Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Իր Անպատժելիութեան Փորձին Գիտակ Թուրքիան Պատերազմ Շշթայազերծեց

$
0
0

Յ.ՊԱԼԵԱՆ

 

Hagop BalianԹուրքիան, ըստ իր աւանդութեան, ազատութիւն եւ իրաւունք ճնշելու համար կը յարձակի, եւ աշխարհը, այսօր ինչպէս անցեալին, հեռատեսիլի պատուհանէն կը դիտէ եւ կը լսէ լրատուական շատախօսութիւնը:

9 Հոկտեմբերին Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Էրտողան յայտարարեց, որ բանակը յարձակողական գործողութիւններու ձեռնարկած է քրտական հակակշռի տակ գտնուող Սուրիոյ հիւսիսարեւելքը, միշտ հետեւելով օսմանեան սահմանները վերանուաճելու իր ռազմավարութեան:

Ինչպէս սովորութիւն է, ՄԱԿի ապահովութեան խորհուրդը, 10 Հոկտեմբերին, շտապ ժողով գումարեց: Քիւրտերը դաշնակից էին արեւմտեան ուժերուն, ընդդէմ Իսլամական Պետութեան: Թուրքիան, հակառակ զգուշացումներու, իր անցեալի փորձին վրայ հիմնուելով, զանոնք նկատի չառաւ: Դժգոհութեան ալիք բարձրացած է: Ամերիկայի նախագահը ըսած է, որ «Թուրքիան շատ մեծ տնտեսական գին պիտի վճարէ», աւելցնելով, եթէ այդ յարձակողականը «անարդար» է, եւ յոյս յայտնեց, որ Էրտողան «բանական» ընթացք կ՛ունենայ: Եթէ քաղաքական հարցերը մնացեր են Էրտողանի յոյսին… Շաբթուան սկիզբը, Սուրիոյ սահմանամերձ գօտիներէն հեռացած էին ամերիկեան ջոկատները: Եւ Էրտողան առիթը պատեհ համարած էր:

Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած է. «Թրքական զինեալ ուժերը եւ Սուրիոյ ազատ բանակը (սուրիացի ըմբոստները՝ որոնց զօրավիգ է Թուրքիան, չշփոթել Սուրիոյ պետական բանակին հետ), սկսան Խաղաղութեան Աղբիւր գործողութիւնը, Սուրիոյ հիւսիսը»: Կ՛աւելցուի, որ նպատակ է ապահովութեան գօտիի մը ստեղծումը, թրքական սահմանը անջատելով քրտական դիրքերէն, որպէսզի գաղթականները կարենան վերադառնալ: Եւ ըստ յայտարարութեան, քաղաքային զոհեր չկան:

Քիւրտերը ցարդ շոյուած են որպէս արեւմտեաններու դաշնակից՝ Իսլամական Պետութեան դէմ իրենց մղած կռիւին մէջ: Բայց Թուրքիան նոյն այդ քիւրտերը վտանգ կը համարէ, զանոնք ամբաստանելով, որ կապեր ունին Թուրքիոյ «Քիւրտիստանի Աշխատաւորական կուսակցութեան հետ», զոր կը համարէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն, որուն պետը, Ապտալլա Օճալան, կը գտնուի թրքական բանտի մէջ: Թուրքիան երրորդ անգամն ըլլալով, Սուրիոյ մէջ կը դիմէ զինուորական միջամտութեան: Սուրիոյ պատերազմը 2011էն ի վեր պատճառ եղած է աւելի քան 370.000 զոհերու եւ գաղթական դարձուցած միլիոնաւորներ: Մեծերուն եւ լրատուական միջոցներուն համար զոհերը թիւ են, եւ այդքան:

Չորեքշաբթի թրքական զինուորական ուժերը Թուրքիոյ սահմանամերձ շրջանները, ինչպէս Թէլ Ապիատը եւ Ռաս իւլ Այնը ռմբակոծած են: Առաջին օրն իսկ, Սուրիոյ Մարդկային իրաւանց դիտորդները յայտարարեցին, որ կային 15 մեռեալներ եւ հազարաւոր փախստականներ: Յիշուած քաղաքները ռմբակոծուած են երկինքէն եւ ցամաքէն: Զուգահեռաբար, քիւրտերը եւ իրենց աջակցող արաբները, ետ մղած են նախայարձակները:

Բազմաթիւ երկիրներ դատապարտեցին թրքական յարձա-կումը: Ի հարկէ, խօսքէն անդին, տեղւոյն վրայ, այդ երկիրները ոչինչ ըրին կասեցնելու համար թրքական բանակը: Այդ երկիրները ունին հիմնական մտահոգութիւն մը, այն՝ որ այս խառնակ վիճակին մէջ կրնայ «Իսլամական Պետութեան» բանտարկեալներ ազատ արձակուիլ եւ ան կրնայ նաեւ վերայայտնուիլ: ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդը կոչ ըրած է Թուրքիոյ խնայելու քաղաքայիններու կեանքը եւ ցուցաբերելու չափաւորութիւն: Յանկերգի նմանող խօսքեր:

Ոչ ոք կ՛ըսէ, որ Թուրքիան պէտք է կասեցնէ իր յարձակումը, հակառակ պարագային իր դէմ կրնայ գտնել զինք կասեցնող ուժ:

ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդը ժողով կը գումարէ: Յետո՞յ…

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը ըսած է, որ կը դատապարտէ Թուրքիոյ շղթայազերծած յարձակումը  եւ աւելցուցած, որ ան պէտք է կանգ առնէ: Նոյնը ըսած է նաեւ Եւրոմիութեան Յանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Ժունքեր: Գերմանիոյ մտավախութիւնը այն է, որ այս գործողութիւնը պատճառ կ՛ըլլայ, որ Իսլամական Պետութիւնը վերյայտնուի: Անգլիա մտահոգութիւն յայտնած է: Յետո՞յ…

Ատլանտեան Ուխտը կոչ ըրած է, որ Թուրքիա ըլլայ զգուշաւոր եւ չփճացնէ Իսլամական Պետութեան դէմ ձեռք բերուած յաջողութիւնը: Եգիպտոս եւ Սէուտական Արաբիա կը քննադատեն այս «անընդունելի յարձակումը», իսկ Քաթարի իշխանը, որ սերտ յարաբերութիւններ ունի Էրտողանի հետ, հեռաձայնած է, խօսելով երկու երկիրներու կապերու ամրացման եւ կացութեան ընթացքի մասին: Իրաքի նախագահը կը խորհի, որ այս յարձակումը մարդկային վնասներու պատճառ պիտի ըլլայ եւ պիտի զօրացնէ ահաբեկչական խմբակները:

Շփոթեցնող է Ամերիկայի ընթացքը:

Մէկ կողմէ կը հանդուրժէ, որ թրքական ուժերը կռիւ յայտարարեն քիւրտերուն դէմ, միւս կողմէ կ՛ըսէ, թէ չի լքեր զանոնք, անոնք նպաստած են Իսլամական Պետութեան անկման: Թրքական յարձակումէն անմիջապէս առաջ, նկատելով Ամերիկայի վերաբերումը, քիւրտերը զօրակոչ յայտարարած էին, միաժամանակ կոչ ընելով Ռուսիոյ, որ դիւրացնէ Դամասկոսի հետ երկխօսութիւնը: Իսկ Պաշար Ալ-Ասատ յանձնառութիւն յայտնած էր դիմակայելու թրքական յարձակումը: Այս նախայարձակումը կատարուած է ամերիկեան ուժերու Սուրիայէն հեռացումէն անմիջապէս վերջ: Այսինքն, երբ կարմիր լոյսը մարած է: Թրքական ուժերուն միացած են սուրիացի ընդդիմադիրները:

Հետապնդուած նպատակը պարզ է. Թուրքիա չ՛ուզեր իր սահմանին վրայ տեսնել ինքնավար քրտական շրջան մը, որ իր կողմէ ահաբեկիչ համարուած Քիւրտիստանի Աշխատաւորական կուսակցութեան հետ կապեր ունի:

Թուրքիա նկատի անգամ չառաւ Տանըլտ Թրամբի սպառնալիքը, որ կրնայ ամբողջովին քանդել Թուրքիոյ տնտեսութիւնը:

Էրտողանի նախաձեռնութիւնը կը միտի երեք միլիոնէ աւելի սուրիացի փախստականներ, որոնց նկատմամբ դժգոհութիւն կայ Թուրքիոյ մէջ, վերադարձնել իրենց երկիրը:

Իսկ պարզ է, Ամերիկան եւ Արեւմտեանները ընդհանրապէս կը լքեն իրենց դաշնակից քիւրտերը: Կը մոռնա՞ն, որ անոնք մեծ թիւով զոհ տուին Իսլամական Պետութեան դէմ կռիւներու ընթացքին:

Թրքական ներխուժման հետեւանքով տեղի ունենալիք արիւնահեղութեան պատասխանատու են Ամերիկան եւ իր դաշնակիցները:

Բայց ո՞վ դատապարտած է կամ կրնայ դատապարտել զիրենք:

Իսկ Թուրքիան կը շարունակէ իր հին պասքիւլի խաղը, անգամ մը կռթնելով Արեւմուտքի, անգամ մը Ռուսիոյ: Կա՞ն այս խաղը չտեսնող միամիտներ…


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles