Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Ինչպէ՞ս Չզայրանալ

$
0
0

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Համացանցը, ինչպէս բոլոր հաղորդակցական միջոցները ու թերեւս ամէ՛ն գիւտ, կրնայ օգտագործուիլ թէ՛ յաւելեալ օգուտ տալու եւ թէ յաւելեալ վնաս հասցնելու համար մարդկութեան։ Համացանցը կը ծառայէ ե՛ւ վեհ գաղափարներ տարածելու, լո՜յս սփռելու համար, ե՛ւ ստորին միտքեր հրապարակ դնելու, խաւարամտութեան զարկ տալու համար։
Ամէն օր բազմաթիւ առաքումներ կ՛ըլլան հասցէիս, ընկերներէ, բարեկամներէ, ծանօթներէ ու անծանօթներէ, յաճախ նոյն բանը բազմաթիւ անգամներ, եւ եթէ ուզեմ բոլոր ստացածներս կարդալ, դիտել կամ ունկնդրել, անկասկած օրուան 24 ժամերը անբաւարար կ՛ըլլան անոնց տրամադրելու, ա՛լ չեմ ըսեր այլ զբաղումներս հետապնդելու համար։
Պէտք է գիտնալ ջոկել, ոմանք մէկդի դնել՝ հետագային անոնց վերադառնալու եւ անհրաժեշտ ժամանակը յատկացնելու համար, ուրիշներ աղբամանը նետել ի սկզբանէ, ոմանք ալ տեղւոյն վրայ աչքէ անցընել։ Կրնամ հանդիպիլ շատ հետաքրքրական նիւթերու, հայկական թէ ընդհանուր առումով, որոնցմէ միշտ ալ բան մը ունիմ սորվելիք, շատ գեղեցիկ նկարաշարերու կամ ժապաւէններու, որոնք հիացում կ՛առթեն, շատ իմաստալից վերլուծումներու եւ այլն։ Բայց նաեւ, մանաւանդ այս օրերուն աւելի յաճախակի՝ յետադիմական, այլամերժական ու այլատեացական, ցեղապաշտական ու ծայրայեղ աջակողմեան կեցուածքներ տարածող նիւթերու, որոնք կը խոցեն մարդկային արժանապատուութիւնը, կը վիրաւորեն մարդու, հայ մարդու եւ մանաւանդ դաշնակցական հայու էութիւնը, յատկապէս երբ անոնք կ՛առաքուին քեզի սիրելի անձերու կողմէ, վստահաբար առանց խոր մտածումի, նաեւ առանց անդրադառնալու, թէ որո՛նց ջաղացքին ջուր կը լեցնեն, ի՛նչ գաղափարախօսութիւն կը տարածեն ու ի՛նչ աւեր կը գործեն։
Պիտի առնեմ մէկ օրինակ միայն նման ստացումէ մը, սակայն նախ կ՛ուզեմ անդրադառնալ ուրիշ իրողութեան մը, որուն արձագանգած էր մամուլը այդ ստացումէն քիչ առաջ, կարծես դիպուածով թէ դիտմամբ այդ ստացուածը առնչուած ըլլար անոր։
Տեղեկութիւնը կը քաղեմ Մոնթրէալի «Le Devoir» օրաթերթի 20 Յունուար 2015ի թիւէն։ Այսպէս, «Que nous reste-t-il?» մեծատառ խորագիրին տակ թերթի աշխատակիցը՝ Francois Desjardins կը նշէ, թէ Oxfam (Oxford Committee for Famine Relief- Սովէ փրկութեան օքսֆորտեան յանձնախումբ) կազմակերպութիւնը, որ աշխարհի վրայ անհաւասարութիւններու վերացման, գէթ մեղմացման համար ստեղծուած է, իր «Անյագ հարստութիւն՝ միշտ աւելի ու աւելի՝ անոնց համար, որ ամէն ինչ ունին» տեղեկագիրով դիմած է այդ օրերուն Տաւոսի մէջ գումարուող միջազգային տնտեսական համագումարին, որպէսզի անհաւասարութիւններու դէմ պայքարը յաջորդ 15 տարիներու համաշխարհային առաջնահերթութիւններուն մաս կազմէ։ Այդ մասին խօսողներ կան բարձրագոյն մակարդակներու վրայ, սակայն խօսքէն գործի անցնող չկայ, ըստ կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէնուհիին՝ Winnie Byanyima-ի, որ կ՛ըսէ, թէ «ժամանակն է, որ մեր ղեկավարները լուսարձակի տակ առնեն ծանր հրետանիներու յատուկ շահերը, անոնց, որոնք կը խոչընդոտեն աւելի արդար ու աւելի բարգաւաճ աշխարհի մը ստեղծման»։ Ընթերցողէն կը խնդրեմ, որ միտքը պահած ըլլայ այս խօսքը, երբ քիչ անդին գամ արծարծելու վերոնշեալ ստացումիս պարագան։
Նոյն հարցին կ՛անդրադառնայ նաեւ Լը Տըվուարի այդ օրուան խմբագրականը՝ «Outrages chiffres» («Հաշուարկուած անարգանքներ») որ Serge Truffaut-ի գրիչին կը պատկանի։
Ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ հարստութեան բաշխումը այսօր աշխարհի վրայ։ Ահա սահմռկեցուցիչ թիւերը.
– Ամէնէն ունեւոր 80 երկիլիոնատէրերը (միլիառատէրերը) 2010-2014 իրենց հարստութիւնը բարձրացուցած են 1300 երկիլիոնէ 1900 երկիլիոնի (600ի յաւելումով) եւ որո՞նց հաշուոյն, եթէ ոչ ամէնէն քիչ ունեւորներուն, որոնց ամէնէն աղքատ կէսին (50 տոկոսին) ունեցուածքը իջած է 2500էն 1900 երկիլիոնի (նոյնչափ՝ 600ի նուազումով)։ Իսկ այդ կէսը 80 հոգիի դիմաց կը հաշուէ… 3.5 երկիլիոն մարդ։ Այս ալ մտահան չընել։ Նոյնինքն Տաւոսի տնտեսական համագումարը անցեալ տարի՝ 2014ին, կը հաստատէր, թէ կիպերյարձակումներէն (cyberattacks) ու կլիմայական փոփոխութիւններէն ա՛լ աւելի մեծ վտանգը, որ կը սպառնայ մարդկութիւնը հարուածել, գալիք տնտեսական տագնապն է, որ այդ անհաւասարութիւններէն կը յառաջանայ։
– Մարդկութեան 1 տոկոսը ներկայիս կը տիրապետէ հարստութեան 48 տոկոսին վրայ (2016ին այդ համեմատութիւնը պիտի բարձրանայ 50 տոկոսի)։
– Մարդկութեան ամէնէն չունեւոր երեք քառորդին բաժին կ՛իյնայ «արտադրուող» հարստութեան 5.5 տոկոսը։
Աւելին՝ չքաւորացումը միայն աղքատ երկիրներու ժողովուրդներու ճակատագիրը չէ։ Այսպէս՝
– Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բնակչութեան 90 տոկոսին հարստութեան բաժինը տեւաբար կը նուազի 80ական թուականներու սկիզբէն ի վեր՝ ըստ «National Bureau of Economic Research»ին (Տնտեսական հետազօտութեան ազգային գրասենեակին), մինչ ամէնէն ունեւորներունը կը բազմապատկուի։
Իրաւամբ, Միջազգային դրամական հիմնադրամի անցեալ տարուան տեղեկագիրը դիտել կու տար, թէ հարստութեան վերաբաշխումը չի խանգարեր աշխարհի տնտեսական աճին, եւ սխալ է շեշտը այս վերջինին վրայ դնել ու ձգել, որ անհաւասարութիւնները ինքնաբերաբար հարթուին։ Նոյն կարծիքը այլապէս կը յայտնէ տնտեսութեան Նոպելեան մրցանակակիր Joseph Stiglitz, ըստ որուն՝ անհաւասարութիւններն են, որոնք կ՛արգելակեն տնտեսական աճը։ Այս ալ յիշել։
Իսկ ի՞նչ կ՛ըսէ ե-նամակով ստացուած «շրջաբերական»ը։ Անիկա ընդհանուր առմամբ ուղղուած է հաւասարութեան գաղափարին դէմ, հիմնուելով այն վարկածներուն վրայ, թէ աղքատները աղքատ են՝ որովհետեւ ծոյլ են, որ անոնք ձրիակեր են, եւ պետութիւնը հարուստներէն պէտք է առնէ, որ աղքատներուն տայ, եւ թէ օրէնքով, այսինքն՝ հարուստներուն տուրքերը բարձրացնելով չէ, որ աղքատներուն վիճակը կը բարելաւուի։ Անշուշտ անհիմն վարկածներ են, որոնք սակայն միամիտները խաբելու, մոլորեցնելու եւ «նորազատական» (աւելի ճիշդ պիտի ըլլար կոչել «նորստրկական») գաղափարաբանութեամբ համակելու կը ծառայեն։
Կ՛ըսուի նոյն ատեն, թէ կարելի չէ հարստութիւնը բազմապատկել՝ զայն բաժնելով։ Իսկ «բաժնել» ի՞նչ կը նշանակէ արդար կարգերու տակ, ժողովուրդին հայթայթել որակաւոր կենսական ծառայութիւնները՝ կրթութիւն, առողջապահութիւն, բնակելի մաքուր միջավայր, ապահովութիւն ու մասամբ նորին, որոնց համար անհրաժեշտ գումարները չեն գոյանար պարզապէս հասարակ մարդոց աշխատավարձերուն վրայ դրուած շահատուրքերէն ու փոքր առեւտուրի վրայ դրուած հարկերէն, այլ յատկապէս ատոնցմէ հազարապատիկ արժէք ներկայացնող մեծ դրամագլուխի տալիք տուրքերէն, որոնցմէ սակայն խուսափելու եւ արտեզրային (off-shore) «դրամական դրախտներ» փոխադրելու բոլոր հնարքներուն ծանօթ են այդ դրամատէրերը, ինչպէս դիտել կու տայ Թրիւֆօ իր վերոյիշեալ խմբագրականին մէջ ալ։
Եթէ վերյիշենք վերեւը նշուած կէտերը, պիտի անդրադառնանք, թէ որմէ՛ կ՛առնուի հարստութիւնը եւ որո՛ւ կը շնորհուի ներկայ հասարակարգին մէջ, ինչ որ դժբախտաբար ո՛չ միայն մեր բնակած բարեկեցիկ երկիրներուն մէջ կը պատահի, այլեւ մարդկութեան մեծամասնութեան մօտ, յատկապէս յետամնաց, ոչ-ժողովրդավարական վարչակարգերու տակ ապրող բոլոր երկիրներուն, ներառեալ Հայաստանի, ուր հարստութիւնը սակաւատէրերու մենաշնորհն է ու կը ծառայէ փոքրաթիւ անհատներու եւ ոչ թէ հաւաքականութեան բարօրութեան։
Նախքան նման «շրջաբերական»ներ բաշխելը ու ստացողներուն ալ մշտելը, որ իրենք ալ իրենց ցանցերուն ուղարկեն, հազար անգամ պէտք է ստուգել, թէ ուրկէ՛ կը բխին անոնք եւ, ինչպէս ըսի, որո՛ւ ջաղացքին ջուր կը բերեն…

«ՀՈՐԻԶՈՆ»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Latest Images

Trending Articles



Latest Images