ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Քանի մը տասնամեակներէ ի վեր Լոս Անճելըս հաստատուած ծանօթի մը տունը այցելեցինք: Ի հարկէ խօսեցանք, ինչպէս կ՛ըսուի, ինչ որ անզօրութեան սովորութիւն է, հինէն ու նորէն, Հայաստանէն եւ նորահաս սերունդէն, մշակոյթէն եւ կուսակցութենէն: Կային նաեւ նախկին եւ նոր երիտասարդներ:
Սուրճի համար նստած էինք բազկաթոռներու մէջ: Ուշադրութիւնս գրաւեց կռնակիս կողմը գտնուող գրադարանը: Հիւանդագին համարուող հետաքրքրութեամբ տնտղեցի գիրքերը: Կային գեղակազմ անգլերէն հատորներ. արուեստներ, Հայոց Ցեղասպանութիւն, ամերիկեան գրականութիւն:
Գրադարանի ոչ ապակեպատ մասին մէջ ալ կային հատորներ: Հայերէն գիրքեր էին: Բացի: Անցեալին, հայկական թերթերը՝ որպէս թերթօն, կը հրատարակէին հայկական վէպեր, բառարաններ: Ընթերցողները խնամքով կը կտրէին թերթօնները, հաւաքուած էջերը նոյնքան խնամքով կը պահէին եւ ապա կը տանէին կազմարարին: Գիրքը տեղ կը գտնէր հայ տան գրադարանին մէջ: Այդպիսի գիրքեր կային գրադարանին մէջ:
Հոն գտայ «Խոդեդան»ը…
Որպէս թերթօն լոյս տեսած մեծ գրողին գեղագիտական եւ ազգային վէպը կարդացուած էր, խնամքով պահուած: Մի՛ հարցնէք, թէ ո՞վ էր գրողը: Ան ո՛չ «ճենոսայտ» էր, ո՛չ «քարաբակ»: Պահուած էր: Ծաւալուն գիրքը կարդացուած էր, սիրուած: Ընթերցողը զինք հոգեպէս հարստացուցած գիրքը ո՛չ տան աղբամանը դրած էր, ո՛չ ալ որպէս թուային («վիրթուալ») էջերու հաւաքածոյ՝ համակարգիչի աղբամանը: Համակարգիչի աղբամանը դրուելու համար հոն պէտք է գտնուէր:
«Խոդեդան»ը կանուխ ծնած ըլլալով՝ չէր թուայնացուած («վիրթուալ» չէր եղած):
Չէր մտած համակարգիչի՝ մեր նոր ինքնութեան մասի աղբամանը, անհետ կորսուելու, բախտաւոր պարագային՝ «այցելուելու» եւ մոռցուելու համար:
Ժառանգութիւն չստանալ եւ ժառանգութիւն-յիշողութիւն չթողուլ… այդ է դերը բոլոր աղբամաններուն:
Ժամանակակիցներս մենք մեզմէ դուրս բանտարկուած ենք այսօր՝ «շնորհիւ» հետզհետէ աւելի «կարողութիւններ»ով եւ զանազան ու նորանոր անուններով ներկայացող բջիջային հեռաձայնին եւ դէպի աշխարհ գացող եւ աշխարհը մեզի բերող հզօր համացանցին: Փոխանակ «հարստանալու» ընծայուած «թուային» (numerique) կարելիութիւններու բարիքով՝ այսօր բացասականութիւններ կը մշակուին: Կ՛ըսուի, որ «երիտասարդութիւնը» կ՛ապրի թուային աշխարհի մէջ: Այդ աշխարհին մէջ չմտնել եւ զայն չհասկնալ՝ գրեթէ քրէական յանցանք է: Բայց ի՞նչ ընելու համար հոն մտնել եւ հասկնալ:
Գումարով մը կարելի է սեփական կայքէջ մը ունենալ եւ հոն յայտնել մեր իմաստութիւնները եւ կամ իմաստակութիւնները: «Ընկերային ցանցեր»ու վրայ արտայայտուիլ, երբեմն ինքնահաստատում փնտռել ամէն կարգի մակերեսայնութիւններով, գրել տան շնիկի հիւանդութեան մասին, յայտարարել մեծ մայրիկին մահը եւ զետեղել անոր գերեզմանին պատկերը: Հայերս ետ չենք մնար. կայքէջ կ՛ունենանք եւ կը խօսինք ամէն բանի մասին, առանց խպնելու՝ հայերէնը կը ջարդենք, չես գիտեր՝ ուրկէ՛ ստացուած «իրաւունքով»: Անոնք, որոնք չեն լսած այդ կայքէջերը, թելադրելի է, որ լսեն, թերեւս կը դարմանուի արդիականութեան հիւանդագին տեսակը: Անտեղեակութեան դատարկութեան վրայ թառած կարծիքներ կը յայտնուին: Ոչ ոք կը գայթակղի: Գայթակղիլ՝ մեղանչում է, յանուն ազատութեան: Դիտողութեան պարագային՝ կ՛ըսուի. «Մի՛ դիտէք եւ մի՛ կարդաք»…
Համացանցը բարիք մըն է տեղեկութիւններ ստանալու, օգտուելու շտեմարաններէն, որոնց ընթերցման համար կեանք մը չի բաւեր: Մանկավարժական նպաստ կրնայ ըլլալ համացանցը՝ ուսման բոլոր մակարդակներուն: Բայց նաեւ կրնայ պատճառ ըլլալ տգիտութեան զարգացման: Աշակերտը կամ ուսանողը գիրքեր եւ անոնց բացատրականը, մէջբերումները, հեղինակի մասին տեղեկութիւնները կը գտնէ հոն, եւ պարզապէս կը փոխադրէ իր էջին վրայ, «ճամբորդելէ» ետք «շտեմարաններու» աշխարհին մէջ: Փաստուեցաւ, որ նոյնիսկ «տոքթորական»ներ պատրաստուեցան՝ էջեր փոխադրելով թեզերու մէջ: Զանոնք քննելու եւ բանագողութիւնը կանխելու համար նոր ծրագիրներ մշակուեցան:
Դրականը կը դառնայ բացասականութիւն, երբ որակը կը բացակայի, երբ անմիջականը կ՛անգիտանայ անցեալը եւ ժառանգութիւն չի ստեղծեր:
Ասկէ առաջ խօսած եմ համացանցով ընթեռնելի թերթերու մասին: Հպարտութեամբ կ՛ընդգծուի, որ այսքան թիւով «այցելուներ» ունեցած է այս կամ այն կայքը: Ճիշդ է: Բայց ի՞նչ գիտենք չորս, ութ կամ տասը եւ աւելի էջեր ունեցող հրատարակութեան այցելու-ընթերցողին մասին, ի՞նչ կը կարդայ ան, վերտառութիւննե՞րը, քաղաքական լուրե՞րը (որոնց արդէն տեղեկացած կ՛ըլլայ հեռատեսիլէն), թէ այդ այցելութիւնը կայծակնային հետաքրքրութիւն մըն է՝ պղպջակի կեանքով, անվաղորդայն:
«Հետախուզական քննութիւն» մը կատարուա՞ծ է լրատուութիւն, քննարկումներ, գրականութիւն «համացանցայնացնելու» արդիականութիւնը որդեգրելէ առաջ: Ի՞նչ կ՛ըսեն մասնագէտները թուայնացած շտեմարաններու կորուստին մասին: Անգլիոյ հողաբաժանումներու թուայնացած արձանագրութիւնը կորսուած է: Կորսուած շտեմարաններ կան: Նոր համակարգիչներու ծրագիրները, կատարելագործման պատճառով, կրնայ պատահիլ, որ անկարող ըլլան «կարդալու» հին շտեմարաններու հարստութիւնը: Նախընթացներ կան:
Թերթեր կը տպուին: Անոնք միաժամանակ կը դրուին համացանցի վրայ: Օրինակ, ֆրանսական «Լը Մոնտ»ը: Փորձեցէ՛ք կարդալ: Կրնաք գտնել նիւթերու ցանկը, յօդուածի մը առաջին պարբերութիւնը, յետոյ ոչինչ: Հարկ է վճարել, բաժանորդագրուիլ: Հայերէն թերթը, գիրքը, եթէ իրապէս ընթերցող պիտի ունենայ, երկրորդը իր նիւթական մասնակցութեամբ պիտի ապահովէ թերթի եւ գիրքի գոյութիւնը, առանց այդ ճիգին՝ թերթը չ՛ապրիր կամ կը վերածուի ծանուցում-քարոզչութեան աղքատացնող միջոցի, տեսակ մը՝ որմազդի: Իսկ այդ թերթերը, ինչպէս նաեւ գիրքերը, դժուար թէ կտակուին գալիք սերունդներուն, խաբուսիկ պատկերներ են՝ «վիրթուալ»…
Թուային («վիրթուալ») հրատարակութիւնը ժառանգութիւնը նկատի չունի, այլ՝ անմիջականը: Դիւրի՛նը: Միշտ նորը եւ նորութիւնը: Այդ հեւքին մէջ որակն անգամ կը դառնայ աղօտ երազ: Ի՞նչ մնացած պիտի ըլլար Նարեկացիէն, եթէ թուայնացած ըլլար, («վիրթուալ» եղած ըլլար), եւ հազարամեակի մը ընթացքին թուայնացման ծրագիրները տասը կամ քսան տարին անգամ մը փոխուած ըլլային: Թուայնացման խճողումին մէջ յիսուն տարի ետք ո՞վ պիտի փնտռէ Հենրիկ Էդոյեանը կամ Վարուժանը, եթէ տեղ մը գիրքերը չըլլան:
Արդիականութեան բարիքներէն չօգտուիլ՝ անմտութիւն է: Բայց այդ արագ բարիքներէն օգտուիլ՝ չի նշանակեր անտեսել որակը, ժառանգութիւնը, որ շարունակութիւն ըլլալու գիտակցութիւն է, չըլլալու համար անմիջականի բանտարկեալը: Կիսամիջոցներ ծեփելով որակ եւ ժառանգութիւն չի ստեղծուիր:
Ինչպէս յաճախ կ՛ընեմ, բնակած արուարձան-քաղաքիս մեծ գրախանութը կ՛այցելեմ, ուր դիզուած կ՛ըլլան գիրքեր, պարբերականներ: Կը պատահի յաճախ, որ նոր լոյս տեսած գիրք մը արդէն սպառած կ՛ըլլայ, նոյնիսկ՝ լուրջ համարուած գիրքերը, որոնցմէ շատեր կը սարսափին:
Նորութիւնը սիրել եւ անկէ օգտուիլ՝ չեն նշանակեր ապագայատես ըլլալ: Եթէ նորութեան չտիրապետենք, անիկա մեզ կը թաղէ մակերեսայնութեան ճահիճին մէջ: Եւ ճահիճին մէջ ժառանգութիւն չ՛ապրիր, կ՛ապրին անորակը եւ անվաղորդայնը, որոնց թատերաբեմն են անիշխանական կայքերը, նաեւ՝ հայերէնով կամ հայկական համարուած կայքերէն շատեր, կիրքի, շատախօսութեան եւ անգրագիտութեան տափաստաններ:
Մտաւորականին, ղեկավարին, առաջնորդին պարտականութիւնն է գալիք օրերու պատկերացումը՝ առանց տուրք տալու, ամբոխային ակնկալութիւններու կեր տալու եւ մանրուքները նպատակ դարձնելու:
Իսկ բոլոր տեսակի համաշխարհայնացումներու մէջ եթէ հաւատարիմ չըլլանք մեր ինքնութեան եւ ինքնուրոյն որակին, ոչ հեռու ապագային, հակառակ ճառերու եւ կարգախօսներու աղմուկին, մեր մասին կը խօսուի որպէս անցեալ, եղած, պատմութեան սակառին մէջ տեղ մը…
Ո՛չ լաւատեսութիւն, ո՛չ յոռետեսութիւն, այլ՝ պճեղ մը… իրատեսութիւն, հետեւելով ազգ կերտած մեծերու եւ իմաստուններու դպրոցին:
Գէթ՝ հետեւելով հայ գիր ու գրականութեան քրմապետ Յակոբ Օշականին, որ ըսած է, թէ մագաղաթը աւելի կ՛ապրի, քան մարմարը (մարմարը՝ սնափառութիւններու կորնչականը):
Եթէ մագաղաթը աւելի կ՛ապրի մարմարէն, այնքան ալ դժուար չէ մտածել, որ նոյն ՄԱԳԱՂԱԹԸ ԱՒԵԼԻ Կ՛ԱՊՐԻ, ՔԱՆ ԹՈՒԱՅԻՆԸ («վիրթուալ»ը)…