Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Բաղրամեան Պողոտայի Անելը

$
0
0

garoarmenian
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Երէկուընէ (Կիրակի օրուընէ-Խմբ.) ի վեր Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաքին վրայ կախուած է դամոկլեան ահաբեկիչ սուրը՝ արդեօ՞ք իշխանութիւնները ի վերջոյ պիտի դիմեն Բաղրամեան պողոտայի ցուցարարներու պատնէշը քանդելու ճակատագրական քայլին… պիտի գա՞յ արդեօք այդ պահը եւ գայ ի՞նչ գնով:
Այս պահուն դժուար է գուշակութիւններ ընել, թէ ո՞ւր կը հասնի ի վերջոյ առճակատման այս մտահոգիչ հոլովոյթը երկրի կեանքին մէջ: Յստակ է միայն մէկ բան: Իրերու ներկայ դրութեամբ, Բաղրամեան պողոտայի պատնէշը վերցուի կամ ոչ, ամէն օր աւելի ամուր եւ սպառնալից՝ իշխանութիւնը պիտի շարունակէ դիմագրաւել այն հոգեբանական պատնէշը, որ զինք կը բաժնէ ժողովուրդի ստուար մէկ զանգուածէն: Եւ այն իրողութիւնը, որ անցնող բազմաթիւ տարիներուն ընթացքին խորհրդարանի կեանքէն դուրս պահուած են երկրի ընդդիմադիր ուժերը, ինքնին կու գայ հաստատելու, որ պետական համակարգէն ներս արդէն լայն չափերով նուիրականացած է խզման մտայնութեամբ գործելու վերնախաւի մշակոյթը:
Իրականութեան մէջ, ելեկտրականութեան սակագինի բարձրացման շարժառիթով դրսեւորուած այս տարերային շարժումը մեծ նուէր մըն է ՀՀ մեծարգոյ նախագահին: Անիկա թանկագին ախտանիշն է, զոր պէտք է ողջունել մեծագոյն լրջութեամբ եւ հաստատակամութեամբ: Հասարակութեան հիւանդ մարմինը պէտք ունի հիմնական եւ արմատական ախտազերծման: Ասիկա այն անգին եւ եզակի պատեհութիւնն է, զոր պէտք է ճիշդ գնահատել եւ որմէ անպայման պէտք է օգտուիլ եւ զայն ընել մեծ սկիզբ մը հայ մարդու կեանքին մէջ: Նախագահն ու կառավարութիւնը պէտք է դիմադրեն երկրի հարցին մակերեսային լուծումներ միայն բերելու վտանգաւոր փորձութեան: «Բուժել» ախտանիշը՝ փոխանակ բուժելու տառապող մարմինը անհեթեթութիւն է եւ անարգա՛նք՝ հանդէպ մեր ժողովուրդին: «Վե՛րջ թալանին» կարգախօսը երիտասարդական ընդվզումէ մը բխած եւ րոպէին միայն պատկանող սոսկ պահանջ մը չէ, զոր կարելի ըլլայ ժամանակաւոր լուծումներով գոհացնել: Այդ պահանջի ետին այսօր կեցած է ամբողջ ժողովուրդը հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ: Նոյնիսկ անո՛նք՝ որոնք ցարդ ինչ-ինչ հաշիւներով իրենց քուէն տուած են ներկայ իշխանութեան, այսօր կանգնած են այս նոյն հարցին աջեւ: Աւելի քան քսան տարիներէ ի վեր քաշքշուող եւ երեք նախագահներու հովանաւորութիւնը վայելող վերնախաւի այս ապաբարոյ մեղրալուսինը վերջ պէտք է գտնէ միանգամընդմիշտ:
Բաղրամեան պողոտայի պատնէշը այսօր կը խորհրդանշէ մեր ազգային միասնականութեան մեծ անելը: Ես կասկած չունիմ, որ մենք պիտի կրնանք հզօր կարողականութեամբ դիմագրաւել մեր ազգային անվտանգութեան մեծ խնդիրները այսօր եւ ապագային. պայմանաւ, որ մեր ժողովուրը ի խորոց սրտի համոզուի, որ այս երկիրը իրն է եւ որ ինք տէրն է իր ճակատագիրին եւ որ իր քուէն ուժ է եւ որ այդ քուէն երկրի միակ վստահելի ուժն է եւ որ արդէն անվիճելիօրէն սկսած է բուժման խիզախ գործընթացը պետութեան բոլոր ծաւալները ընդգրկող յեղափոխական յանձնառութեամբ:

Յունիս 29, 2015
Երեւան


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles