ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Երեք պատճառ կայ, թէ ինչո՛ւ Հայաստան կը գտնուի քաոսային եւ խառնիխուռն վիճակի մէջ.
Առաջին պատճառը այն է, որ Հայաստան, իբրեւ պատերազմի մէջ պարտուած կողմ, շատ քիչ լծակներ ունի 9 Նոյեմբեր 2020ին Ատրպէյճանի նախագահին, Հայաստանի վարչապետին եւ Ռուսիոյ նախագահին կողմէ ստորագրուած «Յայտարարութեան» կամ համաձայնագիրին իրագործման մէջ:
Երկրորդ պատճառը պայմանաւորուած է անով, որ «Յայտարարութեան» գրութիւնը յստակ չէր, հիմնական մանրամասնութիւնները դուրս մնացած են անկէ՝ անորոշութիւն յառաջացնելով:
Երրորդ հարցը այն է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, իբրեւ պարտուած կողմի բարոյալքուած ղեկավար, անկարող է լուծելու կամ նուազագոյնի հասցնելու պատերազմին պատճառած վնասը: Անոր անարդիւնաւէտութեան պատճառներն են պատերազմի ընթացքին ունեցած անյաջողութիւնները եւ վարչապետի պաշտօնավարման ամբողջ տեւողութեան երկիրը վատ կերպով կառավարելու ունակութիւնն ու անփորձութիւնը:
Հայաստանի համար միակ ճիշդ ուղին այն է, որ Փաշինեան իր կամքով հրաժարական տայ՝ առանց որեւէ ճնշումի, ցոյցերու կամ վտանգաւոր ճակատումներու: Թէեւ սարսափելի է այն, որ պատերազմի ընթացքին Հայաստան պարտուեցաւ արտաքին հզօր թշնամիներէն, սակայն շատ աւելի վատ է, երբ հայերը թշնամաբար կը վերաբերին իրարու հանդէպ: Անոնք, որոնք կ՛ըսեն, թէ ոչ ոք կրնայ փոխարինել Փաշինեանը, վիրաւորած կ՛ըլլան հայ ժողովուրդը: Ո՛չ ոք անփոխարինելի է: Թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի մէջ կան շատ գրագէտ եւ խելացի հայեր, որոնք կրնան լիիրաւ կերպով կառավարել Հայաստանը: Նոր ղեկավարը պէտք չէ ըլլայ ներկայ իշխանութեան մաս, ո՛չ ալ անցեալի: Հայ ժողովուրդը կ՛ընտրէ Փաշինեանին իրաւայաջորդը՝ ժողովրդավարական ընտրութիւններու միջոցով: Հայաստանին անհրաժեշտ է թարմ ուժ…
Վերադառնալով 9 Նոյեմբեր 2020ի համաձայնագիրին՝ տարօրինակ է այն, որ անոր շարք մը դրոյթներուն համար սահմանուած էին յստակ ժամկէտներ, ինչպիսին է հայկական զօրքերու դուրս բերումը Արցախի յարակից զանազան տարածքներէն, սակայն համաձայնագիրին 8րդ կէտին՝ «ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ մարդոց ու մահացածներու մարմիններու փոխանակման» մասին վերջնական յստակ ժամկէտ չկար: Նախքան համաձայնագիրը ստորագրելը, Փաշինեան պէտք է պնդէր վերջնական ժամկէտի ձեռքբերման կէտը: Հազարաւոր հայ ընտանիքներ յայտնուած են ողբերգական ծայրայեղ վիճակի մէջ` չգիտնալով, թէ իրենց սիրելիները ո՞ղջ են, թէ մեռած: Միեւնոյն ժամանակ, հայ ռազմագերիներէն շատեր կը խոշտանգուին ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու կողմէ՝ ի խախտումն Ժընեւի համաձայնագիրին: Ատրպէյճանցի զինուորները անամօթաբար տեսագրած են գերեվարուած հայ զինուորներու եւ խաղաղ բնակիչներու գլխատումը կամ անոնց ականջակտրումը կամ ոտքերու ու ձեռքերու հատումը: Ասիկա ռազմական շարունակական յանցագործութիւն է, որ պէտք է ներկայացուի միջազգային դատարաններ:
Հայաստան եւ Ատրպէյճան պատերազմէն անմիջապէս ետք փոխանակեցին փոքրաթիւ գերիներ: Գերի տարուած մնացեալ հայ զինուորներու թիւն ու ճակատագիրը կը մնան անյայտ:
Երկարատեւ ու հիասթափեցնող սպասումէ ետք Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարները վերջապէս հանդիպեցան Մոսկուայի մէջ 11 Յունուար 2021ին, որոշումներ կայացնելու համար երկու հիմնական կէտերու մասին. 1) ռազմագերիներու եւ պատանդներու փոխանակում. 2) Արցախի վերջնական կարգավիճակի որոշում` ըստ հանդիպումէն առաջ Հայաստանի վարչապետի գրասենեակին կատարած յայտարարութեան:
Ապշեցուցիչ է այն, որ մոսկովեան հանդիպումէն ետք, երեք ղեկավարները նոր համաձայնագիր ստորագրեցին. անոր մէջ նշուած էր միայն 9 Նոյեմբեր 2020ի համաձայնագիրի 9րդ կէտը` «Տարածաշրջանին մէջ բոլոր տնտեսական եւ երթեւեկութեան ուղիներու ապաշրջափակում»: Ասիկա կը նշանակէ, որ Հայաստան կրնայ օգտագործել երկաթուղին, որ կը սկսի Հայաստանի հիւսիսէն, կ՛անցնի Նախիջեւանէն եւ դուրս կու գայ Հայաստանի հարաւէն` դէպի Իրան: Հայաստան կրնայ նաեւ օգտագործել երկաթուղին, որ կ՛անցնի Ատրպէյճանի հիմնական տարածքով՝ հասնելով Պաքու, ապա՝ Մոսկուա: Միւս կողմէ, Ատրպէյճան պիտի ունենայ երթուդարձի ճամբայ` Հայաստանի հարաւով, Նախիջեւանը կապելով Ատրպէյճանի հիմնական տարածքին: Երթեւեկութեան ճամբաներուն մէջ բարձր մակարդակի յանձնախումբեր ստեղծելու համար շատ կարճ ժամկէտներ սահմանուեցան՝ առանց նշելու սակայն ռազմագերիներու փոխանակման եւ Արցախի վերջնական կարգավիճակին մասին: Զարմանալիօրէն, վեհաժողովի հանդիպումէն անմիջապէս ետք, Փաշինեան յայտարարեց. «Այսօր մենք չկրցանք լուծել ռազմագերիներուն հարցը, անիկա ամէնէն զգայուն հարցն է: Մենք համաձայնեցանք, որ պիտի շարունակենք (բանակցութիւնները) այս գծով: Կը յուսամ, որ կը յաջողինք կարելի եղածին չափ շուտ հասնիլ յստակ լուծումի: Ցաւօք, անկարելի է բոլոր հարցերը լուծել մէկ հանդիպումով»: Մոսկուայի հանդիպումը երկրորդ պարտութիւնն էր Հայաստանի համար…
Փաշինեանի մեկնաբանութիւնները պէտք է անընդունելի ըլլան բոլոր հայերուն համար, անկախ անկէ, թէ կը սատարեն իրեն կամ ոչ: Ինչպէ՞ս կրնայ ան չորս ժամ նստիլ նախագահներ Փութինի եւ Ալիեւի հետ եւ չպնդել ռազմագերիներու անյապաղ փոխանակման խնդիրին մասին: Հրադադարէն անցած է երկու ամիս, եւ ոչ ոք գիտէ, թէ ե՛րբ Փութին, Ալիեւ եւ Փաշինեան դարձեալ կը հանդիպին` այս կարեւոր հարցը լուծելու համար: Այսպէս կարելի չէ պաշտպանել Հայաստանի շահերը, նոյնիսկ հաշուի առնելով պարտուած երկրին ծանր վիճակը: Հանդիպման ընթացքին Փաշինեան պէտք էր յստակացնէր, որ իրեն համար թիւ մէկ առաջնահերթութիւն էր գերիներու փոխանակումը: Եւ թէ, եթէ քանի մը օրուան ընթացքին գերիներու փոխանակման մասին որոշում չտրուի, ինք կը հրաժարի անոնց հետ այլ հարց քննարկելէ: Ինչպէ՞ս կրնան Հայաստան եւ Ատրպէյճան քննարկել երկու երկիրներուն միջեւ երթեւեկութեան ճանապարհներու ապաշրջափակման հարցը, երբ դեռ հայ բանտարկեալներ կը տանջուին Պաքուի բանտերուն մէջ եւ կ՛ենթարկուին չարչարանքներու: Աւելին, ո՛չ նոյեմբերեան համաձայնագիրին մէջ, ոչ ալ անոր յաջորդած մոսկովեան յայտարարութեան մէջ նշուած էր, թէ որո՛նք պիտի վճարեն Հայաստանի տարածքով Նախիջեւանը Ատրպէյճանի հիմնական տարածքին կապող ճամբուն եւ երկաթուղիի կառուցման ծախսերը:
Մինչ Հայաստանի վարչապետը բանակցութիւն կը վարէ թոյլ դիրքերէ, ատրպէյճանական կողմը կը դառնայ աւելի կոշտ՝ նախազգուշացնելով Հայաստանի ղեկավարները, որ չայցելեն Արցախ, այն դէպքէն ետք, երբ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը Արցախ գնաց: Ատրպէյճան պնդած է, որ այդ մէկը 9 Նոյեմբեր 2020ի համաձայնագիրի խախտում է, թէեւ համաձայնագիրին մէջ նման արգելք չկայ: Աւելին, Ատրպէյճան յայտարարած է, որ հայ ռազմագերիները պիտի դատուին իբրեւ «ահաբեկիչներ», հետեւաբար՝ փոխանակման ենթակայ չեն: Թէեւ պատերազմէն ետք Հայաստան կը գտնուի շատ ծանր վիճակի մէջ, Հայաստանի ղեկավարները պարտաւոր են հզօր պայքար մղելու՝ երկրին շահերը կարելի եղածին չափ պաշտպանելու համար: Հայաստանի ղեկավարները որքա՛ն ստրկամիտ ըլլան, ատրպէյճանցիները եւ թուրքերը այնքա՛ն աւելի պահանջկոտ կը դառնան:
Դժբախտաբար, կարծէք թէ Փաշինեան ինքնիրեն համոզած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երթեւեկութեան ճամբաներու ապաշրջափակումը կը խթանէ Հայաստանի տնտեսութիւնը: Լուրջ կասկածներ ունիմ, որ այսպէս է: Հայ մը կրնա՞յ ինքզինք ապահով զգալ Ատրպէյճանի տարածքով ճամբորդելու կամ ապրանքներ ուղարկելու պահուն: Ո՞վ պիտի պաշտպանէ զանոնք: Աւելի խնդրայարոյց է Հայաստանի հետեւեալ համաձայնութիւնը՝ թոյլատրել Ատրպէյճանին ճանապարհային եւ երկաթուղային հաղորդակցութիւն երկու երկիրներուն միջեւ՝ թոյլ տալով Թուրքիոյ անցնիլ Նախիջեւան, իսկ Հայաստանի հարաւային շրջանով հասնիլ Ատրպէյճանի հիմնական տարածք, այնուհետեւ դէպի Կեդրոնական Ասիոյ թրքական հանրապետութիւններ: Ասիկա Թուրքիոյ փանթուրանական դարաւոր երազանքն է, որ շուտով կրնայ իրականութիւն դառնալ: Այսպիսի երթուղի մը կրնայ խարխլել Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ վտանգել անոր գոյութիւնը: Հայ ժողովուրդը եւ անոր կառավարութիւնը պէտք է ամէն ճիգ թափեն՝ խոչընդոտելու այս փանթուրանական կապը: Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ հնարաւորութիւն տալը, որ հատեն Հայաստանի տարածքը, բացարձակապէս կապ չունի արցախեան պատերազմին հետ. այսպիսի դրոյթ մը պէտք չէ ներառնուէր արդէն 9 Նոյեմբեր 2020ի համաձայնագիրին մէջ:
Մտահոգ եմ, որ Հայաստանի անկումը կը շարունակուի այնքան ատեն որ երկիրը կը ղեկավարուի վարչապետի մը կողմէ, որ գլխաւոր պատասխանատուն է հայկական հողերու կորուստին եւ հազարաւոր զինուորներու մահուան:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց` ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց` ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ