Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Ժողովրդավարութիւնը Բացարձակատիրութեան Գլանին Տակ

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

«Անգլիացի ժողովուրդը կը խորհի ազատ ըլլալ, ան մեծապէս կը սխալի. ան ազատ է միայն խորհրդարանի անդամներու ընտրութեան ընթացքին, անոնք անմիջապէս որ ընտրուած ըլլան, ինք ստրուկ է»:
Ժան-Ժագ Ռուսօ, «Ընկերային պայմանագիրը»*

Թայլանտ, Վենեզուելլա, Թուրքիա եւ այլ տեղեր, ցոյցեր եւ ըմբոստութիւններ տեղի ունեցան, արաբական երկիրները իրենց անկարելի ժողովրդավարութեան նուաճման ճամբուն վրայ ապրեցան իրենց «արաբական գարուն»ը, այլ երկիրներ ալ ցոյցեր տեղի կ՛ունենան ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան նախկին եւ գալիք ժամանակներու երազներով, որոնք խիստ յարաբերական են ըստ մոլորակի հորիզոնականներու եւ միջօրէականերու:
Միակ ժողովրդավարութիւնը հին Աթէնքի ուղղակի ժողովրդավարութիւնն էր, բայց անիկա անգամ խոցելի էր՝ ըլլալով դասակարգային-տոհմական: Քաղաքներու բնակչութեան աճը, խտութիւնը եւ քաղաքակրթութեան ընծայած հակակշռելու հնարաւորութիւնները կ՛արգելակեն ժողովրդավարութեան զարգացումը եւ անոր ընդհանրացումը, քանի որ երբ դրացիներ չեն գտնուիր ժողովրդավարութեան աւազանին մէջ, ակնկալելի կ՛ըլլան անհասկացողութիւնները եւ բախումները:
Իրաւ եւ ամբողջական ժողովրդավարութիւնը միշտ պիտի ըլլայ հեռաւոր երազ մը, բայց միշտ կարելի է մօտենալ անոր, առանց միամիտ ըլլալու, գիտնալով, որ անիկա պիտի մնայ հեռուն, անհասցէ տեղ մը: Այս գիտակցութեամբ ալ պէտք է ըլլալ արթուն, նուաճուած քիչ եւ անկատար ժողովրդավարութիւնը պաշտպանելու, պայքարիլ պահպանելու համար այն քիչը, որ ձեռք բերուած է գաղափարներու եւ քաղաքակրթութիւններու յառաջընթացով:
Քիչեր ժամանակ կը գտնեն «անցեալը լսելու» եւ հոն գտնելու ողջախոհութեան ու իմաստութեան դասեր, որպէսզի նուազ չարիք գործուի եւ չգործեն, իրատեսութեամբ դիտեն եւ դիմաւորեն իրենց այսօրը եւ վաղը: Պէտք է ունենալ առաքինութիւն, «virtus», այնպէս ինչպէս այդ կ՛ըմբռնէին հռոմէացիները, հոգեկան ոյժ, գործադիր իշխանութիւնը չձգելու միայն գործադիր իշխանութեան ձեռքը, հիմնական գաղափար մը՝ զոր յաճախ փակագիծի կը դնենք թուլամորթութեամբ, անգիտութեամբ կամ շահախնդրութեամբ: Ժամանակակից հասկացողութեամբ «քաղաքացին», աւելի ճիշդ ըմբռնումով ընկերութեան անդամը, արդարութեան եւ մարդկայնութեան խոր զգացողութեամբ պէտք է կարենայ մօտենալ ընտրելու, քաղաքացի-իշխանութիւն եւ անհատ-ընկերութիւն յարաբերութիւններուն:
ԺԸ. դարու (1712-1778) մեծ մտածողներէն եւ Ֆրանսական Մեծ յեղափոխութիւնը ներշնչողներէն, Ժան-Ժագ Ռուսօ դիպուկ կերպով սահմանած է մեր օրերու ժողովրդավարութիւնը ներսէն կրծող էական հակասութիւներէն մին, հաւանօրէն անոր Գորդեան հանգոյցը, զոր Մեծ մակեդոնացին սուրով կտրած էր, եւ այդ անյեղլի աւանդութիւնը կը շարունակուի: Ժան-Ժագ Ռուսօ անդրադարձած էր հակասական կացութեան, իր օրերու բացարձակատիրութիւններէն տարբեր, նախանձելի թուացող անգլիական ժողովրդավարութեան, երբ այլուր ընդհանուր օրէնք էր բացարձակատիրութիւնը:
Ժան-Ժագ Ռուսօ կ՛ըսէ. «Անգլիացի ժողովուրդը կը խորհի ազատ ըլլալ եւ մեծապէս կը սխալի. ան ազատ է միայն խորհրդարանի անդամներու ընտրութեան ընթացքին, անոնք անմիջապէս որ ընտրուած ըլլան, ինք ստրուկ է»: Այսպէս, երբ Միացեալ Նահանգներ բանակ կը ղրկէ Իրաք կամ Աֆղանիստան, երբ ընտրուած նախագահ մը նախարարներ կը նշանակէ, իր փառքին համար յուշարձան կամ կոթող կը կանգնեցնէ՝ անտեսելով ժողովուրդը, կը կողոպտէ պետական գանձը (որ ժողովուրդին քրտինքն է), ո՞ւր կը սկսի եւ ո՞ւր կ՛աւարտի ժողովրդավարութիւնը: Նման կացութիւններ կան կառավարութիւններու, միութիւններու եւ ընկերային այլազան կառոյցներու պարագային, եթէ դադրին հաւկուրութիւնը, կողմնապաշտութիւնը եւ շահախնդրութիւնը:
Այսինքն, զանգուածներուն համար, ազատութիւնը իր բոլոր ձեւերով, խաբուսիկ վիճակ մըն է, նոյն այդ զանգուածներու միամտութիւնը օրօրող, մանաւանդ՝ երբ կը հրաւիրուի ծափահարելու, ինչ որ Ռուսոյի ըսել կու տայ, որ ժողովուրդը «ստրուկ է», եւ իշխանութիւնը կը պահուի դրսեւորուած կամ ինքզինք որպէս այդպիսին չխոստովանող ստրկացման գաղափարով:
Սակայն հարց է, թէ ինչպէս կարելի է իրականացնել իրաւ եւ իսկական հաւաքական ղեկավարում-իշխանութիւնը, երբ ժողովուրդը ինք պիտի որոշէ իրեն համար, առանց բանտարկուելու մէկ, երկու, երեք, չորս եւ աւելի տարիներու համար տրուած կամ ցկեանս իրաւունքով կամ սպասելու այդ տարիներու աւարտը: Ընկերութեան բոլոր անդամները չեն կրնար տեւաբար ժամանակ տրամադրել ուղղակի քաղաքականութեամբ զբաղելու, մանաւանդ, երբ կլանուած են իրենց աշխատանքներով, եւ անդին կան լիաժամ աշխատողներ:
Ժան-Ժագ Ռուսօ կը խորհէր, որ ժողովրդավարութիւնը հաշտ չէր ընթանար առեւտուրի, շահի եւ հարստացման հետ, որոնք անկարելի կը դարձնէին իրաւ ժողովրդավարութիւնը, եւ իշխանութիւնը կը դառնար մենաշնորհը փոքրամասնութեան. միապետութիւն-բացարձակատիրութիւն, արհեստավարժներ, ինքնաշնորհուած իշխանական իրաւունքով անհատներ, դասակարգ:
Եթէ մեր աչքերու կապանքը հանելու արիութիւնը ունենանք, պիտի տեսնենք, որ զանգուածներու ժողովրդավարական ազատութիւնը քուէաթերթիկը քուէատուփին մէջ նետելու ակնթարթն է: Գագաթի փոքրամասնութիւնը այդ ալ կ՛անտեսէ շատ յաճախ կամ թատրոնի կը վերածէ. ճառ, թմբուկ, քուէատուփերու մէջ անտէր թերթիկներու կարկուտ: Բեմադրութեան համար չենք ապաւինիր զանգուածներու եւ քաղաքացիներու ողջմտութեան, այլ զայն կը քնացնենք ամբոխները զուարճացնող երգ ու պարով:
Կը համոզեն եւ կը համոզուինք, որ «ժողովրդավարութիւնը նուազագոյն չափով վատ» կառավարման եղանակ է, որ «լիլիփութ»ներուն (հեքիաթի թզուկներուն) ինքնահաստատման ցնորք կը շնորհէ:

4 Յունիս 2014, Երեւան

* «Le peuple anglais pense etre libre, il se trompe fort: il ne l’est que durant l’election des membres du parlement; sitot qu’ils son elus, ils sont esclaves». Le contrat social, Jean-Jacques Rousseau


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles