Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Դաշնակցութեան Ոյժը Իր Յեղափոխական Էութեան Մէջ Է

$
0
0

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

 

Նազարէթ Պէրպէրեան

Դաշնակցութիւնը իր պատմութեամբ, վաստակով, այսօրուան վարքագիծով ու կազմակերպական կառոյցով «հրատապ օրակարգ»ի վերածուած է հայ հանրային կարծիքի եւ հայ քաղաքական միտքի բոլոր հարթակներուն վրայ՝ այն օրէն ի վեր, որ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը համացանցի վրայ յայտարարեց, թէ որոշած է ՀՅԴ հայաստանեան կազմակերպութեան շարքերէն արտաքսել – այո՛ «արտաքսել» եւ ոչ թէ միայն «հեռացնել» – Հայաստանի ՀՅԴ «Աղբալեան» Ուսանողական միութեան վարչութեան երեք անդամներ:

Մամուլի, զանգուածային հաղորդակցութեան միջոցներու եւ համացանցի ու դիմատետրի ընթերցողներուն թէ հետեւորդներուն լայնքին-երկայնքին լուսաբանուած, մեկնաբանուած եւ թեր ու դէմ գնահատանքի արժանացած են այն իրադարձութիւններն ու քաղաքական-գաղափարական խմորումները, որոնց հետեւանքով Դաշնակցութիւնը այսօրինակ «թափանցիկութեամբ» ու «հրապարակայնութեամբ» յայտնուած է հայաշխարհի հետաքրքրութեան կիզակէտին:

Յայտնապէս ո՛չ ոք կարիքը կը զգայ յաւելեալ լուսաբանութեանց՝ նոյնիսկ այն կարեւորագոյն հարցին շուրջ, թէ միայն քանի՞ մը «Աղբալեանական» ուսանողներ «պատժուած» են, ինչպէս որ կը յայտարարեն Գերագոյն մարմինի շրջանակները, թէ՞ աւելի քան յիսուն դաշնակցական ուսանողներ «պատժուած» կամ «կամովին հեռացած» են, ինչպէս որ կը պնդեն Գերագոյն մարմինի վարած այսօրուան քաղաքականութեան հակադրուած «Աղբալեանականներ»:

Բայց այսպէս կոչուած «ՀՅԴ օրակարգ»ով շահագրգռուած բոլորը – «կուսակցական կարգապահութենէ» խօսող դաշնակցականներէն մինչեւ հակադաշնակցական իրենց հինունոր բարդոյթին յագուրդ տալու ախորժակը սրած «Դաշնակցութիւնը անելիք չունի» յայտարարողները – ոտքի ելած են եւ բուռն «ոգեւորութեամբ» լծուած են Դաշնակցութեան մասին իրենց տեսակէտը ամէն գնով տարածելու եւ պաշտպանելու՝ ի հարկին «հակառակորդ»ը լուտանքով, հայհոյանքով եւ սպառնալիքով «գաղափարականօրէն փոշիացնելու» աշխատանքին:

Ողջմիտ ձայներ չեն պակսիր, անշո՛ւշտ, հրապարակին վրայ:

Բանիմաց եւ սրտցաւ խորհրդածութիւններ, արժեւորումներ ու յորդորներ կը լսուին ծայր աստիճան բեւեռացուած քննարկումներու կամ բանավէճերու մէջ անգամ:

Պակսողը սակայն ամբողջ երանգապնակը դիտարկելու եւ վերլուծելու՝ ճիշդն ընդունելու կամ խոստովանելու, իսկ սխալը մերժելու եւ դատապարտելու գաղափարական պարկեշտութիւնն է, մտաւորական քաջութի՜ւնն ինքնին:

Եթէ առկայ ըլլան ողջմտութիւնն ու պարկեշտութիւնը, հաւասարապէս թէ՛ ՀՅԴն «պաշտպանողներու» եւ թէ ՀՅԴն «քննադատողներու» ճամբարներէն ներս, բնականաբար կարելի կ՛ըլլայ ՀՅԴի օրակարգը պահել իր բուն պարունակութեան մէջ, որ կը կայանայ հայ ժողովուրդի թաւշեայ յեղափոխութեան եւ անոր անվիճելի դրօշակիրին՝ վարչապետ Փաշինեանի քաղաքական վարքագիծին եւ անոր նկատմամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ու ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի վարած քաղաքականութեան քննարկումին ու արժեւորումին մէջ՝ նոյնինքն հայ ժողովուրդի բովանդակ շահերու պաշտպանութեան դիրքերէն – Ռոստոմի իսկ բառերով՝ ազգային պատասխանատուութեան ոգիով:

Մայիս 2018էն ի վեր շարունակուող քաղաքական սկզբնապէս խուլ, իսկ աստիճանաբար աղմկայարոյց դարձած առճակատումի օրակարգ է ատիկա, որ ըստ ամենայնի եւ ըստ էութեան հրապարակուած է հայաշխարհով մէկ ու հանրային սեփականութիւն դարձած է ամէնուր:

Բայց այդ օրակարգը այս պահուն արդէն անդին անցած է ՀՅԴ հայաստանեան քաղաքականութեան տուն տուող պատճառներու, նաեւ ու մանաւանդ վիճայարոյց դրսեւորումներու քննարկումէն. արուեստական ու մտացածին ընդհանրացումներով յանգած է Դաշնակցութեան համապարփակ «արժեւորման» կեղծ օրակարգին:

Այսուհանդերձ՝ նոյնիսկ առաւելագոյն հրապարակայնութեան այսօրուան պայմաններուն մէջ, հանրութեան լուսարձակին տակ բերուած բաւարար տուեալներ դեռ չկան, որպէսզի մեր ժողովուրդը ձերբազատուի «ՀՅԴի հետ» կամ «ՀՅԴի դէմ», նաեւ ու մանաւանդ՝ «Նիկոլի հետ» կամ «Նիկոլի դէմ» ըլլալու անհեթեթ ու անհիմն, այլեւ շինծու երկընտրանքէն՝ հոգեբանական պատերազմի ճնշումէն ու մտալլկումէն:

Պարզ ու ամփո՛փ՝ օրակարգը չի վերաբերիր Դաշնակցութեան 129ամեայ ուղիին նորովի արժեւորման:

Հայ ժողովուրդը շատոնց իր գնահատականը տուած ու ամրագրած է:

Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդին ազգային հարստութիւնն ու արժէքն է՝ բոլորի կարգին նաեւ թաւշեայ յեղափոխութեան առաջնորդին վկայութեամբ:

Թերահաւատները թող բանան համացանցի իրենց բեմերը, գտնեն kantsasar.comի կայքը եւ հաստատեն, թէ տագնապահար Հալէպի մէջ ազգային ինչպիսի՜ խօսուն միասնականութեամբ քանի մը օր առաջ նշուեցաւ ՀՅԴ 129ամեակը, ոչ միայն հալէպահայութեան բոլոր շրջանակներու, այլեւ Հայաստանի իշխանութեանց ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:

Սիմոն Զաւարեան կ՛ահազանգէր 111 տարի առաջ. «Մեր տգէտ եւ վատասերած կեանքին մէջ, աղաւաղուել է եւ քաղաքական կռուի գաղափարը, կռուի շիտակութեան սկզբունքը»:

Գաղափարական այդօրինակ աղաւաղման հետեւանքով է, որ հակադաշնակցական քարոզարշաւի նորօրեայ զինուորագրեալները՝ իբր թաւշեայ յեղափոխութեան զօրակցութեան դրօշի՝ այսօր վեր կը բարձրացնեն երբեմնի Վանօ Սիրադեղեանի «Թութակը նոր բան սովորում է, իսկ դեբիլը՝ ո՛չ» խորագրեալ հակադաշնակցական պարսաւագիրը:

Այլօրինակ աղաւաղման հետեւանքով է, որ անտես կ՛առնուի, նոյնիսկ ցեխարձակման կ՛արժանանայ Դաշնակցութիւնը իբրեւ ազգային արժէք ու հարստութիւն ընդունող եւ անոր ճառագայթման նախանձախնդիր Արա Պապեանի սրտցաւօրէն վերջերս կատարած էական դիտարկումը, որուն համաձայն՝ Դաշնակցութեան պատմակերտ ԱՒԱՆԴով հպարտացող մեր ժողովուրդին այժմու սերունդները արդարօրէն ՀՅԴէն կը սպասեն հայրենի հայութեան այսօրուան պահանջներուն եւ հեռանկարներուն ընդառաջող ու ծառայո՜ղ քաղաքական կամք ու գործ, այլ ոչ թէ պատմակերտ դրամագլուխի մսխում:

Կռուի շիտակութեան սկզբունքի աղաւաղման հետեւանքով է, նաեւ ու մանաւանդ, որ Դաշնակցութիւնը «պաշտպանելու» դիրքերէն արհամարհական անտեսումի եւ բանադրումի կը դատապարտուի մեր ընտանիքէն արտաքսուած «Աղբալեանական» ուսանողներու դաշնակցականավայել այն կեցուածքը, երբ անոնք հրապարակաւ կը յայտարարեն, թէ չեն գիտեր ու չեն հասկնար, որ ինչպէ՛ս ներքին շրջանառութենէ դուրս հանուեցաւ ու հրապարակուեցաւ բացառապէս դաշնակցական ընկերներու ուղղուած իրենց հաւաքական դժգոհութեան նուիրուած ընկերական նամակը:

Նման խոստովանութիւնները, ըստ մեր կազմակերպական անգիր օրէնքներուն, ոչ միայն չեն անտեսուիր կամ չեն արհամարհուիր Դաշնակցութեան մէջ, այլեւ կը նուիրագործեն գործ կատարող դաշնակցականին նաեւ սխալելու կանոնագրական իրաւունքը ու, ընկերական նախանձախնդիր ներողամտութեամբ տրուած կարգապահական պատիժի կիրարկումով, կը հզօրացնեն բարոյական հիմքը ՀՅԴ Կանոնագիրին ու կարգապահութեան:

Յատկապէս երբ սխալողը եւ պատժուողը ուսանող է, որովհետեւ ՀՅԴ Կանոնագիրի հաստատագրած դաշնակցական ուսանողական միութիւններու առանձնաշնորհեալ կարգավիճակով՝ Դաշնակցութիւնը իր աչքի լոյսին պէս կը գուրգուրայ ընդհանրապէս հայ ուսանողութեան եւ, որոշապէս, դաշնակցական ուսանողին վրայ:

Ո՛չ, խօսքը չի վերաբերիր յեղափոխութեան դէմ մատնութեան, դաւաճանութեան ու օտարի ծառայութեան տիպի «սխալ»ներու, որոնք խորքին մէջ արժանի ալ չեն սխալ որակուելու, որովհետեւ ուղղակի յանցագործութիւն են, որոնց նկատմամբ մեր Կանոնագիրը նախատեսած է արտաքսման ծանրագոյն պատիժը՝ իբրեւ նախաքայլը, ինչպէս անցեալին կը կատարուէր, յեղափոխական պատիժի կիրարկումին:

Ի վերջոյ մեր Կանոնագիրը դաշնակցականներու զէնքն է վարէն վեր բարձրացող հակակշիռ ապահովելու՝ ժողովներու եւ մարմիններու պարտաւորութեանց ու իրաւասութեանց, այլեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ու կանոնակարգման ներքին ժողովրդավարութիւնը ամրագրելու նպատակով:

Մեր Կանոնագիրը երբեք զէնք չէ եղած հակառակին՝ վերէն վար ճնշում բանեցնելու, բռնանալու կամ հակակշիռ պարտադրելու:

Չէ՞ որ Դաշնակցութեան մէջ մենք սորված ենք մեր աւագներէն եւ սորվեցուցած ենք մեր նորագիրներուն, նաեւ՝ մեր ժողովուրդին հրապարակա՜ւ իրազեկած ենք, թէ դաշնակցականին կարգապահութիւնը ինքնաբուխ է եւ վեր ամէն կարգի պարտադրանքէ:

Չէ՞ որ հակակարգապահական արարքներու համար տնօրինուած կարգապահական պատիժները Դաշնակցութեան մէջ որոշապէս դաստիարակչական բնոյթ ունին՝ պարզ նկատողութենէն աստիճանական խստացումով բարձրանալով մինչեւ մէկ տարուան կախակայում եւ հեռացում:

Դաստիարակչական իմաստէ ու արժէքէ զուրկ է կարգապահական մեր պատիժներուն մէջ միակը՝ ինքնին արտաքսումը, ինչ որ յեղափոխական կռուի ժամանակ անկասկած իր վճռորոշ կարեւորութիւնը ունէր, բայց որ այլապէս՝ գործելու ազատութեան եւ ժողովրդավարական պայքարի պայմաններուն մէջ, կարգապահական իր անվիճելի նշանակութիւնը բնականաբար հարցականի տակ կը դնէ:

Չէ՞ որ, վերջապէս, ՀՅԴ Կանոնագիրը կը բխի ՀՅԴ Ծրագիրէն ու կոչուած է ծառայելու եւ կազմակերպելու ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԳՈՐԾը ողջ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ՝ ժողովներ ու մարմիններ ըլլան անոնք, թէ շարքային կազմեր եւ անհատ ընկերներ:

Ի վերջոյ կամայականօրէն կամ հռետորականութեամբ չէ՛, որ մեր հիմնադիր թէ մեր ուղին հարթած սերունդները՝ իրենց յառաջապահ դէմքերով շարունակ պատգամած են. «Դաշնակցութեան ոյժը իր երկաթեայ կարգապահութեան մէջ է»:

Եւ այդ պատգամին մակերեսային ընկալումով չէ՛, որ ահա 129 տարիէ ի վեր դաշնակցական կարգապահութիւնը ոչ միայն կը պահպանուի, այլեւ շարունակ կը վերանորոգէ իր ուժականութիւնը:

Դաշնակցական հասկացողութեամբ՝ երկաթեայ ամրութիւն կ՛ապահովէ մեր կարգապահութիւնը միայն այն ատեն, երբ յեղափոխականի ինքնակամ զոհաբերութեան գաղափարական աղբիւրէն կը բխի կարգապահութիւնը՝ Աղբիւր Սերոբներու անսակարկ անձնուիրութեան օրինակով ու աւանդով:

Այո՛, Դաշնակցութեան յեղափոխական էութենէն բխող ղաշնակցականներու ինքնակամ կարգապահութիւնն է, որ բարոյական եւ գաղափարական առումով երկաթեայ ուժականութիւն կը կուտակէ:

Իր այդ խորքով ու թռիչքով էր, որ Դաշնակցութեան յեղափոխական կարգապահութիւնը անպարտելի մնաց եւ վեր բարձրացաւ անգամ ամէնէն միաձոյլ կառոյցը ունեցող բանակներու եւ կուսակցութիւններու կեդրոնաձիգ կարգապահութենէն:

Կրկնելու գինով իսկ ականջի օղ պահենք Ռոստոմին պատգամը, թէ ինչո՛ւ «պարզ էր, որ յեղափոխութեան յենարանը պէտք էր փնտռել ո՛չ Կովկասում եւ ոչ էլ արտասահմանում, ուր կարող են շատ շուտով ոգեւորուել եւ նոյն արագութեամբ էլ սառչել եւ անտարբերութեան մէջ ընկղմուել, այլ այնտեղ, հեռո՛ւ, հայ ժողովուրդի տանջուող սրտի մէջ, եւ որ յեղափոխութիւնը կանգ չի առնի ոչ մի խորտակիչ ոյժի առաջ, քանի գոյութիւն ունեն կեանքի տանջանքները,- նա միայն կը փոխի իր ձեւը, յարմարուելով նոր պայմաններին, եւ երբեք իր էութիւնը»:

Ինչպէս որ Դաշնակցութեան արիւնոտ դրօշով առաջնորդուած յեղափոխութեան յենարանը գտնուեցաւ մեր ժողովուրդին տանջուած սիրտին մէջ, այնպէս ալ դաշնակցական կարգապահութեան յենարանը ՀՅԴ յեղափոխական էութեան պահապան կանգնելու եւ ամէն գնով հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան պայքարին նուիրուելու դաշնակցականին յանձնառութեան մէջ է:

Առանց ՀՅԴ Ծրագիրին եւ անկէ բխած ազգային-քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական առաջադրանքներու իրագործումին անսակարկ նուիրուելու գաղափարական յանձնառութեան՝ կարգապահութիւնը անբովանդակ զինուորագրութեան կը վերածուի դաշնակցականին համար:

«ՀՅԴ օրակարգ»ին այսօրուան արծարծումները ի սկզբանէ դատապարտուած են սոսկ պատեհապաշտական չարաշահումներու յագուրդ տալու, եթէ պատրաստ չեն յաղթահարելու հայ քաղաքական միտքը երկար տասնամեակներ տագնապեցուցած երկու հիմնական մեծ բացեր.

  1. Պոլշեւիկներու ծաւալած հակադաշնակցական համապարփակ պայքարի հետեւանքով՝ Դաշնակցութիւնը հայրենի հայութեան համար վերածուած է ոչ միայն մեծ անծանօթի, այլեւ բառին ամէնէն նողկալի իմաստով «ժողովուրդի թշնամի»ի:
  2. Խորհրդային ամբողջատիրութեան դէմ 70 տարի հակահամայնավար գաղափարական պայքար մղելէ ետք, Դաշնակցութիւնը հայրենիքի մէջ վերընձիւղուեցաւ Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարին յառաջամարտիկի դիրքերով՝ պատմութեան փոշեծածկ գզրոցներուն մէջ ձգած վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը լիիրաւ եւ լիարժէք ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՄԲ հզօրացնելու իր ծրագրային յանձնառութիւը՝ յեղափոխական էութիւնը:

Առանց այս զոյգ ուղղութիւններով երկխօսութիւն ծաւալելու եւ բանավէճ զարգացնելու գաղափարական պարկեշտութեան ու մտաւորական քաջութեան՝ հայ քաղաքական միտքի հրապարակը սոսկ աղմուկով լեցնելու կը ծառայեն մերօրեայ «ՀՅԴ օրակարգ»ին կարգախօսային արծարծումները:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles