Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Երեսուն Տարիէ՝ Յուդայի Արծաթը Քայքայեց Հայաստանը

$
0
0

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

 

VEHANUSH

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Թակարդուած ժողովուրդ։ Խաբուա՜ծ ժողովուրդ….

Մէկը կրնայ բնակարան տալ, կահաւորել, երախտապարտ զգացնել։ Բայց քանի մը տարի ետք մէյ մը որ սկսի տունդ քանդել, քեզ տնազուրկ դարձնել, ալ ի՞նչ օգուտ ունի նախապէս կատարած իր լաւութիւնը:

Կրնայ ըլլալ կը ճգնէր որ վստահիք իրեն, որպէսզի երբ սկսի վնասել՝ որովհետեւ ընկերութեան մը հետ համաձայնութեա՛ն արդիւնք էր այդ տունը եւ հիմա ինք կ՚ուզէ այդ հողը ուրիշին տալ, մութ հաշիւներ ունի. մինչ ձեր մէջ հիասթափութեան, ընդվզումի կողքին երախտապարտութեան շերտ մըն ալ կը յայտնուի ու կը նախընտրէ լռել։

Աներեւակայելին կը դառնայ անխուսափելի։ Յանկարծ կը դառնաք անոք, անօգնական. խաբուած ու խեղճացած: Մինչ այդ՝ ձեր աչքին վարդաջուր ցանողը ծրագրած է արդէն խլել, ուրիշին ծախել ձեր տունն ու տեղը: Եթէ անդրադառնաք՝ արդէն թոյլ չէք տար որ հոն հասնի:

Հոն-ը անդունդ է, անելանելի:

Հողազրկում, տնազրկում, հարազատէ զրկում, իրաւունքի եւ արժանապատուութեան կոխկռտում: Շփոթանքի բոլոր աստիճանները եւ աղքատութեան վիհերը։ Գիտակցութիւնը դաւադրութեան եւ ամուլ ըմբոստութիւն։ Ծիծաղ պիտի ունենա՞ն երբեւիցէ այս անհայր մանուկները, սգահար կիները, անպատմելին տեսած անդամահատ ռազմիկները։

Հայ ազգը սալի եւ կռանի միջեւ է:

Այս ամէնը մէկդի կը դնէք, որովհետեւ օ՜ր մը իշխանաւորը լաւ բան մը ըրեր է։ Սակայն իր իսկ տուած յոյսը քառասմբակ փախցուցած է հիմա։ Արդէն կը կորսնցնենք հազարապատի՛կը։ Պապենական ժառանգ, ազգային գանձ, անկոտրում սերունդ, եւ հաւատք եւ յոյս։ Մտքի կաճառ ու հոգիի տաճար։ Բարեխնամ երկինք ու անժաժք հող։

Երեսուն տարիէ Յուդայի արծաթը քայքայեց ամենայն հայոց Հայաստանն ու Արցախը:

«Ողբա՜մ մեռելոց / Կոչեմ ապրողա՛ց»: Մահերգ՝ որ Պարոյր Սեւակ փոխեց կենսերգի։

Դանիէլ Վարուժան ղրկած է քեզի Բեգասը։ Փրկութի՜ւն, մեր մինուճար Երկիրը հասի՛ր։

 

Փետրուար, 2021

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles