ՀԱՅԿԱԶ ԹՐԹՌԵԱՆ
Այս օրերուն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն մէջ, ըստ երեւոյթին, մութ, անսովոր ու արտակարգ բան մը կը թուի ըլլալ, որ չի տեղեկացուիր հանրութեան: Այլապէս ինչո՞ւ ենթասպայ Արմէն Յովհաննիսեանի նահատակութիւնը Երեւանէն մինչեւ Անթիլիաս, մինչեւ Լոս Անճելըս վերածուեցաւ տեսակ մը ցասման ցոյցի, բողոքի արտայայտութեան: Արմէն Յովհաննիսեան, սահմանապահ առաջին նահատակը չէր: Սխալ չհասկցուիմ: Զինուորական իշխանութիւնները աւելի քան իրաւունք ունին շարք մը իրողութիւններ, վարագոյրներու ետին կատարուող ներքին մութ ծալքեր չբանալու հասարակութեան առջեւ. միւս կողմէ, երանի ամէն նահատակի համար տեղի ունենային նմանօրինակ գնահատանքի ու յարգանքի արտայայտութիւններ: Սխալ բան չկայ:
Հայոց բանակի օրուան առիթով, «Ասպարէզ»ի խմբագիրը իր «Օրը Օրին» սիւնակով («Ասպարէզ», 28 Յունուար, 2014) Սփիւռքի հայութեան կողմէ Հայոց բանակին զօրակցելու, անոր բարոյական կորովը բարձրացնելու միջոցներու մասին խորհրդացութիւն-փնտռտուք մը կատարելով կ՛եզրակացնէ. «Ամէնէն դիւրինը՝ սփիւռքահայերուս զինուորական տուրքի հաստատման առաջարկը կրնայ ըլլալ»: Ապա սիւնակը կը փակէ. «Եթէ կան ուրիշ առաջարկներ, խնդրեմ՝ փոխանցեցէք մեզի առ ի հրատարակութիւն»:
Եթէ սփիւռքահայերս կը յաւակնինք որ Հայաստանը համայն հայութիւնն է, ուրեմն կ՛ընդունինք, որ Հայոց բանակը նաեւ համայն հայութեանն է, եւ ամէն մէկ հայ, ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Սփիւռքի մէջ պատրաստ պէտք է զգայ յանձնառութիւն վերցնելու անոր հզօրացման, կատարելագործման ու նաեւ, ինչո՞ւ չէ, թուային աճման: Ամէն մէկ հայ պարտաւոր է խոնարհիլ բանակի նահատակներուն յիշատակին առջեւ, նոյնքան ակնածանքով խոնարհիլ նաեւ սահմանի խրամատներուն մէջ լուսցնող ամէնէն խոնարհ զինուորի նուիրումին առջեւ:
Յարգելի խմբագիր, գիտեմ որ սիրտդ կը ցաւի, պայթելու աստիճան կը ցաւի իւրաքանչիւր զինուորի նահատակութեան համար, ամէն մէկ դժբախտ պատահարի համար. գիտեմ որ հարազատ զաւակներուդ պէս կը փայփայես ու կը գուրգուրաս մեր զինուորներուն, մեր բանակին վրայ, բայց կը ներես որ ըսեմ, որ դրամը ամէն ինչ ըլլալով հանդերձ, ներկայ աշխարհին մէջ իբրեւ աստուած պաշտուած ըլլալուն հակառակ, բանակներու մարտունակութեան, զինուորներու արիութեան բարձրացման ազդակ չէ, վկայ՝ Ատրպէյճանի միլիառները: Այս պարագային դրամը իբրեւ մասնակցութեան ճիգի, եղբայրական զօրակցութեան եւ հոգեկան միութեան խորհրդանիշ կրնայ իր բարոյական ազդեցութիւնը ունենալ, պայմանաւ որ ուղիղ ձեւով գործածուի:
Խոստովանիմ նաեւ, որ հաւատք չունիմ թէ նման տուրք մը կրնայ յաջողութիւն գտնել. աչքիս առջեւ է շուրջ 30 տարիներ առաջ, ազգ. բարերար Յ. Աբգարեանի, Ազգային իշխանութեան ճամբով «կրթական տուրք» հաստատելու փորձը, որ կատարեալ ձախողութիւն մը եղաւ: Այսօր իսկ որքա՞ն յաջող կը գործէ Ազգային տուրքի դրութիւնը: Ցաւո՜վ, ցաւով պէտք է հաստատել, որ մեր ժողովուրդի միայն տասը հարիւրերորդը ազգին մաս կը կազմէ, մնացեալը ինքն իրեն համար ապրող անգոյ բազմութիւն է:
***
Դուն ինձմէ լաւ գիտես, որ բանակը նիւթական կառոյց ըլլալէ աւելի հոգեկան, զգացական, գաղափարական աշխարհ է: Անշուշտ օդանաւը, թնդանօթը, հրթիռն ու հրասայլը, իրենց մանրամասնութիւններով, տէրն են ռազմաճակատին, սակայն յաղթանակ տանողը անձնազոհ, հայրենասէր, գաղափարապաշտ զինուորն է, ամէնէն մօտիկ ապացոյցը, առանց մանրամասնութիւններու երթալու, Արցախեան հերոսամարտն է. Արմէն Յովհաննիսեանի եւ իր մարտակիցներուն արիութիւնն է:
Բանակը ժողովուրդի հայելին է. ուզենք կամ չուզենք բանակը կը կազմուի ժողովուրդի զաւակներով: USArmenia-ի «Մարդկային Գործօնը» յայտագիրէն գնդապետ Առուստամեան կը հաստատէր. «Բանակը սկսում է ընտանիքից»: Բանակը ընտանիքէն կը սկսի, դպրոցին մէջ կը կազմաւորուի եւ ծառայութեան մէջ կը կատարելագործուի: Եթէ կ՛ուզենք որ մեր բանակը ազգային ոգիով տոգորուն զինուորներով համալրուի, Աշոտ Բլէեանի պէս տխեղծ, հաշմանդամ հոգիով մարդիկ գործ չունին մեր կրթական համակարգին մէջ, զոր հիմնապէս պէտք է բարեկարգել, գիտելիքներու չափ հայրենասիրութիւն ու ազգային հպարտութիւն ներշնչելով ուսանողներուն եւ ոչ թէ օտար հաստատութիւններով խճողել զայն: Եթէ կ՛ուզենք որ մեր զինուորը իր ապագան իր հայրենիքին մէջ ապահովուած տեսնէ, պէտք է մեր մարտիկներուն, վեթերաններուն արժանավայել կեանքի միջոցներ ստեղծել: Անշուշտ պէտք է պարգեւատրուին արժանաւորները, բայց հասնողին շքանշան բաշխելով բանակ չի զօրանար: Բանակին հզօրացումը փափաքողը, վստահութիւն կը ներշնչէ ժողովուրդին, որ իր ապագան իր երկրին մէջ փնտռէ:
Որովհետեւ այսպէս ողբերգական է կացութիւնը, պէտք է ձեռնածալ նստի՞նք կամ կացութիւնը պատրուակելով մեր յանձնառութիւններէն հրաժարի՞նք, ո՛չ, երիցս ո՛չ:
Բանակի մասին մտածելուն հետ պէտք է մտածենք նաեւ «մեր բաժին մեղքին» մասին, հայրենիքին մէջ այս կացութեան ստեղծման համար, ինչպէս կ՛եզրակացնէ Լիլիթ Գալստեան. «Երկար, շատ երկար ենք հանդուրժում ապրելու մեզ պարտադրուած նրանց բանաձեւը»:
***
Առաջարկի պէս բան մըն է հետեւեալը. «Սփիւռքը եթէ կարենայ տարեկան շուրջ 20-25 կամաւոր գտնել (առաւելաբար երիտասարդ ուսանող), որոնք ամառնային արձակուրդի երթան, թէ՛ մարզուին՛, թէ՛ ծառայեն բանակին մէջ, հոգալով անոնց ծախսերը: Կը խորհիմ, որ հոգեբանական ազդեցութիւնը շատ աւելի զօրաւոր կ՛ըլլայ խրամատներուն մէջ ծառայող զինուորներուն համար: Ֆիզիքական ներկայութիւնը շատ աւելի տեսանելի ու բարոյական է, քան նիւթական աջակցութիւնը: Մանրամասնութիւնները, բարեփոխումները, անշուշտ, քննելի են. դժուարագոյն բաժինը թերեւս հայրենի իշխանութիւնները համոզելն է:
Ախտերը մատնանշելը երբեք յուսահատութեան կամ յոռետեսութեան նշան պէտք չէ նկատուի: Իսկական հայը իր բնազդով հայրենասէր է ու մարտունակ: Պատեհապաշտները կրնան կողոպտել հայրենի ժողովուրդը (որ միակ գրաւականն է հայրենիքը պահելուն) եւ ստիպել որ լքէ իր հոգեհատոր հայրենիքը: Կը հաւատամ, որ ապագան պատեհապաշտներուն չէ, անոնք անցաւոր են, որքան կանուխ անցնին, այնքան լաւ: Ապագան դիրքերը պահող «Թագաւոր տղէք»ներունն է, ինչպէս կը պատգամէր նահատակ Արմէն Յովհաննիսեանը, իբրեւ իր կարապի երգը: Այս հաւատքն է, որ «հողը հայրենիք կը դարձնէ, տարածքը թագաւորութեան կը վերածէ»: Ապագան այն ընտանիքներուն է, որոնք իրենց տունը «փոքրիկ արքունիքի վերածած են ու կը սպասեն իրենց թագաւորի վերադարձին»: (Մեջբերումները Լեւոն Սարգսեանէն՝ արեւմտահայերէնի վերածուած):
Յարգանք նահատակ թագաւորներու յիշատակին: Պատիւ ու փառաբանանք ծառայութեան մէջ եղող արքաներուն: