ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Իսալմները Մուհամմետ մարգարէի հետեւորդներն են, իսկ իսլամ կրօնքը աշխարհի երկրորդ մեծ կրօնքն է՝ քրիստոնէութենէն ետք. Մուհամմետի քարոզչութեան շրջանը եղած է 610էն սկսեալ մինչեւ իր մահը՝ 632 թուական, երբ ինք եղած է իսլամներու կրօնական եւ քաղաքական պետը. անոր մահէն ետք, Ապու Պաքրը, Օմարը, Օսմանը եւ Ալին եղած են իսլամներու խալիֆաները, որոնցմէ վերջին երեքը սպաննուած են իրենց իշխանութեան օրօք: Իսլամները աշխարհի բնակչութեան մօտաւորապէս 23 տոկոսը կը կազմեն եւ անոնց մեծ մասը սիւննի է (85-90 տոկոս), իսկ մնացածը՝ շիի։ Սիւննիները առաջին երեք խալիֆաներու հետեւորդներն են, իսկ շիիները՝ չորրորդին՝ Ալիին։
Շիիները մինչեւ այսօր կը պնդեն, թէ խալիֆաները պէ՛տք է Մուհամմետի ընտանիքէն եւ տոհմէն ըլլան: Ալին Մուհամմետի զարմիկն էր, եւ հարկ էր, ըստ շիիներուն, որ Մուհամմետի մահէն ետք ան ըլլար խալիֆան, սակայն ուրիշներ ընտրուեցան, ուստի՝ բաժանումն ու վէճը (սիւննի եւ շիի) սկսան այդ ժամանակէն եւ կը շարունակուին մինչեւ այսօր:
Սիւննիները եւ շիիները շատ ճիւղաւորումներ ունին: Սիւննիները բաժնուած են չորս գլխաւոր ճիւղերու՝ հանաֆի, մալիքի, շաֆիի եւ հանպալի։ Անոնցմէ ծագած են եւս ուրիշներ, որոնցմէ ամենամեծը ուահապիներն են՝ արմատականներ եւ ծայրայեղականներ: Սէուտական Արաբիոյ մէջ մեծամասնութեամբ սիւննի ուահապիներ են, Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ մէջ՝ հանաֆի, Թունուզի, Լիպիոյ եւ Մարոքի մէջ՝ մալիքի, իսկ Եմէնի մէջ՝ շաֆիի, եւ այլն։ Ամենամեծ թիւով բնակչութիւն ունեցող ոչ-արաբ իսլամական երկիրը Ինտոնեզիան է (235 միլիոն), որուն բնակչութիւնը եւս շաֆիի է:
Շիիներու ամենամեծ մասը իմամի-ճաֆարիներն են. անոնք կը հետեւին 12 «իմամ»ներուն (կրօնապետներուն), որոնց գլխաւորը Ալի Պըն Ապի Թալեպն է, ապա իր երկու զաւակները, թոռը եւ անոր սերունդը, հասնելով մինչեւ տասներկրորդ իմամը, որ կը կոչուի Իմամ Էլ Մահտի (բացակայ իմամը) եւ որուն գալուստին կը սպասեն տակաւին։ Շիի են նաեւ ալաուիները, զէյտիները, իսմայիլիները եւ ուրիշներ։
Պարսկաստանը ամենամեծ իմամի-շիի երկիրն է, իսկ Իրաքը՝ երկրորդը. կան նաեւ Լիբանանի հարաւային մասը, Պահրէյնը եւ այլուր: Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ իսլամներէն մաս մը ալաուի է (ներառեալ իսլամացած հայերը), իսկ զէյտիներ կան Եմէնի մէջ։ Իսմայիլիները տարածուած են աշխարհի մէջ եւ անոնցմէ ծագած են նաեւ տիւրզիները:
Արաբ շիիներու ամենամեծ խմբաւորումը կը գտնուի Իրաք, ուր կը գտնուի նաեւ Ալիի գերեզմանը՝ Նաճաֆ քաղաքին մէջ, եւ իր որդւոյն՝ Հիւսէյնի գերեզմանը՝ Քարպալայի մէջ. երկուքն ալ՝ ոսկիէ գմբէթներ ունեցող մզկիթներու մէջ:
Իսլամութիւնը տարածուած է սուրի ու թուրի միջոցաւ: «Ճիհատ»ը կրօնական պատերազմն է՝ իսլամութիւնը տարածելու նպատակով, որուն ընթացքին սպաննուողները նահատակներ կը համարուին եւ արքայութեան կ՛արժանանան. անոնք գեղեցիկ կոյսերով կը պարգեւատրուին դրախտի մէջ, ուր կան նաեւ միրգեր եւ գինիի գետեր։ Այդ պատերազմին յաղթանակ տանողները իրենց գրաւած երկիրներու հարստութենէն բաժին կ՛ունենան (գանձ, դրամ, ոսկի, կանայք, պատանիներ, կենդանիներ, հող եւ այլն)։ Ոչ-իսլամները, ի միջի այլոց նաեւ քրիստոնեաները եւ հրեաները, անհաւատ են (քաֆեր) եւ անոնց ունեցուածքը «հալալ» է իսլամներուն:
«Ճիհատ»ի կոչը միայն իսլամներու խալիֆան կրնայ ընել: Երբ երկիր մը կը գրաւուի «ճիհատ»ի միջոցաւ, այնտեղ կը գործադրուին իսլամական օրէնքները՝ «Շարիիա»ն, որ կ՛ընդգրկէ իսլամներու սուրբ գիրքը՝ «Քուրան»ը, նաեւ «Ահատիթ» կոչուած գիրքերը, որոնք կը պարունակեն Մուհամմետի խօսքերը, գործերը եւ անոր մասին ամէն ինչ. բոլորն ալ՝ բերնէ բերան փոխանցուած եւ Մուհամմետի մահէն ետք գրի առնուած:
Գրաւուած երկիրներու քաղաքացիները պէտք է կա՛մ կրօնափոխ ըլլան ու իսլամութիւնը ընդունին, կ՛ամ իրենց կրօնքը պահելու համար «ճըզիէ» (տուրք) վճարեն, կամ ալ երկիրը լքեն, այլապէս՝ սուրէ կ՛անցնին: Արաբները իսլամութիւնը տարածեցին այս կերպով եւ Իրաքը խլեցին զրադաշտ պարսիկներէն, Սուրիան եւ Պաղեստինը՝ բիւզանդացի քրիստոնեաներէն, Եգիպտոսը՝ ղպտի քրիստոնեաներէն, Ալճերիան՝ պերպեր ցեղէն, Մարոքը՝ ամազիղ ցեղէն, ինչպէս նաեւ շատ ուրիշ երկիրներ։ Շատեր, իսլամութիւնը ընդունելով՝ սերունդէ սերունդ իրենց ազգութիւնն ալ կորսնցուցին եւ արաբ կոչուեցան:
Օսմանցի թուրքը լաւ ըմբռնեց իսլամութեան դասը. թուրք սուլթանը Աբբասեաններէն ժառանգեց խալիֆայութիւնը, երբ արաբներու արեւը խաւարեցաւ, ապա հարիւրաւոր տարիներ կրօնքը գործածեց իբրեւ զէնք՝ իր կայսրութեան սահմանները ընդարձակելու համար: Սակայն 1924ին, Աթաթիւրքը վերջ դրաւ խալիֆայութեան: Արաբական եւ այլ իսլամական երկիրներ ներկայիս հանրապետութիւններ, թագաւորութիւններ եւ էմիրութիւններ են:
Պարսկաստանը, ամենամեծ շիի երկիրը ըլլալով՝ ինքն է, որ կ՛առաջնորդէ շիիներու աշխարհը եւ կը փորձէ շիիութիւնը տարածել իսլամներուն մէջ: Սէուտական Արաբիան, իր կարգին, մեծ դեր կը խաղայ ուահապիութիւնը տարածելու մէջ:
«Ըխուան մուսլիմին»ը (Իսլամ եղբայրները), իսլամական երրորդ ուժն է, որուն ներկայ ջատագովը Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանն է. անոնք սիւննի են, բայց՝ ուահապիներու դէմ. կան նաեւ Եգիպտոսի սիւննի «Էլ Ազհար» կրօնական կեդրոնը եւ այլ իսլամական շարժումներ. բոլորն ալ կ՛երազեն, սակայն չեն արտայայտուիր խալիֆայութեան մասին կամ համա-իսլամական երկիր մը հիմնելու մասին:
Սուրիոյ քաղաքական պատերազմին ընթացքին, երեւան եկաւ ՏԱԷՇ շարժումը (Իսլամական Պետութիւնը Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ), որ սկիզբը «Քայիտա»ին հետ կապեր ունէր, սակայն աւելի ուշ այդ կապերը խզուեցան եւ կարճ ժամանակուան մէջ ՏԱԷՇը «Քայիտա»էն ալ աւելի վայրագ դարձաւ։ Անիկա Յունիս 2014ին, Իրաքի Մուսուլ քաղաքը եւ շրջակայքը գրաւեց, հոն «Իսլամական պետութիւն» հռչակեց եւ խալիֆա ընտրեց Ապու Պաքր Էլ Պաղտատին, որ իր կարգին ժողովուրդին պարտադրեց 1400 տարուան նեխած իսլամական օրէնքները: Նոր խալիֆային համար ընտրեցին արաբներու առաջին խալիֆային անունը՝ Ապու Պաքր, եւ անոր տոհմածառը հասցուցին «Քուրէյշ» տոհմին, որ նոյն Մուհամմետ մարգարէի տոհմն է, անոր անձին առաւել հաւաստիացում տալու համար։ «Իսլամական պետութիւն» խմբակի զինեալներու շարքին կան արաբներ՝ զանազան երկիրներէ, եւ օտարներ՝ աֆղան, չեչեն, թուրք եւ այլն։
Որոշ արաբական պետութիւններ նիւթականով օգնեցին ՏԱԷՇին, Ամերիկան եւ Եւրոպան՝ այլ միջոցներով, իսկ Թուրքիան շատ մեծ դեր ունեցաւ եւ տակաւին կը շարունակէ ունենալ՝ ամէն ձեւով օգնելով անոնց։ Բոլորը ջանք թափեցին ՏԱԷՇը ոտքի կանգնեցնելու Ասատին դէմ, սակայն ներկայիս կը թուի, թէ «ճին»ը դուրս ելած է իր շիշէն եւ բոլորն ալ վախի մատնած է:
ՏԱԷՇ հազարաւոր երեխաներ, կիներ եւ տղամարդիկ սպաննեց, մարդկանց գոյքերը գողցաւ, կիներ եւ աղջիկներ գերութեան առաւ եւ զանոնք վաճառեց ստրուկներու շուկաներուն մէջ, պղծեց անոնց կրօնքը եւ քարկոծեց զանոնք, եւ դեռ…
Սակայն ո՞վ է ՏԱԷՇը… Անիկա իսլամութեան արտադրանքն է, ծնած է անոր ծոցէն եւ կը գործադրէ անոր փիլիսոփայութիւնը. անիկա արտերկրէն չէ ներմուծուած. անիկա հիմնուած է իսլամական օրէնքներուն վրայ, «Քուրան»ին ու «Շարիիա»ին վրայ, եւ անոնցմէ դուրս որեւէ նորութիւն չէ բերած, այլ ընդհակառակը՝ միշտ յայտնած է, թէ ինք կը հետեւի իր իսլամ անաչառ նախնիներուն եւ այն, ինչ կ՛իրագործէ, այդ նախնիներու վարդապետութիւնն է, որ մինչեւ այսօր կը քարոզուի մզկիթներէ ներս եւ կը դասաւանդուի դպրոցներու մէջ: Գլխատումը, արիւնահեղութիւնը, թալանը, գերութիւնը, մարդկանց վաճառքը եւ այլն… բոլորն ալ առկայ են իսլամական պատմութեան մէջ, սկիզբէն ի վեր, եւ յաճախ կը քարոզուին ու կը քաջալերուին իսլամ ծայրայեղ կղերականներու եւ կրօնապետներու կողմէ. կարելի չէ ըսել, թէ իսլամական կրօնքը անմեղ է այդ արարքներէն: Եթէ իսլամները կ՛ուզեն քաղաքակիրթ աշխարհի յարգանքին արժանանալ եւ կը ցանկան մաս կազմել միջազգային ընկերութեան, ապա իսլամ ժամանակակից կրօնապետները եւ իսլամական մեծ կեդրոնները պէտք է ընդունին այդ իրողութիւնները եւ ջանք թափեն վերաքննելու, արդիականացնելու իրենց օրէնքները, որպէսզի անոնք համապատասխանեն մարդկութեան ժամանակակից օրէնքներուն:
Արդեօք կ՛ուզե՞ն, եւ եթէ ուզեն՝ պիտի կարենա՞ն: