Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Իսրայէլի Դաշնակից Կարծուած Եւ Հրեաներու Բարեկամ Ատրպէյճանը ՄԱԿի Մէջ Դաւաճանեց Իսրայէլը

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

1227haroutsassounianԵրեք տասնամեակներու ընթացքին Իսրայէլի կառավարութիւնը եւ ամերիկացի հրեայ ղեկավարները աւելորդ եւ անարժան գովեստներ շռայլած են Ատրպէյճանի հասցէին` հրէական համայնքին նկատմամբ ենթադրեալ հանդուրժողութեան եւ Իսրայէլի հետ բարեկամութեան համար: Իսրայէլացի ղեկավարները եւ ամերիկացի նշանաւոր հրեաները քանի մը անգամ այցելած են Պաքու՝ փառաբանելով Ատրպէյճանի կառավարութիւնը եւ պարծենալով իրենց միջեւ եղած յատուկ մտերմութեամբ:

Ասիկա վերին աստիճանի կեղծաւորութիւն է: Ճշմարտութիւնը այն է, որ Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները ոչ մէկ կապ ունին Պաքուի մէջ հրեաներու նկատմամբ վերաբերումին հետ: Երկու երկիրները հիմնականօրէն զբաղած են փոխադարձ շահագոծումով` անտեսելով մարդասիրական եւ բարոյական բոլոր նկատառումները: Ատրպէյճան Իսրայէլէն գնած է միլիառաւոր տոլար արժող ժամանակակից մահացու զէնքեր՝ ատրպէյճանական քարիւղը Իսրայէլին ծախելու դիմաց. վերջինս իր քարիւղին 40 տոկոսը կը ներմուծէ Ատրպէյճանէն: Ամօթալի է, որ Ողջակիզման զոհերու յաջորդները կը զինեն Ատրպէյճանը՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուածներու ժառանգորդները` որոշ գումարի դիմաց սպաննելու համար…

Իսրայէլ Ատրպէյճանին հետ լաւ յարաբերութիւններ պահպանելու յաւելեալ երկու պատճառ ունի: Առաջին, Իսրայէլի շահն է հետախուզական տուեալներ հաւաքել Իրանի մասին եւ մուտքի կարելիութիւն ունենալ Ատրպէյճանի օդակայանները՝ Իրանի միջուկային պաշարներուն վրայ իսրայէլեան յարձակումի մը պարագային: Հաւանաբար, ասիկա նկատի ունէր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, երբ Իսրայէլի հետ իր երկրին յարաբերութիւնները կը համեմատէր սառցալերան մը հետ՝ «անոր ինը տասներորդական մասը ջուրի տակ է» ըսելով: Իսրայէլի համար երկրորդ պատճառը՝ իսլամական երկրի մը հետ լաւ յարաբերութիւններու հաստատումն է, հաշուի առնելով արաբա-իսրայէլեան հակամարտութիւնը եւ մահմետական աշխարհէն իր մեկուսացումը: Այսուամենայնիւ, Իսրայէլի եւ արաբական շարք մը երկիրներու միջեւ ստեղծուած վերջին մերձեցման լոյսին տակ, Իսրայէլի համար Ատրպէյճանի արժէքը այս առումով կը նուազի:

Միւս կողմէ, Ատրպէյճան կ՛ակնկալէ առաւելագոյնի հասցնել իր քաղաքական շահերը Միացեալ Նահանգներու մէջ օգտուելով Ուշաինկթընի մէջ Իսրայէլի եւ ամերիկացի հրեաներու ազդեցութենէն, հակազդելու համար Ամերիկայի հայկական լոպիին:

Հակառակ այս բոլորին, Ատրպէյճան եւ Իսրայէլ իրենց յարաբերութիւնները խանգարող քանի մը հարցեր կը թաքցնեն: Առաջին հերթին յիշեցնենք, որ Իսրայէլ 1993ին բացած է իր դեսպանատունը Պաքուի մէջ, մինչդեռ Ատրպէյճան մերժած է դեսպանատուն կամ նոյնիսկ հիւպատոսութիւն բանալ Իսրայէլի մէջ՝ մտահոգուելով արաբական ու մահմետական ժողովուրդներու եւ յատկապէս Իրանի հետ իր յարաբերութիւններուն գծով: Միայն այս փաստը բաւարար է, որ հերքուին երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական կարծեցեալ յարաբերութիւնները:

Այս ծիրէն ներս, մէկ այլ հակասութիւն կը համարուին Ատրպէյճանի հակաիսրայէլեան քուէներն ու ելոյթները ՄԱԿի եւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ: Ատրպէյճանի՝ Իսրայէլի հանդէպ քննադատական վերջին գործողութիւնը տեղի ունեցաւ 18 Մարտ 2021ին, Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ կայացած ՄԱԿի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի նիստին: Անկէ անմիջապէս ետք, Ատրպէյճանի յաճախակի ջատագով «Սայմըն Վիզընթալ» կոդրոնը դատապարտեց ՄԱԿի մէջ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչին ելոյթը` խստօրէն մեղադրելով Ատրպէյճանը՝ «հրէական պետութեան դէմ փաստացի «արիւնալի զրպարտութիւն» ընելու մէջ»:

Խօսելով Խորհուրդի օրակարգին 7րդ կէտին՝ «Պաղեստինի եւ արաբական այլ գրաւեալ տարածքներու մէջ մարդկային իրաւունքներու իրավիճակ»ին մասին, 18 Մարտին, ՄԱԿի մօտ Ատրպէյճանի մնայուն առաքելութեան երրորդ քարտուղար Քամրան Սէյֆուլաեւ երեք վայրկեան տեւող ելոյթ մը ունեցաւ՝ խստիւ քննադատելով պաղեստինցիներուն հանդէպ Իսրայէլի պետութեան վերաբերումը: Ան ըսաւ հետեւեալը. «Պատիւը ունիմ փոխանցելու այս յայտարարութիւնը` Չէզոք երկիրներու շարժման անունով (Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նախագահն է այս շարժումին, որ բաղկացած է 120 երկիրներէ): Երկար տարիներ Չէզոք երկիրներու շարժումը պահպանած է համերաշխութեան հաստատ դիրքորոշում պաղեստինցի ժողովուրդին ու անոր արդար դատին հանդէպ եւ դատապարտած է Իսրայէլի կողմէ մարդկային իրաւունքներու եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի զանգուածային, բացայայտ եւ համակարգուած խախտումները: Շարժումը նաեւ կ՛ընդգծէ պաղեստինցի ժողովուրդին օգնելու նպատակով` քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու շարունակականութեան անհրաժեշտութիւնը, ամրապնդելու համար ժողովուրդին կայունութիւնն ու ջանքերը` ուղղուած իր իսկ ազգային օրինական իղձերու իրականացման, ներառեալ` ինքնորոշման եւ ազատութեան իր անքակտելի իրաւունքին, անկախ Պաղեստինի պետութեան մէջ: Մենք կ՛ընդունինք եւ բարձր կը գնահատենք ՄԱԿի եւ իր գործակալութիւններուն, մասնաւորապէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պաղեստինցի փախստականներու ՄԱԿի օգնութեան եւ աշխատանքներու գործակալութեան ջանքերը, ինչպէս նաեւ Պաղեստինի ժողովուրդին անքակտելի իրաւունքներու իրականացման կոմիտէին ջանքերը: Շարժումը կը խրախուսէ անոնց աջակցութեան յարատեւումը: Շարժումը գնահատանքով կը նշէ նաեւ Գլխաւոր քարտուղարին զեկոյցը Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի 43րդ նստաշրջանին՝ սուրիական գրաւեալ Կոլանի մէջ իսրայէլեան բնակավայրերու իրողութեան մասին: Շարժումը լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնէ իսրայէլեան բնակավայրերու քաղաքականութեան եւ անոր հետ կապուած գործողութիւններու շարունակման մասին, ներառեալ բնակավայրերու ընդլայնումը, հողերու սեփականազրկումը, տուներու քանդումը եւ գոյքի բռնագրաւումն ու ոչնչացումը, երեւոյթներ, որոնք փոխած են գրաւեալ տարածքներու եւ սուրիական գրաւեալ Կոլանի ֆիզիքական բնութագիրն ու ժողովրդագրական կազմը: Գլխաւոր խորհուրդը, Անվտանգութեան խորհուրդը եւ Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդը հաստատած են, որ իսրայէլեան բնակավայրերու կառուցումն ու ընդլայնումը եւ յարակից այլ գործողութիւններ Պաղեստինի գրաւեալ հողերուն վրայ եւ սուրիական գրաւեալ Կոլանի մէջ՝ անօրինակա՛ն են՝ միջազգային իրաւունքին համաձայն: Շարժումը խորապէս մտահոգուած է ՄԱԿի պաշտօնական բազմաթիւ զեկոյցներով, մասնաւորապէս՝ Գլխաւոր քարտուղարի վերջին զեկոյցով, որ վերահաստատեց իսրայէլեան ուժերուն կողմէ Պաղեստինի ժողովուրդին մարդկային իրաւունքներու շարունակական ոտնահարումները՝ գրաւեալ Պաղեստինի ամբողջ տարածքին:

«Այս առումով, Շարժումը միջազգային հանրութեան կոչ կ՛ընէ ճնշում գործադրելու՝ անմիջապէս դադրեցնելու համար Իսրայէլի կողմէ ի գործ դրուած այս անօրինական միտումները, որոնք միջազգային իրաւունքի բացայայտ խախտումներ են: Աւելին, Շարժումը հաստատապէս համոզուած է, որ Իսրայէլը` իբրեւ բռնագրաւող տէրութիւն, պէտք է պատասխանատուութիւն կրէ` ինչպէս մարդկային իրաւունքներու միջազգային օրէնսդրութեան, այնպէս եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի համակարգուած խախտումներուն համար, բոլոր արաբական գրաւեալ տարածքներուն մէջ, ներառեալ՝ սուրիական Կոլանի: Շարժումը կ՛ընդգծէ, որ Իսրայէլ՝ իբրեւ բռնագրաւող տէրութիւն, պէտք է անյապաղ ազատ արձակէ պաղեստինցի բոլոր բանտարկեալները, յատկապէս մանուկները եւ կիները: Ան նաեւ պէտք է դադրեցնէ միջազգային իրաւունքի լուրջ խախտումները, ամբողջութեամբ վերցնէ Կազայի շրջափակումը՝ քաղաքացիական բնակչութեան հանդէպ շարունակուող պատժիչ միջոցները ոչնչացնելու համար, եւ ազատ արձակէ կալանքի տակ գտնուող պաղեստինցի մանուկները` միջազգային չափանիշներու համաձայն, ի մասնաւորի «Մանուկի իրաւունքներու մասին» համաձայնագիրին:

Ամփոփելով, Շարժումը իր ամբողջական աջակցութիւնը կը յայտնէ Պաղեստինի կառավարութեան` Պաղեստինի պետութեան տարածքներու բռնագրաւման վերջ դնելու եւ Պաղեստինի ժողովուրդին օրինական իրաւունքները իրականացնելու գծով շարունակական իր ջանքերուն մէջ»:

Ծիծաղելի է, որ «Սայմըն Վիզընթալ» կեդրոնի պաշտօնեաները, տարիներ շարունակ Ատրպէյճանին քծնելէ, բազմաթիւ առիթներով այդ երկիրը այցելելէ եւ զայն իբրեւ Իսրայէլի մտերիմ բարեկամ գովաբանելէ ետք, ներկայիս կը բողոքեն Իսրայէլի հասցէին Պաքուի կատարած կոշտ քննադատութեանց դէմ: Կը յուսամ, որ հրեայ եւ իսրայէլացի ղեկավարները գիտակցին, թէ տարիներու ընթացքին Ատրպէյճանը խաբած է զիրենք եւ սորվին ուսանելի դաս մը, թէ կարելի չէ վստահիլ ոչխարի մորթով գայլին: Անոնք նաեւ պէտք է ծանօթ ըլլան այն ասացուածքին, թէ՝ «Շուներուն հետ քնացողը ոջիլներով կ՛արթննայ»: Դժբախտաբար, սակայն, իսրայէլացի եւ հրեայ պաշտօնեաները, կարծէք թէ ոչինչ սորված են Թուրքիոյ կողմէ խաբուած ըլլալու իրենց փորձէն: Տասնամեակներ շարունակ Թուրքիոյ աջակցելէ ետք, նոյնիսկ խայտառակ կերպով խոչընդոտելէ ետք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Քոնկրեսին մէջ, իսրայէլացի եւ հրեայ պաշտօնեաները ներկայիս կը մեղադրեն Թուրքիան հակասեմականութեամբ եւ Իսրայէլի հանդէպ թշնամանքով: Հայերը տարիներ շարունակ կը զգուշացնէին զանոնք, որ չվստահին Թուրքիոյ, եւ թէ թուրքերը ամէնէն անսպասելի պահուն կրնան հարուածել զիրենք իրենց թիկունքէն, սակայն` ապարդի՛ւն: Փոխադարձ շահերու այս գռեհիկ խաղին մէջ, իսրայէլացիներն ու ամերիկացի հրեաները ձեռնունայն մնացին: Նոյնը կը կատարուի նաեւ Ատրպէյճանի հետ իրենց յարաբերութիւններուն պարագային: Կացութիւնը աւելի վատ պիտի ըլլայ, եթէ անոնք անմիջապէս ուշքի չգան:

Կարելի չէ ամէն բան քարիւղով, զէնքով եւ դրամով գնահատել։ Կեանքի մէջ կան շատ աւելի արժէքաւոր բաներ, ինչպէս՝ մարդկութիւն, արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն, քան՝ նիւթական օգուտն ու անձնական շահերը: Սակայն, ներկայի անձնասիրութեան աշխարհին մէջ գրեթէ անկարելի է նման պարկեշտ վարքագիծ ակնկալել:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Անգլերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Հայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles