Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

«Քաւ Վկան»

$
0
0

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

 

«Ինչ երանութիւն, սիրելի իմ Տէր

Երբ քեզ կը տեսնեմ երես առ երես

Լեցուր ինձ հոգով, լեցուր ինձ ով Տէր

Որ քո քաջ վկան միշտ լինեմ եւ ես»

 

Արաքսիա  Ճեպեճեան

 

JebejianՀայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ անպակաս չեն նուիրեալներ։ Անոնք,  իրենց համակ կեանքը նուիրեցին հայ ժողովուրդին, մինչեւ անգամ հասնելով ֆիզիքական նահատակութեան, Ցեղասպանութեան օրերուն եւ անկէ ետք ալ։ Այրեր էին անոնք եւ կիներ, որոնք իրենց հաւատքը եւ անոր վկայութիւնը վերածեցին ապրող իրականութեան եւ այդ վկայութիւնը հասցուցին մինչեւ նահատակութիւն։

Արաքսիա ճեպեճեան կը պատկանի այն նուիրեալներու փաղանգին, որուն  հաւատքը եւ նահատակութիւնը ապրեցուցին հայ ժողովուրդը։ Արաքսիա Ճեպեճեանի հաւատքը իր ամբողջ կեանքն էր եւ որ ինչպէս ինք պիտի որակէր. «Տէր, քեզ եմ տալիս իմ կեանքը, իմ շունչը»։ Արաքսիա՝ իր կեանքը տալով Տիրոջ, չվախցաւ ծառայելէ հայուն եւ գնաց մինչեւ նահատակութիւն. «էլ չեմ վախենում դժոխքի ահից»։

Արաքսիա Ճեպեճեան քաջ վկան է այս նուիրումի հաւատքին։

Արաքսիա Ճեպեճեան ծնած է Այնթապ, 1880ական տարիներուն։ Նախնական ուսումը ստացած է ազգային Հայկանուշեան վարժարանին մէջ, որմէ ետք յաճախած է Այնթապի Ամերիկեան Աղջկանց Վարժարանը, որուն շարունակութիւնը ներկայի Հալէպի Գոլէճն է, Սուրիոյ մէջ։ Այնուհետեւ, Արաքսիա կ՚ուսանի Մարաշի Աղջկանց Գոլէճին մէջ։ Աւարտելէ ետք, կը նուիրուի ուսուցչական ասպարէզին։ 1911ին կը մեկնի Անգլիա եւ կը հետեւի Ուուտպրուք Գոլէճի դասընթացքներուն։ Բայց արեւմուտքի հմայքը չէր Արաքսիայի նախընտրութիւնը, այլ իր ժողովուրդի ծառայութիւնը: Կը վերադառնայ եւ դարձեալ կը նուիրուի ուսուցչական գործին։ Վրայ կուգան մեծ պատերազմը եւ արհաւիրքի օրերը։ Արաքսիան եւ իր ընտանիքը կ՚աքսորուին Տէր Զօր, ինչպէս ամբողջ հայութիւնը։ Տարագրութեան ընթացքին Հռոմի Պապին տեղակալը կ՛առաջարկէ Արաքսիային փոխել դաւանանքը, մնալ իր տան մէջ եւ զբաղուիլ իր երեխաներու դաստիարակութեամբ։ Արաքսիա, սակայն, կը մերժէ այս առաջարկը նախընտրելով մնալ իր ժողովուրդին հետ, կը նախընտրէ ապրիլ ժողովուրդին համար, նոյնիսկ երբ այդ ապրելուն մէջ կար տառապանք։

Տէր Զօրը Արաքսիայի համար կը դառնայ ծառայութեան մեծ դաշտ։ Ան տարագիր ու տառապող հայուն նպաստ կը բաժնէ, հիւանդները կը խնամէ, անոնց վէրքերը կը դարմանէ եւ Յիսուս Քրիստոսի յոյսի եւ սիրոյ կեանքը կը քարոզէ։ Արաքսիա այսպէս կը գրէ իր նամակագրութիւններուն մէջ՝ ուղղուած եւրոպական միսիոնարական ու բարեսիրական կազմակերպութիւններուն. «Ոչ մէկս գիտենք, թէ ե՞րբ եւ ո՞ւր երթալու ենք։ Հայ բնակչութեան չքաւորութիւնն ու ողորմելիութիւնը աննկարագրելի է»։

Արաքսիա ձեռնածալ չմնաց այս «աննկարագրելի» պայմաններուն դիմաց. «Ամէն օր կ՛երթանք ետ գնելու ծախուած երեք չորս աղջիկ», կըսէ ան։ Ու տակաւին կը փորձէր բաժնել իր չունեցած եւ հազիւ ճառած հացը եւ կերակուրը։ Երբ անօթի հայ կնոջ մը մէկ հնչուն ոսկի կուտայ, կինը լալով կ՚ըսէ. «Եթէ քիչ մը աւելի կանուխ հասնէիր, երեխաս կեանքէ հեռացած պիտի չըլլար»։ Բայց Արաքսիա որո՞ւն հասնէր։

Արաքսիա ապրեցաւ Եփրատ գետի ափին համատարած մահուան ճիրաններուն մէջ. «Կին մը ինքզինք Եփրատին մէջ նետեց տեսնելէ ետք թէ իր հարազատը անօթի մեռաւ։ Հայր մըն ալ նոյնը ըրաւ»։ Արաքսիա կ՚այցելէր ու մօտէն կը փորձէր ծանօթանալ իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի։ Անոր սիրտը այնքան «կապուած է տառապեալներուն», որ իր կեանքը կը վտանգէր՝ փրկելու համար որքան որ կարելի է։

Jebejian2Արաքսիա ապրեցաւ իր ժողովուրդի «տարագրութեան ճանապարհին ամէնօրեայ խարազանումը եւ ծեծը»։ Ու տակաւին «հալածանքը եւ ճնշումը»։ «Ո՞վ պիտի կարենայ վերացնել այս անողորմ պայմանները», կը մտածէր ան։

Արաքսիայի մարդասիրական եւ ազգասիրական ծառայութիւնը եւ իր անդուլ գործունէութիւնը՝ հասնելու իր հայ ժողովուրդի կարիքներուն, կառավարութեան ուշադրութեան առարկան դարձան։ Արաքսիա կը ձերբակալուի եւ կը բանտարկուի Տէր Զօրի մէջ, ուր կ՚ենթարկուի տաժանելի չարչարանքներու։ Ան կը նահատակուի Տէր Զօրի բանտին մէջ 1916ին.։

Արաքսիան իր հաւատքի համոզմունքը հասցուց կատարելիութեան, զինք առաջնորդելով գերագոյն զոհողութեան՝ նահատակութեան։ Իր կարճ կեանքը աշխարհի վրայ եղաւ այս հաւատաւոր կեանքին քաջ վկայութիւնը՝

Դուն տանու ես ինձ դէպի հայրենիք,

Եւ երբ յոգնած եմ՝ տալիս ես թարմ ոյժ.

Եւ դու լեցնում ես ամէն իմ կարիք,

Որ քեզ ծառայեմ կայտառ ու աշխուժ։

Արաքսիայի ծառայութիւնը եղաւ կայտառ ու աշխոյժ։ Ան չյոգնեցաւ գործելէ  իր ժողովուրդին կարիքներուն համար։ Իր միջազգային բոլոր կապերը օգտագործելով, ան չյոգնեցաւ գրելէ. «Տէր Զօրը պէտք ունի օգնութեան»։ Ան փորձեց կարելի սահմաններուն մէջ օգնութիւն հասցնել տարագրեալ իր ազգակիցներուն։

Արաքսիան հարազօտերէն նկարագրեց իր ժողովուրդին ապրած արհաւիրքը եւ իր փորձառութիւնը Տէր Զօրի մէջ. «Ես որեւէ կերպ չեմ չափազանցեր»։ Որովհետեւ այդ բոլորը ապրուած փորձառութիւն էր։ Այդ ապրուած փորձառութիւնը իրն էր եւ իր այդքան սիրած հայ ժողովուրդին տառապանքներն էին, որոնք տարին զինք մինչեւ նահատակութիւն։ Այս ալ Արաքսիային եւ անոր հաւատքին քաջ վկայութիւնն էր։

Արաքսիայի նահատակութենէն անմիջապէս ետք եւ որպէս յարգանք անոր կեանքին ու վկայութեան, Անգլիոյ Ուուտպրուք Գոլէճի սրահին մէջ տեղադրուեցաւ յուշատախտակ մը, որ մինչեւ այսօր կը մնայ այնտեղ։

Jjebejian3

Անգլիոյ յուշատախտակին հետ, այսօր, Ցեղասպանութեան հարիւր եւ հինգերորդ ամեակին առթիւ, թող որ այս տողերը ըլլան փոքր յարգանքի գիր մը նուիրուած Արաքսիայի յիշատակին՝ իմ ընտանիքի մէկ հարազատին, բայց նաեւ հայ ժողովուրդին հարազատ եւ նուիրեալ մէկ զաւակին։ Այն նուիրեալ զաւակին, որ ապրեցաւ իր հաւատքին շնորհած կեանքը եւ այդ ալ քաջ վկայութեամբ։ Վկայութիւնը իր դէմքին, որուն վրայ սրբութեան ճառագայթներ կ՚արտացոլար եւ անոր ձայնին մէջ Յիսուս Քրիստոսի ձայնը կը լսուէր։

Եւ դէմքը ու ձայնը ան միացուց իր ապրող կեանքին։ Կեանք մը, որ եղաւ ապրուած վկայութիւն մը։ Վկայութիւնը Աստուծոյ եւ հայ ժողովուրդին։ Իսկ Արաքսիայի նահատակութիւնը, եթէ այսօր տակաւին կ՚ապրի, քանի կայ այդ նոյն կեանքին հաւատքը ու անոր քաջ վկայութիւնը։

Նման հաւատաւոր կեանքերն են, որոնք երաշխաւորեցին հայ ժողովուրդը  գոյատեւումը։ Կեանք-կեանքեր, որոնց պիտակը հաւատքն է եւ անոր քաջ վկայութիւնը։

Արաքսիա Ճեպեճեանի հաւատքի կեանքին քաջ վկայութիւնը։ Բայց նաեւ իմ եւ իւրաքանչիւր հայունը։ Եւ հայը պարտի այս հաւատքի կեանքին քաջ վկան ըլլալ, որպէսզի հայուն կեանքը եւ պատմութիւնը շարունակուին։

Արաքսիան եւ իր նմանները մնացին քաջ վկաներ։ Մենք ալ պարտինք մնալ։

Քաջ վկաները։

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles