Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Թուրք Մտաւորականներ Պատկերասփիւռի Ծրագիրի Մը Ճամբով Կը Ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը

$
0
0

(Մաս 3 եւ վերջ)

 

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

 

1227haroutsassounianԱյս ծաւալուն տեսանիւթի երրորդ եւ եզրափակիչ յօդուածն է. տեսանիւթին մէջ երկու թուրք մտաւորականներ հանդէս կու գան ի նպաստ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման: Քննարկումը տեղի ունեցած է 2015ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին առիթով: Տեսանիւթին մէջ Էրտողան Այտինի եւ Այտին Չուպուքճուի միջեւ զրոյցը թրքերէն է՝ անգլերէն ենթագրերով։ Մէկ ժամ 37 վայրկեան տեւողութեամբ ծրագրի անուանումն է՝ «Բաբելոնեան աշտարակ», իսկ ծրագրի վերնագիրը՝ «Դէմ յանդիման գալով Ցեղասպանութեան հետ»։ Թրքական քննարկումը թարգմանած եւ ենթագրերով ապահոված է դոկտոր Օհաննէս Քիլիճտաղի։ Ահա այդ քննարկման հատուածներուն վերջին մասը․

Հաղորդավար․ «Հարցում՝ ակնդիրէն․ «Այս երկրին մէջ (Թուրքիա) կան մարդիկ, որոնք աւելի հայ են, քան հայերը… »:

Այտին Չուպուքճու. «Սխալ է ըսել, որ այդ Ցեղասպանութիւնը իրականացուած է թուրքերու դէմ։ Ճիշդ է, որ անոնք զանգուածաբար մահացան, սակայն զոհուեցան պատերազմի մէջ՝ իբրեւ զինուորներ: Թուրքերը աւելի ճիշդ զոհուեցան ռազմաճակատի վրայ, ուր զանոնք ուղարկած էր պետութիւնը՝ Կալիփոլիի, Սարիղամիշի, Եմենի, Սուէզի, Կալիցիայի մէջ․․․»։

Հաղորդավար․ «Մենք չե՞նք կրնար այս (թրքական) մահերը Ցեղասպանութիւն կոչել»։

Այտին Չուպուքճու. «Անշուշտ որ չենք կրնար։ Անոնք զոհուեցան պատերազմի ընթացքին»։

Էրտողան Այտին. «Օրինակ, Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցաւ հրեաներու ցեղասպանութիւն: Գրեթէ երեք անգամ աւելի գերմանացիներ մահացան, քան հրեաներ: Բայց զանոնք կարելի չէ նոյն կերպով գնահատել եւ ցաւակցութիւն յայտնել երկուքին համար»:

Հաղորդավար. «Դուք նշեցիք Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմի ընթացքին զոհուած գերմանացիները»:

Այտին Չուպուքճու. «Մէկը զոհուեցաւ երկու բանակներու բախման հետեւանքով, միւսները պետութեան կողմէ կոտորուած քաղաքացիներ էին։ նոյն բաները չեն։ Ի հարկէ, թուրքեր մահացան, միլիոններով մահացան։ Սակայն անոնք զոհուեցան մարտի դաշտի մէջ։ Պետութեան կողմէ անոնց դէմ կոտորած չէ եղած Թուրքիոյ մէջ։ Ինչ կը վերաբերի «աւելի հայ ըլլալուն, քան հայերը»՝ ճիշդ է: Եթէ հայ ժողովուրդը կը ճնշուի եւ կը լռեցուի, ես հայերէն աւելի հայ կ՛ըլլամ եւ կը փորձեմ ըլլալ անոնց ձայնը: Եթէ տեղ մը թուրք ժողովուրդը ճնշուի եւ լռեցուի որեւէ պետութեան կողմէ, ապա ես աւելի թուրք կ՛ըլլամ, քան թուրքերը եւ կը պաշտպանեմ զանոնք։ Ես աւելի շատ ալեւի կ՛ըլլամ, քան ալեւիները եւ կը պաշտպանեմ բոլոր անոնց, որոնց կը լռեցնեն՝ չերքեզ, քիւրտ, արաբ, ասորի։ Ես աւելի հայ կ՛ըլլամ, քան հայերը, աւելի ասորի, քան ասորիները, որպէսզի անոնց ձայն տամ: Ասիկա վիրաւորանք չէ: Եթէ ​​այդ հարցումը տուող անձը կը փորձէ վիրաւորել զիս՝ ըսելով՝ «աւելի հայ, քան հայերը», պատիւ ունիմ թիկունք կանգնելու ճնշուած ժողովուրդին»:

Էրտողան Այտին. Պատասխանելով Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ Գերմանիոյ դերին վերաբերեալ հարցումին․ «Անոնք (գերմանացիները) կարեւոր դեր խաղացած են, բայց մենք պէտք է զգոյշ ըլլանք, որպէսզի տպաւորութիւն չստեղծուի, թէ (Հայոց) Ցեղասպանութիւնը իրականացուցած են գերմանացիները»:

Հաղորդավար․ «Դուք կ՛ըսէք, որ այդ չ՛արդարացներ մեր օսմանցիները»։

Էրտողան Այտին. «Ճիշդ այդպէս, որովհետեւ հայերու բնաջնջումը իսլամացման եւ թրքացման մաս կը կազմէր այս երկրին մէջ՝ սկսած ըլլալով պատերազմէն առաջ։ Այս երկրին մէջ իսլամացման եւ թրքացման քաղաքականութիւնը, այսինքն՝ հայերու, յոյներու, ասորիներու մաքրագործումը կը ծառայէր գերմանացիներու նպատակին, որոնք հետագային Օսմանեան կայսրութիւնը եւ Էնվէր փաշան դարձուցին իրենց գործակիցները, որպէսզի աւելի մեծ ազդեցութեան գօտի օգտագործեն Ռուսիոյ դէմ եւ նաեւ գոհացնեն իրենց համագործակիցները: Բաւարարելով իրենց դաշնակիցներու Թուրանի երազանքը, Գերմանիան կ՛օգտագործէր ամբողջ օսմանեան երկիրը իր սեփական շահագործման համակարգին համար․․․: Պատերազմը կը դիտուէր իբրեւ առանձին ներքին խումբերու վերացման հնարաւորութիւն: Այդ օրերու օսմանեան ինքնիշխանները երկու հիմնական նպատակ կը հետապնդէին պատերազմի մէջ մտնելու պահուն: Առաջինը՝ Թուրանի կայսրութեան հիմնադրումը՝ Ատրիաթիքէն մինչեւ Չինաստանի պատը՝ յենելով գերմանացիներու վրայ՝ անոնց պատերազմական մեքանիզմին միջոցով: Երկրորդ, պատերազմը անոնց արտակարգ ազատութիւն ընձեռեց, քանի որ ոչ ոք չէր կրնար խառնուիլ իրենց ներքին գործերուն: Այսպիսով, այս բացառիկ առիթը օգտագործելով անոնք նպատակադրած էին մաքրել բոլոր տարբեր ինքնութիւնները Անաթոլիայէն…: Այս նախագիծը նաեւ պատճառ էր, որ միլիոնաւոր օսմանցիներ, թուրքեր եւ մահմետականներ առաջին հերթին ուղարկեն մահուան բերան: Այսպիսով, ի պատասխան Ձեր հարցին՝ թուրքերու մահուան համար պատասխանատուութեան վերաբերեալ, անիկա նոյնպէս ինկած է թուրանիզմի հետեւողներուն վրայ՝ իբրեւ Թալէաթ եւ Էնվէր: Ամբողջ հայ բնակչութեան, մանուկներու եւ պատանիներու բնաջնջման համար պատասխանատուութիւնը թալէաթներու եւ Էնվէրներու վրայ է։ Պէտք է նաեւ ընդգծել, որ հայերը հոս կազմաւորուած էին 3000 տարի առաջ՝ մինչեւ թուրքերուն գալը Կեդրոնական Ասիայէն…: Կ՛ըսեն, որ զանոնք (հայերը) ուղարկած են պատերազմական գօտիներէն: Ո՛չ: Ասիկա բացարձակ սուտ է: Բացի պատերազմական գօտիէն, անոնք (հայերը) աքսորուած են այնպիսի վայրերէ, ինչպիսիք են Ատապազարը, Իզմիթը, Պուրսան, Էսքիշեհիրը…: Մօտեցում մը, որ հիմնուած է պետութեան վրայ, բայց ոչ ժողովուրդի եւ անոր իրաւունքներուն, չի կրնար յառաջացնել ժողովրդավարութիւն եւ արդարութիւն: Նմանապէս, մարդիկ, որոնք հայրենիքը չեն պատկերացներ հոն ապրողներու իրաւունքներով, այլ իբրեւ ինքնիշխան հող, չեն կրնար իրական հարստութիւն եւ արդարութիւն բերել: Եթէ ​​մենք կարենայինք մեր երկրի ապագան կերտել հայերու հետ միասին, որոնք հոն եղած են մեզմէ առաջ, կը տեսնէինք, թէ իբրեւ ժողովուրդ, որ եւրոպականի նման քաղաքներ կառուցած է 100-150 տարի առաջ, որքան կ՛աւելցնէր մեր նիւթական հարստութիւնը։ Եթէ​​ հայերը դեռ հոս՝ Թուրքիոյ մէջ ըլլային, մենք աւելի բարձր վարկանիշ կ՛ունենայինք համաշխարհային եկամուտի անարդարացի բաշխման մէջ: Եթէ ​​այդ մարդիկը այսօր հոս ըլլային, եւ մենք կարենայինք դէմ ըլլալ բոլոր գերտէրութիւններուն՝ թուրքերու, հայերու, քիւրտերու հետ միասին, ապա Սոմայի եւ Թորունլարի մէջ սպաննութիւններ տեղի չէին ունենար։ Այսպիսով, Հայկական Հարցին հետ հանգիստ կերպով դէմ յանդիման գալը կը նշանակէ վերանայիլ հայրենասիրութիւնը, մեր պատմութիւնը, հարստութիւնը, ժողովրդավարութիւնը, արդարութիւնը եւ մարդկութիւնը: Կը թուի, որ մենք պէտք է կրկնենք մեր ընկերներուն, հեղինակներուն, դասախօսներուն, գիտնականներուն, որոնք կը փորձեն այս եղածը համարել իբրեւ «տեղահանութիւն», որ տեղահանուածները եղած են սովորական մարդիկ (յղի կիներ, մանուկներ, տարեցներ), բայց ոչ զինուած մարդիկ: Պէտք է կրկնենք, որ մեր ընկերներն ու դրացիները արտաքսուած են՝ անոնց հետ նաեւ մեր մարդկութիւնն ու խիղճը: Դժբախտաբար, մենք անընդհատ կը խօսինք պետութեան եւ անոր իրաւունքին մասին երկրի մը մէջ, ուր անոնք գոյութիւն չունին: Բայց պետութիւնը ինքնիշխանութեան մեքանիզմ է՝ առանց խղճի եւ բարոյականութեան: Մարդիկ ունին խիղճ, բարոյականութիւն, համերաշխութեան զգացում եւ իրենց պայքարը յանուն իրաւունքներու: Ժողովրդավարութիւնը համակարգ մըն է, ուր պետութիւնը ամէնէն թոյլն է, իսկ մարդը՝ ամէնէն ուժեղը…: Մեր ընկերներէն ոմանք կը հարցնեն փաստաթուղթերու մասին: Մենք նաեւ պէտք է ազատինք փաստաթղթային կռապաշտութենէն (Fetishism): Ամէնէն կարեւոր փաստաթուղթը ամբողջ ժողովուրդի մը բացակայութիւնն է, ժողովուրդ մը, որ ժամանակին եղած է այս երկրին կարեւոր տարրերէն մէկը: Ասկէ աւելի մեծ փաստաթուղթ չի կրնար ըլլալ: Աւելին, ուժ մը, որ բաւական սառնասրտութիւն ունէր նման անմարդկային գործեր ընելու համար՝ տեղահանելու, արմատախիլ ընելու, աքսորելու ժողովուրդը, ոչ մէկ փաստաթուղթ կը ձգէր՝ ըսելով. «Ես ձեզ տեղահանեցի եւ բնաջնջեցի»: Սակայն մենք արդէն կրնանք շատ եզրակացութիւններ հանել գոյութիւն ունեցող փաստաթուղթերէն»։

Ճշդում․ նախորդ երկու յօդուածներուն մէջ ես սխալմամբ փոխած էի քննարկման մասնակցող Էրտողան Այտինի եւ Այտին Չուպուքճուի անուններուն տեղերը։

 

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles