կը յստականայ:
Այսպէս, անձնապէս կը հաւատամ, որ Պարսկաստանը, մեր հայրենքէն ետք՝ երկրորդ Հայաստան մը եղած էր մեզի համար: Ան իր կառոյցներով մեծ եւ հարուստ գանձատուն մըն է մեր մշակութային կոթողներուն: Հոն, այդ հսկայ երկիրին մէջ, իրանահայութիւնը ունեցած է նաեւ պատմական անժխտելի առաքելութիւն՝ օրինակելի եւ սրբազան: Իսկ գալով հողատարածքին կամ սահամանային գիծին, ապա յստակ է, որ այս երկու հարեւան պետութիւններուն միջեւ գտ-նուող սահմանը, պատմութեան ամբողջ ընթացքին, շատ յաճախ ետ ու առաջ գացած է: Այս բոլորը նաեւ կ՛ապացուցանեն, թէ մենք, իբրեւ ժողովուրդ, հողային ու մշակութային անքակտելի կապեր ունեցած ենք մեր այս կրակապաշտ կամ նոյնիսկ իսլամ դրացիին հետ:
Առանց աւելի մխրճուելու յիշեցնեմ, թէ այնտեղէն եկած էին շատ յաճախ մեր իշխանական, ինչպէս նաեւ արքայական տոհմերը: Լուսաւորիչի ընտանիքը մեծագոյն օրինակներէն մէկն է:
Աւելին, լեզուաբաններու եւ լեզուագէտներու համաձայն՝ մեր լեզուին մէջ կան աւելի քան 1400 պարսկական արմատ բառեր, անուններ, որոնք կ՛ապացուցանեն, թէ այս երկու ժողովուրդները միասին ստեղծած ու բաժնած էին հասարակաց կեանք մը: Հարիւրաւոր տարիներու վրայ երկարող այս մնայուն բարեկամութիւնը, խնամիական կապերը, սոսկ պատմական իրականութիւններ չեն, այլ ունին նաեւ խորք։ Մենք իրենց հողին վրայ արիւն թափած ենք: Մեր արմատները նոյնիսկ հոն թաղուած են…
Այս բոլորը դարերուն ընթացքին կատարուած ու կերտուած են՝ կա՛մ կռիւով, կա՛մ պատերազմներով եւ կամ դաւադրութիւններով, սակայն միշտ համերաշխութեամբ եւ բարեկամութեամբ, նոյնիսկ՝ վստահութեամբ եւ բարի դրացնութեան ոգիով: Ուստի, այս օրերուն, ի տես նոր համաձայնութեան եւ մեր պատմական կապին, մեկնելով մեր հին ու նոր դրացնութեան պատեհութենէն՝ կը կարծեմ, որ Արեւմուտքին չափ եւ աւելի մե՛նք խանդավառ պէտք է ըլլանք ու պարտաւոր զգանք լաւագոյնս օգտուելու Իրանին ընձեռուած այս նոր իրավիճակէն եւ տարիներու շրջափակման մթնոլորտին մէջ՝ տեսնելու հարաւէն մեզի եկող նոր լոյսն ու յոյսը: Ժամանակին ռուսը հիւսիսի մեր քեռին էր՝ մօրեղբայրը: Այսօր ան կարծես բոլորին քեռին է դարձած ու յաճախ մեզ ալ մոռցած: Ահաւասի՛կ պատեհ առիթ մը, որ մենք ալ վերադառնանք մեր նախնիներու իմաստութեան, ու մշակոյթի ուժով եւ բարի դրացնութեան փոխադարձ յարգանքով բաժնենք մեր կեանքը մեր հարաւի հարեւանին հետ, իբրեւ ապագայի լաւագոյն ճանապարհ:
Անպայմա՛ն կը շահինք:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles