
«Մեսրոպ Մաշտոց եւ Սահակ Պարթեւ» յուշարձան, Երեւանի պետական համալսարանին մէջ: Քանդակագործ՝ Արա Սարգսեան
ՍԱՐԳԻՍ ՏԱՂՏԷՎԻՐԵԱՆ
Եւ դեռ համալսարանի մասնագիտական ուսումնական ճիւղերը անվերջանալիօրէն կարելի է շարունակել:
«Սլաք»իս նիւթը՝ վերջերս, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հրապարակ նետած անհեթեթ մէկ որոշումն է, որ քննութեան առարկայ կը դարձնէ հայագիտական նիւթերը «Բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն»ներուն (ԲՈՒՀ) ոչ-հայագիտական բաժանմունքներուն մէջ այլեւս պարտադիր չդարձնելը, վերածելով զանոնք ընտրովի նիւթերու:
Վերնագիրէն չշփոթել, որ հարցը կը վերաբերի միայն գիտական մարզին, այլեւ մարդկային գիտութիւններու՝ փիլիսոփայութեան, ընկերաբանութեան, հոգեբանութեան եւ այլն:
Նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի եւ իր խմբակցութեան պատճառաբանութիւններէն են.
– Ուսանողներուն «ԲԵՌ»ը թեթեւցնել,
– 12ամեայ կրթութեան ընթացքին աշակերտները «ԲԱՒԱՐԱՐ» ծանօթութիւն արդէն կը ստանան հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ գրականութեան մասին (չակերտումները եւ գլխագրումները իմ կողմէ),
– Լիւվենի (Leuven, Պելճիքա) համալսարանին մէջ եւս տեղական ֆլամաներէնը ընտրովի դասանիւթ է:
Այս է որ կը պատահի, երբ զանազան նախարարութիւններ կը ջնջուին կամ կը միաւորուին մէկի մէջ, «բեռնաւորելով» նախարարը եւ իր անձնակազմը, պատճառ դառնալով անտրամաբանական որոշումներու:
Այս արդիւնքը կու տայ մարմնակրթութիւնը մտային կրթութեան գրասենեակին մէջ մխրճելը. խնդրեմ չշփոթէք «Առողջ միտք, առողջ մարմինի մէջ» յունական իմաստութիւնը, նախարարութիւնները միաձուլելու կացութեան հետ. նախարարութիւնը տեսլականի եւ համապատասխան աշխատանքներու համատեղումը կ՛ենթադրէ, իսկ մարմնայինը մտայինին հաւասարեցնելը ցոյց կու տայ կառոյցին թերիութիւնը:
Հայաստանի մէջ տեսած ենք գիտնականներու կազմաւորում պարտադիր հայագիտական նիւթերու դասաւանդումով:
Հայաստանի մէջ վկայ եղած ենք գերազանց արուեստագէտներու իրագործումներուն պարտադիր հայագիտական նիւթերը սորվելով:
Հայաստանի ԲՈՒՀերը մարդկային գիտութիւններու մասնագէտներ յառաջացուցած են պարտադիր հայագիտական նիւթերը պահանջելով:
Տակաւին չեմ անդրադառնար «յաւելեալ» լեզուի մը մասնագիտական իմացութեան, ժողովուրդի «մը» պատմութեան աստիճանական առաւել ծանօթութեան եւ հայ գրականութեան գոհարներուն ոչ-պարզեցուած ճաշակումին հայ ուսանող պատանիին ու երիտասարդին ուղեղին վրայ ունեցած դրական արդիւնքին՝ աւելի ճիւղաւորուած տրամաբանութիւն ու գործունէութիւն, որմէ կ՛օգտուին թէ՛ խնդրոյ առարկայ անհատը եւ թէ, ի վերջոյ, հասարակութիւնն ու ազգը:
Սակայն այս նախարարութեան նպատակը, ըստ երեւոյթին, վերոյիշեալ ուսանողի մակարդակը պահել չէ, այլ առիթ տալն է այն երիտասարդութեան, որ մտային նուազ կարողականութեամբ, լաւագոյն պարագային միայն իր նիւթին մասին ամփոփուածութեամբ տէր պիտի դառնայ բարձրագոյն վկայականի Հայաստանի մէջ, առանց հայագիտական նիւթերու մէջ մասնագիտանալու…
Նաե՛ւ ստեղծել, իբրեւ թէ մասնագիտացած, բայց ըստ էութեան ապազգային երիտասարդութիւն, ապագայ սերունդ մը, որ հաճոյ կը թուի միայն մեր թշնամիներուն կամ մեզ ազգայնօրէն անջիղ դարձնել ուզողներուն:
Մեսրոպ Մաշտոցի ու Թարգմանչաց սերունդի առաջնակարգ գործը, թարգմանութիւններուն կողքին, իրենց գրական, իմաստասիրական եւ գիտական ստեղծագործութիւնները հայերէնով գրելն էր. հայերէնաստեղծներ ըլլալու կողքին նաեւ գիտնականներ էին անոնք, յարատեւ մասնագիտացող ու արարող:
Մօտիկ անցեալին, եթէ հայագիտական նիւթերը համալսարաններուն մէջ պարտադիր դարձած էին, պատճառներ գոյութիւն ունեցած էին. նախկին լեւոնական-պլէեանական հոսանքը չէզոքացնելու, իսկական մտային հայապարիսպ կազմաւորելու եւ աւելի հեռուն երթալով՝ ազգային հպարտութեան տուեալներուն հիմնաւորումը ներարկելու:
Ի վերջոյ ի՞նչ է մեր ուզածը մեր ուսանողութենէն՝ «զարգանալ, առանց ամրանալո՞ւ»: Աշակերտութեան առաջին 12 տարիներու նախնական ուսումը բոլորովին ալ չի տար, հակառակ նախարարին համոզումին, նախատեսուած գիտելիքը եւ հայօրէն ամրանալու հիմքը:
Իսկ Պելճիքայի կամ աշխարհի որեւէ մէկ վայրի «լաւագոյն» համալսարանին մէջ տեղական լեզուի, պատմութեան եւ գրականութեան մասնագիտութեան ոչ-պարտադիր (ընտրովի) բնոյթը, նախ որ, ո՛չ մէկ կապ ունի Հայաստանի ԲՈՒՀերուն որդեգրելիք ուսումնական ծրագիրներուն հետ, ապա այդ համալսարաններու վայրերուն իրավիճակը ո՛չ մէկ համեմատական եզր ունի Հայաստանի աշխարհաքաղաքականին հետ: Մեր երկրին համար ազգայինը, գեղեցիկը եւ բարձրը ընդունելի են ներմուծելու համար. ապազգայինը եւ մեր գոյութենական պայքարին վնասող «յաջողակ» թուացողները՝ դո՛ւրս Հայաստանէն:
Կարելի չէ շարունակ նման այլանդակութիւններ հրապարակ նետել իբրեւ հանրային քննարկումի նիւթ (ինչպէս պարագան էր Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգին, դրօշակին ու զինանշանին փոփոխութիւններու հարցը, դպրոցներէն ճատրակի դասընթացքներու ու զինուորական մարզական պարապմունքներու ջնջումը, հայոց պատմութեան վերաշարադրումը, եւ այլն) մեր ժողովուրդին ուշադրութիւնը շեղելու հիմնական՝ ազգային, ընկերային, տնտեսական եւ ապահովական խնդիրներէն, որ իսկական մղիչն էին 2018ի ժողովրդային շարժումին:
Գիւտ կատարած չեմ ըլլար արձանագրելով, որ մեր հայրենիքին նիւթական եւ հոգեմտաւոր արժէքները պահելով ու զարգացնելով մենք կը գոյատեւենք:
Մեր երկրին սահմաններուն ունինք երկու հարեւաններ, որ բացայայտօրէն կը յայտարարեն, թէ «Զանգեզուրը աշխարհագրականօրէն ջլատած ու մասնատած է թրքական (իմա՝ համաթուրանական) պետութիւնը». ուշադի՛ր, անոնց խօսքը կ՛երթայ Զանգեզուրին եւ ոչ թէ ազատագրուած Արցախին, ու պատրաստ են մեր Հանրապետութիւնը յօշոտելու:
Հայագիտական նիւթերու ԲՈՒՀերուն մէջ պարտադիր մնալը (եւ ոչ միայն) գրաւական է Հայաստանի երիտասարդութեան իր անձնական (մարդկային) ու Հանրապետութեան պարիսպները անառիկ պահելու եւ իր գոյապայքարը յաղթանակով պսակելու համար: Հարկաւոր է միայն «լրջօրէն» վերլուծել իրավիճակները: