ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Եօթներորդ դարու պատմիչ Յովհան Մամիկոնեան, իր «Պատմութիւն Տարօնոյ» մատեանին մէջ, այսպէս կը նկարագրէ Վահան Մամիկոնեանի (Գայլ Վահան) եւ պարսից՝ Հայաստան ներխուժած զօրքերու հրամանատար Միհրանի հանդիպումը. «… եւ Վահանը իր ծառաներին հրամայեց ճաշկերոյթ կազմակերպել եւ Միհրանին էլ հրաւիրել… իսկ նա (Միհրանը)… սենեակ մտաւ եւ միայն (Վահանին) ներս թողեց… եւ Վահանը ձեռքն առաւ սուրը եւ կտրեց նրա թլփատը… (Այնուհետեւ) կտրեց նրա քիթը եւ դրեց առջեւը, ապա պատռելով որովայնը՝ ծառային հրամայեց հանել նրա լեարդն ու դնել բերանը, ապա Վահանը կտրեց նրա գլուխը…»։
Պատմիչը կը շարունակէ նկարագրել, թէ ինչպէս հայոց զօրքը, շրջապատելով թշնամի ուժերը, կոտորեց զանոնք («եւ ոչ ոքի չգթացին». ըստ երեւոյթին՝ արգիլուած էր գերի վերցնել), ողջ ձգելով միայն 40 հոգի՝ «իբրեւ գուժկան»: Այսինքն, մեր օրերու հասկացողութեամբ, թշնամիին դէմ հոգեբանական պատերազմի մարտավարութեան եւ համապատասխան քարոզչութեան ցայտուն օրինակ մը: Անգլերէնով կարելի է ըսել՝ shock and awe… Դեռ աւելին, Վահան Միհրանի կտրուած գլուխը կը յանձնէ ողջ մնացողներուն, ըսելով, որ գիտեմ որ ձեր երկիրը տափարակ է եւ գնդակ խաղալ կը սիրէք, վերցրէք (Միհրանի) գլուխը եւ թող ձեզ գնդակ լինի սերնդէ սերունդ»(*):
Հինգերորդ դարու հայկական զինուորական եւ քաղաքական միտքի այս առնական ու քաջ կեցուածքն էր ի վերջոյ, որ յանգեցաւ հայութեան համար քաղաքական կարեւոր նուաճումի մը, Նուարսակի դաշնագրին, 484 թուականին: Սասանեան կայսրութիւնը ստիպուեցաւ հաշուի նստելու իրականութեան հետ եւ զիջումներ կատարել: Սա պատմական իրողութիւն է:
Առաջ ընթանանք դէպի քսաներորդ դար, 1921: Յետ քաղաքական որոշումի եւ ամիսներ տեւած հետապնդումներու, հայ ժողովուրդի պատժիչ բազուկը հասաւ Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլին: Սողոմոն Թեհլիրեանի գնդակը գետին տապալեց հայ ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն կազմակերպած պատասխանատուներէն Թալէաթը: Դատական գործընթացը ինքնին ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ Վահան Մամիկոնեանի կողմէ քառասուն գուժկաններ ուղարկելու քայլին կրկնութիւնը, այս անգամ օրինական ձեւաչափով՝ ոճրագործը անպատիժ պիտի չմնայ: Անպատիժ չմնացին ուրիշ ոճրագործներ եւս՝ Սայիտ Հալիմ (Արշաւիր Շիրակեանի ձեռքով), Ճեմալ Ազմի եւ Պեհաէտտին Շաքիր (Արամ Երկանեանի եւ Արշաւիր Շիրակեանի ձեռքով):
Հասանք Սեպտեմբեր 2015, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի սահմանը: Թշնամի ուժերը անընդհատ կը խախտեն զինադուլը, շաբաթական հերթականութեամբ նահատակներ խլելով հայկական բանակի շարքերէն: Սակայն հայկական պատասխանը չ՛ուշանար: Դիպուկահար մէկ գնդակին դէմ՝ բազում գնդակներ: Մէկ հրթիռի դէմ՝ հրթիռներու տեղատարափ ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ եւ մէկ նահատակի դէմ՝ թշնամիի բազմաթիւ դիակներ: Քանի մը օր առաջ ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդեց, թէ հայկական ուժերուն կողմէ թշնամիի դիրքերուն ուղղութեամբ կատարուած կանխարգելիչ գործողութեան իբրեւ արդիւնք, ատրպէյճանական կողմէն սպաննուած են 10-12 զինուորներ եւ կան մօտաւորապէս 20 վիրաւորներ:
Դարձեալ Սեպտեմբեր 2015: Օրը՝ Շաբաթ, ամսուն 26: Քանի մը հարիւր հայորդիներ հաւաքուած են Ֆրեզնոյի հայկական գերեզմաննոցը, Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձան-գերեզմանին շուրջ: Այս հաւաքը տեղի կ՛ունենար ոչ միայն յարգելու համար Թալէաթը պատժած, արդարութիւն գործադրած հայորդին, այլ նաեւ հաղորդ դառնալու համար հայ ժողովուրդի քաղաքական մշակոյթին, քաղաքական մտածողութեան: Որովհետեւ, վերջին հաշուով, Տարօնի իշխան Գայլ Վահան կը գործադրէր մարզպան Մուշեղ իշխանի յանձնարարականը, անոր տուած քաղաքական որոշումը՝ իւրայատուկ հնարամտութեամբ: Գայլ Վահան խորապէս հաւատացած էր իր առաքելութեան արդարացիութեան: Պայմաններու բերումով՝ դաժան, սակայն անհրաժեշտ: Ուժի դէմ միայն ուժ:
Նոյն տրամաբանութեամբ, Սողոմոն Թեհլիրեան, Արամ Երկանեան եւ Արշաւիր Շիրակեան բծախնդրօրէն կը գործադրէին հայ ժողովուրդի քաղաքական միտքի արդիւնք եղող որոշումները:
Հայաստանի արեւելեան դարպասները պաշտպանող հայկական բանակի զինուորը ըստ կամս չէ, որ կրակ կը բանայ թշնամիին դէմ: Ան խորապէս հաւատացողն է իր առաքելութեան արդարացիութեան եւ այդ ճամբով ալ՝ հաւատքով կը գործադրէ քաղաքական եւ զինուորական հրամանատարութեան որոշումը՝ թէ ե՛րբ, ո՛ր ուղղութեամբ եւ ի՛նչ տարողութեամբ կրակ բանալ:
Որովհետեւ Գայլ Վահան, Սողոմոն Թեհլիրեան ու իր ընկերները, ինչպէս նաեւ թշնամիի դիրքերուն ուղղութեամբ հրթիռային տարափ տեղացնող հայ զինուորը շարժած են նոյն տրամաբանութեամբ եւ ազգային ոգիով: Այդ շունչն է, որ սերունդէ սերունդ հասած է մեզի Տարօնի աշխարհէն մինչեւ Պերլին, սահմանագիծէն մինչեւ Ֆրեզնօ:
(*) Մէջբերուած՝ «Անդին» ամսագիրէն, Երեւան, թիւ 4 (29), Ապրիլ 2015: Աշխարհաբարի փոխադրուած՝ Սամուէլ Գրիգորեանի կողմէ:
1 Հոկտեմբեր 2015
vproodian@gmail.com