Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Մեթրոյին Մէջ

$
0
0

0724marymetro1

ՄԱՐԻ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆ

Ամէն օր մեթրոյով (գետնուղի) գրասենեակ կու գամ եւ ընդհանրապէս կը նախընտրեմ ուղեկիցներս չդիտել: Մեծամասնութիւնը յոգնած, յուսահատ եւ դժգոհ դէմք ունի. կը փորձեմ բացասական այդ մթնոլորտէն չազդուիլ եւ Kindle-իս մէջ մխրճուած հանելուկ կը լուծեմ, կամ կը կարդամ:

Այսօր տարբեր էր…
Հազիւ կարդալու սկսած էի, երբ աչքիս ծայրով նկատեցի, որ կողքս նստող հնդիկ տղամարդը եղունգները կը կտրէ… հո՛ն, մեթրոյին մէջ: Բարեբախտաբար, եղունգները ափին մէջ հաւաքելու չափ «քաղաքավար» էր: Արդէն այլեւս չէի կրնար կեդրոնանալ…

Ճիշդ դիմացս զոյգ մը նստած էր. կինը՝ խոժոռ եւ քմահաճ դէմքով: Ամուսինը ամբողջ ճամբուն ընթացքին ներողութիւն խնդրելու պէս կը խօսէր, եւ որքա՛ն պաղատական կը խօսէր, կինը այնքա՛ն աւելի քմահաճ կեցուածք կ՛ընդունէր:

0724marymetroՔիչ անդին, չինացի միջին տարիքի տղամարդ մը եւ լատին ամերիկացի կին մը Աւետարանին մասին կը խօսէին: Կինը, չեմ գիտեր ինչ-ինչ հաշիւներով, կը փորձէր տղամարդուն բացատրել Դաւիթ մարգարէի եւ Յիսուսի քարոզութեան տարիներու կապը… Մանրամասնութիւնները չհարցնէք, չե՛մ գիտեր: Կինը, Աւետարանը ձեռքը, կը փորձէր չինացին իրենց աղօթատեղին հրաւիրել: Կարծեմ՝ յաջողեցաւ: Հեռաձայնի թիւերը փոխանակեցին եւ այս գիշեր հանդիպելու խոստումով կինը իր կայանը իջաւ:

Անդին, ականջակալներով աշխարհէն անջատուած դեղնորակ երիտասարդուհին, յայտնապէս աշխոյժ երաժշտութեան ռիթմով, իր շպարը կը շարունակէր…

Երբ կայանս հասայ, չինացին ալ ոտքի ելաւ եւ պաստառ մը ձեռքը՝ սկսաւ գոռալու. «Jesus is the savior. Come to Jesus»:

Է՜հ, Նիւ Եորք, Նիւ Եորք…
Արդեօք ամէն օր շուրջս դիտե՞մ, թէ շարունակեմ Kindle-իս մէջ կորսուիլ…


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles