ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ
«Ասպարէզ»ը, ըլլալով ազատ կարծիքի եւ միտքի արտայայտութեան հարթակ՝ ստորեւ կը հրատարակէ Անի Աստaուրեանի «Մետալին Միւս Երեսը» խորագրեալ յօդուածը, առանց անպայման բաժնելու անոր մէջ տեղ գտած բոլոր կարծիքները.
Այս օրերուն, ամէն տեղ կը կարդանք Հայաստանի կրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հասցէին ուղղուած կշտամբանքներ, քննադատութիւններ, երբեմն ալ՝ յորդորներ:
Այս գրութեամբ ո՛չ պիտի պաշտպանեմ Արայիկ Յարութիւնեանի առաջարկած ծրագիրը, ո՛չ ալ պիտի քննադատեմ զայն, պարզ այն պատճառով, որ իրապէ՛ս «անդաստիարակ» եմ հարցին կապակցութեամբ. տեղեակ չեմ Հայաստանի հայեցի կրթութեան որակին եւ ծալքերուն ու ճիշդ չեմ հասկնար, թէ ի՛նչ է առաջարկուածը: Օրինակ, երբ կը կարդամ «պարտադիր չէ» նախադասութիւնը, կը մտածեմ թէ Ֆրանսայի կամ Ամերիկայի մէջ ալ պարտադիր չէ ֆրանսերէնի կամ անգլերէնի դաս առնելը, երբ ուսանելիքդ երկրաչափութիւն է կամ՝ տնտեսական գիտութիւն: Այլ հարց, որ եթէ մինչեւ երկրորդականի աւարտը հայ ուսանողը չէ տիրապետած իր լեզուին եւ սեփական ազգի պատմութիւնը քննական մօտեցումով չէ սերտած, թերեւս պէտք ունենայ մէկ-երկու տարի եւս դասընթացքներու հետեւելու համալսարանին մէջ: Կը տեսնէք ուրեմն, որ անտեղեակ եմ մանրամասնութիւններէն. հետեւաբար՝ կը խուսափիմ դատելէ եւ վճիռ արձակելէ:
Այս գրութեամբ կ՛ուզեմ նայիլ մետալին միւս երեսը, եթէ անշուշտ թոյլ տրուի:
Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեծ մօր ու մեծ հօր սերունդին կը պատկանիմ: Սփիւռքի մէջ ծնած ու մեծցած ըլլալով, բնականօրէն Սփիւռքը կը նկատեմ վայր մը, ուր կազմուած է ինքնութիւնս: Սփիւռքի երէց սերունդին շնորհիւ յաճախած եմ հայ դպրոց եւ մտովին ու հոգեպէս կապուած եղած եմ ամբողջական Հայաստանի երազին: Արեւմտահայաստանը իմ հոգեղէն երկիրս է. արեւմտահայերէնը իր մեսրոպեան ուղղագրութեամբ՝ իմ լեզուն:
Եւ քանի որ սփիւռքահայութիւնը մեծ մասամբ կազմուած է Արեւմտահայաստանէն տեղահանուած հայերով՝ Սփիւռքը իմ պապերուս երկրին շարունակութիւնն է: Ի՛նչ դիպուկ է Եդուարդ Պօյաճեանի այն տողը, որով Ճէպէլ Մուսան կ’որակէ «հայրենիքի մը սկիզբը…»:
Հետեւաբար, տարօրինակ եւ բարդ հոգեվիճակ մը կ՛ապրիմ, երբ Հայաստանէն արտագաղթած հայերուն թիւը այնքա՛ն կը շատնայ, որ կը խախտէ ի՛մ Սփիւռքիս հաւասարակշռութիւնը: Գիտեմ՝ շունիկիս պէս «տարածքային» կը դառնամ եւ կ՛ընդվզիմ, ո՛չ թէ որովհետեւ Հայաստանէն եկողները չեմ ընդունիր (բարի եկան հազա՛ր բարի), ո՛չ թէ որովհետեւ արեւելահայերէնը չեմ սիրեր (շա՜տ կը սիրեմ եւ շա՜տ կը կարդամ արեւելահայ գրողներու գործերը), այլ որովհետեւ ի՛մ տարածքիս լեզուն, ի՛մ արեւմտահայերէնս իր մեսրոպեան ուղղագրութեամբ վտանգուած կը նկատեմ ամէն ժամանակէ աւելի:
Չեմ հասկնար ուրեմն, Հայաստանի մէջ ուսուցուելիքին կամ չուսուցուելիքին համար բարձրացած այս աղմուկը, երբ հո՛ս , մեր ափերուն վրայ մենք ամէն օր տեղի կու տանք ու կը լքենք ո՛չ միայն արեւմտահայերէնը, այլեւ՝ մեսրոպեան ուղղագրութիւնը:
Ոչ ոք վիրաւորելու նպատակ ունիմ, բայց կ՛ուզեմ, որ բոլորս հաշտ խիղճերով նայինք մետալին միւս երեսը:
Արդեօք այն երիտասարդները, որոնք այսօր Արայիկ Յարութիւնեանի դէմ պայքարի ելած են Քալիֆորնիոյ տարածքին, հայերէն խօսիլ, գրել, կարդալ գիտե՞ն: Հաւանաբար ոմանք գիտեն, բայց անկեղծ ըլլանք մենք մեզի հետ՝ անոնց մեծամասնութիւնը կր-նա՞յ նախադասութիւն մը հայերէնով սկսելէ ետք զայն շարունակել առանց անգլերէնին դիմելու:
Այդ նոյն երիտասարդները ո՞ւր էին անցեալ տարի, երբ Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէն գիտաժողով մը կազմակերպած էր Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան նուիրուած եւ վայրը դիտմամբ ընտրած էր Նորթրիճ համալսարանը, ուր բազմահարիւր հայ ուսանողներ կան: Անոնք ինչպէ՞ս ներկայ չեղան հայոց պատմութեան ամէնէն կարեւոր էջերէն մէկը քննարկող գիտաժողովին. իսկ հիմա կը պահանջեն հայոց պատմութեան պարտադիր դասաւանդո՞ւմ իրենցմէ տասնեակ հազարաւո՜ր մղոններ հեռու Հայաստանի համալսարաններուն մէջ:
Հապա ի՞նչ ըսել Դաշնակցութեան քոյր կազմակերպութիւններէն մէկուն մասին, որ հայաստանցի երեխաներուն աբեղեանական ուղղագրութեամբ հայերէն կը դասաւանդէ. ոչ միայն կը դասաւանդէ, այլ դասագիրքերը Հայաստանէն բերել կու տայ, երբ վստահաբար ճար մը կարելի է գտնել պարսկահայերու մեսրոպեան ուղղագրութեամբ պատրաստուած դասագիրքերը գործածելու: Ասիկա եղա՞ւ հիմա: Ո՞ւր են բողոքողները: Ինչո՞ւ մեսրոպեան ուղղագրութեամբ մտահոգ կազմակերպութիւնները բան մը չեն ըսեր եւ բռնած են անզօրի դիրք մը. «Է՜հ, ի՞նչ ընենք. իրենք այս ուղղագրութեան վարժուեր են» կամ՝ «աբեղեանական ուղղագրութիւնը աւելի դիւրին է, քան՝ մեսրոպեանը»…
Եթէ այդքան դիւրին է հոսանքին ուղղութեամբ թիավարելը եւ կուլ տրուիլը մեծամասնութիւն դարձած աբեղեանականներով, հապա ինչո՞ւ կը բողոքենք Հայաստանի կրթական ծրագիրին հաւանական փոփոխութիւններուն դէմ: Կ՛արթննանք ու կը բողոքենք միա՛յն, երբ քաղաքական հաշիւներ կան. այս իրողութիւնը դժբախտաբար տարածուած է հայութեան բոլո՛ր շրջանակներուն մէջ եւ բաւական վհատեցուցիչ է:
Հապա ի՞նչ կրնաք ըսել Քալիֆորնիոյ հայ վարժարաններուն մէջ դասաւանդող հայ ուսուցիչներուն նիւթական վարձատրութեան մասին: Անոնք իրենց անբաւարար ամսական վարձատրութենէն պէտք է բաժին հանեն առողջապահական ապահովագրութիւն գնել կարենալու համար. գալով իրենց թոշակին՝ պարզապէս գոյութիւն չունի: Մենք, որ հայ ուսուցիչը փառաբանող ամէնէն հարուստ բառամթերքը ունինք, երբ հարցը կու գայ իրապէ՛ս փաստելու մեր յարգանքը իրենց կատարած գործին հանդէպ՝ կը պապանձինք… նիւթապէս: Փոխարէնը՝ կրնանք ութը միլիոն տոլար հաւաքել թանգարան մը կառուցելու երազով տոգորուած: Գեղեցիկ պատերով, նոյնքան գեղեցիկ նկարներով եւ արձաններով քարէ՛ շէնք: Հայ դպրոցին մէջ հոգին հատցուցած հանգստեան կոչուելիք հայ ուսուցիչը դժբախտաբար շէնք չէ, որուն շինութեան համար նիւթական մեծ գումարներ նուիրաբերելու կամ հաւաքելու պատրաստակամութիւն յայտնենք: Մեր կազմակերպութիւնները եւ երիտասարդները օր մը, վայրկեան մը մտածա՞ծ են ազգային նկարագիր կերտող հայ ուսուցիչին զօրավիգ կանգնիլ շօշափելի ձեւով:
Այլ հարց. յանկարծ, որոտումէ ցնցուած կարծես՝ փողոց կ՛իջնենք դպրոցի մը փակման դէմ բողոքելու: Այդ դպրոցին հարիւր քառասունհինգ աշակերտները պիտի զրկուին հայեցի դաստիարակութենէ (թէեւ, արդար ըլլալու համար պէտք է նշել, որ խնամակալութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է փոխադրամիջոց հայթայթելու զիրենք այլ դպրոց մը տանելու եւ անկէ վերադարձնելու նպատակով): Գոռում, գոչիւն: Հապա ի՞նչ կ՛ըսենք եւ ի՞նչ կ՛ընենք հանրային դպրոցներ յաճախող հազարաւո՜ր հայ մանուկները «փրկելու» համար: Ի դէպ, դպրոցէն ետք հայերէնի դասաւանդութիւնները այդ դպրոցներէն ոմանց մէջ կ՛ըլլան արեւելահայերէնով եւ… աբեղեանական ուղղագրութեամբ: Բողոքած ունի՞նք: Մշակուած ծրագիր մը կա՞յ, գոնէ սուրիահայ կամ լիբանանահայ մանուկները փրկելու սխալ ուղղագրութիւն սորվելու պատուհասէն:
Ժամանակին, պոլշեւիկեան հալածանքներէն փախած մտաւորականներու սերունդը կերտեց մշակութային հաստատութիւններ եւ վարժարաններ, որպէսզի վառ մնար ամբողջական Հայաստանի, ամբողջական հայութեան երազը: Հայու ինքնութիւնը կազմող լեզուն, պատմութիւնը, մշակութային աւանդները փոխանցուեցան բազմաթիւ սերունդներու: Հայագիտական ամպիոններ հիմնուեցան՝ ուսուցիչ ու խմբագիր պատրաստելու հեռանկարով:
Այս օրերուն վտանգուած է անգին զոհողութիւններով կառուցուած այդ Սփիւռքը: Գալիք ուսուցիչներն ու խմբագիրները կա՛մ հայերէն պիտի չգիտնան, կա՛մ «դիւրին» ուղղագրութեամբ եւ անշուշտ՝ արեւելահայերէնով պիտի գրեն: Հայաստանեան թերթերէ արտատպումները ամբողջութեամբ պիտի ողողեն սփիւռքահայ թերթերու էջերը:
Շա՛տ յարգելի եւ սիրելի բարեկամ մը վերջերս կ՛ըսէր. «Մոռցի՛ր արեւմտահայերէնը. վերջացած խնդիր է…». սուր ցաւ մը զգացի այդ պահուն. ինծի այնպէս թուեցաւ, թէ կ՛ըսէր. «Մոռցի՛ր Սփիւռքը. Երկիրը. Ակնը, Երզնկան»:
Թաւշեայ յեղափոխութենէն գոհ կամ դժգոհ՝ մարդիկ մոռցած կը թուին ըլլալ պարպուած Արեւմտահայաստանը, կորսուող արեւմտահայերէնը եւ ազգային արժէք՝ մեսրոպեան ուղղագրութեան վերահաստատման անհրաժեշտութիւնը: Ներկայ Հայաստանի հարցերով տարուած՝ պատրաստ են տեղի տալու եւ մոռնալու, թէ ինչպէ՛ս կազմուած է արտերկիրը եւ ինչպէ՛ս պահուած է ու զարգացած: Եթէ արեւմտահայերէնով փոխանցուած չըլլար Կորուստը, մենք ո՛չ պահանջատէր եղած կ՛ըլլայինք մեր իրաւունքներուն, ո՛չ ալ Հայ Դատի յանձնախումբեր ունեցած կ՛ըլլայինք… որովհետեւ լեզուն նաե՛ւ բռնագրաւուած հայրենիք է եւ անոր հասնելու միջոց:
Սփիւռքը եւ Հայաստանը իրարու պէտք ունին անկասկա՛ծ: Սփիւռքահայը եւ Հայաստանահայը հայ են եւ վե՛րջ. այո՛. բայց ի՛նչ լաւ կ՛ըլլար, եթէ Հայաստանի ղեկավարները, կրթութեան նախարարութիւնը, Սփիւռքի պաշտօնակատարին հետ մէկտեղ մտածէին աւելի՛ միացնել նոյն ժողովուրդի տարբեր հատուածները անժամանցելի դարձած մեսրոպեան ուղղագրութեան աստիճանական վերադարձով:
Եւ ի՛նչ լաւ կ՛ըլլար, եթէ Հայ-ամերիկեան թանգարանի վարիչները տեսլական մը ունենային ապագայ շէնքին սրահներէն ոմանք վերածելու հայագիտական հիմնարկի, ուսուցիչ եւ խմբագիր պատրաստելու ծրագիրներ մշակող վայրի, դպրոցէն ետք հայ աշակերտներու մեսրոպեան ուղղագրութեամբ արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն դասաւանդելու յատկացուած աշխատանոցներու:
Եւ ի՜նչ լաւ կ՛ըլլար, եթէ անհամ եւ պառակտող բամբասանքները եւ պարսաւանքները մէկ կողմ դրած՝ այս գաղութի բոլո՜ր անդամները իրենց թեւերը սոթտէին եւ վերսկսէին առո՛ղջ գաղութի մը կերտման աշխատանքին:
Եւ ի՜նչ լաւ կ՛ըլլար, եթէ հայ եկեղեցւոյ առաջնորդները, աշխարհական թէ հոգեւոր՝ տայի՜ն, տայի՜ն եկեղեցւոյ գանձերէն. աւելի՜ տային հայ դպրոցին, ֆոնտեր հաստատէին հայ ուսուցիչին հանգստեան թոշակ ապահովելու համար, գտնէին ձեւեր՝ հասնելու համար հանրային դպրոց յաճախող աշակերտներուն. անկարելին կարելի՛ ընէին ոչ միայն աղօթքով, այլ անանձնական նուիրածութեամբ:
Հոս դեռ շա՜տ բան կայ ընելիք: Սփիւռքը հայրենիքին սկիզբն է: