ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Ետեւը սո՜ւր, առաջը ջո՜ւր,
Սուգ, վայնասո՜ւն, իրարանցո՜ւմ,
Բառաչում են մեծ ու պուճուր,
Իրար գրկուած՝ գետը լցւում…
Յ. Թումանեան
Գիտէ՞ք, որ աշխարհի մէջ ամառ է, ու մարդիկ կը ճամբորդեն նոր երկիրներ, ծովափ, լեռներ՝ հնարաւորինս հաճելիօրէն անցընելու իրենց արձակուրդը՝ նոր տպաւորութիւններ, նոր ծանօթութիւններ, բեռնաթափում ու թարմացում։
Սուրիան եւս ունի հանգիստի հրաշալի վայրեր՝ ծով, լեռ ու հնավայրեր, սակայն անոր ծովափերուն միայն ռազմանաւեր կը տողանցեն ու ելուզակներ կը ներխուժեն, մահուան զէնքեր բերելով, անապատի վերածելու այս գողտրիկ երկիրը։ Անոր անտառներն ու լեռները այսօր աւազակներու ու մարդակերներու որջեր են, անոր հնավայրերը՝ գողերու եւ ոճրագործներու թիրախ։
Սուրիացիներ նոյնպէս կը ճամբորդեն… սակայն ներկայիս անոնց նպատակը աւելի սահմանափակ է՝ փրկուի՜լ… Ամէն պարագայի՝ հոն տեղ չունի նման շքեղութիւն, որ կը կոչենք ճամբորդութեան հաճոյք։ Խիստ անհրաժեշտութիւնն է, որ այսօր սուրիացին կը մղէ իր քաղաքէն դէպի աշխարհ ելլել, իսկ աւելի յաճախ՝ իր քաղաքէն ու երկիրէն «գլուխը պրծեցնել»։ Ճամբորդել որոշելով՝ ան վստահ է, թէ արկածախնդրութեան կ՛երթայ, ուր բնաւ փոքր չէ մահուամբ ելքը, սակայն գիտէ նաեւ, թէ պակաս վտանգալից չէ մնալը։ Երբ կ՛ընտրէ հեռանալը, քաջ գիտէ, թէ իրմէ առաջ գացողներէն շատեր Լիբանանի ճամբուն բռնուեցան, գերեվարուեցան, առեւանգուեցան, ու… անոնցմէ շատերու ճակատագիրը անյայտ է։ Ան գիտէ, որ Թուրքիոյ սահմանին վրայ գրկաբաց չէ, որ զինք կը սպասեն, սակայն յոյսը կապած վարորդներու խոստումներուն ու «անոնց» հետ լեզու գտնելու «հմտութիւններուն», քաջ իմանալով, որ հայ ըլլալը կրնայ վտանգի համազօր ըլլալ, ան, ճակատագիրին ապաւինած, քայլ կ՛առնէ՝ «ետեւը սո՛ւր, առաջը՝ ջո՛ւր»։
Ու հերթական անգամ մենք կը լսենք, թէ Թուրքիայէն Հայաստան ճամբորդողներ առեւանգուեր են…
Իսկ դուն, որ յոյս ունիս, թէ արկ մը չ՛իյնար տունիդ վրայ, պատահական փամփուշտի մը զոհ չես ըլլար, չես գիտեր՝ զարմանաս այս մարդոց քաջութեա՞ն, թուրքի ու միւս թրքանմաններու հանդէպ հաւատքի՞, թէ արկածախնդրութեան վրայ։
Իսկ դուն, օրէցօր ծանրացող երկինքին տակ, յոյսդ կապած Աստուծոյ ու ճակատագիրին, կը զարմանաս ու կը ցաւիս իւրաքանչիւրին համար։ Մանաւանդ՝ կը յուսաս…
***
…Հետեւաբար մի՛ մտահոգուիք եւ ըսէք. «Ի՞նչ պիտի ուտենք, ի՞նչ պիտի խմենք կամ ի՞նչ պիտի հագնինք»։ Այդ մտահոգութիւնները հեթանոսներուն յատուկ են։ Որովհետեւ ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ արդէն թէ այդ բոլորին պէտք ունիք…
Մաապար-անցք. բառ, այսօր՝ տեղանուն։ Անցք՝ Հալէպի արեւելեան ու արեւմտեան հատուածներու միջեւ, սահմանագիծ՝ ճակատող կողմերու միջեւ, անցք՝ ուրկէ ձեռք-ձեռքի կը քալեն կեանքն ու մահը։
Ամիսէ աւելի է այս բառը կը հոլովուի հալէպցիներու բերնին մէջ, որպէս կենաց աղբիւրի։ Բառը յայտնուեցաւ փողոցներու մէջ, գետինները պտուղ ու բանջարեղէն յայտնուելուն հետ միասին։ Դուն, որ համեմատաբար աժանը կը փնտռես, ստիպուած ես խոնարհելու, խցկուելու, մտնելու համար գետնին թափուած կոյտերէն իրար ձեռքէ սմբուկ, լոլիկ եւ այլ բարիքներ խլխլող մարդոց կոյտին մէջ։ Եթէ հասցուցիր ընտրել ու առնել, յաղթական, քրտնած ու արժանապատւութենէդ կտոր մը եւս գետնին ձգած, աւարդ առած կը հեռանաս, նոր միայն գիներու սղութենէն գանգատելով հանդիպող ծանօթ-անծանօթի, որոնք անձկութեամբ ձեռքիդ պարկերուն կը նային…
Դուն կը գանգատիս եւ իրաւունք ունիս, սակայն տեղա՞կ ես ծախողին ալ իրաւունքի չափէն։ Ծանօթացի՛ր, Ահմատը մեզի դրացի պտղավաճառն է, ուրկէ գնում կ՛ընեն Ազիզիէի բարեկեցիկ բնակիչները։ Անոնք, որոնք գետին խոնարհիլ չեն սիրեր ու գին հարցնելու ալ սովորութիւն չունին, յօժար են «Ահմատի գիներուն»։ Թաղեցիներս «գող» կնքած էինք մարդուն անունը, որ հեռաւոր ու վտանգաւոր թաղէ մը եկած, այս խանութը բացած է ու սուղ գիներով ընտիր պտուղ-բանջարեղէն կը ծախէ։ Երեկոյեան երիտասարդ տղուն հետ կ՛ընթրէ խանութին առջեւ, աթոռին շարուած ինչ որ բաներ, որ ճաշարանէն կը բերէ. նոյն ճաշարանի նկուղն ալ գիշերները կը պառկին, տուն երթալ չկայ։
Այս օրերուն, երբ «պատուաւոր» վաճառականներ ու համբաւաւոր խանութներ ալ սննդեղէնի առասպելական գիներով կը կողոպտեն ժողովուրդը («աշխարհը դմակ է, տղէն դանակ…»), ի՜նչ կը սպասես Ահմատէ մը, որ կեանքը վտանգելով մաապարէն քեզի կեանք կը բերէ։
Ան կը պատմէ դրացիին. «Մաապարը այլեւս պիտի գոցուի, մենք վերջին առնողը եղանք. հազիւ ապրանքները առինք ու պիտի բարձէինք, հրաձգութիւն սկսաւ։ Գետինները, հողի ու աղբի մէջ պառկած՝ կը սպասէինք, գնդակները մեր գլխու վրայէն կը սուրային. երբ դադրեցաւ ու ելանք՝ տղուս տաբատը թաց էր. ինք կը պնդէ, թէ գետինը թաց էր… »։
Այլեւս ի՞նչ գին թող դնէ Ահմատը իր բերած ապրանքին, դո՛ւք որոշեցէք։
Անդին, քաջ հայ կիներ կ՛որոշէին երթալ ու մաապարէն աժան գնել։
Աժանը հիմա միայն մարդուս կեանքն է, միա՛յն։
***
Կ՛ըսեն թէ կիներ յաճախ կը խօսին ոչ թէ իրենց իմացածը, այլ իրենց փափաքածը եւ որ այրեր այդ մէկը կը կոչեն կնոջական տրամաբանութիւն։ Բայց իզուր կը թերագնահատեն կիներու երեւակայութիւնը, քանի որ քաղաքիս մէջ իրապէս զանազան տեղեր զանազան նպաստներ կը բաժնուին։ Արթուն մարդը կրնայ հանգիստ ապրիլ տրուածներով, դեռ բան մըն ալ… աւելցնել ու ծախել։ Ո՞վ մեղաւոր է որ դուն հպարտ ես ու չես երթար արձանագրուելու։ Օրինակ՝ կազի արձանագրութիւն, որ կ՛ըլլայ մխթարին (թաղապետին-Խմբ.) քով։ Մարդը չի մերժեր, կը գրէ տեղեկութիւններդ ու կը խոստանայ… Գրուէ՛ ու երազէ օր մը ստանալու մասին. չէ՞ որ այլ թաղերու մէջ առած են… երազելը արգիլուած չէ, իսկ յուսալը լաւ բան է։
Ահա պատկեր մը կիներու գործնական խօսակցութենէ մը.
- Պէրպալեանի թաղը անուններ կը գրեն, ես ալ գացի գրուեցայ։
- Հա՛, քոյրիկիս թաղն ալ գրեր են…
- Ինչո՞ւ կը գրեն, լուր ունի՞ս։
- Կ՛ ըսեն թէ նախագահին տիկինը նուէր պիտի տայ…
- Ի՞նչ նուէր է եղեր։
- Կ՛ըսեն՝ դրամ պիտի տայ։
- Ամէնո՞ւն…
- Ով որ երթայ, կը գրեն։
- Է՞, խճողում չէ՞…
- Քիչ մըն ալ կեցիր արեւին տակ, չես հալիր…
- Հա՛, մեր եկեղեցին ալ կը գրեն, բայց յայտնի չէ թէ ինչ պիտի տան։
- Կ՛երեւի ձեզի Ամերիկայէն նուէրներ պիտի գան… վիզա եւ այլն։
- Ի զուր կը խնդաս, արձանագրուողներու թիւը արդէն երկու հազարը անցեր է, բան մը չես կորսնցներ որ երթաս գրուիս։
- Է՜…