Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Առողջապահութեան Համապարփակ Ապահովագրութեան Նախագիծ. Առաւելութիւններ, Խնդիրներ Եւ Մարտահրաւէրներ

$
0
0
Gizaged

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ, ԱՐԱ ԽԱՆՃԵԱՆ

 

ԱՐԱ ԽԱՆՃԵԱՆ

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

 

Անցնող Նոյեմբերին ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ Առողջութեան համապարփակ ապահովագրութեան (ԱՀԱ) ներդրման նախագիծը: Նախագծի գլխաւոր նպատակը բոլոր քաղաքացիներուն առողջութեան պետական ապահովագրութիւն տրամադրելն է, այդպիսով զանոնք, յատկապէս բժշկական ծախսերը դիմագրաւելու կարողութիւն չունեցող մեծամասնութիւնը, անվճար հիւանդանոցային բուժօգնութեամբ ապահովելը: Այս յօդուածով մեր կարգին կ՛անդրադառնանք ԱՀԱ նախագծի առաւելութիւններուն, որոշ խնդիրներուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:

 

Առաւելութիւններ

 

Ապահովագրութիւն Բոլորին Համար

 

Ըստ նախագիծի, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կայ սահմանափակ ծաւալով առողջապահութեան մասնաւոր ապահովագրութիւն, որ կը ծածկէ ընդհանուր առողջապահական ծախսերու միայն 1.5 տոկոսը: ՀՀ ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը զուրկ է առողջապահական ապահովագրութենէ, ու յաճախ կը ստիպուի մնալ ահռելի ծաւալի ծախսերու տակ: Այս պայմաններուն մէջ մարդոց մօտաւորապէս 20 տոկոսը, ըստ առողջապահութեան նախարարութեան, զննման կամ բուժման չեն դիմեր նիւթական անկարողութեան պատճառով: Կը մնան երկու ընտրանքի առջեւ՝ առողջութեան յաւելեալ բեկում կամ յաւելեալ նիւթական աղքատացում:

Այս իմաստով, ԱՀԱ նախագիծի գլխաւոր առաւելութիւնը՝ բոլոր քաղաքացիներուն հիմնական բժշկական պէտքերը հոգալու համար ապահովագրական ծածկոյթ տրամադրելն է: Կարելի կը մնայ մասնաւոր բժշկական ապահովագրութիւն գնել, հիմնական բժշկական ծառայութիւններէ դուրս մնացած ծառայութիւններուն համար (ԱՀԱի ծածկոյթի մանրամասներու համար տեսնել նախագիծին 60-63 յօդուածները):

 

Առողջապահական Ապահովագրութեան Ապաշուկայականացում

 

Առողջապահութիւնը նման է ուսման: Առաջին հերթին՝ մարդկային տարրական ու անսակարկելի իրաւունք է: Տակաւին, երբ երկրի ժողովուրդը ուսեալ ու առողջ է, տնտեսական արտադրողականութիւնը կը բարձրանայ ի բարօրութիւն բոլորին:  Առողջապահական ու կրթական ոլորտներու մասնաւորեցումն ու շուկայականացումը պատմականօրէն յղի եղած է ընկերային (սոցիալական) անարդարութիւն, անհաւասարութիւն եւ թշուառութիւն ծնելու ռիսկերով: Եթէ առողջական ծառայութիւններու տրամադրումը վստահինք շուկային, վերջինս, շահ ապահովելու իր գոյութենական նպատակին հաւատարիմ՝ կը վարէ բարձր գնային քաղաքականութիւն, որուն պատճառով միայն բարձր եկամուտ ունեցողները կը կարենան վճարել առողջապահական ծառայութիւններու համար, եւ երեսի վրայ կը մնան ցած եկամուտ ունեցողները: Ուրիշ խօսքով՝ շուկայական տրամաբանութիւնը ընդհանրապէս կը ձախողի տրամադրել որակաւոր ուսում եւ առողջապահական ծառայութիւններ ցած ու նոյնիսկ միջին եկամուտ ունեցողներուն: Մասնաւոր ապահովական ընկերութիւնները ոչ միայն ինքնարժեքէն աւելի բարձր գինով կը վաճառեն ապահովագրական փաթեթները յանուն յաւելեալ շահոյթի, այլ նոյնիսկ կրնան նուազեցնել ապահովագրութեան որակն ու ծածկոյթը. հիւանդացման լուրջ ռիսկեր ունեցող մարդոց համար, օրինակ, կրնան մերժել կամ դժուարացնել ապահովագրութեան վաճառքը. այլ պարագաներու, կրնան փորձել նուազեցնել կամ ձերբազատուիլ բուժումներու ֆինանսաւորումէն:

 

Մէկ Միասնական Գնորդ-Վճարող

 

Նախագիծի թիւ 4 պարբերութեան մէջ նշուած է, թէ «ԱՀԱն իրականացուելու է մէկ միասնական գնորդի-վճարողի սկզբունքով…»: Այս համակարգին անգլերէնը single-payer health care system-ն է, ուր կառավարութիւնը միակ գնորդը եւ վճարողն է բժշկական ծառայութիւններու: Գլխաւոր երկու պատճառներով, միասնական գնորդի-վճարողի սկզբունքով համակարգը կրնայ ծախսերը նուազագոյնի իջեցնել ու միեւնոյն ժամանակ տրամադրել առաւելագոյն առողջապահական ծառայութիւններ:

Ա.- Մէկ գնորդ-վճարող համակարգին կազմակերպական (administrative) ծախսերը համեմատաբար նուազ կ՛ըլլան: Մասնաւոր առողջապահական ապահովագրութեան ընկերութիւններուն կազմակերպական ծախսը բարձր կ՛ըլլայ, քանի որ անոնք յաւելեալ ծախսեր կ՛ընեն, օրինակ՝ ուսումնասիրելու համար ամէն մէկ յաճախորդի առողջական վիճակը: Մէկ գնող-վճարողի սկզբունքով առողջապահական ապահովագրութիւն ունեցող Գանատայի 2003ի առողջապահական ծախսերուն միայն 16.7 տոկոսը կազմակերպական ծախսեր էին, մինչ նոյն թուականին ԱՄՆի մէջ, ուր մասնաւոր-շուկայական է ապահովագրական համակարգը, 31 տոկոս էին անոնք: Կազմակերպական ծախսերու կողքին մասնաւոր առողջապահական ընկերութիւնները ունին նաեւ ծանուցման մեծ ծախսեր, որոնք դարձեալ շատ աւելի քիչ են՝ պետական ապահովագրութեան պարագային, ինչպիսին է ԱՀԱն:

Բ.- Մէկ գնորդ-վճարող համակարգը նաեւ կը նուազեցնէ նոյնինքն առողջապահական ծառայութեան ծախսերը: Միակ գնող-վճարող կառավարութիւնը բժշկական խնամք ու դեղեր վաճառողներուն հետ սակարկելու հսկայական առաւելութիւն ունի, որուն պատճառով կրնայ նուազեցնել գիները, այդպիսով նուազեցնելով առողջապահութեան ընդհանուր ծախսերը: Այս պատճառով, ներկայիս, ԱՄՆի մէջ նոյն դեղը երբեմն 4-5 անգամ կամ աւելի սուղ է, քան Գանատայի մէջ, ուր կայ մէկ գնող-վճարող՝ կառավարութիւնը, որ կը սակարկէ դեղորայք վաճառող ընկերութիւններուն հետ:

Այս երկու կէտերէն կարելի է եզրակացնել, որ քաղաքացիներու կողմէ մէկ գնող-վճարողով ԱՀԱի մը տրուելիք գումարին աւելի մե՛ծ համամասնութիւնը պիտի ուղղակիօրէն ծառայէ քաղաքացիներու առողջութեան, քան մասնաւոր ապահովագրութեան պարագային, ուր քաղաքացիի կատարած վճարումի մէկ մասը պիտի մսխուեր թղթաբանական, կազմակերպական եւ շուկայական մրցակցութեան բանալի՝ ծանուցման ու քարոզչութեան վրայ: Ալ չըսած՝ ընկերութեան սեփական շահոյթի համար գանձուելիք-պահուելիք գումարը:

Այսպիսով, ԱՀԱի միջոցով առողջապահական ապահովագրութեան համակարգի համապարփակ դառնալուն, ապաշուկայացման, հանրայնացման եւ մատչելիացման այս ընդհանուր ռազմավարական նպատակը միանշանակ ողջունելի է եւ զօրակցութեան արժանի:

 

Առողջութեան Հարկ. Մտահոգութիւններ Ու Խնդիրներ

 

Կ՛ակնկալուի, որ եթէ նախագիծը ընդունուի, ապա 2021ին ԱՀԱի ծախսերը մօտաւորապէս 230 մլրդ. դրամ ըլլան: Այս գումարի 46.4 տոկոսը կ՛առաջարկուի տրամադրել պետական պիւտճէէն: Իսկ մնացած 53.6 տոկոսի համար կը նախատեսուի ներդնել նոր հարկի տեսակ՝ Առողջութեան հարկ: 2021ին 6 տոկոս դրոյքաչափով Առողջութեան հարկ պիտի գանձուի երկրի իւրաքանչիւր աշխատող եւ ինքնազբաղուած քաղաքացիի եկամուտէն:

Ֆինանսաւորման այս միջոցի շուրջ բաւական հանրային աղմուկ բարձրացաւ: Կ՛անդրադառնանք հնչեցուած մտահոգութիւններէն քանի մը հատին միայն, եւ ապա, վերջին բաժինով, մեր կողմէն կ՛ընենք որոշ յաւելումներ:

 

Ստուերի Հարց

 

Յայտնուող քննադատութիւններէն մէկն այն է, թէ ինչո՛ւ ոմանք պիտի օրինաւոր ձեւով աշխատին ու առողջապահական հարկ վճարեն, մինչ ուրիշներ կը շարունակեն ստուերային շուկայի մէջ աշխատիլ՝ խուսափելով ամէն տեսակի հարկերէ: Այս ձեւով առարկողները երբեմն կը պնդեն թէ ԱՀԱն որդեգրելէ առաջ, նախ պէտք է սեւ հարկային դաշտը փոքրացնել:

Բնականաբար անհրաժեշտ է կտրականօրէն պակսեցնել եկամուտ ստացող, սակայն հարկ չվճարողներուն թիւը, յանուն բոլորի բարօրութեան: Սակայն, կը կարծենք, որ այս բարեփոխումը պէտք է գործադրուի դէպի ԱՀԱ համակարգ անցում գործընթացին զուգահեռ, ոչ թէ դառնայ այնքա՛ն խիստ նախապայման, որ բոլորովին ետ մղէ համընդհանուր ապահովագրութեան ներդրման ծրագիրը: ԱՀԱն թող յաւելեալ թափ տայ ստուերի դէմ պայքարին, այլ ոչ՝ արգելակուի կամ մոռացութեան մատնուի ստուերի գոյութեան պատճառով, եւ ասոր զոհը երթան աշխատող եւ պարտաճանաչօրէն հարկ վճարողներ, որոնք սակայն չունին անհրաժեշտ եկամուտը, հոգալու համար լուրջ հիւանդութեան մը ծանր ֆինանսական բեռը: Ստուերի գոյութեան շուրջ կառուցուող հակափաստարկը պէտք չէ սկզբունքօրէն հակադրուի ԱՀԱին, եւ կամայ թէ ակամայ անտէրութեան դատապարտէ աշխատասէր, սակայն պայմաններու բերմամբ անգործ մնացած կամ ցած եկամուտ ունեցող մարդոց հաւաքականութիւնը:

 

«Չաշխատողի Փոխարէն Ինչո՞ւ Վճարենք»

 

ԱՀԱի որոշ ընդդիմախօսներ նաեւ հարց կը բարձրացնեն այն մասին, թէ ինչո՛ւ պիտի իրենք, աշխատողները, վճարեն չաշխատողներու համար, զորս երբեմն նաեւ կը շտապեն որակել ծոյլ կամ մակաբոյծ: Անզգոյշ որակումներ են ասոնք: Նախ, չաշխատողներուն մէջ կան տարեցներ, երեխաներ, հաշմանդամներ եւ այլն: Եւ ինչպէս առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցչիներ ու ընդհանրապէս նախագիծի կողմնակիցներ ալ կ՛ըսեն, պարզ սոցիալական համերաշխութեան սկզբունքն է, որ առողջը վճարէ հիւանդին համար, երիտասարդը՝ տարեցին ու երեխային, աշխատողը՝ այդ պահուն անգործին եւ այլն: Չէ՞ որ նոյն առողջը՝ վաղը հիւանդ է, նոյն երիտասարդը՝ վաղը տարեց կամ երեխայի մայր-հայր, նոյն աշխատանք ունեցողը՝ թերեւս վաղը ժամանակաւորապէս անգործ: Տակաւին, պէտք չէ երբեք մտահան ընել, որ գործազրկութիւնը շատ յաճախ համակարգային խնդիրներու եւ շուկայի «օրէնքներու» պտուղ է, աւելի քան՝ անհատական քմահաճոյքի: Իսկապէս առողջ ու արդար հասարակութեան մէջ, ուր բոլորին համար կ՛ըլլան արժանապատիւ եւ բաւարարող աշխատանքի հնարաւորութիւններ (ներառեալ կրթութիւն, ենթակառուցուածքներ, խտրականութիւններու բացակայութիւն եւ այլն), դժուար թէ մարդը նախընտրէ գործազուրկ մնալով ծայրը ծայրին գոյատեւել: Կարելի է անշուշտ ունենալ որոշ խաւ մը, Հայաստանի մէջ վստահ ոչ մեծամասնական, որ իսկապէս ապահովուած է ամէն առումով, բայց եւ այնպէս կը նախընտրէ ոչ մէկ արտադրական գործունէութիւն ունենալ: Հնարաւոր է թերեւս պահանջել, որ ԱՀԱ նախագիծը կատարելագործուի այնքան մը, որ կարենայ տարբերակել այսպիսիները՝ իրապէս թշուառ ու անգործ մնացած մեծամասնութենէն, եւ ըստ այնմ հարկէ զանոնք եւս կամ անոնց չտրամադրէ ապահովագրութիւն: Սակայն այս խնդիրին համար, դարձեալ, կը կարծենք որ սխալ պիտի ըլլայ օրակարգէ ամբողջովին հանել ԱՀԱն ու հարուածել երկրի աղքատ(ացուած) մեծամասնութիւնը:

 

«Շատ Ստացողը Ինչո՞ւ Աւելի Վճարէ»

 

Վերջապէս, եթէ կայ բողոք առ այն, որ միանուագ 6 տոկոսը հարուստներէն կամ համեմատաբար բարձր վարձատրութիւն ստացողներէն կը պահանջէ քանակական առումով ԱՀԱի ֆինանսաւորման մէջ աւելի մեծ մասնակցութիւն, ապա մենք սկզբունքօրէն կը հակադրուինք այսպիսի քննադատութեան, յատկապէ՛ս տխրահռչակ հարկային համահարթեցման օրինագիծի լոյսին տակ: Միանուագ 6 տոկոսով թերեւս կարելի է ունենալ սոցիալական համերաշխութեան նուազագոյն աստիճան մը: Եթէ քաղաքացի մը ունի 100,000ի ամսական աշխատավարձ, պիտի վճարէ 6,000 դրամ առողջապահական հարկ, իսկ եթէ երկրորդի մը եկամուտը ամսական 1,000,000 է, պիտի վճարէ 60,000 դրամ առողջապահական հարկ: Սեպենք թէ երկուքն ալ կ՛ունենան նոյն հիւանդութիւնը, ու հիւանդանոցը կը բուժէ զիրենք: Այո, բարձր եկամուտ ունեցողը շատ աւելի վճարած կ՛ըլլայ նոյն հիւանդութեան համար քան ցած եկամուտ ունեցողը: Սակայն իր գրպանը այդ մէկ ամսուան գումարէն տակաւին կը մնայ 940,000, մինչդեռ առաջինի մօտ՝ ընդամէնը 94,000, որն արդէն անբաւարար է արժանաւայել եւ ապահովուած կեանքի մը համար, դեռ չհաշուած մնացած հարկատեսակները: (Աստիճանական (պրոգրեսիւ) հարկման արդար համակարգի մը գոյութեան պարագային թերեւս տարբեր ըլլար իրավիճակը. բարձր շահոյթի ու աշխատավարձի յաւելեալ հարկման միջոցով պիտի հաւաքուէր աւելի գումար, որուն ներկայութեան թերեւս կարելի ըլլար բոլորին աւելի ցած մէկ չափի վճար մը սահմանել:)

 

Սոցիալական Ազդեցութեան Գնահատման Եւ Հարկային Քաղաքականութեան Խնդիրներ

 

Թերեւս աւելի կարեւոր է Առողջութեան հարկի սոցիալական ազդեցութեան խնդիրը, որուն նախագիծին կողմէ տրուած գնահատականը կը թուի թոյլ եւ ոչ սպառիչ: Նախագիծը կը բաւարարուի նշելով, որ աշխատող քաղաքացիներուն 59 տոկոսին համար, որոնք կը ստանան մինչեւ 150,000 ամսական աշխատավարձ (մօտ 300 տոլար), առողջութեան հարկը կը մեղմուի վերջերս ուժի մէջ մտած նոր հարկային օրէնսգրքով, ըստ որուն՝ «2021թ.ից նախատեսվում է սահմանել եկմտահարկի չափը 20%շ տոկոս բոլոր աշխատողների համար:» ԱՀԱի նախագիծը կը շարունակէ. «Եկամտահարկի դրոյքաչափը շուրջ 59 տոկոս աշխատողների համար կը նուազի 4 տոկոսով, ուստի առողջութեան հարկի սահմանումը 4-6 տոկոսի չափով չի ունենայ զգալի բացասական ազդեցութիւն աշխատողների եկամուտների վրայ»։  Սակայն այստեղ կան ակնյայտ սխալներ: Նախ, դրոյքաչափը 23 տոկոսէն կը նուազի 20 տոկոսի, այսինքն 3, այլ ոչ 4 տոկոսով: Երկրորդ, այդ նուազումը 20 տոկոսի կը հասնի ոչ թէ 2021ին, այլ 2023ին: Խնդիրը այստեղ ոչ այնքան թիւերու տարբերութեան նշանակութիւնն է, այլ սոցիալական ազդեցութեան գնահատականի շուրջ տարուած անփոյթ աշխատանքը, որ արդէն իսկ հարցականի տակ կ՛առնէ նախագիծը ներկայացնողներու վերաբերմունքը այս խնդիրին, թէ իրապէս ի՛նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Առողջութեան հարկը մարդոց, յատկապէս ցած աշխատավարձ ստացող մեծամասնութեան անդամներու վրայ: Դեռ աւելին, նախագիծին այս մասը ամբողջովին կ՛անտեսէ նոյն հարկային նոր օրէնսգրքի այն կէտը, ըստ որուն եկամտահարկի նուազեցման զուգահեռ աստիճանաբար 2.5 տոկոսով պիտի բարձրանայ սոցիալական վճարի դրոյքաչափը: Ուրեմն, 59 տոկոս մեծամասնութեան համար գումարը պիտի ըլլայ ոչ թէ նախագիծի ներկայացուցածին պէս – 4 տոկոս (եկամտահարկ) + 4-6 տոկոս (Առ. Հարկ)= 0-2 տոկոս, այլ -3 տոկոս (եկամտահարկ) + 2.5 տոկոս (սոց. վճար) + 4-6 տոկոս (առ. Հարկ) = 3.5-5.5 տոկոս (չհաշուած այն, որ 4-6 տոկոսի 4ը դեռ միայն թէական է, 2021ի համար յստակ կ՛առաջարկուի 6 տոկոս).  Ուրեմն, կը ստացուի որ Համահարթեցման փաթեթը եւ առաջարկուող Առողջութեան հարկը միասին պիտի գան 3.5էն 5.5 տոկոսով (2021ին՝ հաստատ 5.5 տոկոս) աւելցնելու ցած աշխատավարձ ունեցող 59 տոկոս մեծամասնութեան հարկային բեռը, այդպիսով նուազեցնելով անոնց տնօրինուող եկամուտը: Ուշադրութիւն՝ աղքատ այս մեծամասնութիւնը միակն է երեք աշխատավարձային սանդղակներէն, որուն հարկերը այսպէս թէ այնպէս կ՛աւելնան: 150,000-2,000,000 շահողները գուցէ փոքր հարկային բեռի նուազեցում տեսնեն այն տարիներուն, երբ 4 տոկոսի մօտ կ՛ըլլայ Առողջապահութեան հարկը: Իսկ 2,000,000էն բարձր աշխատավարձ ստացող վերնախաւի ներկայացուցիչները շահաւոր դուրս կու գան ամէն պարագայի, քանի որ համահարթեցման օրէնքով 2,000,000էն բարձր գումարի հարկը կը նուազի 13.5 տոկոսով: Ինչքան մուտքերդ մեծ՝ այնքան քեզ հարկային նուէրներ, ինչքան փոքր՝ քեզ այնքան աւելի հարկ. սա է, ընդհանուր գիծերու մէջ, կառավարող ուժի հարկային քաղաքականութեան տրամաբանութիւնը, սոցիալական արդարութեան սկզբունքին ուղղակիօրէն հակադրուող:

Այո, վերոնշեալ խնդիրը ԱՀԱ նախագիծի եւ ԱՆի սահմաններէն անդին կ՛անցնի. բայց չէ՞ որ հարկային քաղաքականութիւնը պէտք է ներկայացնէ մէկ ամբողջութիւն. կառավարութեան մօտ կարծես չկայ համաձայնեցուած համընդհանուր հարկային քաղաքականութեան ռազմավարութիւն:

Վերադառնանք նախագիծին ու Առողջութեան հարկին: Խնդիրը աւելին է, քան նոր նշուած արդարութեան եւ հարկային քաղաքականութեան խնդիրը: Կը գիտակցինք անշուշտ, որ Առողջութեան հարկը յաւելեալ հարկային բեռ ըլլալու կողքին նաեւ կը խոստանայ ուղղակիօրէն թեթեւցնել քաղաքացիներու ծախսերը՝ ազատելով զիրենք բուժման վճարներէ: Այստեղ եւս սակայն, նախագիծը չի տրամադրեր հաշուարկներ, վերլուծութիւններ, յստակ գնահատական: Առնենք 100.000 ՀՀ դրամ աշխատավարձով աշխատող մը: 2021ին կ՛ակընկալուի, որ տրամադրէ 22,000 եկամտահարկ (22 տոկոս), 3500 սոցիալական վճար (3.5 տոկոս), 6000 Առողջութեան հարկ (6 տոկոս), 1000 դրամ բանակին: Տակը ամսական կը մնայ 67,500 դրամ (141 տոլար) եկամուտ: Այս մարդը ինչպէ՞ս ապրի, ինչպէ՞ս ընտանիք պահէ: Պիտի ըսուի, որ ԱՀԱ նախագիծի առաջարկած հարկը ընդամէնը 6000 կը պակսեցնէ ամսական եկամուտէն. այո, բայց  այդքան նեղ պայմաններով ապրողին համար 6000ը աննշան չէ. սնունդ, ջեռուցում, որոնք իրենց կարգին կ՛ազդեն առողջութեան վրայ ու ոչ միայն: Պիտի ըսուի, որ, փոխարէնը, այդ մարդն ու իր շուրջինները պիտի կարենան ձրի բուժում ստանալ, երբ կարիքը ըլլայ: Պատճառ չունինք հակառակը պնդելու: Բայց այսպիսի որոշում յստակ հաշուարկներու, վերլուծութեան, գնահատականի վրայ պէտք չէ՞ հիմնէ ինքզինք: Տնօրինուող եկամուտի այս նուազումը տարբեր եկամուտներ ունեցող խումբերու վրայ ճիշդ ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ: Աւելին. ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ այն մարդուն վրայ, որ միայնակ է, եւ ի՞նչ ազդեցութիւն անոր վրայ, որ իրմէ բացի 5 հոգիի ապրուստը կ՛ապահովէ: Ի՞նչ հաւանականութիւն կայ, հիմնուելով տուեալներու վրայ, որ շարքային աղքատ քաղաքացին կարիք ունենայ բուժման ծախսերու: Այդ ծախսերէն որո՞նք անխուսափելի են եւ որո՞նք ինք պիտի նախընտրէր ստորադասել 6000ին՝ վերջինով զաւակներուն քիչ մը աւելի լաւ սնունդ տալու համար: Հաւանական բժշկական ծախսերու եւ ամսական 6000ի համեմատութիւնը ճիշդ ի՞նչ է: Այս բոլորին համար պէտք են թիւեր, հաշուարկներ, վերլուծութիւններ, որմէ ետք միայն կարելի է խօսիլ սոցիալական ազդեցութեան մասին: Կարճ ըսած՝ նախագիծը պէտք է կարենայ փաստարկուած կերպով հաւաստիացնել որ 6 տոկոսի հաւելեալ հարկը սոցիալապէս պիտի բարելաւէ առնուազն բնակչութեան մեծամասնութեան վիճակը, այլ ոչ հակառակը:

Նմանօրինակ հաշուարկներու վրայ հիմնուած, օրինակ, պէտք չէ՞ ըլլար տարբերակուած մօտեցում որոշ սահմանագծէ ցած աշխատավարձ ստացողներուն հանդէպ, օրինակ անոնց Առողջութեան հարկի դրոյքաչափերը նուազեցնելով: Պէտք չէ՞ հաստատուեր, օրինակ, չհարկուող շեմ: Ասոնք, անշուշտ, դարձեալ չեն սահմանափակուիր առողջութեան հարկով եւ աւելի լայն հարկային համակարգի խնդիրներ են, բայց քանի ԱՀն կը կառուցուի արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող համակարգին վրայ, պէտք է նկատի առնել այս բոլոր խնդիրները՝ անոր դրոյքաչափը որոշելու ընթացքին:

Վերջապէս, ինչո՞ւ աշխատող քաղաքացիներուն վրայ առողջութեան հարկ,  ընդհանրապէս: Ինչո՞ւ որոշուած է այս միջոցով ֆինանսաւորել ԱՀԱի բացը. դարձեալ նախագիծը չի տար բացատրութիւն ու հիմնաւորում: Կամայակա՞ն է ընտրութիւնը: Բազմաթիւ երկիրներու մէջ առողջութեան հարկի մէկ կարեւոր մասը կը մնայ գործատուի՛ն վրայ, թեթեւցնելով աշխատողին բեռը (Ֆրանսա՝ հարկի 70 տոկոս գործատու, 30 տոկոս աշխատող. Գերմանիա, Ճափոն եւ Ամերիկեան Medicare՝ 50 տոկոս-50 տոկոս. աղբիւրը): Կարելի չէ՞ր, օրինակ, այսպիսի մօտեցումներու դիմել, առնուազն որոշ շեմէ ցած աշխատավարձ ունեցողներուն համար:  Վերադառնալով Համահարթեցման փաթեթին, յիշեցնենք, որ այն նաեւ նուազեցուցած էր խոշոր բիզնեսի շահութահարկը, որուն տարեկան բիւջետային մուտքի կորուստը գնահատուած էր 11 մլրդ. դրամ, այսինքն՝ Առողջութեան հարկով 2021ին հաւաքուելիք 122.8 մլրդ.ի մօտ 9 տոկոսը. իսկ եկամտահարկերու համահարթեցման, որուն գլխաւոր շահառուները բարձր ու գերբարձր աշխատավարձ ստացողներն էին եւ կամ գործատուները, արդիւնքով՝ տարեկան կորուստը 30 մլրդ. հաշուարկուած էր:  Կը ստացուի, որ Համահարթեցումը եթէ չըլլար, 41 մլրդ. դրամ պիտի խնայուեր բիւջէի համար, ու հիմա ապահովուած պիտի ըլլար ԱՀԱի համար պակսող 122.8 մլրդ.ի մէկ երրորդը, եւ պետութիւնը կարիք պիտի չունենար այսքան քերթելու ցած աշխատավարձներէն՝ Առողջութեան հարկի տեսքով:

Նմանապէս, սերտուա՞ծ է արդէօք այդ բացը լրացնելու համար որոշ գերխոշոր բիզնեսներու յաւելեալ հարկման հնարաւորութիւնը, յատկապէս անոնց, որոնք տարիներով ուղղակիօրէն պատճառ հանդիսացած են քաղաքացիներու այսօրուայ ու վաղուայ առողջական խնդիրներուն (իմա՝ մետաղական հանքահէնները): Եթէ ոչ, ինչո՞ւ. այդքան հե՞շտ է բոլորէն, ներառեալ ծայրը ծայրին ապրողներէն գանձելու որոշում առնելը: Եթէ սերտուած են, ու ոչ նպատակայարմար գտնուած, ապա ո՞ւր են վերլուծութիւնները եւ հիմնաւորումները: Ալ չենք խօսիր՝ այդպէս ալ չիրականացող անցումային արդարադատութեամբ վերադարձուելիք գումարներուն մասին, որոնց գոյացութեան պարագային հաւանաբար լուծուէին այս ու այլ հարցերը:

Կարճ՝ ԱՀԱն, ինչքան ալ դրական եւ արդարամէտ, իր ֆինանսաւորման ձեւի ընտրութիւնը չէ հիմնաւորած նախագիծին մէջ: Այս տեսքով, առողջութեան հարկը կը բարձրացնէ սոցիալական ազդեցութեան եւ արդարութեան հետ կապուած մտահոգութիւններ:

 

Փոխան Եզրակացութեան

 

Առաջարկուած նախագիծը ունի քննադատութիւն կամ մտահոգութիւն առաջացնող որոշ դրոյթներ: Անդրադարձանք անոնցմէ ոմանց: Այս մէկուկէս ամսուան ընթացքին հնչած են այլ մտահոգութիւններ եւս, կապուած բժշկական եւ հիւանդանոցային ոլորտներու մէջ կոռուպցիայի տակաւին լիովին չվերանալուն (օրինակ յայտնուած է մտահոգութիւն, որ բժիշկներ կրնան գործակցիլ հիւանդներու հետ որպէսզի պետութենէն գանձեն վճարումներ՝ չկատարուած բժշկական ծառայութիւններու համար, կամ կրնան կատարել հիւանդին ոչ անհրաժեշտ բժշկական ծառայութիւններ), կապուած բշժկական ծառայութիւններու որակին եւ Առողջութեան հարկի անոր համապատասխանութեան, կապուած ԱՀԱի ծածկոյթին եւ այլն:  Բարձրացուած հարցերէն ոմանք, ինչպէս օրինակ ստուերի եւ կոռուպցիայի հարցերը, նուազ կապ ունին ուղղակի նախագիծին հետ. ուրիշներ, յատկապէս ԱՀԱի ֆինանսաւորման, յաւելեալ հարկային բեռի եւ անոր սոցիալական ազդեցութեան խնդիրները՝ ուղղակիօրէն կապուած են նախագիծին: Վերջինները, կը կարծենք, համեմատաբար աւելի նախապայմանային տեսակի են, ու պէտք է փարատին՝ նախագիծի ընդունումէն առաջ: Անհրաժեշտ է նաեւ, որ շատ լայն, ոչ ձեւական, ու նաեւ ԱԺի պատերէն անդին հանրային քննարկումներու դրուին այս հարցերը, որպէսզի հանրութեան տարբեր շերտերը, ու մանաւանդ՝ մեծամասնութիւնը կազմող ցած եկամուտ ունեցողները, կարենան իրազեկ ըլլալ, կարծիք արտայայտել եւ ազդել որոշումին վրայ: Ստուերի, կոռուպցիայի, բուժօգնութեան որակի խնդիրները, միւս կողմէ, կախեալ են կառավարութեան եւ առողջապահութեան նախարարութեան այլ աշխատանքներէն ու ծրագիրներէն. պէտք է, անշուշտ, լուծում տալ անոնց եւս, սակայն կը կարծենք, որ պէտք է զգուշանալ, որ անոնք չդառնան պատճառ կամ որոշ ուժերու ձեռքին՝ պատրուակ, թեթեւ ձեռքով հրաժարելու համար այլապէս անհրաժեշտ ԱՀԱի նախաձեռնութենէն (մասնաւոր ապահովագրութեան ընկերութիւնները, օրինակ, հաւանական է որ նպաստեն ԱՀԱի դէմ պայքարին):  Անհրաժեշտութեան պարագային կարելի է նոյնիսկ աւելիով յետաձգել ԱՀԱի ուժի մէջ մտնելը, մինչ այդ այլ բարեփոխումները աւարտին մօտեցնելու նպատակով: Պէտք չէ մոռնալ սակայն, որ ամէն օր, որ կ՛ուշանայ ԱՀԱի գործադրումը, նոր ցած եկամուտ ունեցող ընտանիքներ կը զրկուին անհրաժեշտ բժշկական խնամքէ:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles