ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ
Կ՛անդրադառնամ Արտաշես Շահպազեանի յօդուածին աւելի քաղաքավար ու ազնիւ տրամադրութեամբ, նախ որովհետեւ Արտաշեսը դաշնակցական ընկերս է ու այժմ՝ «Դրօշակ»ի խմբագիրը: «Դրօշակ»ը, տարիներու ընթացքին, դաշնակցական քաղաքական մտածողութեան իմ ուսուցիչը եղած է՝ Սարգիս Զէյթլեանի, Վազգէն Էթիեմէզեանի եւ Նազարէթ Պէրպէրեանի խմբագրած տարիներուն:
Նախ ըսեմ, որ քաղաքական խեղճութիւն է հարեւանցի ակնարկ մը նետել խորքին ու ստեղծել տրամադրութիւն քանդող յարաբերութիւններու մակերես մը: Կ՛անդրադառնամ, որ քաղաքական մտածողութեան դպրոց մը պէտք է հաւանաբար, որ Դաշնակցական միտքը աւելի մօտէն շաղկապուի հայրենի ժողովուրդի քաղաքական ենթակառոյցին հետ ու այդ շաղկապումով ալ յղկուի: Կապուի ու յղկուի պետականութիւն կառուցելու հայաստանեան ձեւին ու տեսակին տիրապետելու եւ, ի վերջոյ, հայրենի կենցաղին աւելի հարազատ արտայայտութիւնը ըլլալու համար:
Եթէ պետականութիւն պիտի կառուցենք ընկերվարական եւ ժողովրդավար համակարգով հաստատուած, ապա, բնականաբար, պիտի ընդունինք, որ ժողովուրդը պէտք է ըլլայ մեր ուշադրութեան առանցքը, պիտի ընդունինք կանգնիլ նաեւ այն փաստին առաջ, որ իրողապէս առաւել քաղաքականցած է հայ անհատը այսօր ու մանաւանդ զարգացուցած իր ճանաչողութիւնը կրթական-մշակութային ու արդարադատական հարցերուն մասին, ինչ որ կը նշանակէ, որ առաւել եւս ժողովրդականացած է հայրենի մեր քաղաքականութիւնը: Անվարան կարելի է յայտարարել, որ ներկայ հայրենի քաղաքականութեան մղիչ ուժը ժողովրդային շարժումն է իր ներկայացուցած պահանջներով, որոնք տեսական թէ գործնական իրենց արտայայտութիւններով անհատի քաղաքական ու բնական իրաւունքները կը ձգտին ձեռք ձգել արդիական, թեքնոլոճիք (արհեստագիտական-Խմբ.) ու մանաւանդ ճարտարարուեստականացած դրամատիրական ներկայ բարդ կեանքին մէջ: Ընդունինք, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդային շարժումը առաւելաբար կը սպառնայ հեղինակապաշտական եւ նուիրապետական կառուցային տիրող մտայնութեան ու երեւոյթներուն ու կ՛արժեւորէ ընկերաքաղաքական յարաբերութիւններու ժողովրդայնացման անհրաժեշտութիւնը՝ ժողովրդավար ենթակառուցային տարածութիւն մը ստեղծելու համար: Աւելի շեշտակի իմաստով՝ հայրենի ներկայ քաղաքական իրականութենէն բխած նոր հասկացողութեամբ ու սահմանումով, ժողովրդավարութեան ամբողջական արժեւորումն ու իմաստը կը տեղադրուի ընկերաքաղաքական յարաբերութիւններու ենթակառուցային տարածքին մէջ:
Հայրենի քաղաքական կեանքի այս հանգրուանին, ամէնէն կարեւորը ա՛յն պիտի ըլլայ, որ ժողովրդավար պետականութիւն հասկացութիւնը մտնէ ենթակառուցային այս տարածքին մէջ եւ դուրս գայ պետական կառուցային կամ հեղինակապաշտական ուղղահայեաց ու նուիրապետական յարաբերութիւններ հաստատող իր սխալ սահմանումէն:
Հետեւաբար, հայրենի կենցաղը իր իրական ու ամբողջական իմաստին մէջ կը ներառէ ժողովրդային ու ենթակառուցային տարածքին մէջ զարգացող յարաբերութիւններ, ուր հայ անհատը իր բնական ու առօրեայ սովորական կեանքով հիմնական քայլը կ՛առնէ օրկանական կապ հաստատելու պետականութեան հետ, ինչպէս նաեւ կը ստեղծէ հարազատ ու կենսունակ միջավայրը՝ անհատի քաղաքական եւ մարդկային իրաւունքներու ապահովութեան համար: Ժողովրդավար պետականութեան այս հասկացութեան մէջ անհրաժեշտ է անդրադառնալ նաեւ, որ իշխանութիւնը անպայմանօրէն բարենպաստ պայմաններն ու միջավայրը չի ներկայացներ անհատի իրաւունքները ապահովելու իմաստով: Հոս, այս բացթողումին մէջ է, որ պիտի արժեւորուի դաշնակցական քաղաքական միտքը եւ ունենայ տիրական դերակատարութիւն այս հարցին մէջ: Այս բացթողումին մէջ մանաւադ պէտք է տիրական ու զգալի ըլլայ Դաշնակցութեան գաղափարական ներկայութիւնը ոչ միայն հայ անհատի, այլեւ մարդկութեան հարցերու լուծման ու յարաբերութիւններու բնականոն զարգացման իր աշխարհահայացքով:
Հայրենի ժողովուրդին քաղաքական զարգացման ներկայ հանգրուանին, ինքնին հակասական եւ լուծումի կարօտ հրատապ հարց է ընկերաքաղաքական յարաբերութիւններու բնականոն կամ, այլ խօսքով, ժողովրդավարական կիրարկումը իշխանութեան կառուցուածքին մէջ: Այս հարցին լուծումը ներկայ ժամանակներուն կառուցային ու ենթակառուցային, աւելի ճիշդ՝ ուղղահայեաց եւ հորիզոնական յարաբերութիւններու համարկման քաղաքական տարազ գտնելն է՝ իբրեւ լաւագոյն գոհացում ու լուծում ժողովրդային 2018ի շարժումին ու պահանջներուն: Քաղաքական նման տարազի մը անհրաժեշտութենէն բխած ու ժողովրդավարութեամբ մտահոգ որեւէ կուսակցութեան մը համար անուրանալի փաստ է, որ ներկայ ժամանակները յատկանշող քաղաքական խորաթափանց փոփոխութիւններն ու ժողովրդային շարժումները ընկերաքաղաքական յարաբերութիւններուն կու տան յատկանշականօրէն ենթակառուցային տարածք ու նուազ իշխանութիւն մատնանշող կառուցային նկարագիր: Հետեւաբար, ժողովրդավար պետականութեան կիրարկումը իշխանութեան կեդրոնացումով՝ առանց ենթակառուցային տարածքի գերիշխող ներկայութեան, ինքնին հակասական երեւոյթ է, առնուազն ձեւական է ժողովրդավար պետականութիւն կերտելու գործին մէջ: Իշխանութիւնները իրենց քաղաքական փորձառութեամբ ցարդ անկարող եղած են ժողովրդավար պետականութիւն իրագործելու: Հետեւաբար իշխանութիւն-ընդդիմութիւն երկուութիւնը շեղում է, առնուազն անհեթեթ է քաղաքական զարգացման ըմբռնումով:
Պետական կառուցուածքի ու ենթակառոյցներու մերձեցման ու համարկման քաղաքական լաւագոյն տարազը, իբրեւ ժողովրդավար պետականութեան իրագործման այսօրուան անհրաժեշտ պայմաններէն մէկը, զանգուածային շարժումի եւ պահանջներու ամբողջական ու հարազատ արտայայտութիւնն է իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն կազմած քաղաքական ընտրանիին կողմէ: Հայաստանի քանի մը տարիներու անկախացման փորձառութիւնը, բնականաբար, շատ կարճ է կենցաղային եւ ժողովրդավարութեան այս հիմնական պայմանը ամբողջացնելու համար: Ժողովրդավար պետականութեան զարգացումն ալ, պէտք է ընդունիլ, հանգրուանային նուաճումներով կ՛իրագործուի: Սակայն, ինչպէս բոլոր զարգացող երկիրներու պարագային, Հայաստանն ալ աչքառու, անբնական ու քաղաքական զարգացման խոցելի երեւոյթ կը դրսեւորէ, երբ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն երկուութեան կողմէ մերձեցման ճիգէն աւելի մերժողական կեցուածք կը ցուցաբերուի ժողովրդավարութեան հիմնական երաշխիք ներկայացող՝ զանգուածային շարժում եւ քաղաքական ընտրանի համարկման անհրաժեշտութեան նկատմամբ:
Շարժում-համարկում քաղաքական տարազը, բաղդատաբար բազմազգեան երկիրներու, աւելի իրագործելի է Հայաստանի պարագային՝ իբրեւ ազգային միատարր երկիր, ուր ենթակառոյցով բազմակարծիք իրողութիւնը աւելի դիւրին համեմատական արտայայտութիւն կրնայ ապահովել պետական կառոյցի օրէնսդիր թէ գործադիր մարմիններուն մէջ: Այլ խօսքով, անհրաժեշտ է, որ ժողովրդային շարժումն ու պահանջները, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր կարծիքներ ներկայացնող հայ քաղաքական միտքը համեմատական ներդրում ունենան քաղաքական որոշումներուն մէջ, որպէսզի ընթացք առնէ իշխանութիւն-կուսակցութիւններ գործուն յարաբերութիւններու զարգացումը՝ իբրեւ ժողովրդավարութեան իրագործման ներկայ ժամանակներու անհրաժեշտ պայման: Ի վերջոյ, պետական կառուցուածքի մէջ ժողովրդավարութեան իրագործումը Հայաստանի (ինչպէս նաեւ զարգացող միւս երկիրներու) պարագային կը պայմանաւորուի մասնաւորաբար շարժում-համարկում քաղաքական տարազի մը հաստատումով, մանաւանդ երբ նկատի առնենք, որ ընդդիմութիւն քաղաքական կեցուածքը առանձին չէ կրցած ժողովրդավար պետականութիւն հաստատել: