ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Կռիւը սրբազան բան է, ճակատամարտը երբեմն նոյնիսկ օգտակար. անոնցմէ ազգ մը դուրս կու գայ պարտուած կամ յաղթական, սակայն երկու պարագային ալ դուրս կու գայ։ Բայց նահանջը հոգիներու, գլխու պտոյտ տուող զառիթափին վրայ սա նահանջը կը ջնջէ, կը ձուլէ, կ՛անհետացնէ ամէն բան։
Շ. ՇԱՀՆՈՒՐ
Մեծ խաղը, զոր կը վարեն աշխարհի տէրերը, Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ տարրը, հետեւաբար նաեւ հայը, չի նկատեր՝ այսպէս է քաղաքական մեկնաբաններու կարծիքը։ Յիրաւի հետեւանքը՝ հալէպահայ գաղութին օրըստօրէ աւելի ու աւելի նուազիլը կը տեսնենք։ Արդէն ոչ թէ բարեկամներդ ու ծանօթներդ, ծանօթ դէմքերն ալ պակսած են, ու քաղաքը օրէցօր կը խորթանայ մնացողին։
Գոյութիւն ունի՞ արդեօք ծրագրուած մօտեցում ժողովուրդի այս նահանջին, գաղութը պահպանել-պարպելու խնդիրին։ Առայժմ նման բան նկատելի չէ։ Կան միայն խօսքեր՝ «Պէտք է պահպանել գաղութը», կամ՝ «Այս կրակին տակ որո՞ւ կրնաս մեղադրել»։ Մեղադրես թէ ոչ՝ մարդիկ կը հեռանան։ Թէկուզ եւ պարտադրուած նահանջ, սակայն պիտի ուզէինք որ չըլլար «առանց երգի», այլ ըլլար ծրագրուած ու կանոնաւոր, մանաւանդ որ պատերազմին արդէն երեք ու կէս տարի եղաւ…
Գաղթողը՝ գաղթող, մնացողներուն համար կը ծագին բազմաթիւ հարցեր։ Բարեկեցիկ դասակարգին հեռանալը, անտարակոյս, տկարացուց գաղութիս նիւթական հիմերը, որ յենած է նաեւ բարեգործութեանց վրայ։ Կը հեռանայ նաեւ միջակը։ Չենք գիտեր, թէ այս անկազմակերպ ու խուճապային գաղթէն ետք որքա՞ն հայութիւն պիտի մնայ գաղութիս մէջ։ Կը մխիթարուինք, որ դեռ կա՛յ ժողովուրդ, կը գործե՛ն մեր հաստատութիւնները՝ առաւել մեծ ճիգերու ու կամքի շնորհիւ։ Ու թէեւ ապագան կատարելապէս մշուշոտ է, սակայն յուսահատ չենք. կը տագնապինք, բայց նաեւ կը փորձենք այս դժնդակ օրերուն աւերները շինիչ աշխատանքով նորոգել, պահելու համար Մայր գաղութը։
Եթէ դրամատէր դասակարգին հեռանալը տկարացուց գաղութին նիւթական հիմերը, սակայն անոր հետ ու աւելի դժուար դարմանելին կայ՝ մտաւորական կոչուող կարեւոր մէկ տարրին գաղթելը։ Բնաւ դատաւորի աթոռի չեմ նստիր ու ոչ ոք մեղադրել կը փորձեմ, մանաւանդ որ ամէն ոք իրաւունք ունի իր ու ընտանիքին ապահովութեան մասին խորհելու։ Այսօրուան իրավիճակին ու վաղուան հետեւանքերուն մասին կը խորհիմ։
Վերջերս յօդուածագիր մը տեղին ու իրաւացիօրէն մատնանշած էր, թէ պատերազմի առաջին իսկ օրերէն սկսեալ երկիրը (մեր պարագային՝ Հալէպը) լքողներուն մէջ նկատելի թիւ կազմեցին բժիշկները։ Մինչդեռ պատերազմական երկրի մը մէջ (որ հայրենի՛ք է) ամէնէն կարեւոր դերակատարներու կարգին են բժիշկները, թէ՛ ռազմաճակատներու վրայ ու թէ որպէս անդադար ռմբակոծուող քաղաքներու բնակչութեան մարմնական ու հոգեկան վէրքերը ամոքողներ։ Ու այսօր Հալէպի բնակիչը հիւանդանալու ալ իրաւունք չունի (շատ այլ բաներու կարգին), թէեւ բազմազան ձեւերով մեռնելու կատարեալ ազատութիւն ունի։
Այս անհերքելի ճշմարտութիւն մըն է, սակայն ինչո՞ւ ծանրանանք միայն բժիշկներու երդումին վրայ (մանաւանդ՝ արդէն ձեւական բնոյթ կրող աւանդութիւն դարձած) ու մոռնանք միւս մասնագէտները, ո՛չ պակաս կարեւոր երկրին ու մեր պարագային՝ ազգին համար։
Երդում տալը ու պահելը խիղճին հետ կապուած երեւոյթ է, ու մարդ պէտք չէ բժիշկ ըլլայ, իր պարտականութիւնը խորապէս գիտակցելու համար, թէկուզ հրապարակայնօրէն երդում տուած չըլլայ։ Գոյութիւն չունի՞ ինքն իր հոգիին տուած երդում, այսինքն՝ սկզբունքային կեցուածք ըսուած բան մը։ Կան ժամանակներ, երբ բառերը կը կորսնցնեն իրենց արժէքը, երբ խօսքերը կը մերկանան իրենց սնանկութեան մէջ, ու կը խօսի միայն գործը։
Այս մտածումները կը ծնին, երբ կ՛անդրադառնանք, թէ դպրոցական նոր տարեշրջանի վերամուտը մեր դպրոցները կը դիմաւորեն կարեւոր նիւթերու ուսուցիչներու չգոյութեան ու որ ամէնէն ահազանգայինն է՝ հայերէնի ուսուցիչներու չգոյութեան տագնապով։
Հայերէնաւանդ ուսուցիչը եւս խոցելի մարդ է ու իրաւունք ունի իր ապահովութիւնը խորհելու, մանաւանդ որ ոչ ոք կ՛երաշխաւորէ մեր կեանքին համար, եթէ «անոնք» մտնեն Հալէպ… ու սակայն՝ Մայր գաղութը, որ սնուցիչ էր ամբողջ Սփիւռքին, ինք կը հայաթափուի։ Իսկ գաղութի մը ապրիլ-չապրիլը երկու երաշխիք չունի, այլ միայն մէկ, այն է՝ հայերէնի կարկաչը նոր սերունդներու շուրթերէն։
Տարիներէ ի վեր Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկը կը գոհացնէր գաղութիս այդ կարիքը եւս։ Իր գոյութեան գրեթէ երկու տասնամեակներուն ընթացքին հիմնարկը տուած է բազմաթիւ արժանաւոր շրջանաւարտներ, որոնք լրացուցեր են շարքերը թէ՛ դպրոցներու եւ թէ այլ հաստատութիւններու մէջ (եթէ եղած են նաեւ որ չեն արդարացուցած իրենց կապուած յոյսերը, այդ արդէն անձին գիտակցական մակարդակին ու ձգտումներու չափերուն արգասիքն է)։
Արդ, Հիմնարկը եւս կեցած է հայագիտական նիւթերու դասախօսներու նախկին բազմազանութիւնը պահելու դժուարութեան առջեւ։ Այնուամենայնիւ ե՛ւ վարչութիւնը, ե՛ւ մնացեալ դասախօսներն ու ուսանողները վճռական են դասաւանդութիւնները շարունակելու եւ ամէն գնով Հիմնարկը ոտքի պահելու իր առաքելութեան մէջ (վաղուան նոր ու փայլուն վերելքի տեսիլքով)։
Մարդը կը ծրագրէ, Աստուած կը տնօրինէ…
***
Սուրիոյ պատերազմը միջազգային լրատուամիջոցներու առաջին լուրերէն չէ այլեւս։ Ի՞նչ պատահեցաւ. երկրագունդի վրայ հրդեհնե՞րը շատցան, ու հո՞ն դարձան դիտակները, թէ տղաքը ձանձրացա՞ն մեզմէ։ Համաձայնութիւննե՞ր կայացան, վերջացա՞ւ պատերազմը. մշուշ է։ Հաւանաբար ներքին համաձայնութիւններ եղան, ու վերին ոլորտներու մէջ հարցը լուծուած է, առնելիքը առած, ծախելիքը ծախած են. իւրաքանչիւր ստորագրութեան տակ որքա՞ն արիւն՝ ի՜նչ տարբերութիւն… Ու սակայն մեզի համար ոչ միայն չէ վերջացած, այլ անորոշութեան քօղով պատած է առաւել քան երբեք։ Կը լսենք, թէ մեծ երկիրներ, զգուշանալով ՏԱԷՇի սպառնալիքներէն ու իրենց երկիրները անոնց ներթափանցումէն՝ որոշում տուած են իրենց որդեգիրները «մաքրելու»։ Պրն. Օպաման նոյնիսկ արդէն կը դաշնակցի (եղեր) Սուրիոյ նախագահին հետ, որուն դեռ երէկ ոխերիմ թշնամի էր։ Հաւատա՞նք, որ գիշատիչը որսը ձգէ առանց համտեսելու։ Բայց ռոմանթիկ կարծիքներ կան, թէ ամերիկացի երկրորդ լրագրողին մորթուիլը ազդած է Օպամայի ու իր մանկլաւիկներու հոգեկանին, թէ անոնք փախցուցեր են իրենց քունն ու հանգիստը, մանաւանդ որ տղան, անապատի աւազներու վրայ, մատաղացու ոչխարի պէս, դանակը ձեռքին բռնած զինք մորթողին առջեւ ծունկի, իբրեւ վերջին խօսք, Օպամային դիմեց. «Ինչո՞ւ ես պիտի մորթուիմ քու սխալ քաղաքականութեանդ պատճառով»։ Երեւակայեցէ՛ք, որ նման մեղադրանք ձեզի տրուի. ալ կրնա՞ք ապրիլ կամ սխալ քաղաքականութիւն վարել…
Թէ ի՞նչ բան է ճիշդ քաղաքականութիւնը, տակաւին տեղեակ չենք։ Ամերիկացի լրագրողը կը կարծէր, թէ իր երկիրը ճի՞շդ քաղաքականութիւն կը վարէ։ Խե՜ղճ տղայ, քիչ էր իր հիասթափութիւնը, մէկ ալ՝ մորթուիլ… Մենք կը կարծենք, թէ ճիշդը բարին է, հետեւաբար կը կասկածինք, թէ Օպամայականները վճռած են բարի ըլլալ։ Բայց ինչո՞ւ ոչ՝ ամէն ինչ հնարաւոր է, չարը կրնայ բարի հրեշտակ դառնալ… մանաւանդ ռոմանթիկ վէպերու եւ cowboy-ական ֆիլմերու մէջ…
Այնուամենայնիւ կը լսենք դարձեալ, թէ Սուրիոյ բանակը յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ։ Նման «մաքրութիւն» շատոնց արդէն կենսական է, եւ ո՛չ միայն Սուրիոյ համար։ Սակայն հաւատա՞նք արդեօք, թէ մօտ է մեր սարսափներուն ու զրկանքներուն վերջը, մանաւանդ որ Օպաման Սէու-տական Արաբիոյ մէջ նոր տեսակի զօրամասեր պատրաստելու ծրագիրներ կը գծէ, մինչ Ռուսիան մկան կը ցոյց կու տայ անոր, ու խօսք ալ կայ՝ թէ ռուսական բանակ կրնայ հիւրընկալուիլ Սուրիոյ ծովեզերքը… Ու այս ամէնը՝ մեր գլխուն վրայ…
Սուրիոյ ժողովուրդը դեռ շա՞տ պիտի նայի երկինքին։ Ան այլեւս անցած է հոգեբանական բոլոր հնարաւոր փուլերէն՝ հաւատք, շփոթմունք, հիասթափութիւն, զայրոյթ, մեղադրանքներ, սպասում, այլեւս անտարբերութիւն ու հիմա այդ բոլորէն անդին վիճակի մէջ է, որ անուն չունի։ Պարզապէս կը գործէ մէկ իմաստութիւն՝ «Եղունգ ունիս՝ գլուխդ քերէ»։ Վա՜յ կարճ եղունգ ունեցողներուն։
***
Նպաստ սուրիացիներուն։ Գիտենք որ պատերազմ հրահրողները ուրիշ, իսկ նպաստ կամ «մարդասիրական օգնութիւն» ղրկող կազմակերպութիւնները ուրիշ են։ Այնուամենայնիւ մտքիդ մէջ շփոթ կ՛ըլլայ՝ մարդը ինչո՞ւ այսչափ անկատար, անկազմակերպ եւ ունայնամիտ է՝ մէկ կողմէ կրակ կը թափեն անմեղ մարդոց գլխուն, միւս կողմէ՝ մարդասիրական փշրանքներ կը ղրկեն…
Այս բարդ հանգոյցը լուծել կարելի չէ, սակայն կայ նաեւ անոնց ղրկածը բաժնելու մեծ հարցը։ Որո՞նց կը տրուի նպաստ։ Կ՛ըսուի՝ բոլոր անոնց որոնք տուժած են ու կ՛արձանագրուին։ Առաջին անկատարութիւնը. քանի որ ո՛չ բոլոր կարիքաւորները կ՛արձանագրուին, ու նաեւ՝ ո՛չ միայն կարիքաւորները… երկրորդ՝ Սուրիոյ մէջ կա՞յ մարդ, որ որեւէ ձեւով չէ տուժած։ Այս հարցը, անշուշտ, ունի աւելի ճիշդ լուծում, եթէ ուզենք ու գործադրենք։
Սակայն հարցը այդ ալ չէ միայն։ Գաղտնիք չէ, թէ շատ-շատեր ստացածը կը վաճառեն խանութներու՝ շատ չնչին գիներով։ Պիտի ըսենք՝ թո՛ղ շահին (առաւելաբար խանութպանը)։ Ուրեմն ի՞նչ է պատկերը. բարեգործական կազմակերպութիւններ դուրսէն եկած դրամով կը գնեն սննդամթերքներ, որոնք նպաստընկալները կրկին կը ծախեն՝ առաւել աժան գիներով։ Ո՞վ կը վնասէ մէջտեղը…
Ա՛յս ալ վերջին սխալը չէ. Հալէպ ապրողներէն ո՞վ բազմիցս չէ տեսած փողոցները, մայթեզրերու յաւերժական աղբերու մէջ թափուած ոսպի ու բրինձի կոյտեր։ Հալէպցիներու նուրբ սիրտերուն մէջ յանկարծակի սէ՞ր ծնաւ անտէր թռչուններուն հանդէպ… Բայց աշխարհի մէջ այդ ոսպ կամ բրինձէն ափ մը երազող միլիոնաւոր մարդիկ կան…