Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Քաղաքական Ինքնութիւնը՝ Աղէտին Դէմ

Image may be NSFW.
Clik here to view.
razmigshirinian1

ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ

Հաւանաբար տարիքիս բերումով, երբ շուրջս նայիմ, երեխաներ կը տեսնեմ:
Երեխաներ՝ քաղաքական, մշակութային, կրթական ասպարէզներու մէջ, պետական թէ կուսակցական, կազմակերպական թէ անհատական մակարդակներու վրայ: Յետոյ, բնականաբար, կ՛եզրակացնեմ, որ տակաւին երկար ճամբայ ունինք մենք մեր դիմագիծին հետ հաշտուելու, քաղաքականանալու եւ մեր ազգային-մշակութային ինքնութիւնը կերտելու:

«Քաղաքականութիւնը կարելիին արուեստն է», ըսած է անգէտ մը, եւ մենք այդ տրամաբանութիւնը շալկած՝ կը քալենք Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ: Բնական է, որ տակաւին ճամբայ ունինք քաղաքականութիւնը մենք մեզմով հասկնալու, մեր կենցաղին մէջ, առանց արտաքինին յենելու, տրամաբանութիւն ընդօրինակելու եւ դիւանագիտութիւն կիրարկելու: Տակաւին ճամբայ ունինք անդրադառնալու, որ հայկական արեւելումով քաղաքականութիւնը մեզի համար մարդկային յարաբերութիւններու ամէնէն ազնիւ գիտութիւնն է, եւ այդ յարաբերութիւններուն մէջն է որ, ի վերջոյ, հայը կը յղկուի հայուն հանդէպ:

Հաւանաբար, նաեւ, ժամանակն է ընդունելու, որ Սփիւռքի մեր տարիքը ինքնաճանաչման բաւարար կեանք եղած է արդէն: Հարիւր տարուան երկար ճամբայ ունեցած ենք, հասնելու համար այն բարձունքին, ուրկէ Ցեղասպանութիւնն իսկ դադրած է այլեւս մարդկային դժբախտութիւն ըլլալէ: Անիկա սկսած է ներկայանալու գոյութեան եւ ապրումի պահանջով, գերագոյն ինքնութեան կերտումով, պատկանելիութեան գաղափարով ու ազգային ինքնաճանաչման զգացումով: Այս տարիքին մէջ, հայ անհատը վերջապէս կը հասկնայ, որ սրբադասուած նահատակներու կտակը՝ վերապրելու եւ նորապրելու, կառուցուելու եւ հայկական արեւելումը բնականացնելու պատգամ է խորքին մէջ:

Դժբախտաբար, սակայն, այս տարիքը տակաւին բաւարար չէ եղած հասկնալու համար, որ արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը ցարդ այդքան չէ մարդկայնացած՝ ցեղասպանութիւն դատապարտելու եւ անոր առաջքը առնելու համար: Տակաւին հոն կը մնայ մեր կիզակէտը, հոն կաղապարուած ենք, այդ քաղաքակրթութեան մէջ, որ մեր յոյսի, ակնկալութիւններու եւ սպասումներու ծուղակը եղած է:

Դիւանագիտութեան այս դասաւորումը որքա՛ն ալ փորձենք իմաստաւորել, վերջին հաշուով՝ անհեթեթ դուրս կու գայ, անկապ մեր քաղաքականութենէն: Ցեղասպանութեան աղէտն է, որուն դիմաց ամէն հայ անհատ կ՛անճրկի ու կը ստիպուի իրականութենէն զիջելու, անջատուելու իր բնավայրէն՝ ինքզինք անհեթեթին հետ հաշտեցնելու համար:

Ինչո՞ւ հայը, իր քաղաքական կեանքէն օտարացած՝ պահանջատէր պէտք էր ըլլար: Մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ ի՞նչ դասաւոում է ասիկա: Մեր քաղաքական մտածողութեան բառամթերքին մէջ ինչո՞ւ տակաւին գոյութիւն պիտի ունենան «աշխարհին յիշեցնել», «արդարութիւն պահանջել» կամ «յիշել» ու «պահանջել» ստրկամտացած արտայայտութիւնները: Ինչո՞ւ անգէտի մը խեղճ տեսանկիւնը տակաւին պիտի իշխէ քաղաքական մեր մտածողութեան վրայ: Ինչո՞ւ տակաւին հայու հոգիի խորքը կուտակուած պիտի մնայ աղերսը ու պահանջի պիտի թարգմանուի: Այս անհուն խեղճութիւնը հաւանաբար մեր հանգիստին համար է, ինքնահամոզում մը: Նաեւ՝ քաղաքական մեր հիմնահարցերը պարզապէս հայկական արեւելումէն շեղելու, քարոզչական նիւթի վերածելու ու չնչին արձագանգներով շոյուելու, յաղթանակներ երգելու եւ ցուցադրամոլ մեր սովորութիւնները գոհացնելու:

Ցեղասպանութեան հարուածին տակ, հայը ստիպուած եղած է իր քաղաքական գիտակցութիւնը կորսնցնելու եւ կորսուած գիտակցութեամբ դիւանագիտութեան մէջ խօսակից փնտռելու: Երեխաներու մտայնութիւնն է, վերջին հաշուով, որուն մէջ տակաւին առիթներ կ՛որոնենք՝ դիւանագիտական յարաբերութիւններ մշակելու: Սակայն, պէտք է ընդունինք, որ հարիւր տարին բաւարար է կերտելու այն, որ ուժեղ անհատականութիւնն է հայուն, եւ ապրելու քաղաքականացած այն իրականութիւնը, ուր հայը, հայրենիքը, մշակոյթը եւ պատկանելիութեան ամուր գիտակցութիւնը միաձուլուած կը կատարելագործեն հայուն կեանքը: Այս գիտակցութեան մէջ է, որ ամէն հայ անհատ իր աստուածականացած գերագոյնը կ՛ապրի: Եթէ մեր նահատակները սրբադասուած են, ապա ապրող հա՛յն է, որ պէտք է աստուածականանայ՝ քաղաքական իր գոյատեւումին համար:

Ամէն հայ անհատ ինքն իր աստուածն է արդէն, հայրենի գիւղերէն մինչեւ Բաղրամեան պողոտայ:

Այլապէս, կարելի չէ բացատրել հայու ուժական կենցաղը՝ ազգի հոգիին մէջ խարսխուած: Այդպէս կ՛ապահովուի ինքզինք կատարելագործած անհատականութեան մը դիրքը իր ազգին մէջ ու տեղաւորուած կայուն կենցաղը՝ առանց դիւանագիտական մուրացիկ կեցուածքներու:

Հայուն միակ յեղափոխական մտածումը քաղաքականութիւնը ձերբազատել է դիւանագիտութենէն, զեղչել դիւանագիութիւնը մեր մտածողութեան դարակէն ու խարսխուիլ քաղաքականութեան մէջ, որովհետեւ հո՛ն է հայուն միակ իրական կենցաղը: Հոն է, որ քաղաքականութիւնը կը թափանցէ ժողովրդական լայն զանգուածներու մէջ եւ կը դառնայ անոնց սեփականութիւնը եւ անոնց յառաջդիմութեան երաշխիքը:

Պէտք է յուսանք եւ հաւանաբար ընդունինք, որ փողոց իջած հայրենի երիտասարդ զանգուածը մերժած է արդէն դիւանագիտութիւնը ու քաղաքականութեան արժէքին կառչած պահանջներ կը ներկայացնէ: Դժբախտաբար, սակայն, երիտասարդութիւնը կը տուայտի իր տագնապներուն մէջ, որովհետեւ քաղաքականանալու հայկական ջիղը չէ գտած տակաւին: Իրականութիւն մըն է ասիկա, որուն համար հայ քաղաքական միտքը իր անհատական թէ կուսակցական արտայայտութիւններով, ներսէն թէ դուրսէն, գործունէութեան լայն տարածք մը ունի մշակելիք:

Արդէն դառն փորձառութիւն ունեցած ենք եւ սուղ գին վճարած ենք գիտնալու համար, թէ աշխարհը կը քալէ քաղաքական գործունէութեան եւ ոչ թէ դիրքերու արահետներէն: Դժբախտաբար, իմ կարողութիւններս չեմ օգտագործած բարձր պահելու համար մեր ժողովուրդի գիտակցութիւնը այս գետնին վրայ: Հետեւաբար, տուժած է մեր քաղաքականը: Ժամանակ վատնած ենք դիւանագիտութեան հետ, առանց պուտ մը խելք ունենալու այդ մարզին մէջ, եւ մէջտեղ եկած են ցուցամոլ ու դիրքամոլ մեր սովորութիւնները:

Վերջին հաշուով, շատ բան չունինք ընելիք դիւանագիտութեան մէջ: Արդէն կորսնցուցինք Հալէպով, Դամասկոսով կամ Քեսապով մտահոգուելու առիթը: Ժամանակն է, որ քաղաքական գիտութեամբ մեր տունը կարգի բերենք, այլապէս՝ դուրսի հարուածը շատ ուժգին կրնայ ըլլալ: Ցեղասպանութիւնը իր 21րդ դարու ոճով կը սպառնայ մեզի: Հետեւաբար, ժամանակն է, որ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք մեր քաղաքականութեան վրայ՝ հայրենի ենթակառոյցէն մինչեւ պետական կառոյցները, որպէսզի կարենանք դիմագրաւել յաջորդ աղէտը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles