Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Համակարգային Փոփոխութի՞ւն Կ՛ուզենք, Ահաւասիկ

$
0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

 

WRITERS VATCHE PROODIANԿասկած չկայ, որ Հայաստանի քաղաքական կառավարման ներկայ համակարգը ինքզինք սպառած է: Անձի մը (այս պարագային երկրի նախագահին) կամքը շատ յաճախ գերիվեր կը նկատուի բոլոր այլ նկատառումներէ: Համակարգ մը, ուր այս անձը ոչ ոքի հաշուետու է: Այնպէս որ, մեր երկիրը կը գտնուի այս իմաստով որակական ոստումի մը անհրաժեշտութեան դէմ յանդիման:

Վերջին նախագահական ընտրութիւններու աւարտին, երբ ժողովրդային դժգոհութեան ալիք յառաջացաւ, այդ մէկը ստեղծեց նաեւ հոգեբանական ճնշումի այնպիսի կացութիւն մը, ուր իշխանութիւնները կը գտնուէին ներքին քաղաքական ու կառավարման իրենց ոճին մէջ լուրջ զիջումներ կատարելու պարտադրանքին տակ: Այս ուղղութեամբ ալ, յուսադրիչ բանակցութիւններ սկսած էին մէկ կողմէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան, իսկ միւս կողմէ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ: Այս բանակցութիւնները տապալեց այդ օրերու նախագահական թեկնածու, «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան նախագահ նոյնինքն Րաֆֆի Յովհաննէսեան, երբ յայտարարեց, թէ ինք ոչ մէկ առնչութիւն ունի այդ գործընթացներուն (այսինքն բանակցութիւններուն հետ): Եւ վերջ:

Թերեւս ալ օրուան իշխանութիւններուն ուզածն ալ այդ էր: Արդէն իրենց «սրտով» չէին այն քաղաքական զիջումները, որոնք կը պահանջուէին իրենցմէ նշեալ բանակցութիւններուն ընթացքին: «Զիջում» ըսուածն ալ այնպիսի բան մը չէ, որ այդ քայլին դիմողը թմբուկով ու պարով ընէ այդ մէկը, չէ՞:

Յստակ էր, որ անձ մը ուրիշ անձով փոխարինելը ոչ մէկ լուծում կրնայ բերել երկրի խնդիրներուն, որովհետեւ չկան նման երաշխիքներ, չկայ օրինական հսկիչ ու հակակշռող դրութիւն մը: Ժողովրդային լեզուով՝ Կարապետը Հայրապետով փոխարինելը լուրջ մօտեցում չէ: Լուրջ մօտեցումը այն է, որ անհրաժեշտ է ձգտիլ համակարգային փոփոխութեան:

Յստակ էր այլեւս, որ հիմնական փոփոխութիւն մը անհրաժեշտ էր Հայաստանի համար ու այդ փոփոխութիւնը հարկ էր որ կատարուէր հիմնական օրէնքի դաշտէն ներս, այսինքն՝ բարեփոխել սահմանադրութիւնը ու այդ ձեւով ալ՝ կառավարման ամբողջ համակարգը:

Սահմանադրական ներկայ բարեփոխումներու թղթածրարը, որ վաւերացուեցաւ Ազգային ժողովին կողմէ քանի մը օր առաջ, բնականաբար կը պարունակէ բազմաթիւ բնագաւառներ՝ նախագահի պաշտօն, խորհրդարան, դատական համակարգ եւ այլն:

Կարելի չէ օրաթերթային յօդուածի մը սահմաններուն մէջ վերլուծել այդ բոլոր բնագաւառները: Այս յօդուածով, փորձենք անդրադառնալ մէկ հարցի:

Սահմանադրական բարեփոխումներով, Հայաստան նախագահական դրութենէն անցում պիտի կատարէ դէպի խորհրդարանական կառավարման դրութիւն: Ժողովուրդը կ՛ընտրէ խորհրդարանի անդամները համամասնական կարգով. մեծամասնութեան քուէն ստացող կուսակցութիւնը կը կազմէ կառավարութիւնը, որ (սա շատ կարեւոր է) հաշուետու է ժողովուրդի կամքին: Այսինքն խորհրդարանին:

Առանց մտնելու յաւելեալ մանրամասնութիւններու մէջ աւելցնենք, որ մեծամասնութեան քուէն ստացող ուժին կողմէ իշխանութեան հասած կուսակցութիւնը (կամ դաշինքը) միահեծան իշխելու «վայելքը» պիտի չունենայ: Առաջադրուած բարեփոխումներով, ընդդիմութիւնը պիտի ունենայ հակակշիռի ու հսկողութեան լծակներ: Օրինակ. աշխարհի բոլոր խորհրդարանները կ՛ունենան յանձնախումբեր (արտաքին յարաբերութիւններու, ամավարկային կամ տնտեսական, պաշտպանութեան, եւ այլն) ու այդ յանձնախումբերու նախագահները կը պատկանին խորհրդարանական մեծամասնութեան: Այս բարեփոխումներով եւս կը պահուի նոյն տրամադրութիւնը, Բայց… Երբ ընդդիմադիր կողմ մը խորհրդարանական ընդունուած կարգով ուզէ քննութիւն բանալ պետական այս կամ այն օղակի աշխատանքին շուրջ, կազմուելիք յանձնախումբին նախագահութիւնը կը ստանձնէ հարցը արծարծած պատգամաւորը. այսինքն ընդդիմութիւնը:

Ամփոփենք՝ այս բարեփոխումներով, կ՛առաջադրուի անձի կողմէ կառավարումը փոխարինել հաւաքական կառավարումով: Կ՛առաջադրուի կառավարման համակարգը բարեփոխել, զայն ոչ միայն հիմնել ժողովրդային քուէի մեծամասնութեան բարոյական եւ օրինական  խարիսխին վրայ, այլեւ ու միաժամանակ, զայն հաշուետուի կարգավիճակին մէջ պահելով:

Այնպէս որ, եթէ համակարգային փոփոխութիւն կ՛ուզենք Հայաստանի մէջ, այդ պարագային ներկայ սահմանադրական նախագիծին պէտք է զօրակցինք:

 

8 Հոկտեմբեր 2015

vproodian@gmail.com


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles