Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Քեսապ. 0 Ժամ, Տարահանում, Ապաստանի Եւ Օժանդակութեան Տրամադրում, Բայց Նաեւ Քարոզչաքաղաքական Աշխատանք

Քեսապի ուղղութեամբ երեք օրէ ի վեր իրականացուող ներթափանցման զինուորական գործողութիւնները, անկախ իրենց հետապնդած ռազմավարական առաջնային նպատակներէն աղիտալի հետեւանքներ կ՛ունենան տեղւոյն հայ ազգաբնակչութեան համար:
Պէտք է արձանագրել այստեղ, որ դէպի Քեսապ թրքական անցակէտերէ նախաձեռնուելիք նման թափանցման լայնածաւալ գործողութեան հաւանականութիւնը սուրիական պատերազմի առաջին օրերէն գոյութիւն ունէր հայկական կողմին համար: Երբ Թուրքիան բացայայտօրէն կը զինէ եւ կը ֆինանսաւորէ զինեալ խմբաւորումներ, ապա այս պարագային Քեսապի շրջանը կարողական կարեւոր միջավայրերէն կը համարուէր եւ կը շարունակէ համարուիլ թափանցման, բայց մանաւանդ Սուրիա-Թուրքիա տուեալ սահմանի շփման գիծի տիրապետման համար: Զինուորական այս ծրագիրին պահն էր պարզապէս, որ չէր ճշդուած: Թրքական տարածքներէ Սուրիա յարձակման 0 ժամը:
Այս մտահոգութիւնն ու աւելի ճիշդը պիտի ըլլար ըսել վտանգը առկայ էր Քեսապի պարագային. յայտնաբար մնայուն այս սթափ եւ համապատախան պատրատուածութեան իրականութիւնն էր, որ դէպքերու սկսման կշռոյթին զուգահեռ շատ արագ կազմակերպուեցան տարհանման գործողութիւնները: Պաշարուած շրջանները եւս, երբ բանակի մարտերու թէժացման եւ որոշ դիրքերու վերագրաւման հետ նկատելի դարձաւ պայմաններու համեմատական փոփոխութիւն, ճեղքուեցան եւ այդտեղերը եւս ապաստանած հայրենակիցներ տեղափոխուեցան համեմատաբար աւելի ապահով վայրեր:
Պէտք է ըսել նաեւ, որ տարհանումի նման տարողութեան ընկալման պատրաստ էր նաեւ Լաթաքիոյ շրջանի հայկական շտապը, որ անմիջապէս տարհանուած հայրենակիցները ընդունելու միջոցառումներուն դիմեց: Փաստօրէն քանի մը հանգրուանով իրականացած տարհանման գործողութիւնները, հակառակ ծանր բախումներուն, ռմբակոծումներուն, հրացանաձգութիւններուն եւ բնակավայրերու ուղղութեամբ դիպուկահարներու արձակած կրակահերթերուն, անցան առանց մարդկային վնասներու:
Միւս կողմէ սակայն, ամբողջ գիւղի մը հայկական թաղամասերու ամայացումը յոռեգոյն յուսահատական գոյներով պարուրեց ոչ միայն շրջանի հայութիւնը, այլ նաեւ հայկական աշխարհը: Քեսապահայութեան արմատները 10րդ դար մինչեւ կ՛երկարի՜ն: Երկու օրուան արագ ամայացումը եւ մինչ այժմ նաեւ գիւղի եւ հայկական կառոյցներու ճակատագիրին անորոշութիւնը մեղմ ըսելաձեւով՝ մխիթարական հեռանկաներ չուրուագծէր հայրենիքի սահմանամերձ գաղութներու հեռանկարին:
Հրատապ աշխատանքներու հրամայականը աւելի քան գերակայ օրակարգ է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքահայ հոգեւոր եւ քաղաքական կեդրոններու համար: Քաղաքական յարաբերական աշխատանքներ, զինեալ խմբաւորումներու չէզոքացման եւ գիւղի անդորրութեան վերահաստատման նպատակով օփերաթիւ (գործնական-Խմբ.) հանդիպումներ, կոչեր: Բայց մանաւանդ Լաթաքիա ժամանակաւոր կայք հաստատած քեսապահայութեան օժանդակութեան աշխատանքներու արտակարգ թափ:
Քաղաքական տրամաբանութիւնը եւ անոր ուղեկցող Սուրիոյ տարածքին ծաւալող զինուորական գործողութիւններու յաջորդականութիւնն ու ընդհանրապէս երեւցող ռազմավարութիւնը կրնան յուշել, որ թէկուզ Թուրքիայէն սանձազերծուած ըլլալուն, այս գործողութիւնները քեսապահայութիւնը չունին իբրեւ առաջնային թիրախ: Որ քեսապահայութեան տարհանումը, գիւղի ամայացումը, հաւանական թալանն ու հայ կազմակերպ համայնքի չէզոքացումը եւս կը բխին սահմանէն անդին գործող պետութեան շահերէն, վիճարկումի խնդիր չէ անշուշտ: Ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող յենակէտերու գրաւումն ու հայութեան հասնելիք վնասները իբրեւ թրքական տարածքներէ կառավարուող ծրագիրներու հետապնդած համատեղելի շահեր աւելի համոզիչ կրնան դարձնել գործողութիւններու պատճառահետեւանքային մղումները:
Հայկական կողմին վերապահուած նշուած աշխատանքներէն բացի քարոզչաքաղաքական աշխատանքները ամենանաշխոյժ ձեւով կրնան կեդրոնանալ միջազգային ահպաբեկչութեան դէմ միջոցառումներ որդեգրած, աննահանջ պայքար յայտարարած Թուրքիոյ այս առումով ունեցած փաստացի դերակատարութեան վրայ: Տարածքները, որոնցմէ ներթափանցում կատարած են այս զինեալները, դժուար չէ ենթադրել, թէ ինչ տեսակ ծառայութիւններու համապատասխան լայնածիր օժանդակութիւններ ստացած է Թուրքիոյ մէջ գործող, ֆինանսաւորուող, զօրավարժութիւններու մասնակցող աշխարհաքաղաքացիական ահաբեկչութիւնը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles