ԵՐԵՒԱՆ.– «Ակնյայտ էր, որ Մաքսային միութեանը միանալու մասին Հայաստանի նախագահի յայտարարութիւնը իրավիճակային լուծում էր», յայտարարեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան:
27 Սեպտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ան ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, որ մինչ այդ երկար տարիներ եւրոպական համարկման գործընթացը մեր հասարակութեան մէջ դժգոհութիւն, տարակուսանք կամ հակադրութիւն չէ յառաջացուցած. հեռանկարային առումով եւրոպական համարկման քաղաքականութիւնը ճիշդ էր, ճիշդ է եւ պէտք չէ կորսնցնել:
«Ամբողջ խնդիրն այն է, որ արեւելեան գործընկերների ինտեգրացման մէջ դերակատարը, հիմնականում Արեւելեան Եւրոպան, այսինքն՝ Եւրոպայի այն հատուածն է, որը բոլորովին նոր՝ մի քանի տարի է, ինչ միացել է Եւրամիութեանը», յայտնեց Յովհաննիսեան։
Բուն Արեւմտեան Եւրոպան, որ ստեղծած է Եւրոպական Միութիւնը, մշակած ժողովրդավարական եզրերը, ամբողջ Եւրամիութեան դէմքը՝ արեւելեան գործընկերութեան քաղաքականութեան մէջ ունեցած է նուազագոյն դերակատարութիւն: Բանախօսը դիտել տուաւ, որ այս երկիրներուն մէջ, բնականաբար, հակառուսականութիւնը յստակօրէն ուրուագծուած է՝ պատմական հանգամանքներէն մեկնելով, ուստի Ռուսիան, յատկապէս Հայաստանի հետ տարուող աշխատանքներուն առումով, գործընթացին կը մօտենայ նախանձով, խանդով, եւ արդիւնքը բոլորին յայտնի է:
Ռուսիոյ մասին խօսելով՝ Վահան Յովհաննիսեան նկատել տուաւ, որ հոն ակնյայտ է նէոկայսերական նոր ալիքը։ Անոր համաձայն, «Ռուսաստանն այժմ ձեռնարկում է նէոկայսերական պրոյեկտ (նախագիծ-Խմբ.)»։
«Լուրջ կասկածներ ունեմ, թէ դա կը յաջողուի, որովհետեւ նոյնպէս կառուցուած է հակադրութիւնների վրայ: Եւ ահա այստեղ ես համարում եմ, որ մենք պէտք է գնանք եւրաինտեգրացիայի ճանապարհով՝ հասկանալով սիտուացիոն (իրավիճակային-Խմբ.) լուծման կարեւորութիւնը, անհրաժեշտութիւնը, անխուսափելիութիւնը, անշրջելիութիւնը եւ այլն», բացատրեց Վահան Յովհաննիսեանը՝ շեշտելով, որ այս կը նշանակէ, թէ «մենք պէտք է հասկանանք, որ նէոկայսերական պրոյեկտի անյաջողութեան պարագայում պէտք է ունենանք ելքեր՝ այժմ արդէն պէտք է իմանանք, թէ ինչին պէտք է պատրաստ լինենք»:
Հայաստանի արտաքին յարաբերութեան մասին խօսելով՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը նկատել տուաւ, որ Հայաստանի ճամբան դէպի Եւրոպա, դէպի Պրիւքսէլ, պէտք չէ անցնի արեւելաեւրոպական մայրաքաղաքներով:
«Այսօր աւելի ու աւելի է կարեւորւում ուղղակի կապը Հայաստանի եւ Հին Եւրոպայի դերակատար պետութիւնների միջեւ՝ Բրիտանիա, Ֆրանսիա, Իտալիա, Իսպանիա, Գերմանիա, Բենիլիւքսի երկրներ: Սրանք են այսօր Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական թիրախները. ուղղակի, անմիջական կապերով մենք պէտք է վերականգնենք ու չկորցնենք այն ամբողջ պոտենցիալը, որ այս կամ այն ուղղութեամբ կուտակուել է: Այս երկու ուղղութիւններով, ես կարծում եմ, Հայաստանը պէտք է աշխատի, եւ այս ուղղութիւնների վրայ աշխատանքն այն ասպարէզն է, որտեղ իշխանութեան ու ընդդիմութեան ջանքերը կարող են համատեղուել», իրեն կատարուած դիւանագիտական աշխատանքի առաջարկին համաձայնութիւն տալու մղումը ներկայացուց Դաշնակցական պատգամաւորը:
Վահան Յովհաննիսեան անդրադարձաւ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան նշանակման շուրջ եղած խօսակցութիւններուն: Ան յայտնեց, որ իրեն առաջարկուած է Հայաստանը ներկայացնել արտասահմանի մէջ, առաջարկը իր եւ իր կուսակցութեան համար ընդունելի եղած է, որովհետեւ իրենք ապագայ արտաքին յարաբերութիւնները կը տեսնեն դիւանագիտական աշխատանքի առաջադրուած ուրուագիծին մէջ։
Դիւանագիտական աշխատանքի առաջարկը չմերժելէ ետք մամուլին մէջ հնչած արձագանգներուն անդրադառնալով՝ Յովհաննիսեան նշեց, որ անոնց մեծ մասը պարզապէս բաւարար տեղեկութիւն չունենալու, օրէնքները չգիտնալու առնչուած է: Ան աւելցուց, որ այս տեսակի աշխատանք կրնայ կատարել նաեւ ընդդիմադիր պատգամաւոր մը:
«Բայց կայ նաեւ անդրադարձներԻի երրորդ կատեգորիան. սա արդէն հոգեվիճակին է վերաբերում: Մեր երկրում դեռ չի ամրապնդուել պետութիւնն ու իշխանութիւնը տարանջատելու ունակութիւնը: Այս հոգեվիճակը, ինչպէս ներկայացրեց բանախօսը, գալիս է այն հանգամանքից, որ մեր հասարակութեան մէջ կայ «որքան վատ՝ այնքան լաւ» մօտեցումը»:
«Այսինքն՝ բոլոր ոլորտներում այնքան վատ լինի, որ ակնյայտ դառնայ այս իշխանութիւնների ապիկարութիւնը: Ի միջի այլոց, այդ ապիկարութիւնը ակնյայտ դարձնելու համար որեւէ յաւելեալ վատացումներ պէտք չեն: Մենք պահանջել ենք այսօրուայ իշխանութեան ամբողջական հրաժարականը, այսօրուայ իշխանութեանը դէմ ենք, պահանջել ենք կառավարութեան հրաժարականը՝ նշանակո՞ւմ է դա արդեօք, որ կառավարական բոլոր գործակալութիւններում, նախարարութիւններում կամ այլ մարմիններում աշխատող դաշնակցականները կամ այլ ընդդիմադիրները պէտք է դրօշները պատռած դուրս գան իրենց հիմնարկներից, բարձրանան սարերն ու ֆիդային դառնան. Կարծում եմ, որ այդ մօտեցումը քաղաքակիրթ մօտեցում չէ: ՀՅԴի համար «որքան վատ՝ այնքան լաւ» սկզբունքը չի գործել երբեք՝ նոյնիսկ բոլշեւիկեան իշխանութեան ժամանակ», պարզաբանեց բանախօսը:
Դեսպան նշանակուելէ ետք իշխանութիւններուն հետ տեսակէտներու տարբերութեան ծագման վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով՝ Վ. Յովհաննիսեան յայտնեց, որ համագործակցիլ չի նշանակեր նոյնանալ՝ շեշտելով, որ իր տեսակէտները չեն փոխուած հայ-թրքական արձանագրութիւններուն ու Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ: Իսկ իշխանութեան այն ներկայացուցիչները, որոնք դիւանագիտական աշխատանքի առաջարկ կատարած են իրեն, շատ լաւ գիտեն իր տեսակէտներուն ու անոնց անփոփոխ ըլլալուն մասին: Ան աւելցուց, որ ՀՅԴն կը տեսնէ, որ երկիրը վտանգի առջեւ կանգնած է, ուստի իրենք չեն կրնար ձեռնածալ մնալ ու ըսել՝ թող կործանի, որպէսզի ապացուցուի, թէ իրենք ճիշդ էին:
Վահան Յովհաննիսեան հաստատեց, որ ապագային՝ իր դեսպան նշանակուելէն ետք ալ, ՀՅԴն պիտի չմիանայ իշխանութեան։
«ՀՅԴ-իշխանութիւններ յարաբերութիւնների մէջ ցանկացած փոփոխութիւն կարող է պայմանաւորուած լինել իշխանութեան քաղաքական փոփոխութիւններով: Որովհետեւ մենք երբեք չենք փոխուել, ասել ենք նոյնը՝ կոալիցիայի մէջ ու կոալիցիցայից դուրս», հաստատեց Վահան Յովհաննիսեան:
↧
ՀՅԴի Համար «Որքան Վատ՝ Այնքան Լաւ» Սկզբունքը Չի Գործել Երբեք. Վահան Յովհաննիսեան
↧