
Կարօ Արմենեան
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Արդէն աւելի քան շաբաթ մըն է, որ հոս ենք եւ մեր տան պատշգամէն մեր առջեւը կը բացուի շարունակուող ողբերգութիւնը հայ անկախ պետականութեան Հիմնադիր Հայր՝ Արամի, տան: «Հին Երեւան Մոլ»ին պատերը արդէն վաղուց բարձրացած են: Անոնք բարձրացած են արհամարհական իրականութեամբ մը եւ կանգնած են հզօր՝ Արամի տան աւերակին դէմ յանդիման:
Ո՞ր կողմէն որ նայիք՝ շուկայական այս նոր համալիրին պեթոնէ կմախքը հետզհետէ գերիշխող կը դառնայ թաղի նեղսիրտ առօրեային վրայ: Նեղսիրտ են այս փողոցները, քանի որ իրենք նախատեսուած չէին ինքնաշարժային այս խիտ ու ջղային երթեւեկին համար: Նեղսիրտ են, քանի որ կայանուած ինքնաշարժներու դիզուածքը ոչ մէկ լուսանցք կը թողու մարդկային երթեւեկին համար: Նեղսիրտ են, քանի որ կուտակուած է աղբը ամէն կողմ եւ կը մերժէ անհետանալ… Նեղսիրտ են, քանի որ թաղը անզօր է ինքնիր ճակատագիրը տնօրինելու: Թաղը արդէն վաղուց չքացած է իր տեղը զիջելով բարձրայարկ շէնքերու անսիրտ կամայականութեան: Այդ շէնքերէն մէկուն մէջ այժմ կը բնակինք նաեւ մենք:
Հանրապետութեան հրապարակէն քայլ մը անդին, քաղաքի այս շրջանը խորհրդանշող երբեմնի անշուք եւ անսեթեւեթ բակերը իրենց մէջ-մէջի տուներու մեղուաբոյնով արդէն իսկ եղած են արմատախիլ եւ երեք նեղ գռիհներու կեանքէն ներս մտած է «Հին Երեւան Մոլ»ի գոռոզ պահանջատիրութիւնը… Այսինքն տարիներէ ի վեր ծրագրուող այս փակ շուկան, որ պիտի տարածուի Արամ, Կողբացի եւ Բուզանդ փողոցներու հիւսուածքէն ներս, իսպառ ջնջելով յիշատակը երբեմնի մտերմիկ Երեւանին:
Ան պիտի ջնջէ նաեւ յիշատակը Արամի տան, եթէ հանրութեան հաւաքական խղճմտանքը դուրս չգայ իր առասպելական թմբիրէն…
Պեթոնի զանգուածները հոգի չունին: Անոնք չունին յիշողութիւն: Անոնք նոր Հայաստան են, որ առընչութիւն չունի իր ժառանգութեան հետ: Անոնք կ՛ապրին առանց ինքնութեան, առանց կապի, առանց հաղորդութեան, առանց սիրոյ: Անոնք չունին զգայարանք, չունին օրհներգ, չունին դրօշ, չունին զինանշան: Անոնք չունին լեզու, չունին ուղղագրութիւն, չունին յստակ այբուբեն: Անոնք չունին ձեռագիր, չունին հպարտ խտրականութիւն, չունին ոճ եւ ճարտարապետութիւն: Անոնք երեսպատուած են պատմութեան կեղծ որմերով եւ հետեւաբար չունին պատմութիւն: Չունին յանձնառութիւն իրենց ինքնութեան հանդէպ, քանի որ չունին ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ: Անոնք կը պատկանին շուկայական տնտեսութեան տէրերուն: Կը պատկանին շահատէրերուն: Կը պատկանին ամենազօր օլիգարխիային, որ կ՛իշխէ ամէն եկող-գացող իշխանութեան որոշումներուն:
Երեկոյեան այս ժամուն, երբ այս պատշգամէն կը դիտեմ Արամի տան աւերակը «Հին Երեւան Մոլ»ի մոլագարութեան դէմ յանդիման, կը լսեմ անձայն կռիւը երկուքին միջեւ: Պեթոնէ պատերը իրենց անհուն տգիտութեամբ կը պոռան աւերակի երեսն ի վար՝ դուն ի՞նչ գործ ունիս հոս, դուն ի՞նչ իրաւունք ունիս հոս ըլլալու, այ ողորմելի… որուն ի պատասխան աւերակը կը լռէ, ինչպէս լռած է իր ժողովուրդը արդէն դար մը ամբողջ եւ կուլ տուած՝ անպատուութիւնը իր գոյութեան ինքզինք դնելով իրերայաջորդ բռնատէրերու եւ անհարազատ վարչակարգերու ենթակայութեան տակ: Անդրադարձէ՛ք վերջապէս: Արամի տան աւերակը մենք ենք: Մենք ենք այդ բզկտուած արարածը 2019ի այս Սեպտեմբերին, հարիւր տարի ետք այն օրէն, երբ Արամի պարտասած մարմինը իր վերջին հրաժեշտը կու տար կեանքին այս ցաւոտ տան պատերուն միջեւ: Մենք կրնայինք ըլլալ Արա՛մը եւ ապրիլ արժանապատուութեամբ: Ապրի՛լ մեծութեամբ: Ապրի՛լ հրաշագործելու հզօր կամքով: Բայց մենք նախընտրեցինք ըլլալ այսօրուան այս աւերակը եւ ծունկի գալ շահատէրերու, վաշխառուներու եւ շահագործող ցեցերու կամքին առջեւ: Վա՛յ մեզի: