Հրեշտակները Անուն Ունի՞ն…
ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
«Բարի աշնանային երեկոյ», ողջունեց բեմավար օրիորդը ու բացումը կատարեց մանկա-պատանեկան «Շուշի» պարախումբի համերգին։ «Շուշի՜», անուն, որ մեր մէջ հպարտութեան զգացում կ՛արթնցնէ, անուն, որ քաղաք մըն էր՝ ազգային Զարթօնքին կովկասեան փայլուն կեդրոններէն մին, ապա՝ բիրտ ձեռքով մայր երկրէն խլուած ու մեր արիւնի յաւերժական թշնամիին յանձնուած։Շուշի՜… կարելի՞ է միթէ այս անունը լսել ու չյիշել անհաւատալի հերոսական այն խոյանքը, որմով բուռ մը հայ նուիրեալներ ինքնագոհ ու սնապարծ թուրքի ձեռքէն ետ առին մեր անառիկ բերդաքաղաքը։ Բայց առնողները հա՛յ էին ու իրենց տունը կ՛ազատէին. անոնց համար Շուշին չէր կրնար անառիկ ամրոց ըլլալ։ Անառիկ ամրոց է նաեւ հայու ոգին, եթէ ան կը գիտակցի իր հայութեան։ Ա՛լ ոչ մէկ թուրք-ազերի կրնայ ընկճել հայը, եթէ անոր մէջ արթուն է Ոգին։ Այդ ոգիին ցոլքերը կը դիտէի ես ամբողջ համերգին ընթացքին. ահա թէ ինչո՛ւ, ժպիտիս մէջէն հոսող արցունքներս կը սրբէի։ Ազգի մը պարը ազգին անբարբառ լեզուն է։ Ես հայ ոգին կը տեսնէի այդ «մատ մը» մանուկներուն մէջ, անոնց տաք ու առողջ արիւնը, աշխարհին իրենց անհատականութիւնը փաստելու անկասելի մղումը, անոնց տաք ու ազնիւ արեան եռքը, երբ հայկական պարեր կը պարէին։ Կատարեալ չէր անոնց պարը իբրեւ արուեստ, ի՜նչ փոյթ, այս պայմաններուն մէջ այսքանն ալ ու արդէն միայն այս ելոյթը հրաշք էր, հայ ոգիին հրաշքը։ Ու սակայն կատարեալ էին անոնք՝ մանուկները, միաձոյլ իրենց էութեան՝ իրենց արեան ձայնին կ՛անսային, առանց նոյնիսկ գիտակցելու։ Ինչպիսի՜ խրոխտ ու սէգ քալուածք տղոց, ինչպիսի՜ կրակոտ շարժումներ ու դոփիւններ, կարծես հայրենիքի զինուորեալներ էին. ու ինչպիսի՜ խակ նազանք տակաւին մանկահասակ կամ նորածիլ հեզաճկուն նայիրեան աղջիկներու։
Մեծ աշխատանք տարուած էր, ու ցորենի հատիկները պարարտ հողի մէջ ինկած՝ ծիլ տուած էին։ Երբ կը նայէիր լեռնական հայ տղամարդու խրոխտութիւն ներկայացնող այդ մանկահասակ տղոց (տակաւին տարեկից աղջիկներէն կարճահասակ), չէիր կրնար չհաւատալ, թէ առողջ միտք ունեցող իւրաքանչիւր հայ մանուկ անպայման տաղանդ մը ունի. հարցը զայն յայտնաբերել ու արժեւորելն է։ Այդ ըրած էին տարի մը ամբողջ անխոնջ աշխատանք տարած վարչականները, պարուսոյցներն ու բոլոր իրագործողները այս գեղեցիկ ելոյթին։
Ու սակայն, երեկոն «կատարեալ» պիտի չըլլար կամ ես ինքս պիտի չըլլայի, եթէ չգտնէի զիս ցաւ պատճառող երեւոյթ մը (յատուկ չեմ փնտռեր, ինք զիս կը գտնէ)։ Առաջին՝ աւելորդ է յիշել, թէ մեր ժողովուրդը վերջին վայրկեանին կամ ուշացած կու գայ, կը խճողէ մուտքը, դժուարութեան առջեւ դնելով տեղ ցոյց տուող երիտասարդները եւ ուշացնելով ելոյթը։ Այդ իր կարգին։ Ապա յաճախ տեղ փոխելնե՞րը, խանգարելով դիտողները (ի՞նչ է ներողութիւնը…), ապա պահուն պատշաճ ընտրուած կտորներ արտասանող բեմավարին խօսքի միջոցին «չենէ» ընե՞լը (դարձեալ հայերէն բոլոր բառերը ազնիւ են այս երեւոյթը բնորոշելու, որ ամէնուր է՝ եկեղեցիէն մինչեւ հոս), ապա… ու ամենակարեւորը՝ ծափել ծուլանալը։ Երբ այս ծանր օրերուն մեր աչքի լոյս մանուկները, տարի մը ամբողջ մարզուելէ ետք, ճիգի մէջ են զմեզ խանդավառելու հայօրէն՝ մենք կը ծուլանանք ծափահարել. մէկ-երկու ծափ ու լռութիւն՝ երբ մանուկները հեւալով դեռ գլուխ կու տան։ Հոս դեր չունի հաւնիլ-չհաւնիլը, աւելի բարձր մակարդակի արուեստ ակնկալելը։ Նոյնն է մեր սրահներուն մէջ նաեւ մեծերու թատրոնի պարագային. մենք արհեստավարժներու հետ գործ չունինք, մեր բեմերուն վրայ ի գին զոհողութիւններու զմեզ հայ մշակոյթի փշրանքներ մատուցող նուիրեալներ են, ու հոն գնահատականը պէտք է՝ ա՛յդ եւս նկատի առնելով։ (Հոս դրուագով մը ընդմիջեմ խօսքս։ Համալսարանի աւարտական տարիս էր։ Մեր խումբը Լենինկրատ՝ այսօր Ս. Փեթերպուրկ, ղրկուած էր, ռուսական մշակոյթին մօտէն ծանօթանալու համար։ Օփերա այցելեցինք։ Հոն եւրոպական կտոր մը կը ներկայացուէր, ուր նորաւարտ ու առաջին անգամ բեմ ելլող երիտասարդ մը գլխաւոր դերը պիտի երգէր։ Ու ամէնէն կարեւորը, շատ նշանաւոր մեներգի միջոցին ան երեք անգամ ձախողեցաւ, ձայնը խզուեցաւ բարձր ձայնանիշներու վրայ։ Սրահը երեք անգամն ալ բուռն ծափարհարեց ու վերջին անգամ՝ ոտքի… Ի՞նչ պիտի ընէինք մենք…)։
Մեզի միայն մարմնեղէն գրգիռներ տուող «շօու»նե՞ր պէտք են, որ գնահատենք։ Սիրտս աւելի ցաւցնողը այն էր, որ այս նոյն ժողովուրդը (երիտասարդներու գերակշռութեամբ), որ հայ էր բացարձակապէս, փոթորկոտ ծափերով ողջունեց արաբական պարը… «Արիւնի մէջ մտած է», շշնջաց բարեկամուհիս՝ ի տես ցաւած նայուածքիս։
Իրա՞ւ մեր արիւնը այսչափ դիւրութեամբ կ՛ընկալէ ուրիշինը։ Այլ բան է յարգանքի ծափահարութիւնը, կատարումը գնահատելը ու բոլորովին այլ՝ արիւնով այդ պարը ապրիլը։ Հայերս պատկերաւոր խօսք մը ունինք՝ «պարը ոտքերս ինկաւ», այսինքն՝ պարելու փափաք ունեցայ։ Հայերուն ոտքերը ինկածը առաւելաբար արաբական պարն էր. բայց խումբին ճիգը ա՞յդ նպատակը ունէր…
Կը հաւատամ, որ նման ելոյթներու յաճախակիութիւնը հակառակը պիտի արթնցնէ, այսինքն՝ մեր «ոտքերը պիտի իյնայ» հայկակա՛ն պարը, որ մեր նկարագիրն ու արիւնն իսկ է։
Պիտի ապրի Հալէպը, բայց Հալէպին փայլք ու գոյն տուող հայը ա՛յս ձեւով միայն պիտի ապրի։
***
Վերջին շրջանին Հալէպ մնացողներս ի յայտ կը բերենք նոր յատկանիշներ կամ կը թանձրանան մեր նկարագրային գիծերը, ու սեւը կը խտանայ, ճերմակը կը փայլի առաւել։ Կ՛ունենանք հոգեկան ու ֆիզիքական կարգ մը բարդութիւններ, զորս տակաւին կը զգուշանանք հիւանդութիւն կոչել է, թէեւ բոլորս ալ համոզուած ենք, թէ այս պատերազմէն ետք բազում հոգեկան շեղումներ պիտի բացայայտուին։ Առայժմ շեղումները վիճակին հետ ներդաշնակ երեւոյթներ են։ Այսպէս՝ ցրուածութիւն ու մոռացկոտութիւն, անտեղի ու յանկարծակի լալու փափաք (ու ոչ միայն տարիքոտները), բանտի ճաղերուն ետին գտնուելու անձկութիւն, ծանօթ բարեկամներու մանր թերիներուն հանդէպ անհանդուրժողութիւն, բայց եւ՝ արտակարգ հոգատարութիւն ու գուրգուրանք իրարու հանդէպ, նոր յայտնաբերուող համակրութիւններ ու բարեկամութիւններ։
Կան նաեւ ակներեւ մարմնական խնդիրներ (պիտի ըսէք՝ մէկը միւսէն կը բխի. շնորհակալ եմ յիշեցումին), այսպէս՝ ջիղերու տկարացում, ջղային հիւանդութիւններու սրում, գլխապտոյտ, սիրտի անկանոն զարկ, սրտխառնուք, ստամոքս-աղիքային խանգարումներ (կերածիդ որակին ինչպէ՞ս համոզուիս կամ՝ ծախողի խիղճին)։ Ու այս բոլորին մէջ, արդէն խօսուած է, բժիշկներու սակաւութիւն կամ չգոյութիւն (դեռ կայ նաեւ եղածներուն վստահիլ-չվստահիլը, երբ բժշկութիւնը իբրեւ պիզնէս կ՛ընկալուի)։ Թէեւ մեր մարմինները, հնազանդ ուղեղի այդ թելադրանքին, կը տոկային, սակայն անոնք անվերջ ու ծայրը չերեւցող զրկանքներու այս ճամբուն վրայ մեր համբերութիւնը չունին ու արդէն կ՛ապստամբին։
Նման ապստամբութիւն մը զիս մղեց դէպի նոր հանդիպում՝ հրեշտակի մը ծանօթացայ։ Տեղեակ չեմ՝ հրեշտակները անուն ունին թէ ոչ՝ ամէն պարագայի անուն պիտի չնշեմ։ Հայ կին մը, որուն իրաւ «գթութեան քոյր» քնքշագեղ բառով պիտի որակեմ ու ոչ թէ անարմատ «նըրս» կոչեմ։ Մերն ուրի՜շ է… Այդ մէկը սուր ձեւով զգացի, երբ մտայ պետական հիւանդանոց (ո՛չ, լուրջ բան մը չունիմ)։ Չեմ կարծեր, թէ մեզի հանդէպ յատուկ խտրութիւն կը դրուի, բայց հայը, որ դժբախտութիւնը ունեցած է իբրեւ հիւանդ հոն մտնելու, առաւել քան երբեք օտարութեան զգացում ու հարազատի, գուրգուրոտ վերաբերմունքի կարիք կը զգայ։ Ու կը հանդիպի բարեբախտութեան, ի դէմս ժպիտը դէմքին ճերմակ հրեշտակի մը։ Որեւէ հայ կը վայելէ անոր աջակցութիւնը, որ ինքնաբուխ է, անսակարկ, ի գին յոգնութեան ու մէջտեղ դնելով շրջապատող օտար պաշտօնեաներու մէջ սիրուած ըլլալու իր վարկը։
Երբ ծանօթացայ անոր, սաստիկ դժուարացայ հաւատալ բազմիցս ու տարբեր անձերէ իմ լսած այն իրողութեան, թէ համալսարանին մէջ դիրք ու պաշտօն ունեցող հայերէն ոմանք ոչ միայն չեն սատարեր զիրար, այլ շատ աւելի չոր ու օտար են հայ ուսանողներուն հանդէպ ու… հայօրէն իրենց ազգակից պաշտօնեային «ոտքին տակը կը փորեն»։
Ու կը յիշեմ, թէ ինչպէս Ռուսիոյ հրեաները իրենք զիրենք կը շրջապատէին ազգակիցներով, լռիկ-մնջիկ կը տիրանային կարեւոր ու եկամտաբեր պաշտօններու։
Դարձեալ մանրավէպ մը յիշեցի։ Խումբ մը հայ գրողներ հաւաքուած «Վարպետին»՝ Աւ. Իսահակեանի տունը, կը զրուցեն։ Անոնցմէ մին իր խօսքին մէջ ռուսերէն բառ կը գործածէ, ու միւսները կը հարցնեն զիրար, թէ ի՞նչ է այս բառին հայերէնը։ Երբ չեն գտներ, Իսահակեան կ՛ըսէ.
– Մենք հայերս զիրար «պատտերժկա» չենք անում (թիկունք չենք կենար, ռուս.-Խմբ.), ուստի չունենք սատարել բառը…
Մանաւա՛նդ մեր այս դժնդակ օրերուն, երբ ազգովին ցրուած ենք աշխարհի մէջ, որքա՜ն գերկենսական անհրաժեշտութիւն է իրարու սատարելը, եղբայրական ձեռք երկարելը, ու եթէ իւրաքանչիւրս վարուէինք իմ նորածանօթ հրեշտակին պէս, անկասկած պիտի բարգաւաճէին ու ծաղկէին թէ՛ հայրենիքը եւ թէ Սփիւռքը։