
Նազարէթ Պէրպէրեան
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայաստան-Սփիւռք ամբողջացման կամ Համահայկական Օրակարգի այժմէականացման որոնումներու կիզակէտին՝ հայ քաղաքական միտքը կը դիմագրաւէ շարունակ գլուխ ցցող, բայց միշտ ալ առկախ հարցերու դարակը նետուող մեծադիր մարտահրաւէր մը:
Խօսքը կը վերաբերի հայ ժողովուրդին հաւաքական ուժը լարելու, շարժման մէջ դնելու եւ հզօրացնելու հրամայականին, որ քսաներորդ դարու 30ականներուն առաւելագոյն խտացումով բանաձեւուեցաւ անմահն Չարենցի կողմէ՝ «Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է» ծածկագիր պատգամով:
Իսկ հարցերուն հարցը ա՛յն է, որ մենք՝ իբրեւ հայ ազգային հաւաքականութիւն, հազարամեակներու վրայ երկարած մեր ժողովուրդի պատմութեան ամբողջ ընթացքին, դժուարութիւն ունեցած ենք հայութեան ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԸ իրականութեան վերածելու:
Հայ գրականութեան թուխ Արամազդին՝ Աւետիս Ահարոնեանի յայտնի ախտորոշումով, հաւաքական ուժ կերտելու հայ ժողովուրդին ձախողութեան պատճառը հայութեան ԿԵԴՐՈՆԱԽՈՅՍ հոգեկերտուածքն է: Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան աշխարհաքաղաքական վերլուծութիւնը կատարելով՝ Ահարոնեան կը յանգի այն եզրակացութեան, որ Հայկական լեռնաշխարհի շեշտակի մասնատուածութեան ու բնակլիմայական խոր տարբերութիւններուն հետեւանքով է, որ հնագոյն ժամանակներէն իսկ՝ հայոց համախմբման եւ կեդրոնացման բնակավայրերը իրարմէ զատորոշուած են կենցաղի, մտայնութեանց եւ հոգեկերտուածքի ցայտուն առանձնայատկութիւններով:
Միաժամանակ պատմական օրինաչափ իրողութիւն է, որ հայոց պատմութիւնը ինքնին շարունակական մաքառում մը եղած է՝ ի խնդիր Հայաստան աշխարհի տարածքին ցանուցիր հայութիւնը, նախարարական տուներով հանդերձ, թագաւորական հարստութեանց իշխանութեան ներքեւ կեդրոնացումին: Տիգրան Մեծի աշխարհակալութեան նուաճումով՝ հայ ժողովուրդը ինքն իրեն եւ աշխարհին համար փաստեց, ոտքերը վերմակէն դուրս ու անդին երկարելու գնով, որ ի վիճակի է ե՛ւ հաւաքական ուժի հզօրանք իրագործելու, ե՛ւ ռազմաքաղաքական իր տաղանդին գերակշռութիւնը հաստատագրելու:
Այսինքն՝ դարերու խորերէն գալով, հայութեան կեդրոնախոյս հոգեկերտուածքը կը շարունակէ դժուարացնել հայ ժողովուրդին հաւաքական ուժը լարելու, շարժման մէջ դնելու եւ հզօրացնելու հայ քաղաքական միտքի թիւ 1 մարտահրաւէրին յաջողութեամբ պսակումը:
Պատմական ճակատագրապաշտութեան արծարծումին չեն միտիր այս խորհրդածութիւնները: Պարզապէս կը նշեն ենթահողը այն հին ու նոր, այլեւ ցաւոտ վէրքին, որ անձնակեդրոնութեան ու անհատապաշտութեան արատն է եւ իր տրամաբանութեամբ հունաւորած է հայ ազգային ինքնահաստատման երթը արդի ժամանակներուն:
Չարենցի «Պատգամ»ին առաջադրած հաւաքական ուժը կը միտէր հայ ազգային-քաղաքական արեւելումներու եւ պատկանելութիւններու մէկտեղումին՝ համադրումին եւ միաւորումին, բայց որու խորքին իր լուծումը՝ ինքնայաղթահարման իր ուղին մեքենաբար չէր կրնար գտնել ՀԱՅուն բնորոշ կեդրոնախոյս հոգեկերտուածքը:
«Գիրք ճանապարհին» վերծանող Չարենցը շատ ուշ անդրադարձաւ, որ միագիծ զարգացումով չ՛ընթանար քաղաքակրթական եւ պատմական հոլովոյթը, եւ որ բացառուած է մէկ ու միակ ճշմարտութեան հաւաքագրուելու դաւանամոլութիւնը ինչպէս մարդկային բոլոր հաւաքականութեանց, այնպէս եւ հայ ժողովուրդի աշխարհացրիւ խմբաւորումներուն համար:
Բայց ահա աւելի քան ութսուն տարի անցած է Չարենցի պատգամէն ասդին, ողջ աշխարհի հետ նաեւ հայ ժողովուրդը անցած է պատմակերտ վերիվայրումներէ, այդուհանդերձ դեռ առաջադրանքի ոլորտին մէջ խմորուող բաղձանքէ անդին անցնելու եւ իրապէս յառաջխաղացք արձանագրելու դժուարութեան կը բախի հայութեան հաւաքական ուժին լիարժէք նուիրագործումը:
Համահայկական Օրակարգի սանձազերծման եւ Հայաստան-Սփիւռք ամբողջացման դիտանկիւնէն՝ հայութեան հաւաքական ուժի կերտման առանցքային դժուարութիւնը փաստօրէն կը կայանայ կազմակերպ ուժ առաջացնելու ազգային մեր անկարութեան մէջ:
Մինչ Հայաստանը Սփիւռքին կը նայի իբրեւ պետականատիրութեան կենսափորձէ զուրկ հայկական համայնքներու եւ աշխարհացրիւ բեկորներու ազգային գումար, Սփիւռքն ալ Հայաստանին կը նայի իբրեւ ազգային ինքնակազմակերպումի կռուաններէ զուրկ եւ սեփական ընտանիքներով, հարեւաններով ու ընկերական շրջանակով բաւականացած քաղաքացիներու գումար:
Այսինքն՝ մինչ Հայաստանի աչքին Սփիւռքը շատ կուսակցականացուած կազմակերպուածութիւն ունի, Սփիւռքի համար ալ Հայաստանը ընդհանրապէս կազմակերպուածութիւն չունի: Սփիւռքահայ գործիչը որքան մերձենալ եւ անդամագրուիլ կ՛ուզէ իր համակրած կուսակցութեան, հայաստանցի գործիչը այնքան հետամուտ է հեռու մնալու կուսակցական յանձնառութենէ:
Աւելի՛ն. մինչ Սփիւռքը նախանձախնդիր է, որ գաղութներու ազգային-միութենական կազմակերպ կեանքը ըստ հնարաւորինս անհատներու ղեկավարման վրայ չկեդրոնանայ, այլ հետամուտ ըլլայ մարմիններով եւ ժողովներով առաջնորդուելու ժողովրդավարութեան, Հայաստանի պարագային անձնակեդրոն համակարգով՝ անձ-ղեկավարով կը պայմանաւորուի ոչ միայն կուսակցութիւններու եւ քաղաքական դաշինքներու արժանահաւատութիւնը, այլեւ պետական կառավարման համակարգի ժողովրդավարական կազմաւորումն անգամ:
Անշուշտ փոխազդեցութիւնը բնականոն զարգացման օրինաչափութիւններուն մաս կը կազմէ եւ Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ փոխ-հարստացման եւ փոխ-լրացման օրէնքը ի վերջոյ համադրումը պիտի գտնէ եւ այդ հունով յառաջ պիտի մղէ հայութեան հաւաքական ուժի հզօրացման երթը:
Հետեւաբար, հայ քաղաքական միտքը այսօր առաջնահերթաբար կոչուած է մատը դնելու ճի՛շդ վէրքին վրայ, որպէսզի կարենայ Համահայկական Օրակարգի յստակացման եւ Հայաստան-Սփիւռք ամբողջացման առաջադրանքին շուրջ ծաւալած քննարկումները ձերբազատել սոսկ բաղձալի հեռանկարներով յուսադրուելու, բայց սայլը տեղէն չկարենալ շարժելու անպատեհութենէն:
Արդէն նկատելի դարձած են յետընթաց ընկրկումները:
Վերանկախացման առաջին քայլերէն նախագահական իշխանութիւն հաստատելու փութկոտութեան տրուելով՝ Հայաստանը ոչ միայն ձեռք չքաշեց կեդրոնաձիգ ու անձ-ղեկավարի իշխանութեան բեռէն, այլեւ արատաւորեց խորհրդարանական համակարգը եւս, նախագահական պաշտօնավարման սահմանադրական իր ժամանակը սպառած նախագահի մը սիրոյն սահմանադրութիւն փոխելով ու վարչապետական կեդրոնաձիգ իշխանութեան արտառոց համակարգ մը կեանքի կոչելով:
Միեւնոյն ուղղութեամբ՝ անձ-ղեկավարներու հասակի չափին ու քիմքին համապատասխան կուսակցութիւնները կրտելու, գրպանի կուսակցութեանց վերածելու հայաստանեան հանրապարտադիր հոսանքը չուզեց բարեփոխուիլ Սփիւռքի տարածքին պահպանուած ազգային կուսակցութիւններու կազմակերպական աւանդներով: Ընդհակառակն՝ անկախ Հայաստանի իրերայաջորդ իշխանաւորները ամէն միջոց ի գործ դրին, որպէսզի սփիւռքահայութեան մօտ եւ սփիւռքեան կուսակցութեանց մէջ ունենան ղեկավար-անձ խօսակիցներ, այլ ոչ թէ հաւաքական կամք ներկայացնող մարմիններ ու ժողովներ:
Թէեւ Սփիւռքը դեռ վար չէ դրած իր զէնքերը եւ կը շարունակէ պայքարը յանուն հաւաքական ուժի կռուաններուն՝ ձգտելով կազմակերպական իր աւանդներուն պահպանման ու վերանորոգման, բայց ժամանակը չ՛օգներ հոսանքն ի վեր թիավարողներուն:
Ժամանակն է, որ նոյնինքն Հայաստանի մէջ հասակ նետող անկախութեան սերունդը նետուի ասպարէզ, որպէսզի իր իսկ ապագայի սիրոյն ինքնակազմակերպման ուրոյն ուղին գտնէ եւ մէկանգամընդմիշտ թօթափէ ցարերու եւ սուլթաններու, ստալիններու եւ աթաթուրքներու գարշահոտ «ժառանգութիւն»ը կազմող անձնիշխանութեան կազմակերպական կեղտը:
Որքան ալ աշխարհաքաղաքական խայտաբղէտ ու տարբերակուած միջավայրերէ սերած ըլլանք՝ Հայաստան եւ Սփիւռք անքակտելիօրէն իրարու ագուցուած են գաղափարական մէկ ու միեւնոյն հանգանակով, հայ ազգային ազատագրութեան երեսնամեայ պայքարին բիւրեղացուցած Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականով:
Ամբողջական Հայաստանն ու ամբողջական հայութիւնը կիզակէտ ունեցող համահայկական օրակարգը, ամէն բանէ առաջ եւ վեր, կը պահանջէ հզօրացումը հայ ժողովուրդի հաւաքական ուժին: Իսկ հաւաքական ուժ կ՛առաջանայ հոն, ուր կայ կազմակերպուած հաւաքականութիւն:
Քաղաքագիտութիւնը կը սորվեցնէ, որ ազգի մը կազմակերպուածութեան գերագոյն արտայայտութիւնը հանրապետական կարգերով օժտուած սեփական պետականութիւնն է: Իսկ ազգային պետականութիւնը ընդունակ կ՛ըլլայ գոյատեւելու եւ զարգանալու, երբ խարսխուած է հասարակական ու քաղաքական իր կազմակերպ կառոյցներն ու կուսակցութիւնները ունեցող ժողովուրդի վրայ:
Հայաստանի վերանկախացումէն շուրջ երեսուն տարի ետք, Հայաստանն ու Սփիւռքը տակաւին նոր կը յանգին հաւաքական հզօրանքի կազմակերպման համահայկական մարտահրաւէրը միասնաբար դիմագրաւելու օրակարգին:
Բայց այդ օրակարգէն խուսափում չկայ, եթէ գիտակից ենք Հայաստանի Հանրապետութիւնը բովանդակ հայութեան Պետական Տունը դարձնելու մարտահրաւէրին:
Մարտահրաւէր՝ որ կը պարտաւորեցնէ ազգային-քաղաքական կազմակերպ ուժի ու գաղափարական նուիրումի նկարագիրով օժտուած կուսակցութիւններու մէջ կուտակել, այլեւ մէկ ու ընդհանուր դրօշի տակ պայքարի դաշտ մղել մեր ժողովուրդին ողջ ներուժը:
Միաժամանակ մարտահրաւէր մը՝ որ հայկական հոգեկերտուածքի ապակեդրոնութիւնը կը հաշտեցնէ պայքարունակ բոլոր ուժերը համատեղելու դաշնադրութեան հետ: