Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

ՆՇՄԱՐ. Վնասակար Իմաստակի Մը Խայտառակ Վախճանը

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Writers-Sarkis-Mahseredjian-1Պաշտօնավարութեան աւարտէն շաբաթ մը առաջ, նախագահ Տոնըլտ Թրամփ իրագործեց նոր… խայտառակութիւն մը. ան դարձաւ այս երկրի միակ նախագահը, որ կը յաջողի երկու անգամ ամբաստանուիլ՝ իբրեւ աններելի յանցագործ, արժանի՝ պաշտօնանկութեան:

Աւելի քան տարի մը առաջ, 2019ի վերջերուն, Ներկայացուցիչներու տունը քուէարկած էր երկու բանաձեւեր, Թրամփը ամբաստանելով պաշտօնը իր անձնական շահերուն սպասարկման լծելու, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին աշխատանքները, հետեւաբար՝ արդարութեան ընթացքը խափանած ըլլալու մեղադրանքներով: Այդ օրերուն, քուէարկութեան պատկերը յստակ բաժանուածութիւն կը մատնէր. դեմոկրատները քուէարկեցին թեր, իսկ հանրապետականները դէմ՝ մեղադրանքին որդեգրման: Եւ որովհետեւ դեմոկրատները մեծամասնութիւն են, բանաձեւերը որդեգրուեցան: Յետոյ, Ծերակոյտը խափանեց Թրամփը պաշտօնանկութեան հասցնող բանաձեւը, որովհետեւ համրապետականները մեծամասնութիւն են հոն, տարի մը եւս պատուհասներու ալիքներ (եւ ի՜նչ ալիքներ) պարգեւելով երկրին: Եւ ահա, տարի մը ետք, 13 Յունուար 2021ին, Ներկայացուցիչներու տունը քուէարկութեամբ որդեգրեց ամբաստանագիր-մեղադրականը, որուն ի նպաստ քուէարկեցին նաեւ 10 հանրապետականներ, ոմանք բացայայտօրէն յայտարարելով. «Բաւ է…»:

Pelocy sign

Փըլոսի կը ստորագրէ ամբաստանագիրը

Բանաձեւը սեղան բերուեցաւ դեմոկրատներուն կողմէ, եւ շատ արագ: Արդարեւ, 6 Յունիսին, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած խուժանական արարքները վերջին կաթիլն էին, որ յորդեցուցին Թրամփի յիմարաբանութիւններով եւ անտանելի դարձած արարքներով լեցուած բաժակը: Թրամփ վերջին օրերուն անյոյս եւ ապարդիւն փորձեր կատարեց՝ ինքզինք անմեղ ու անպարտ ներկայացնելու 6 Յունուարի ոճրային խափանարարութենէն, որ խլեց հինգ կեանքեր եւ ահաւոր վնաս բերաւ այս երկրի վարկին (ո՜վ կը հաշուէ նիւթական վնասները…): Ամէն բան կատարուած էր օր ցերեկով: Ան եւ իր անմիջական գործակիցները, մէկն ալ իր զաւակներէն մէկը, հրապարակաւ, պատկերասփիւռի ոսպնեակներուն առջեւ, առանց բառերը ծամծմելու՝ իրենց համակիրներուն կոչ ուղղած էին արշաւելու խորհրդարանին վրայ: Սա աննախընթաց յարձակում մը նկատուեցաւ ժողովրդավարութեան, օրէնքի եւ զայն պաշտպանող-կիրարկող պետական բարձրագոյն մարմիններուն վրայ: Հիմա շատ աւելի յստակ է, որ «ահաբեկչական» որակուած խուժանական յարձակումը լաւապէս նախապատրասուած էր, եւ ծնունդ չառաւ մետասաներորդ պահուն, նախագահին կոչէն ետք: Մեղսակիցներու օղակներն ալ կը բացայայտուին օրէ օր: Այդ բոլորը բաւարար հիմք ապահովեցին, որպէսզի Թրամփ առնուի նախկինէն շատ աւելի ծանր ամբաստանութեան տակ: Եթէ դեմոկրատներուն մեղադրանքներուն մէջ մարդիկ կրնան փնտռել քաղաքական յետին հաշիւներ, հանրապետականներու յայտարարութիւնները նախագահէն խլեցին թզենիի վերջին տերեւն անգամ (եւ այս կուսակցութիւնը դեռ երկար պիտի հաշուէ, թէ թիւ մէկին ձախաւերութիւնները որքա՛ն սուղ արժեցին, պիտի արժեն իրեն): Ապարդիւն մնացին, բնականաբար, նախագահին բազմաթիւ համակիրներու այն պաշտպանողականները, թէ՝ անոր պաշտօնավարութեան աւարտէն հազիւ շաբաթ մը առաջ, եւ ընդունելով հանդերձ թէ ան ծանր սխալներ գործած է, նման քայլ գործնական օգուտ պիտի չբերէ, այլ ընդհակառակն՝ պիտի խորացնէ ժողովուրդին երկփեղկումը, կամ՝ այն յիշեցումը, թէ Թրամփի ի նպաստ քուէարկած են աւելի քանի 74 միլիոն քաղաքացիներ, որոնցմէ շատեր տակաւին կը հաւատան թէ իրենց պաշտելի՛ն էր ընտրութիւնները շահողը, մինչդեռ Թրամփ արդէն ընդունած է իր պարտութիւնը եւ կը խոստանայ խաղաղօրէն փոխանցել իշխանութեան ղեկը: Խորքին մէջ, Թրամփի ի նպաստ իւրաքանչիւր պաշտպանողական՝ աւելի՛ ու աւելի՛ խղճալի ու ծիծաղելի դարձուց այդ սնանկ «փաստաբաններ»ը, ժողովուրդ տեսաւ, թէ քանի՜ տխմարներ իրենց քուէով հասած են պետական բարձր պաշտօններու (ի դէպ, սա ամերիկեան քաղաքական բեմին մենաշնորհը չէ, եթէ անշուշտ մտային կուրութենէ ձերբազատիլ ուզող ըլլայ…):

 

***

Գործնական հետեւանքնե՞րը:

Միայն միտքով կոյրերը եւ շիլ աչքեր ունեցողները (ո՛չ անպայման բառացիօրէն) կը յուսան, որ Թրամփ անպարտ պիտի հեռանայ Սպիտակ տունէն, կամ՝ բիրտ արարքներու չդիմելու իր նորագոյն կոչը զինք պիտի փրկէ պատասխանատուութենէ: Ծերակոյտը անգամ մը եւս կրնայ խաղալ նախկին պաշտպանողակապը, սակայն…

Պարզ տրամաբանողը պիտի ակնկալէ, որ պաշտօնաւարտ նախագահն ու իր սերտ գործակիցները (նաեւ այնպիսիներ, որոնք հանգրուան առ հանգրուան հեռացան անկէ) ահագին հաշիւ ունին տալիք այս երկրին ու ժողովուրդին, այն բոլոր չարիքներուն համար (վնաս բառը մեղմ կը հնչէ), որոնք տեղացին անցեալ չորս եւ աւելի տարիներուն:

Եթէ պահ մը մէկդի թողունք չարաշահութեանց, անուղղայ արարքներու եւ անասելի եւ անհանդուրժելի գործելակերպի նախընթաց դէզերը (ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան ոլորտներուն մէջ, հաւասարապէս), միայն 6 Յունուարի դէպքերը բաւարար են, որ ան դատարան կանչուի պաշտօնավարութեան աւարտէն ետք:

Պաշտօնէ հեռացման քայլը, ինչպէս կ՛ենթադրուի, հաւանական չէ, որովհետեւ անիկա կախեալ է, ինչպէս նախորդ մեղադրականէն ետք, Ծերակոյտի որոշումէն: Ծերակոյտին մէջ հանրապետականները տակաւին մեծամասնութիւն են, իսկ ժողովին նախագահը՝ Միչ Մքանըլ, նիստ չի նախատեսեր 19 Յունուարէն առաջ, թէեւ բացարձակապէս ականջները փակ պահելու երդումէն ետդարձի նշաններ ցոյց կու տայ…: Ծերակոյտին մէջ, մեղադրականին ի նպաստ պէտք է քուէարկեն երկու-երրորդը, ինչ որ ներկայ դրութեամբ հարցականի տակ է:

Դեմոկրատները որոշած են Թրամփի օձիքը չձգել, այլ անոր դէմ դատական հետապնդում բանալ Պայտընի պաշտօնավարութիւնը սկսելէն ետք ալ: Այս առաջադրանքները չեն մնար ձեւականութեան սահմաններու մէջ, այլ ճիգ կը տարուի, որպէսզի նման խայտառակութիւն կանխարգիլուի ապագային, նաեւ՝ Թրամփի առջեւ վերջնականապէս փակուին… 2024ին թեկնածու ներկայանալու ճամբաները: Նման առաջադրանք կրնայ իրականանալ օրէնքի ճամբով, այլապէս, նախագահը համակարգչային հաղորդակցութեան գործիքներէ զրկելը բաւարար չէ. անոնք պարզապէս նորագոյն արարներն են նախագահի վարկաբեկման, ստորնացումին (եթէ անշուշտ անոր նմանները ամօթանքի զգայարանքէ զուրկ չեն):

1230565647

Խորհրդարանը ունի նոր տեսակի այցելուներ…

***

Կասկած չկայ որ Թրամփ պատմութեան պիտի անցնի՝ իբրեւ ամէնէն անփառունակ եւ տխմար նախագահը, որուն պաշտօնավարութեան տարիները ո՛չ միայն իր անձը, այլ նաեւ այս երկիրը ծանրաբեռնեցին ասելի ու անասելի ամօթանքներով: «Զո՞րն ասեմ, զո՞րն խոստովանիմ»ը նման կացութիւններու լիովին կը պատշաճի…

Ամէն բան վերջացած չէ. վաղը, Պայտընի երդման արարողութեան օրը, մարդիկ իրենց ձեռքերը պիտի պահեն իրենց սիրտերուն վրայ, որովհետեւ «թրամփականներու» սպառնալիքները չեն փարատած: Բանակը 15 հազար զինուոր նետած է «պատերազմի դաշտ»…: Պետական շէնքեր բանակատեղիներու վերածուած են, ո՛չ թէ ընդդէմ Պըն-Լատէններու կամ Պաղտատիներու ժառանգորդներուն, ո՛չ ալ ընդդէմ Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի վրայ 2001ին յարձակում գործածներու հետեւորդներու, այլ նոյնինքն ամերիկացի ծայրայեղականնեու, որոնք կը թուին ըլլայ Հիթլէրի ժառանգորդները, «յարութիւն առած»՝ թրամփականութեան դրօշին տակ: Բանակայիններ չունին Իրաքի կամ Աֆղանիստանի մէջ հաստատուած զինուորներուն պերճանքները. անոնք կը գիշերեն պաղ սալայատակներու վրայ (Իրաքի զօրակայանները օժտուած են հանգստաւէտ յարմարութիւններով…): Խուժանական արարքներու մտավախութիւնը Ուաշինկթընէն կը «ճառագայթէ» դէպի տարբեր նահանգներ ու քաղաքներ:

Թրամփ յաճախ «նախկինները» մեղադրած է այս երկրին հասնող պատուհասներուն համար, առանց անդրադառնալու, որ ի՛նք եւ իր խմբակը եղան նորագոյն պատուհասը, թէեւ Սպիտակ տուն իր մուտքի ճամբան բացող «նախկինները» բոլորովին անպարտ չեն: Վաղը, ինք պիտի դառնայ «նախկին», ահաւոր ժառանգութիւն մը ձգելով Պայտընի վարչամեքենային, որուն հերքիւլեան բազում առաքելութիւններէն մէկն ալ՝ ժողովուրդին միասնականութեան վերականգնումն է (եթէ անշուշտ բաց աչքով կոյրերը չյամառին մնալ կոյր):

Մխիթարական քանի մը կէտերէն գլխաւորը, գոնէ այս հանգրուանին, կարելի է նկատել այն, որ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐԵԱԼ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ տեսան, թէ թիւ մէկը որքա՛ն վնասակար ընթացքի մէջ է, նախագահին կուսակցութեան պատկանողներ ալ սկսած են տեսնել չարիքը եւ կը քուէարկեն ի նպաստ անոր պաշտօնի դադարեցման:

Թրամփ հայրենիքի հող չէ կորսնցուցած, ամօթալի եւ վնասակար համաձայնութիւններ չէ կնքած, սակայն անոր պատճառած վնասները երկար ատեն պիտի ծանրանան երկրին ու ժողովուրդի ուսերուն. անոր դէմ քուէարկուած մեղադրականները հնչեղ են եւ կը խոստանան ըլլալ մութ հորիզոնը լուսաւորող ճաճանչներ, որոնք կրնան օրինակ ծառայել ուրիշ ժողովուրդներու, վնասարար կառավարական վարիչներ անհպելի կուռքի վերածողներու եւ անոր քղամիդէն կախուողներու…

Capitol troops pizza

Բանակայինները չունին Իրաքի մէջ ծառայողներու պերճանքները…

***

…Չենք կրնար դէմ դնել «փորձութեան» եւ չարձանագրել, որ Թրամփ եւ իր խմբակը իշխանութեան բերուեցան վարագոյրին ետին գործող ձեռքերու կողմէ, որոնք ամբողջ աշխարհը կը նկատեն իրենց «առանց սահմանի աւարարութեան» (հետեւողութեամբ «առանց սահմանի բժիշկներու») դաշտը: Անոր վստահուած դերը հիմա սպառած է, ան պիտի նետուի պատմութեան աղբանոցը, իսկ պատմուճանը կը փոխանցուի Պայտընի, ինչպէս որ Թրամփէն առաջ անիկա ձգուած էր Օպամայի եւ այլոց ուսերուն: Դերակատարութեան ոճը կրնայ ցոլացնել տխմարութիւն կամ (իբրեւ թէ) իմաստութիւն, սակայն թաքուն նպատակները կը մնան անփոփոխ, անոնք ի զօրու էին Պսակաւոր ժահրի ալիքէն առաջ ալ, վաղը՝ անոր յաղթահարումնէն ետք ալ պիտի մնան տիրական:

 

13 Յունուար 2021

 

 

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles