ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Արարատ Տուն» այցելութեանս ընթացքին, երբ տարեցի մը հարց տուի, թէ՝ «որքա՞ն ժամանակէ ի վեր այստեղ ես», ան պատասխան տուաւ ինծի՝ ըսելով. «Արդէն իսկ տարիներուս հաշիւը կորսնցուցած եմ, թող մէկը յուշէ»: Եւ ան սքանչելի լաւատեսութեամբ մը նկարագրեց իր ապրած վայրն ու զինք շրջապատող անձերը: Մտային մոռացութեան մէջ ապրիլը եւ անոր դիմելը շատ անգամ երանական վիճակի մէջ գտուիլ է, մանաւանդ՝ փորձել մոռնալ սպասումի պահերն ու վիշտ պատճառող հանգամանքները: Շատ անգամ նոյնիսկ մեր ներկայ կացութեան հետ ընտելացումը, որ լաւատեսութեան արտայայտութիւններէն մին կրնայ ըլլալ, արդիւնք է մեր անջնջելի յիշողութիւնները մոռնալ փորձելու ճիգին:
Այսպէս նաեւ հաշմանդամ մարդ մը, Բեթհեզդա կոչուող աւազանի սրահներուն մէջ, ուր երկու հազար տարիներ առաջ հիւանդներ կը պառկէին ու կը սպասէին ջուրին խառնուելուն, երբ տարին անգամ մը հրեշտակ մը կ՛իջնէր ու ջուրերը կը խառնէր, եւ ան, որ ջուրին խառնուելէն ետք ամէնէն առաջ մտնէր, կը բժշկուէր Աստուածային հրաշքով, ի՛նչ հիւանդութիւն ալ ունենար: Հոն հիւանդ մարդ մը, երեսուն եւ ութ երկար տարիներ ընտելացած էր իր հաշմանդամ վիճակին: Այս մարդուն ներկայութիւնն ու տանջանքը նկատեց Աստուածորդին, երբ տեսաւ զանիկա, որ պառկած էր աւազանին եզրին, գիտցաւ, թէ շատ ժամանակէ ի վեր ան դատապարտուած էր այնտեղ պառկած մնալու, ըսաւ անոր. «Կուզե՞ս առողջանալ», հիւանդը պատասխանեց. «Տէ՛ր, մարդ մը չունիմ, որ երբ ջուրերը խառնուին՝ զիս աւազանը ձգէ, ու քանի որ ես ծանր կը շարժիմ, ինծմէ առաջ ուրիշ մը կ՛իջնէ՛», Յիսուս ըսաւ անոր. «Ե՛լ, մահիճդ առ ու քալէ»:
Աստուած ցարդ իր հրեշտակները մարդոց ճամբով կը ղրկէ: Աստուածորդին զինք հարցապնդողներուն քաջաբար պատասխանեց. «Իմ հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ, ես ալ կը գործեմ»:
Այս դրուագը որքա՛ն հարազատ հնչեց ականջներուս, երբ անդրադարձայ, թէ ինչպէ՛ս Ամերիկայի Արեւմտեան ափերուն, արեւելեան հողմերէն քշուած արեւահար բուռ մը հայերս կ՛երազէինք, որ մեր աւազանը եւս խառնուէր հրեշտակի մը կողմէ, սթափելու եւ վերականգնելու համար: Թերեւս իւրաքանչիւրս յոգնած, պարտասած, նստած իր ներքին աւազանի եզրին, ջուրի հայելիին մէջ կը դիտէր իր յոգնասպառ դիմագիծը, իր անձով տարուած, մտահոգութիւններով, նոյնիսկ անկարող ելքի մը մասին մտածելու, յանկարծ կը յայտնուի զինք ջուրը ձգող, հրող, կազդուրող, գործի մղող, վերականգնող եւ իր պարտաւորութիւններուն մասին անդրադառնալ տուող քաջ հովիւը, որ կրնար ոչ միայն խառնել ջուրերն ու աւազանը, այլեւ անկարողներուն հրել, որ կարենան մտնել ջուր՝ մաքրամաքուր, առողջարար, կենարար ու բժշկարար ջուր, ի վերջոյ՝ մեր կեանքի տարրական մասն ու անհրաժեշտութիւնը եղող ջուրը:
Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեան, մեր սրբազան հայրը, կրկին ստանձնելով հրեշտակի իր դերն ու պարտականութիւնը՝ անգամ մը եւս եկաւ խառնելու մեր աւազանները, մե՛նք, որ ծարաւած հոգիներով նետուած խաղաղականի ափին՝ կը սպասէինք հրաշքի մը: Ան եկաւ խառնելու բոլորիս հոգեւոր աւազանները, զօրացնելու մեզ, ոտքի հանելու եւ ըսելու՝ «Իմ հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ, ես ալ կը գործեմ», ըսելու՝ «Կարիք չկայ յուսահատելու, ձեր յոյսը եւ ոչ թէ ձեր ցաւերն ու մտահոգութիւնները ըլլան ձեր ապագան ձեւաւորողը», ըսելու, թէ բոլոր հաւատացեալները նոյն մարմինի անդամներն են, եւ մեզ համախմբելու այդ մարմինին շուրջ…
Տասը ամբողջ օրեր իր օրհնառատ շունչն ու ներկայութիւնը անսակարկօրէն բաշխելէ ետք մեզի, խաղաղեցաւ մեր անհաստատ հորիզոնը, փարատեցան մեր էութեան եւ հոգիին վրայ կուտակուած ամպերը, նորոգուեցաւ աւազանին ջուրը. հրեշտակը օծեց մեզ, մասնաւորապէս՝ վտառանդի սուրիահայերս, իր կենդանարար եւ բժշկարար Աջով։
Վերջերս, երբ մեր կացարանին կից հանրային աւազանին մօտ կը հետեւէի, թէ ինչպէս ծնողներ, իրենց մանունկներուն լողալ կը սորվեցնէին, նկատեցի, թէ ամերիկացի մայրեր ու հայրեր, իրենց 3-10 տարեկան երեխաները բռնի, առանց անոնց հաւանութիւնն ու կամքը հարցնելու՝ ջուրը կը ձգէին, որպէսզի լողալ կարենան սորվիլ։ Ուշի ուշով հետեւեցայ ծնողներու վճռորոշ դերակատարութեան, անոնց զաւակներու լաց ու կոծին. ծնողները կը մնային անդրդուելի եւ վճռակամ. անոնցմէ մին ինծի ըսաւ. «Պէտք է լողալ սորվի ամէն գնով, ականջ պէտք չէ տալ լաց ու կոծին», եւ անմիջապէս բռնեց երեխային լողազգեստէն եւ զինք շպրտեց դէպի աւազանին ամէնէն խորունկ կողմը…
Իսկ անդին, մեքսիքացի ծնողք մը, ոչ իսկ կը մտածէր իր եօթնամեայ դստեր մասին, լողալու օրինակներ տալու մասին, նոյնիսկ չէր փորձեր համոզել զինք ջուր մտնել. երեխան աւազանի եզրին զբաղած էր իր խաղալիքով, իսկ հայրն ու մայրը՝ իրենց հեռաձայնային զրոյցներով:
Ես սկսայ մտածելու՝ յանձնառու, ազատատենչ եւ ստրկամիտ պատեհապաշտ ծնողներու եւ պատասխանատուներու մասին:
Հոգեւոր պետերու մասին, որոնք դարերէ ի վեր աչալրջութեամբ, իրենց կեանքի գնով ստանձնած են մեր ազգի առաջնորդութիւնը, ի տարբերութիւն ստրկամիտ ժողովուրդներու, որոնք անզգալաբար գերադասած են վարել հանգիստ կամ անտարբեր կեանք:
Արժան եւ իրաւ հովիւք: Քանզի հովիւ քաջ զանձն իւր դնէ ի վերայ ոչխարաց…
Քաջ հովիւներու մասին, որոնք իրենց հօտին համար ոչ մէկ ջանք խնայած են, նուիրաբերումով եւ անմնացորդ ծառայութեամբ իրենց անձերը ենթարկած են բազմապիսի վտանգներու, ոչ միայն իրենց հօտին հացը ապահովելու, այլ՝ ոգեղէն հացի գոյատեւման համար ելքեր փնտռելու, հնարք գտնելու…
Հայ դպրոցը, եկեղեցւոյ կողքին, ողնասիւնն է տարագիր հայութեան… Քաջ հովիւը իր հօտին ամէնէն յետին ոչխարին համար ճամբայ կ՛ելլէ՝ ազատելու զայն մահէն, ելքեր կը փնտռէ հնոցի մէջ ապրող իր զաւակներուն համար, իսկ անդին, Թրուպատուրի աւազանի եզրին պառկած իր յոգնած, ուժասպառ ու ընդարմացած զաւակներուն համար ջուրը կը խառնէ՝ զանոնք ոտքի հանելու, զինելու, զօրացնելու, անոնց ուժը նորոգելու եւ դէպի ջուրին ամենախոր վայրերը նետելու, որպէսզի անոնք լողալ սորվին, կարենան ցամաքի վրայ ուղիղ քալել եւ բնաւ չնուաղին, վազեն ու չյոգնին, իսկ օդին մէջ՝ ուղղութիւն ճշդեն արծիւներու պէս եւ թեւերով վեր սլանան։