Յ. ՊԱԼԵԱՆ
«Որոշ լրջութեամբ, կարգ մը ծանրակշիռ հարցերու պարագային, անոնց որոնք կը կրեն աշխարհի կատարածի կարողականութիւն (apocalyptique), հարկ է աւելի մեծ կշիռ տալ դժբախտութեան գուշակութեան՝ քան փրկութեան գուշակութեան»:
(Հանս Ժոնաս (1903-1993), «Սկզբունք Պատասխանատուութիւնը», Le Principe Responsabilite):
Արեւմտեան քաղաքակիրթ աշխարհը եւ Ռուսիան, կը տեսնեն Ռեչէփ Էրտողանի համաթրքական եւ կայսերական-օսմանական նկրտումները, բայց չեն դիրքորոշուիր անոնց դէմ: Այսօր անոնք կ՛արտայայտուին մեծ կամ պզտիկ քայլերով իրականացման ձգտող ծաւալապաշտական միտումներով:
Այդ ճամբուն վրայ, ոչ ոքի զարմանք պատճառող պատեհապաշտութեամբ, Ռեչէփ Էրտողան ոչ միայն Թուրքիոյ, նաեւ այլ երկիրներու մէջ, կ՛օգտագործէ կրօնական ազդակը, օտար երկիրներու թրքական համայնքներուն թրքերէնի ուսուցիչներ կը ղրկէ, որոնք միաժամանակ կրօնական քարոզչութիւն կ՛ընեն:
Այսինքն Թուրքիա կը հետապնդէ կայսերական-ծաւալապաշտական այլեւս ոչ-թաքուն քաղաքականութիւն, ինչ որ, ոչ շատ հեռու ապագային ե՛ւ Արեւմտեան պետութիւնները, ե՛ւ Ռուսիան պիտի դնէ կատարուած իրողութեան առջեւ, եթէ անոնք չունենան անմիջական մանր մրցակցութիւններէն անդին նայելու պայծառատեսութիւն:
Վտանգը տեսնել հակաթուրք ըլլալու մտայնութեան արդիւնք չէ: Հարցը պէտք չէ դիտել հայկական մասնաւոր տեսանկիւնէ, այլ նաեւ միշտ վառ համաթրքականութեան, panturquisme-ի:
Իրողութիւններ կան՝ զորս չտեսնել քաղաքական ղեկավարին համար յանցանք է:
Թուրք քաղաքական քարոզչութիւնը կը սպասարկէ հետապնդուած ծաւալապաշտութեան:
Այսպէս, ըստ թրքական քարոզչութեան, պոսնիացիները սլաւներ չեն, այլ՝ թուրքեր: Կը պնդեն, որ Սերպիոյ եւ Մոնթենեկրոյի միջեւ գտնուած Սանճաքը, բնակուած իսլամներով, պէտք է որ միացուի Պոսնիոյ, այսինքն քայլ մըն ալ առնուի թրքական ծաւալապաշտութեան ճամբուն վրայ, հաստատուի կամուրջ:
Ի՞նչ կ՛ըսէ պատմութիւնը: Այդ շրջանին մէջ մեծ թիւով Սերպեր եւ Պոսնիոյ խրուաթներ իսլամացած են: Անոնց մեծամասնութիւնը հողատէրեր էին, իսլամացան՝ որովետեւ օսմանեան օրէնքը ոչ-իսլամներու չէր արտօներ հողերու տէր ըլլալ, իսկ քրիստոնեայ մնացող սերպերը եւ խրուաթները դատապարտուեցան մնալու սոսկ գիւղացիի վիճակին մէջ:
Այսօր, պոսնիացիները իսլամացած սերպերու եւ խրուաթներու յաջորդներն են, թուրքեր չեն:
Քսան տարիէ ի վեր Թուրքիայէն եւ այլ երկիրներէ եկած ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու հետեւողական ճիգերով, վերոնշեալ աշխարհագրական շրջանը, Սանճաքը, ամբողջովին թրքացնելու աշխատանք կը տարուի:
Իսլամական ուսմանց համալսարանի գրախանութին մէջ կը վաճառուին իսլամատեացութեան քննադատութեան գիրքեր, կը քննադատուին պալքանեան գօտիին մէջ իսլամներու դէմ եղած հալածանքները, «Իսլամ եղբայրներ» կազմակերպութեան հիմնադիր Հասան էլ Պաննայի գիրքը կը մեկնաբանուի:
Սանճաքի շրջանին մէջ արդէն չեն յարգուիր Պելկրատի որոշումները: Ընթացքը պարզ է. կը պահանջուի ինքնավարութիւն Սանճաքի սերպական վեց եւ վեց մոնդենեկրական շրջաններուն համար, որմէ յետոյ կրնան պահանջել ինքնավարութիւն, անկախութիւն եւ… Պոսնիոյ կցում:
Թուրքիոյ միտումները ծածուկ չեն: Գոյութիւն ունի միութիւն մը՝ Թուրքիա-Պոսնիա-Սանճաք մշակոյթ եւ զօրակցութիւն անունով, որ Պոլսոյ Պայրամփաշա թաղամասին մէջ մեծ շէնք մը ունի որպէս կեդրոն, որ կը կոչուի «Փոքր Պոսնիա»: Պատմութիւնը կը գրուի ոչ թէ ճշմարտութեան, այլ սուլթանական ցանկութիւններ արդարացնելու համար:
Այսպէս, քարոզչութիւնը կ՛ըսէ, որ պոսնիացիները հարաւի սլաւներ չեն, այլ թրքական ցեղախումբ մը: Հասկնալ՝ որ օսմանցիները եկուորներ չեն, գրաւողներ չեն, այլ՝ բնիկներ են: Այլ բացատրութիւններ ալ:
Ըստ թրքական քաղաքական քարոզչութեան, ԺԹ. դարուն, պալքանեան երկիրներու ժողովուրդները ապստամբած են օսմանցիներու դէմ օտար ուժերու եւ քրիստոնեայ եկեղեցիներու թելադրութեամբ եւ աջակցութեամբ, անջատուած են կայսրութենէն: Կ՛ըսուի, որ հիմա Պոսնիան եւ Սանճաքը կ՛ուզեն վերագտնել իրենց բնական դիրքը թրքութեան մէջ: Թուրքիոյ մէջ ապրող պոսնիացիներու վերոնշեալ միութեան փոխնախագահը կ՛ըսէ, թէ իրենք չորս միլիոն են Թուրքիոյ մէջ, եւ ամէն անգամ որ պոսնիացիները հալածուած են, Թուրքիան զիրենք պաշտպանած է:
Միտք բանի՞ն. սուլթանական կայսրութիւնը:
Թուրքիան ոտք դրած է Սուրիոյ Իտլիպ շրջանը, իսլամ ծայրայեղականներու հետ, եւ չ՛ուզեր հեռանալ, հակառակ սուրիական ազատագրական բանակին հետ բախումներու: Սուրիան ալ մաս կը կազմէր Օսմանի կայսրութեան: Եւ Ռեչէփ Էրտողան չի վարանիր, ամէն առիթով, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին դժգոհութիւն յայտնելու, որ ան կը պաշտպանէ նախագահ Պաշշար Ասատը, եւ կը պահանջէ, որ ան ստիպէ Սուրիոյ նախագահը դադրեցնելու իր բանակի յառաջխաղացքը, որ կ՛ուզէ վերականգնել Սուրիոյ ամբողջութիւնը: Նպատա՞կը. մնալ Իտլիպ, պահել կամուրջ մը՝ ապագայի համար:
Թուրքիա միշտ կը շարունակէ շահագործել փախստականներու հարցը, որոնք կը խռնուին իր սահմանին վրայ, արդարացնելու համար իր գրաւման-ծաւալողական քաղաքականութիւնը: Այսօր ստիպուած է չափաւոր ըլլալ, քանի որ Ռուսիան կը հակակշռէ օդային պաշտպանութիւնը այդ շրջանին մէջ:
Ինչ որ ալ պատահի, ինչպիսի ժողովներ ալ գումարուին, սուրիական թնճուկի լուծման բանալին ո՛չ Ռեչէփ Էրտողանն է, ո՛չ Էմմանուէլ Մաքրոնը եւ ոչ ալ Անգելա Մերգելը, այլ՝ Վլատիմիր Փութինը:
Ո՞վ չէ հասկցած, որ Ռուսիոյ ընդհանուր ռազմավարութեան տրամաբանութեան մէջ անշրջանցելի է Սուրիան, եւ Վլատիմիր Փութին ոչ մէկ պայմանով զիջում պիտի ընէ: Այսինքն, այդ շրջանին մէջ, թրքական ծաւալապաշտութեան յաջողութեան համար կարելիութիւն չկայ:
Թրքական ծաւալապաշտութեան միւս դաշտը Կովկասն է: Ըսուած է, նոյնիսկ եթէ կամաւոր խուլեր կան, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան երկու պետութիւն են, բայց մէկ ազգ: Թրքական ծաւալապաշտութեան թիրախը, Կովկասի մէջ, առաջին հերթին Արցախն է, եւ ընդհանրապէս Հայաստանը, որ արգելք են տարածքային մէկութեան ստեղծման:
Զարմանալի է, որ մեծ համարուած ղեկավարները չեն տեսներ թրքական կայսերական հեռանկարները կամ չեն ուզեր տեսնել, առաջնահերթութիւն տալով իրենց մրցակցութիւններուն, որոնք կրնան մեղսակցութիւն դառնալ, երբ բոլորն ալ գտնուին աննախատեսելի բարդութիւններու առջեւ, պատերազմի առջեւ: Այն ատեն ուշ պիտի ըլլայ խօսելու այն մասին, որ հաւը հաւկիթէն եկաւ, թէ հաւկիթը հաւէն:
Իսկ պատմութեան անցեալի պատերազմները, բաղդատած անոր որ կրնայ գալ, կրնան միայն բաղդատուիլ տօնական հրավառութիւններու: Այսինքն, նորը կ՛ըլլայ համամոլորակային աղէտ՝ իր բազմադէմ հետեւանքներով:
Եւ կը կանգնինք այն պատասխանատուութեան առջեւ՝ որ մարդկութեան եւ կեանքի շարունակութիւնն է:
Ո՛չ միտքի մարզանք, ո՛չ յոռետեսութիւն, այլ պճեղ մը իրատեսութիւն: Եւ տիեզերական պատասխանատուութիւն սերունդներուն համար, որոնք պիտի գան եւ… կրնան չգալ:
Այսօրուան իսկական պատասխանատուութիւն է, դուրս գալով մեր ցանկապատերէն, պատասխանել հետեւեալ հարցումին. ինչպէ՞ս վերականգնել ճշմարտութիւնները, իրաւունքները եւ Իրաւունքը:
Քաղաքականութիւնը, կ՛ըսեն, ո՛չ իմաստասիրութիւն է եւ ոչ ալ բարոյագիտութիւն, այսինքն՝ ո՛չ Պղատոն, ո՛չ Էմմանուէլ Քանթ:
Միթէ՞…
Առանց անոնց ի՞նչ բանի մասին պիտի խօսինք եւ ինչո՞ւ…
Ճարտարագիտութեան զարգացման հզօրութիւնը ժամանակավրէպ դարձուցած է դասական ըմբռնումով քաղաքականութիւնը:
Աննշան դէպքերն անգամ կրնան համաշխարհային աղէտի վերածուիլ: