Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Փոմփէօ Արժանի՝ Անարդարութեան… Մրցանակի

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Ս. Մահսէրէճեան

Արաբական աշխարհը, գոնէ անոր մէկ կարեւոր հատուածը դարձեալ յուզումի մատնուած է։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Փոմփէօ կողմնակալութեան ու անարդարութեան նոր վկայական մը շահեցաւ իրեն ու իր կառավարութեան համար, երբ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն ապօրինի չի նկատեր պաղեստինեան հողերու վրայ հրէական բնակեցման վայրերու կառուցումը։

Յայտարարութիւնը արդար ընդվզումի արձագանգներով դիմաւորուեցաւ քիչ մը ամէն տեղ։ Մատնանշուեցաւ, որ աւելի քան 40 տարի առաջ, Քէմփ Տէյվիտի մէջ «խաղաղութեան համաձայնագիր»ի մը կնքումին կնքահայրութիւնը յանձն առած եւ ինքզինք «անկողմակալ միջնորդ» հռչակած ամերիկեան կառավարութիւնը ահաւասիկ նոր ապացոյց մը կ՛աւելցնէ իր անարդար դիրքորոշումներուն «վաստակ»ին վրայ։ Թրամփ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցած էր Դեկտեմբեր 2017ին, իսկ Մայիս 2018ին, տեղի ունեցաւ Երուսաղէմի ամերիկեան դեսպանատան բացումը, նոր կանաչ լոյսեր վառելով պաղեստինան հողերու բռնակցման քայլերուն դիմաց, որոնք տասնամեակներէ ի վեր կ՛այլափոխեն պաղեստինցիներու պատկանող հողամասերուն նկարագիրը։ Իր կարգին, ընտրապայքար մղող՝ Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահու քուէարկութեանց նախօրեակին հրատարակեց քարտէս մը, որ աշխարհին ցոյց կու տար, թէ Իսրայէլ որոշած է Արեւմտեան Ափէն նոր հողեր կցել, քայլ առ քայլ յառաջ տանելով պաղեստինեան պետութեան յուղարկաւորումը։

Եասէր Արաֆաթ եւ սերնդակիցներ հաւանաբար իրենց գերեզմաններուն մէջ անհանգիստ են, որովհետեւ Ռապինի հետ 25 տարի առաջ խաղաղութիւն կնքելու բարենպատակ մօտեցումը մատնուած է Անուար Սատաթին տրուած եւ յետոյ դրժուած խոստումներուն ճակատագիրին։ Պաղեստինեան իշխանութիւնները կոկորդ կը պատռեն, թէ եղածը նոր անարդարութիւն է, միջազգային օրէնքներու աղաղակող բռնաբարում։ Իսկ եթէ վաղը որոշ խմբակներ դարձեալ ոյժի դիմեն՝ իրաւունք պաշտպանելու եւ արդարութիւն պահանջելու նպատակով, իսրայէլեան հրթիռները պիտի տարափուին Կազայի եւ այլ շրջաններու բնակիչներու գլուխներուն, պայքարողները պիտի պիտակուին «ահաբեկիչ», ինթիֆատայի նոր ալիքներ պիտի խեղդուին արեան մէջ, խաղաղութեան կորսուած աղաւին պիտի փետրահան ըլլայ, տապկուի ու «արդարութիւն» տարածողներուն ստամոքսը պիտի իջնէ։

***

Նոյն անարդար վարքագիծը ապրեցաւ այլ դրսեւորումներ։ Իսրայէլ սուրիական Կոլանը վերջնականապէս իրեն կցուած յայտարարեց ու Ուաշինկթըն անցեալ Մարտին իր կնիքը չզլացաւ այդ քայլին։ Թուրքիա նոյն տրամաբանութեամբ քանի մը տարի առաջ կցեց Ալեքսանտրէթը, հիմա պատրաստած է Սուրիոյ հիւսիսային՝ սահմանային գօտին նախ իրողապէս, իսկ յարմար ատենին ալ վերջնականապէս կցելու «ճամբու քարտէս» մը։

Առածը կ՛ըսէ. «Ախորժակը ուտելով կը բացուի»։ Իսրայէլի ու Թուրքիոյ ախորժակները քաջալերողներ պատնէշի վրայ են։ Փոմփէոյի նորագոյն յայտարարութիւնը նման քաջալերանքի վկայութիւն է, աւելին՝ յստակ միջամտութիւն՝ Իսրայէլի ներքին քաղաքական կեանքին, եթէ մտաբերենք, որ Նեթանիահու ընտրութիւններէն ետք իրեն տրուած պայմանաժամին մէջ չյաջողեցաւ կառավարութիւն կազմել ու… պէտք ունէր նման «քաջալերանքի»։ Սա չի նշանակեր, թէ զայն փոխարինողը, եթէ ըլլայ, տարբեր տրամաբանութեամբ պիտի գործէ։ Նոյն ախորժակով վարակուած են Իսրայէլի ղեկը ձեռք առնողները, անոնք կոչուին Լիքուտ, Աշխատաւորական, Քատիմա կամ այլ։

Չէ՞ որ Թուրքիան ալ նոյնպիսի հետեւողականութիւնը ունի՝ դրացիներու եւ իր սահմաններէն ներս ապրողներուն հանդէպ անարդար վարմունքով, իշխողը կոչուի Սուլթան, իթթիհատական, քեմալական թէ Էրտողան, որուն Սպիտակ տուն վերջին այցելութիւնը այլապէս նորագոյն խեղկատակութիւն մը արձանագրեց հայութեան արդար պահանջին նկատմամբ ամերիկեան «արդարադատութեան» տարեգրութեանց մէջ…

***

Արաբական աշխարհին դիմագրաւած ողբերգութեան մէկ այլ երեսն ալ այն է, որ անցեալի ազգայնականութեան ու որոշակի միասնութեան փոխարէն, այսօր կը տիրէ մասնակի շահերու հետամտութիւն, ատիկա ըլլայ կամովին թէ որոշ երկիրներու պարտադրուած՝ արտաքին ուղեցոյցներով։ Յետոյ, կամովին թէ հարկադրաբար, անոնք կը տարուին այն քարոզչութիւններով, թէ Թուրքիա կը կանգնի արաբներուն եւ պաղեստինցիներուն կողքին, թշնամի յայտարարած է Իսրայէլը։ Իսրայէլի զինուորներուն դէմ քարերով ու պարսատիկով պայքարող պաղեստինցի մանուկներն ու պատանիները վստահաբար այնքան  խելամիտ են, որ այլեւս չեն հաւատար նման վրան-բաց սուտերու։

…Արդեօք Նոպէլեան մրցանակի յանձնաժողովը յառաջիկայ տարուան համար սկսա՞ծ է ցանկեր կազմել։ Ցարդ ծանօթ մրցանակներուն վրայ պէտք է աւելցնել «Անարդարութեան Մրցանակ» մը։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles