Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Մինչեւ Ե՞րբ Եւ Ո՞ւր Ոգիի Այս Սովը…

$
0
0

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Մշակոյթը առ հասարակ կը խորհրդանշէ հասարակութեան կամ անհատի զարգացման որոշակի մակարդակ: Անիկա կ՛արտայայտուի տուեալ հասարակութեան կամ անհատի գործունէութեան, կենցաղային պայմաններու կազմակերպման չափանիշներով: Մշակոյթ եզրը նաեւ կ՛օգտագործուի պատմական որոշակի դարաշրջաններ, հասարակարգեր, ազգեր, ինչպէս նաեւ կեցութեան ու գործունէութեան առանձնայատուկ եղանակներու զարգացման մակարդակը բնութագրելու միտումով:
Պատմութեան մէջ յաճախ կը ծնին անհատներ, որոնք դէմք եւ դիմագիծ կու տան զիրենք սնող ժողովուրդին: Այդպիսին են Մեսրոպ Մաշտոցը, Սահակ Պարթեւը, Վռամշապուհ թագաւորը: Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ կը հանդիպինք դէմքերու, որոնց վաստակը, մատուցած ծառայութիւնները, ժառանգ ձգած հոգեմտաւոր հարստութիւնը մարդկութեան կ՛ուղեկցին՝ դարերու եւ հազարամեակներու ընթացքին: Այդպիսիները կը դառնան ուղենիշ, յաւերժ ապրող յիշողութիւն: Մեսրոպ Մաշտոցը դարձաւ մեր ժողովուրդի լուսաւոր սերմնացանը, եւ մենք անոր բացած ակօսներուն վրայ բարձրացուցինք մեր գոյութեան եւ լինելութեան կաղնին:
Թարգմանչաց տօնը իր մէջ կը խտացնէ հայ գիրերու գիւտին, թարգմանական աշխատանքներուն, հայ դպրոցի, հայ գիրի ու դպրութեան հիմնադրութեան, հայ մշակոյթի ծնունդին օրը:
Թարգմանչաց տօնը նուիրուած է հայ գիրերու գիւտին, Թարգմանչաց շարժումին եւ մշակոյթի նշանաւոր գործիչներուն: Թարգմանչաց տօնը կը նշուի Հոկտեմբեր ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը: Թարգմանչաց շարժումը ծաւալած է հայ գիրերու գիւտէն ետք՝ անոր նպատակն էր Հայաստանը ազատագրել յունական ազդեցութենէն, հայկական դպրոցներ հիմնել, կարեւոր գիրքեր հայերէնի թարգմանել, եկեղեցական ծէսերուն հայկական շունչ տալ, հայախօս ինքնուրոյն դպրութիւն հաստատել: Շարժումը հիմքը դրաւ ազգային ուրոյն գրականութեան, ճարտարապետութեան, պատմագրութեան, բժշկութեան, փիլիսոփայութեան, աստուծաբանութեան, երաժշտութեան:
Մեծ լուսաւորիչ Սուրբ Սահակը մեզի սորվեցուց ըլլալ հպարտ, բայց՝ համեստ, Մեսրոպ Մաշտոց՝ խիզախութիւն, Եզնիկ Կողբացին՝ պաշտպանել մեր հաւատքը, Եղիշէն՝ հայրենասիրութիւն, Խորենացին՝ հայոց պատմութիւն, Անանիա Շիրակացին՝ բնութեան եւ տիեզերքի գաղտնիքները, Գրիգոր Նարեկացին՝ հայու հոգին բանալ դէպի Աստուած, Ներսէս Շնորհալին՝ հաւատք եւ Աստուծոյ փառքը:
Թարգմանիչներ անուանուած հոգեմշակութային հզօր շարժումը անկրկնելի երեւոյթ էր հայոց պատմութեան մէջ: Թարգմանչաց շարժման կարեւոր նուաճումներէն էր նաեւ տարբեր վայրերու մէջ հայկական կրթօճախներու ստեղծումը, որոնք դարձան գրականութեան եւ մշակոյթի յետագայ զարգացման, հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման հիմքը: Շնորհիւ Թարգմանչաց շարժումին հայ ժողովուրդը դարձաւ քաղաքակիրթ աշխարհի լիիրաւ անդամ: Անոնց շնորհիւ մեր ժողովուրդը ստեղծեց ինքատիպ մշակոյթ: Անոնց ջանքերով մեր ժողովուրդը համախմբուեցաւ մէկ հաւատքի շուրջ եւ յաջողեցաւ վանել ժամանակներու բոլոր դժուարութիւնները: Հայ ժողովուրդը դիմագրաւեց բազում փոթորիկներ, բայց ոչ մէկ արհաւիրք չյաջողեցաւ մեր ժողովուրդէն խլել մեր մայրենին, մայրենիով ու արիւնով շաղախուած հաւատքը, այն հաւատքը, զոր մեզի կտակեցին մեր պապերը: Անոնք մեզի կտակեցին չհեռանալ հայրենիքէն, եկեղեցիէն, մայրենի լեզուէն, հայ մշակոյթէն…
Խորքին մէջ, հայ գիրերու գիւտը մեր ժողովուրդի քաղաքական միտքի մեծագոյն նուաճումն է: Դարերու մարտահրաւէրներուն դէմ հայ ժողովուրդը միաւորող աւելի հզօր ներուժ մը կա՞ր արդեօք, քան՝ մայրենի լեզուն:
Այս բոլորէն ետք, ի՞նչ պիտի պատահէր այսօր, եթէ Հացեկաց գիւղի երախտաւորը իր կտակած զինուորներուն որպիսութիւնը հարցնելու նպատակով վերադառնար մեր աշխարհը: Հացեկացի գիտնականը՝ Տէր, փրկեայ դու զհայս երգելով, Բարձրեալին գթութեան պիտի դիմէր անկասկած… հազար մեղայ հառաչելով իր զինուորներուն հանդէպ ցուցաբերուած անտարբերութեան եւ չարչարանքներուն:
Այո, հազար աւա՜ղ: Սերունդներ կը պատրաստուին առանց իւրացնելու մեր ազգային մշակոյթն ու լեզուն: Սփիւռքեան գրեթէ բոլոր ոստաններուն մէջ կ՛աղճատուի մեր լեզուն: Դժուար է հայերէնով հաղորդակցիլ, կը հասկնանք, բայց ապազգայնացման վտանգը կը հալածէ մեզ: Հայեցի կրթութիւնն է եւ հայերէնի իւրացումն է, որ վտանգուած է:
Մեր բառապաշարը օրըստօրէ կը յագենայ օտար բառերով: Խօսակցական հայերէնը տարբեր լեզուներով գունաւորուած խառնարանի մը վերածուած է՝ գրեթէ բոլոր մակարդակներու վրայ:
Գիտակցաբար եւ մասամբ նորին անձնասպանութիւն կը գործենք աղաւաղելով մեր լեզուն: Պատշաճեցումը եւ արդիականացումը ոչ մէկ ձեւով կրնան արդարացնել ազգային այս տեղատուութիւնը: Տեղի կու տանք, պարզապէս: Ընդունելի չեն պարտուողական արդարացումները: Քննութեան տակ դրուած է ազգային ինքնութիւն պահելու կամքը:
Հակառակ մեր մշակութային միութիւններուն, կրթական հաստատութիւններուն, մամուլի մէջ ծառայող բծախնդիր անձնաւորութիւններու ջանքերուն, փողոցի հայերէնը սկսած է իշխելու ազգային մշակոյթին վրայ: Օտար շարահիւսութիւններով կը համեմենք հայերէնը: Լատիներէն եւ տակաւին հազարումէկ տարբեր տառերով ալ սկսած ենք հայերէն գրելու… Արհամարհանքը մայրենիին եւ հա՛յ մշակոյթին հանդէպ, ինքնութեան կորուստի նախաքայլն է:
Մեղանչում է ազգային ինքնութեան դէմ: Եւ տակաւին… սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ ոմանք ժամանակի կորուստ կը նկատեն մայրենի լեզուի դասաւանդութիւնը, մայրենիի հանդէպ գուրգուրանքը, անոր պաշտպանութիւնը: Հայոց լեզուի հանդէպ այս անտարբերութիւնը անձնասպանութիւն է պարզապէս՝ տարբեր ոճի եւ ձեւաչափի բաբելոնեան աշտարակներու յայտնութեամբ: Մինչեւ ո՞ւր եւ ե՞րբ մայրենիի հանդէպ մակերեսային այս վերաբերմունքը: Պատմութիւնը եւ ժամանակը անողոք պիտի ըլլան մեր այս կամայականութեան հանդէպ: Մենք կը մոռնանք՝ հայոց լեզուն կը մնայ եւ պիտի մնայ մեր ժողովուրդի միասնականութեան գրաւականը:
Ալ ուր մնաց խօսիլ Արեւմտահայերէնի ճակատագիրին մասին…
Հոկտեմբեր ամիսը յայտարարուած է հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամիս: Լեզուի հանդէպ գուրգուրանքը կը սկսի վերնախաւէն՝ քաղաքական կուսակցութիւններէն, եկեղեցիէն, կրթական եւ մշակութային կառոյցներէն: Լեզուի պահպանութեան եւ մայրենիի անաղարտ գործածութեան հետապնդումը նոյնքան կարեւոր է, որքան ազգային, քաղաքական այլ մտահոգութիւններ: Մեր ղեկավարները պատասխանատուութեան որքա՞ն բաժին կը զգան ազգային այս ողբերգութեան առջեւ: Վերջապէս, ի՞նչ կը մտածեն անոնք, համազգային այս աղէտին մասին:
Չկատարենք այն, ինչը ձախողեցաւ կատարելու թշնամին: Մինչեւ ո՞ւր եւ ե՞րբ ոգիի այս սովը… Ի վերջոյ, առանց մայրենիի պաշտպանութեան, ինչպէ՞ս պիտի հետապնդենք պահանջատիրական մեր պայքարը: Ինչպէ՞ս պատրաստել պահանջատէր սերունդ, սփիւռքեան կառոյցներ պահպանենք, պետականութիւն կառուցենք՝ առանց պահպանելու մեր ոսկեղինիկը եւ ազգային մշակոյթը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles