Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Նահատակներուն Հարցումը

$
0
0

 

0406Hayasdan

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Ի՞նչ ընել երբ զայրոյթդ իսկ անտեսումի – թերեւս նաեւ արհամարհանքի – պատին կը բախի: Հաւաքաբար փլել պատը, պարիսպը, կամ ինչ աժդահա որ է:

Ինչպէ՞ս կը դիմանան խոշտանգուածներուն ծնողները: Այլեւս անոնց ուզածը զաւկէն բեկոր մըն է: Ոչ թէ կեանքը, ոչ թէ աճիւնը, այլ բեկո՜ր մը գոնէ: Ցաւին ահեղութիւնը ժամանակաւորապէս կ՛օգնէ, որ իրենց մարմինը չպատռտի կարօտէ ու կատաղութենէ:

Մօտ օրէն սակայն պիտի փլին թումբերը, եւ բիրտ ալիքներ իրենց գալարքին մէջ առնեն անոնց խելացնոր սիրտը: Պիտի յայտնուին մեծաթիւ հոգեկան խանգարում ունեցողներ, վհատութեան վիհը ինկածներ, անձնասպաններ, անշարժ ու անխօս կերպարանքներ, ինքնիրեն մռմռացողներ:

Հոգեբաններու խումբերը անգամ քիչ բան պիտի կարենան բարեփոխել, մեծաւ մասամբ դեղահատերով: Նահատակներու սիրելիներուն վէրքը չի կրնար սպիանալ, որովհետեւ արդէն գիտակցած են, թէ անոնք չինկա՜ն վեհագոյն նպատակի մը համար, որ երազն էր մեծ եւ պիտի ըլլար իրենց կեանքին յաղթանակը: Ինկան հաւանական խաբեբայութեան ու մեծխօսիկութեան, դիւանագիտական տհասութեան, ռազմական անկարողութեան եւ անյագուրդ կաշառակերութեան պատճառով: Ո՛չ թէ յաղթանակի, այլ թերեւս ծրագրուա՛ծ պարտութեան մը համար:

Սարսափելին այն է, որ այդ հոյլ-հոյլ մատղաշներու նահատակութենէն պատասխանատուները դաս մը չկրցան առնել: Չկրցան իրենց խիղճին հետ հաշուեյարդարի նստիլ: Նոյնիսկ յանցանքի քար ծանրութիւնը չկրեցին: Կը զբաղին զիրար քարկոծելով, մէջ ընդ մէջ ընտրութեան ծրագիրներ մշակելով. զիրար այպանելով, պոռչտուքով ու մանաւանդ ժպտելով: ժպիտո՜վ: Եռաբլուրը իրենց խիղճի սահմաններէն ջնջելով:

Մինչ այդ՝ ժողովուրդը կ՛արիւնի…

Ողջ թէ մեռած նահատակները մէ՛կ հարցում ունին. «Ինչպէ՞ս կրնաք քնանալ…»

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles