Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

«Արեւմտեան Հայաստանի Մէկ Բաժինը Հայ Ժողովուրդին Տալու Համար, Պէտք Էր Գոնէ 150,000նոց  Բանակ Ուղարկել Այդ Շրջանները»

$
0
0

Untitled

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՓՐՈՖ. ՍՏԵՓԱՆ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

 

Ստորեւ կու տանք Սեւրի դաշնագիրի 100ամեակին առիթով եւ անոր մասին «Ասպարէզ»ի՝ փրոֆ. Ստեփան Ասատուեանի հետ հարցազրոյցը.

 

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Պատմական ի՞նչ գնահատում կարելի է տալ Սեւրի դաշնագիրին:

ՓՐՈՖ. ՍՏԵՓԱՆ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ.- Սեւրի դաշնագիրը պէտք էր այսպէս կոչուած եւ տասնամեակներ տեւած Հայկական Հարցի լուծումը ըլլար, սակայն չեղաւ:  Հայոց Ցեղասպանութիւնը Արեւմտահայաստանը արդէն պարպած էր իր բնիկ հայ բնակչութենէն. բազմաթիւ պատճառներու բերումով եւրոպական մեծ պետութիւնները շատ ուշացան համաձայնելու Միջին Արեւելքի ճակատագիրին շուրջ: Այս պատճառներէն մի քանին հետեւեալներն էին՝ անհամաձայնութիւններ Պոլսոյ եւ նեղուցներու ապագայ կարգավիճակին շուրջ , ֆրանսա-Մեծն Բրիտանիա անհամաձայնութիւններ հողային իրենց պահանջներուն վերաբերեալ եւ նոյնանման անհամաձայնութիւններ յոյներու եւ իտալացիներու միջեւ: Օսմանեան կայսրութեան տիրապետած Միջին Արեւելեան հողերու ճակատագիրը որոշուեցաւ 10 Օգոստոս 1920ին միայն, Սեւրի դաշնագիրով:  Այդ դաշնագիրին միա՛յն մէկ բաժինը կը վերաբերէր Արեւմտեան Հայաստանին:

Պէտք չէ մոռնալ, որ այդ օրերուն օսմանեան կառավարութիւնը՝ Սուլթանի կառավարութիւնը չէր իշխեր ներկայ Թուրքիոյ տարածքի մեծ մասին վրայ, ուր քեմալական ուժերը, ինչպէս նաեւ Երիտասարդ Թուրքերը դերակատար էին: 1919ի վերջաւորութեան ընտրուած օսմանեան խորհրդարանին մեծամասնութիւնը բաղկացած էր քեմալական, ինչպէս նաեւ նախկին Երիտասարդ Թուրք ներկայացուցիչներէ: Մուսթաֆա Քեմալի կողմէ ղեկավարուած թուրք ազգայնական շարժումը շատ զօրացած էր եւ կը տիրապետէր Անատոլիոյ, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքներուն:  Մէկ խօսքով՝ երբ Սուլթանի կառավարութիւնը կամայ-ակամայ ստորագրեց Սեւրի դաշնագիրը, որեւէ կարելիութիւն չկար որ օսմանեան խորհրդարանը զայն վաւերացնէր:

Ուրիշ հարց մըն ալ գոյութիւն ունէր. բացայայտ էր, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր սահմանափակ ուժերուն պատճառով  անկարող էր տիրապետելու Սեւրի դաշնագիրով իրեն տրուած լայնատարած շրջաններուն  (Էրզրումի, Պիթլիսի, Վանի նահանգներուն եւ Սեւ Ծովուն նայող Տրապիզոնի արեւմտեան բաժինին): Հետեւաբար, պէտք էր օտար ուժ մը օգնութեան հասնէր Հայաստանին: Իսկ այս օգնութիւնը պիտի գար այսպէս կոչուած «մանտաթ»ներու դրութեամբ, որ ստեղծուած էր Միջին Արեւելքը ղեկավարելու համար: Նկատի ունենալով, որ անգլիացիները եւ ֆրանսացիները նուազագոյն փափաքը չունէին տասնեակ հազարաւոր զինուորներ ուղարկելու Հայաստանի օգնութեան՝ որոշեցին այդ հարցը բեռցնել  ամերիկացիներուն եւ նախագահ Ուիլսընի ուսերուն, ներքուստ մտածելով, որ այս վերջինները միամիտ էին: Հայերու համար դժբախտութիւնը եղաւ այն, որ ամերիկեան քաղաքական ներքին պայքարներու պատճառով, ամերիկեան Ծերակոյտը մերժեց Մանտաթը 1 Յունիս 1920ին,  այսինքն՝ Սեւրի դաշնագիրին ստորագրութենէն առաջ: Վստահաբար անգլիացիները եւ ֆրանսացիները դաշնագիրի ստորագրութեան ատեն իրենք իրենց հարց տուած պէտք էր ըլլային, թէ հայերը ինչպէ՛ս պիտի կարենային տիրապետել իրենց տրուող հողերուն:

Բայց ամէնէն վատ երեւոյթը այն եղաւ, որ դաշնագիրը ստորագրելէն ետք որեւէ  ստորագրող պետութիւն զայն չվաւերացուց իր երկրի խորհրդարանին միջոցով:  Պէտք է ըսել, որ Սեպտեմբեր 1920ի վերջաւորութեան քեմալական ուժերը արդէն սկսած էին իրենց յարձակումը Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ եւ Հոկտեմբերի վերջաւորութենէն սկսեալ բացայայտ էր հայկական ուժերուն փլուզումը: Պատմաբանները չեն սիրեր թէական վարկածներու վրայ հիմնուիլ, այս պարագային սակայն, հաւանական է, որ եթէ Սեւրի դաշնագիրը ստորագրուած ըլլար քեմալական ուժերու կազմաւորումէն առաջ, այսինքն քիչ թէ շատ 1919ի վերջաւորութենէն առաջ՝ ճակատագիրը տարբեր եղած կրնար ըլլալ:

 

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ինչպէ՞ս կարելի է արժեւորել հայկական դիւանագիտութիւնը, երբ Հայկական դիւանագիտութիւն հասկացողութիւնը քաղաքական նոր երեւոյթ էր հազիւ երկու տարի կեանք ունեցող Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:

ՓՐՈՖ. ՍՏԵՓԱՆ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ.- Հայկական դիւանագիտութիւնը դրական տպաւորութիւն չձգեց մեծ պետութիւններուն վրայ: Ընդհանուր առմամբ՝ հայկական պատուիրակութիւնները բանակցութիւններէ դուրս մնացած էին եւ ժողովներու ալ չէին հրաւիրուած: 1919ին Փարիզ եկան հայկական երկու տարբեր պատուիրակութիւններ՝ Հայաստանի պատուիրակութիւնը՝ Աւետիս Ահարոնեանի գխաւորութեամբ եւ Արեւմտահայերը ներկայացնող պատուիրակութիւնը՝ Պօղոս Նուպար Փաշայի գլխաւորութեամբ:  Հարցը այն էր որ հայկական երկու պատուիրակութիւններու պահանջները նոյնը չէին: Պօղոս Նուպար Փաշան, ինչպէս նաեւ Կովկաս եւ Հայաստան գտնուող իրեն համակիր Ժողովրդական կուսակցութիւնը դէմ էին, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ արեւելահայերը Արեւմտահայաստանի իրաւունքի հարցերը արծարծէին: Նաեւ՝ Պօղոս Նուպար Փաշային համար Կիլիկիան հիմնական պահանջ մըն էր. պահանջ մը, որ սկիզբը գոյութիւն չունէր Հայաստանի պատուիրակութեան մօտ: Պօղոս Նուպար Փաշայի Կիլիկիոյ վրայ կեդրոնացումը դէմ կ՛երթար  ֆրանսացիներու այդ շրջանին տիրապետելու փափաքին. այդ փափաքը բացայայտուեցաւ, երբ պոլշեւիկ ռուսերը Նոյեմբեր 1917ի վերջաւորութեան հրապարակեցին 1916ի Սայքս-Փիքօ գաղտնի համաձայնութիւնները, որոնք Միջին Արեւելքի բաժանման հիմքը կը կազմէին:

 

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Սեւրի դաշնագիրի ստորագրումէն հարիւր տարի ետք քաղաքական իրատեսական ի՛նչ հեռանկարներ կարելի է կապել այդ դաշնագիրին, յատկապէս շրջանային թէ միջազգային քաղաքական ներկայ բարդ իրադրութեան մէջ:

ՓՐՈՖ. ՍՏԵՓԱՆ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ.- Կայ լուրջ հարց մը, որ բարձր մակարդակի միջազգային օրէնքի մասնագէտներուն կողմէ պէտք է ուսումնասիրուի. նկատի ունիմ՝ միջազգային ոլորտի մասնագէտներ, որոնք պետութիւններ ներկայացուցած են դատերու ընթացքին կամ իբրեւ դատաւոր ծառայած են միջազգային դատարաններու մէջ:  Հարցը հետեւեալն է. միջազգային օրէնքին մէջ եւ յատկապէս ըստ Վիեննայի “Convention on the  Law of  Treaties”ի (1969ին մշակուած եւ 1980ին ի զօրու դարձած) պետութիւն մը օրինական գետնի վրայ պարտական է գործադրել դաշնագիրի պայմանները, եթէ այդ պետութիւնը իր համաձայնութիւնը տուած է այդ դաշնագիրին գործադրութեան յանձնառու ըլլալու:  Եթէ դաշնագիրը նշէ, որ ստորագրութիւններէ բացի, պէտք է վաւերացուի, այդ վաւերացումն է, որ պետութիւնը յանձնառու կը դարձնէ: Միջազգային օրէնքի այս կէտը նաեւ գործադրուած է Վիեննայի համաձայնութենէն առաջ ստորագրուած դաշնագիրներու պարագային ալ: Նկատի ունենալով, որ Սեւրի դաշնագիրը վաւերացուած չէ ՝ խնդիր կը ծագի, թէ որքանո՛վ անիկա վաւերական է:

Երկրորդ հարց մը կայ. 1924ի Միջազգային Արդարութեան Մնայուն Դատարանը (Permanent Court of international Justice) պէտք է լուծէր Պաղեստինի մանտաթին վերաբերող հարց մը Մեծն Բրիտանիոյ եւ Յունաստանի միջեւ: Դիմող կողմը իր պահանջը հիմնաւորելու համար՝ նախ կը յենէր Սեւրի դաշնագիրին վրայ. երբ այդ օրերուն յստակացաւ (1924-25), որ Սեւրի դաշնագիրը պիտի չվաւերացուէր, ան փոխեց իր դիրքը «միջազգային պարտաւորութիւններու» հիմնաւորումէն մեկնելով:  Քանի մը տարի ետք ալ նոյն դատարանը հաստատեց, որ Սեւրի դաշնագիրը վաւերացուած չէ. ըսել կ՛ուզեմ, որ նոյնիսկ Վիեննայի համաձայնութենէն առաջ կային դատական վճիռներ, որոնք  կը տկարացնէին Սեւրի դաշնագիրով ներկայացուելիք հայութեան պահանջները:

Անշուշտ ուրիշ երես մըն ալ կայ միջազգային օրէնքին մէջ՝ թէ ե՛րբ է, որ պետութիւն մը դաշնագիրի մը մաս չկազմելու  միտումը յստակօրէն արտայայտած է. բացայայտ պարագան 1923ի Լօզանի դաշնագիրն է, ուր յստակ է, թէ Թուրքիա որեւէ նպատակ չունէր Սեւրի դաշնագիրը յարգելու: Ինչպէս պատմաբանները գիտեն՝ Լօզանի դաշնագիրը Սեւրի դաշնագիրի թաղման արարողութիւնն էր: Կը կարծեմ, որ կարելի է օրինական գետնի վրայ քննարկել, թէ արդեօք Սեպտեմբեր 1920ի քեմալական յարձակումը Հայաստանի վրայ, ինչպէս նաեւ 3 Դեկտեմբերի Ալեքսանտրապոլի դաշնագիրը նախանշաններ չէի՞ն Թուրքիոյ՝ Սեւրի դաշնագիրը չվաւերացնելու միտումին: Թէ վաւերական է կամ ո՛չ այս դաշնագիրը՝ տարբեր հարց է. սակայն պէտք է նշեմ, որ Ալեքսանտրապոլի դաշնագիրին տասներորդ կէտը Հայաստանին պարտադրեց հրաժարիլ Սեւրի դաշնագիրէն, ինչ որ ցոյց կու տայ թուրքերուն կողմէ Սեւրի դաշնագիրը չընդունելու մտադրութիւնը: Նկատի առնել տամ նաեւ շատ կարեւոր հարց մը. 13 Հոկտեմբեր 1921ին ստորագրուած Կարսի դաշնագիրի առաջին յօդուածով չեղեալ կը նկատուին այդ թուականէն առաջ ստորագրուած բոլոր դաշնագիրները, որոնք կնքուած են  վերջինիս (Կարս) մաս կազմող բոլոր կողմերուն միջեւ: Կարսի դաշնագիրի վաւերականութեան մասնագիտական մակարդակի արժեւորումը հիմնական անհրաժեշտութիւն է հայ ժողովուրդին եւ հայկական պետականութեան համար:

Վերջապէս՝ Միջազգային Արդարադատութեան Դատարանի (International Court of Justice) օրէնսդրութեան (Statute) մէջ գոյութիւն ունի  «արդարի եւ լաւի» սկզբունք մը, որուն հիման վրայ դատարանը կրնայ վճիռ կայացնել, եթէ խնդրոյ առարկայ երկու պետութիւնները (այսինքն՝ Հայաստան եւ Թուրքիա) համաձայն են. այս թէական մօտեցումը կրնայ, օրինակ՝ վերաբերիլ Ուիլսընեան վճիռին կամ հայ-թրքական սահմանի վերանայման խնդիրներուն: Ասոր համար սակայն, պէտք է ամբողջական թղթածրարները ունենալ. օրինակ՝ Թուրքիան արդեօք որեւէ ձեւով օգտակար եղա՞ծ է նախագահ Ուիլսընի քարտէսի մշակման ընթացքին կամ իւրաքանչիւր պետութիւն ի՛նչ քայլ առած է եւ այլն:

Գիտեմ, որ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ կան մարդիկ, որոնք կ’ըսեն, որ նոյնիսկ եթէ Սեւրի դաշնագիրը ի զօրու չէ, նախագահ Ուիլսընի վճիռը իր arbitration-էն, իրաւարարութենէն բխած՝ ի զօրու է: Այդ հարցը նաեւ պէտք է արժեւորուի մասնագիտական մակարդակի վրայ՝ միջազգային օրէնքի մասնագէտներու կողմէ: Կան նաեւ լուրջ անձեր, որոնք կարծիք յայտնած են, որ Սեւրի դաշնագիրը չվաւերացուցած պետութիւններէն մի քանին, պարագաներու փոփոխութեան ժամանակ, կրնան ապագային վաւերացնել զայն: Այս հարցն ալ պէտք է քննուի: Միջազգային օրէնքի մասնագէտ չեմ, բայց կը կասկածիմ, որ դաշնագիրէ մը հարիւր տարի ետք պետութիւններ իրենց միտքը փոխեն եւ վաւերացնեն զայն, մանաւանդ՝ Թուրքիա:

Զիս աւելի հետաքրքրողը հետեւեալ հարցն է. եթէ մեր քաղաքական դէմքերը եւ որոշ ակադեմականներ հարիւր տոկոսով վստահ են Սեւրի դաշնագիրի ի զօրու ըլլալուն, ինչպէ՞ս կ’ըլլայ որ վերջին երեսուն տարիներուն Հայաստանի որեւէ նախագահ կամ վարչապետ այդ հարցը միջազգային դատարան չէ ղրկած: Արդեօք ի՞նչ էին պատճառները:

Ինչ ալ ըլլան միջազգային դատարաններու մէջ աշխատած կամ աշխատող բարձր մակարդակի մասնագէտներու կարծիքները՝ Սեւրի դաշնագիրը չի դադրիր ըլլալ հայկական հարցի արդար լուծումի ջահը, բարոյական ուղենիշը եւ հայկական դիւանագիտութիւնը արժեւորելու հիմքը:

 

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ի՞նչ առումով Լօզանի դաշնագիրը կ՛առնչուի Սեւրի դաշնագիրին հետ. ըսիք որ անիկա Սեւրի դաշնագիրի «թաղման արարողութիւն»ն էր.

ՓՐՈՖ. ՍՏԵՓԱՆ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ.- Սեւրի դաշնագրէն մինչեւ Լօզանի դաշնագիր (24 Յուլիս1923) երկարող ժամանակշրջանը շատ բարդ է. ամբողջական եւ մանրակրկիտ պատասխան մը տալու համար պէտք պիտի ըլլայ քանի մը էջ լեցնել:  Կը փորձեմ պարզ եւ ամփոփ ձեւով ներկայացնել:
Նախ, հարց պէտք է տալ, թէ ինչո’ւ Սեւրի դաշնագիրը ստորագրող գլխաւոր երկիրներէն որեւը մէկը՝ Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Իտալիա չվաւերացուց զայն: Պատմաբան մը ընդհանրապէս տեղի ունեցած դէպքի մը կամ որոշումի մը պատճառներով կը զբաղի եւ ո՛չ՝ տեղի չունեցած պատահարներով: Որքան որ գիտեմ՝ տեսած չեմ ուսումնասիրութիւն մը, որուն մէջ կը քննուի, թէ ինչո՛ւ Սեւրի դաշնագիրը որեւէ պետութեան մը կողմէ չէ վաւերացուած: Այս ըսելէ ետք, ինծի համար բացայայտ է, որ այս պետութիւններուն համար Հայկական Հարցին արդար լուծումը իրենց հիմնական շահերուն չէր համապատասխաներ: Մանաւանդ որ Արեւմտեան Հայաստանի մէկ բաժինը հայ ժողովուրդին տալու համար, պէտք էր գոնէ հարիւր յիսուն հազարնոց բանակ ուղարկել այդ շրջանները, քանի որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջոցը եւ կարողութիւնը չունէր: Անգլիոյ առաջնահերթութիւնը Իրաքը,այսօրուան Յորդանանը եւ Պաղեստինը ապահովելն էր:  Ֆրանսայի առաջնահերթութիւնը Սուրիան եւ Լիբանանը իր իշխանութեան տակ առնելն էր. անիկա նաեւ բուռն պայքար տարաւ անգլիացիներուն դէմ՝ Կիլիկիան իրենցմէ խլելու համար: Վերջ ի վերջոյ, 1919ի ամառը անգլիացիները Կիլիկիան յանձնեցին ֆրանսական ուժերուն, որոնք շուրջ 120,000 հայ գաղթականներ տեղադրեցին Կիլիկիա:  Շատ արագ, սակայն, ֆրանսացիները անդրադարձան, որ այդ շրջանին տիրապետելը բաւական դժուար պիտի ըլլար. արդէն քանի մը ամիս ետք ֆրանսացի բարձր պաշտօնատար մը՝ Ֆրանսուա Ժորժ-Փիքօ, գաղտնաբար հանդիպեցաւ Մուսթաֆա Քեմալին հետ, որ այդ օրերուն (Նոյեմբեր 1919ին) տակաւին ո՛չ մէկ յաջողութիւն արձանագրած էր: Յունուար 1920ի վերջաւորութենէն մինչեւ Փետրուարի սկիզբը քեմալական ուժերը յարձակեցան Մարաշի վրայ եւ ֆրանսական բանակը փորձեց քաղաքէն փախչիլ, ետին ձգելով հայ բնակչութիւնը: Այդ բնակչութեան կէսը ջարդուեցաւ:  Յաջորդ ամիսներուն այլ քաղաքներ եւս յանձնուեցան թրքական ազգայնական ուժերուն: Երկար պատմութիւն մը կարճի կապելու համար՝ ըսեմ, որ 20 Հոկտեմբեր 1921ին, ֆրանսացի դիւանագէտ Հանրի Ֆրանքլեն-Պույոն համաձայնութիւն մը կնքեց քեմալականներուն հետ, Անգարայի մէջ: Ֆրանսացի դիւանագէտը այսպիսով կ՛ընդունէր ֆրանսական բոլոր ուժերը դուրս հանել Կիլիկոյ իրենց տիրապետութեան տակ մնացած շրջաններէն, փոխարէնը տնտեսական եւ առեւտրական շահեր ապահովելու երաշխիքներ ստանալով:  Պէտք է ըսել, որ Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ մէջ Թուրքիոյ հետ առեւտրական շահեր հետապնդող ուժերը կարեւոր ազդեցութիւն ունէին արտաքին քաղաքականութեան մշակման վրայ:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Այս պետական շահերու առաջնահերթութիւններէն անկախ, ի՞նչ այլ ազդակներ յանգեցուցին Լօզանի դաշնագիրին:

 

 

ՓՐՈՖ. ՍՏԵՓԱՆ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ.- Կարեւոր ազդակ մը եղաւ թրքական ազգայնական շարժումին կողմէ հրատարակուած եւ տասը կէտերէ բաղկացած յայտարարութիւնը: Էրզրումի (23 Յուլիս 1919), ապա՝ Սիւասի (4-11 Սեպտեմբեր 1919) համագումարներուն իբրեւ արդիւնք՝ այս «Ազգային Ուխտ»ին մէջ քեմալականները կը ճշդէին, որ իրենց հողային գլխաւոր պահանջները մահմետական մեծամասնութիւն ունեցող եւ նոյն ցեղին պատկանող (թուրք) հողատարածքներն էին: Գալով արաբական մեծամասնութիւն ունեցող հողատարածքներուն, որոնք արդէն օտարներու (անգլիացի, ֆրանսացի) տիրապետութեան տակ էին, քեմալականները ընդունեցին, որ անոնց բնակիչները ընդհանուր հանրաքուէով ճշդեն իրենց ճակատագիրը:

Մէկ խօսքով՝ շատ լաւ գիտէին, որ ո՛չ անգլիացիները, ո՛չ ալ ֆրանսացիները հանրաքուէ պիտի կազմակերպէին վերոյիշեալ շրջաններուն մէջ եւ ցոյց կու տային, որ Օսմանեան կայսրութեան մաս կազմող այդ հողերէն (Իրաք, Սուրիա, Լիբանան, եւ այլն)  կը հրաժարէին:  Արաբական հողերու զիջումը բնականաբար Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի հողային գլխաւոր պահանջները կը բաւարարէր:
Յունուար 1920ի վերջաւորութեան այս տասը կէտերէ բաղկացած հռչակագիրը Օսմանեան խորհրդարանի կողմէ եւս որդեգրուեցաւ: Երիտասարդ Թուրքերը եւ քեմալականները 1919ի ընտրութիւններէն ետք բացարձակ մեծամասնութիւն կը ներկայացնէին խորհրդարանին մէջ:
Հիմա ամփոփեմ թէ ի՛նչ էին մէկ կողմէ՝ քեմալականներուն, իսկ միւս կողմէ՝ Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ մնացած անհամաձայնութիւնները:  1920ի սկիզբը եւ Սեւրի դաշնագրի օրերուն Պոլիսը եւ նեղուցները տակաւին  Մեծն Բրիտանիոյ ձեռքն էին, իսկԿիլիկիան՝ Ֆրանսայի: Այս վերջինին պարագային արդէն բացատրեցի թէ հարցը ինչպէս աւարտեցաւ: Մեծն Բրիտանիոյ պարագան քիչ ետք կը յստականայ: Այս պաստառին վրայ երրորդ ուժ մըն ալ կար՝ Յունաստանը:  Այդ օրերուն Յունաստան տարուած էր այսպէս կոչուած Մեկալի Իտէաով ( Megali Idea-Մեծ Միտքը): Ուղղափառ քրիստոնէական եւ ազգայնական գաղափարներէ ներշնչուած՝ Յունաստան կ’երազէր վերականգնել բիւզանդական կայսրութեան գոնէ մէկ բաժինը: Այս միտքով տարուած՝ 1919ին որոշեց գրաւել Իզմիրը եւ ապա՝ չբաւարարուելով Սեւրի դաշնագիրով իրեն տրուած հողերով (Ատրիանապոլիս, Արեւելեան Թրաքիա, Իզմիր), շարունակեց յառաջանալ դէպի կեդրոնական Անատոլիա:  Այս յառաջընթացը, սակայն, վերջ գտաւ Սաքարիայի ճակատամարտով (Օգոստոս-Սեպտեմբեր 1921): Նկատի ունենալով, որ Յունաստանը չէր կրնար իր դիրքերը շատ երկար պահել՝ դիմեց դաշնակից պետութիւններուն որ զինադադար մը կնքուի թուրքերուն հետ: Հոս երկու եզրակացութեան կրնանք յանգիլ. առաջինը այն է որ Սեւրի դաշնագիրը չէր բաւարարած յունական ախորժակները, ինչ որ կրնայ բացատրել թէ անիկա ինչո՛ւ չվաւերացուց Սեւրի դաշնագիրը. երկրորդը այն է, որ եւրոպացիները յստակօրէն տեսան, որ թուրքերուն հետ պէտք էր վերջնական լուծումի մը յանգիլ, մանաւանդ որ 1922ի սկիզբը արդէն խաչ քաշած էին Սեւրի դաշնագիրին բազմաթիւ կէտերուն վրայ: Ամիսներ ետք՝ 14 Հոկտեմբեր 1922ին զինադադարը կնքուեցաւ Մուտանիա քաղաքին մէջ: Այդ զինադադարէն բխած է վերջնական դաշնագիրի մը անհրաժեշտութիւնը: Դժուար բանակցութիւնները սկսան Նոյեմբեր 1922 ին եւ տեւեցին մինչեւ Փետրուար 1923: Ընդմիջումէ մը ետք վերսկսան  Ապրիլին եւ յանգեցան Լօզանի դաշնագիրի ստորագրման՝ 24 Յուլիս 1923ին:  Այդ դաշնագիրը Թուրքիոյ սահմանները ճշդեց Յունաստանի, ինչպէս նաեւ Արեւմուտքի կողմէ տիրապետուած արաբական աշխարհին հետ. արեւելեան Թրաքիան փոխանցուեցաւ թուրքերուն եւ բրիտանացիները ստիպուեցան Պոլիսէն մեկնիլ եւ թուրքերուն յանձնել նեղուցները, որովհետեւ ֆրանսացիները եւ իտալացիները աւելի հետաքրքրուած էին տնտեսական շահերով քան՝ Մեծն Բրիտանիոյ թիկունք կանգնելով:

 

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Եւ հայե՞րը, այս ամբողջին մէջ.

ՓՐՈՖ. ՍՏԵՓԱՆ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ.- Լօզանի դաշնագիրը ո՛չ «հայ», ո՛չ «Հայաստան» բառերը կ՛ընդգրկէ: Բնականաբար՝ Սեւրի դաշնագիրէն բխող Ուիլսընեան որոշումը նշուած չէ հոն:  Որեւէ մէկ ձեւով նշուած չէ նաեւ Թուրքիոյ սահմանը Սովետական Հայաստանի հետ: Ասոր պատճառներէն մի քանին կարելի է հետեւեալները համարել՝

ա.-Սովետական Միութիւնը Լօզանի դաշնագիրը ստորագրող պետութիւններուն շարքին չէր եւ անշուշտ՝ Սովետական Հայաստանն ալ մաս կը կազմէր Սովետական Միութեան:

բ- Սովետական Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանները արդէն ճշդուած էին Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագիրներով:

գ- Որեւէ պետութիւն չէր փափաքեր սատարել Ուիլսընեան սահմաններու իրականացման. Յիշենք, որ Սեւրի դաշնագիրէն հազիւ երեքուկէս ամիս իսկ Ուիլսընեան վճիռէն տասը օր ետք (22 Նոյեմբեր 1920) Հայաստանը արդէն սովետականացած էր եւ դաշնակից պետութիւններուն համար անհեթեթ էր համայնավար երկիրի մը օգնութեան հասնիլը, մանաւանդ որ՝ արդէն 1921էն սկսեալ արեւմտեան պետութիւնները կը մտածէին քեմալական Թուրքիան գործածել որպէս պատուար՝ դէպի Միջին Արեւելք համայնավարութեան յառաջխաղացքը կասեցնելու համար:

Սեւրի դաշնագիրը եւ նուազ չափով՝ Լօզանի դաշնագիրը հանդիսացան «Արեւելեան Հարց»ին (Question d’Orient) վերջակէտը եւ Միջին Արեւելքի պետական աշխարհագրութեան սկիզբը:  Լօզանի դաշնագիրը փոշիացուց յունական երազները եւ անհետացուց Հայկական Հարցի «գոյութիւնը»:  Ինչպէս նկատեցինք, այս վերջին շուրջ քսան տարիներուն՝ Սեւրէն եւ Լօզանէն բխած այդ կարգադրութիւնները խնդրայարոյց դարձած են:

 

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ի՞նչ կը մնայ ընել մեզի ուրեմն.

ՓՐՈՖ. ՍՏԵՓԱՆ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ.- Նախ եւ առաջ մեզի կը մնայ կերտել անկախ, բարոյապէս առողջ եւ յառաջացած Հայաստան մը, ուր օրէնքը կը տիրէ: Եւ յետոյ, ինչպէս Ֆրանսայի նախագահ Միթերան ըսած է՝ «Ժամանակին ժամանակ տալ»:

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles