Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

ՆՇՄԱՐ- Մահացու Մե՞ղք Է…

$
0
0

Ս.Մ.

Երկարատեւ «պարտադիր արձակուրդ»է ետք, վերջերս ես ինծի շնորհեցի քանի մը երաժշտական հանդէսներու ներկայ ըլլալու պերճանքը։ Անոնցմէ մէկուն ընթացքին, վերապրեցայ փորձառութիւններ, որոնց տարբերակները դուրս ինկած էին յիշողութենէս։ Բաժնեկցիմ երկուքը։
Ա.- Բեմին վրայ կը ներկայացուէր դասական երաժշտութեան գեղեցիկ յայտագիր մը։ Առջեւս գտնուող շարքին նստած էր երիտասարդուհի մը (պատանիի մը նկատմամբ թերեւս աւելի լայնամիտ ըլլայի), որ յայտագիրին հետեւելէ աւելի, զբաղած էր իր «խելացի հեռաձայն»ով, աչքերն ու մատները գերի բռնուած էին անոր փոքր պաստառին վրայ։ Յայտնապէս պատերէն շա՜տ անդին գտնուող մէկուն հետ «խօսակցութիւն» կ՛ունենար։ Կողքին նստող սպիտակահեր մարդը յայտանպէս հայրն էր, որ ոչ մէկ անգամ նկատողութիւն ըրաւ… լայնամտօրէն։
Մտածեցի. արդեօք ստիպողական ու անակնկալ պատահարի մը մասի՞ն կը հաղորդակցէր երիտասարդուհին։ Եթէ այդպէս ըլլար, հաւանաբար պէտք է սրահը թողուր ու մեկնէր։ Այլապէս, արդեօք ի՞նչ անյետաձգելի հարց կ՛արծարծուէր տասնակ վայրկեաններ շարունակ, որ չէր կրնար սպասել համերգի աւարտին։ Իսկ եթէ նամակցիլը նախամեծար էր, ի՞նչ բան կը պարտադրէր անոր, որ նուագահանդէսի գար ու մնար սրահին մէջ։
«Մարդիկ ազատ են», մտածեցի, կրնան իրենց ուզածը ընել, այնքան ատեն որ ուրիշը չեն խանգարեր։ Յետոյ միտքէս ժպտեցայ. հեռաձայնին գերի դառնալը արդեօք «ազատութիւն» հասկացութեան նոր սահմանո՞ւմ մը կու տայ…
Բ.- Ազատութիւնը չարաշահող մը նստած էր ետեւի շարքին, քանի մը աթոռ դէպի ձախ, սակայն երիտասարդուհիին չափ անվնաս չէր ան։ Քանի մը անգամ սկսաւ մեղմօրէն երգելու երգչախումբին ու մենակատարներուն հետ, քանի մը անգամ ոտքի հարուածներ տուաւ իր առջեւի աթոռին, բնականաբար երկրաշարժի մատնելով նաեւ զիս, երբեմն ալ քովը նստողներուն հետ լսելի ձայնով մեկնաբանութիւններ կատարեց, ընդհանրապէս գնահատական, մատուցումներուն մասին։
Մտածեցի. հաւանաբար երբեմն պէտք է մարդոց յիշեցնել, որ գեղարուեստական ձեռնարկ մը ունի իր յատուկ մշակոյթը. հանդիսականը կրնայ ուզածին չափ ներգրաւուիլ, յուզուիլ ու տարուիլ բեմով, սակայն պէտք չունի ձայնակցելու երգիչին կամ երգչախումբին հետ (բացի այն հազուադէպ պահերուն, երբ խմբավարը նման հրաւէր կու տայ)։
Ժողովրդային երգիչի մը կամ նուագախումբի մը ներկայացուցած հանդէսը (առաւելաբար երիտասարդական) քիչ մը կը նմանի ճաշարաններու կամ պարահանդէսներու մէջ ներկայացուած երաժշտութեան, կարելի է խանդավառուիլ ու տարուիլ երգով, ձայնակցիլ, բայց երբ դասական լուրջ գործ կայ բեմին վրայ, մարդիկ մինչեւ իսկ կը զգուշանան հազալէ, փռնգտալէ, ուշացող մը կը կանգնի սրահի մուտքին կամ յետին պատին տակ, աթոռին չ՛ուղղուիր մինչեւ ընդմիջում մը, իսկ անտեղի ծափահարութիւն մը կամ խօսակցութիւն մը, մինչեւ անգամ շարժապատկերի սրահներու մէջ, իրենց դիմաց կը գտնեն «Շըշշշշ» ձայնարկումները։
Նման բաներ յիշեցնելը, անոնց մասին գրելը արդեօք մահացու մեղք կը սեպուի՞…


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles