
Յ. Պալեան
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Դեռ բացորոշ կերպով հակամարտութիւններու առիթ չեն քաղաքական խորացող լարուածութիւնները, Արեւմուտք-Արեւելք-Թուրքիա, եւ անոնց հետեւանք ուժերու համաշխարհային վերադասաւորումները, բայց անոնք ընթացքի մէջ են: Անցեալի Արեւելք-Արեւմուտք ընդունուած եւ վարժութիւն դարձած երկփեղկումը նոր քարտէս կը գծէ, ազգային-քաղաքական-տնտեսական շահերու եւ մրցակցութիւններու խորքի պաստառին վրայ:
Պարզացուած բացատրութեամբ՝ միջազգային քաղաքական պատկերը արմատական փոփոխութիւններ կրնայ կրել Ռուսիա-Թուրքիա մերձեցումով եւ գործակցութեամբ, որ ցարդ ընդունուած խաղի օրէնքները պիտի փոխէ: Գաղտնիք չէ, Թուրքիա կը հեռանայ անցեալի իր պաշտպան եւ մատակարար դաշնակից Ամերիկայէն, ընդհանրապէս՝ Արեւմուտքէն: Պատճառներէն մին այն է, որ Եւրոպական Միութեան դռները փակ մնացին իր առջեւ, իսկ միւսը այն է, որ Ամերիկա կ՛օժանդակէ Սուրիոյ քիւրտերուն, որոնց ազատագրական պայքարը վտանգ է Թուրքիոյ հողային ամբողջականութեան, հետեւաբար՝ անընդունելի: Պէտք չէ անտեսել նաեւ այլ պատճառ մը: Թուրքիոյ մէջ 2016ին տեղի ունեցած պետական ձախողած յեղաշրջման կազմակերպման որպէս պատասխանատու համարուած քարոզիչ Ֆեթհիւլլահ Կիւլենը միշտ կը մնայ Միացեալ Նահանգներ եւ ամերիկացիները մերժած են զայն յանձնել Թուրքիոյ, որպէսզի ան դատուի որպէս յեղաշրջման կազմակերպիչ:
Ռուս-թուրք մերձեցումը ունի նաեւ այլ պատճառ մը. Արեւմուտքի ոչ-դրական համարուած եւ քննադատական վերաբերումը Ռուսիոյ նկատմամբ. Ուքրանիոյ, Խրիմի եւ Տոմպասի հարցերը, ինչպէս նաեւ արեւմտեաններու բացայայտ զօրակցութիւնը յանուն ժողովրդավարութեան՝ իշխանութեան (այսինքն՝ Փութինի) դէմ պայքարողներուն:

Շանկհայի Համագործակցութեան Կազմակըրգութին
Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին Թուրքիա-Ռուսիա զինուորական գործակցութիւնը դուրս եկած է այդ սահմանափակ ծիրէն եւ յանգած է խիստ կարեւոր նոր հանգրուանի մը. այս տարի Թուրքիա Ռուսիայէն գնեց S-400 գերարդիական հակօդային հրթիռներ 2.2 միլեառ եուրօ արժողութեամբ: Արեւմուտքի եւ Ամերիկայի համար մեծապէս մտահոգիչ է նաեւ այն, որ այդ հրթիռներուն ներկայութիւնը կ՛ենթադրէ ռուս մասնագէտներու ներկայութիւնը, Արեւմուտքի ռազմագիտական սահմանին վրայ: Այս նոր կացութիւնը եթէ սպառնալիք ալ չէ Միացեալ Նահանգներուն ուղղուած, մտահոգիչ է, քանի որ անոր պաշտպանութեան ցանցը կը տկարացնէ, հետեւաբար, յաւելեալ ներդրումներով անիկա նոր միջոցներու պէտք է դիմէ: Ամերիկայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, Փենթակոնը, չէ վարանած ըսելու, որ իրերու այս կացութիւնը կրնայ ծանրակշիռ հետեւանքներ ունենալ: Բայց Թուրքիա կը շարունակէ իր կապերը զարգացնել Ռուսիոյ հետ, եւ Ռուսիայէն անդին կ՛երթանայդ կապերը, որոնց զոհը կրնայ ըլլալ նոյնինքն Ռուսիան:
Պարզ է, թրքական-օսմանեան հին-նոր քաղաքական վարքագիծը, որ կը կոչուի »պասքիւլ«ի քաղաքականութիւն,- այսինքն մէկ կամ միւս կողմին կռթնելով,- Թուրքիա իր անմիջական եւ հեռակայ շահերը կը հետապնդէ: Այդպէս ըրած էին սուլթանները: Այս անգամ Թուրքիա կ՛ապաւինի Ռուսիոյ նեցուկին:
Հարցականներ կը ծագին Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու համար. Թուրքիա մաս կը կազմէ Հիւսիսային Ատլանտեան Դաշնագիրի Կազմակերպութեան (ՕTAN կամ NATO). անդամ երկիրներէն, եւ միայն Ամերիկայէն ետք, անիկա ունի կազմակերպութեան ամէնէն մեծ բանակը: Թուրքիա չի կրնար այսպէս շարունակել, մէկ ոտքը ներս մէկ ոտքը դուրս, հետեւաբար անիկա ընտրութիւն պէտք է կատարէ կամ այդ կազմակերպութիւնը ինքզինք պիտի վերամտածէ եւ պիտի ստեղծուի ուժերու վերադասաւորման նոր վիճակ: Ի՞նչ կրնան ըլլալ կացութեան յստակացման հետեւանքները, մասնաւորաբար այն երկիրներուն համար, որոնք աշխարհագրութեամբ կը գտնուին զոյգ մրցակիցներու բաժանման գիծին վրայ:
Այս կացութեան ետին կայ քաղաքական վարդապետութեան ընդհանուր հին-նոր տեսութիւն մը. Եւրասիական ճակատի մը հակադրումը Արեւմուտքին: Թուրքիա կրնայ միանալ (կը միանա՞յ) Շանկհայի կազմակերպութեան, որ եւրասիական զինուորական համագործակցութիւն մըն է, գլխաւորութեամբ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի, որոնք հիմնադիր անդամներ են Ղազախստանի, Խըրխզիստանի, Տաճիկիստանի եւ Իւզպեքիստանի հետ. անդամ դարձած են նաեւ Հնդկաստան եւ Փաքիստան: Պէտք է գումարել ասոնց վրայ դիտորդ երկիրները՝ Աֆղանիստան, Իրան, Մոնկոլիա եւ Պելոռուս: Վիճարկումներուն մասնակցող երկիրներն են՝ Սրի Լանքա, Թուրքիա, Քամպոճիա, Ատրպէյճան, Հայաստան եւ Նեփալ:
Անցեալ դարասկիզբին, կարգ մը ռուս քաղաքական մտածողներ, մասնաւորաբար Եւրոպա ապաստանածներ կ՛ուզէին Ռուսիոյ համար աշխարհաքաղաքական (gռopolitique) ինքնութիւն մը սահմանել, որ արեւմտեան չըլլայ, չըլլայ նաեւ միայն սլաւական:
Աշխարհագրագէտ եւ տնտեսագէտ Փիոթր Սաւիտսքի (1885-1968) կը խօսի »երրորդ ցամաքամաս«ի մը մասին, զայն կը համարէ առանձին եւ տարբեր աշխարհամաս մը՝ Եւրասիան: Ռուսիայէն մինչեւ Չինաստան կը տարածուին անոր սահմանները, անիկա ունի իր բուսաբանական միութիւնը՝ տափաստաններով, անտառներով, (streppes, toundra, taտga) եւ անապատներով: Այս աշխարհը վերագտնել կարելի կ՛ըլլայ անջատուելով հռոմէական-գերմանական աշխարհէն, եւ այս կը հիմնուի նաեւ այն տեսութեան վրայ, որ ռուսական եւ թրքական լեզուներու միջեւ փոխլրացուցիչ համահունչութիւններ կան (Նիկոլայ Տրուպեցքօ, 1890-1938):
Իսկ «թրքութեան» տեսաբան Զիա Կէօքալփ կոչ կ՛ընէ թուրանականութեան, այսինքն համախմբելու Եւրոպայի եւ կեդրոնական Ասիոյ թրքախօս ժողովուրդները:
Կայ աւելի ուշագրաւը. Թուրքիան իր դիցաբանական արմատները կը կարծէ գտնել Եւրասիական տափաստաններուն մէջ: Այդ առասպելը կը կոչուի Էկէնէքոն՝ այն հովիտը, ուր առաջին թուրքերը առաջնորդուած են գորշ էգ գայլով մը (Հռոմի հետ նմանակուելու փորձ մը): Կ՛ըսուի, որ Ճենկիզ Խանէն մինչեւ Թիմուրլանկ, մինչեւ այսօր, հասարակաց լեզուով մը կը միանան բազմաթիւ ժողովուրդներ, որոնց պատմութիւնը միշտ առնչուած է Ռուսիոյ:
Ասոնք քաղաքական վարդապետութիւն մը հիմնաւորող տեսական կառուցումներ են: Բայց քաղաքականութիւնը գրականութիւն չէ: Պէտք է նկատի ունենալ քաղաքական մերձեցումներու իսկական դրդապատճառները:
Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ համար Եւրասիականութիւնը էապէս հակաարեւմտեան ճակատ մը կազմելու առաջադրանք է: Կ՛օգտագործուի նաեւ այլ փաստարկ մը, ըստ որուն, եւրասիական Ռուսիոյ մէջ ուղղափառ աշխարհը հաշտ կ՛ապրի թուրք-իսլամներու հետ: Թուրքիոյ բանակին մէջ եւրասիական ինքզինք չբացայայտող հոսանք մը կայ: Իշխանութեան շրջանակներուն մէջ ալ այս գաղափարը հող կը գտնէ: Հակաարեւմտականութիւնը Թուրքիոյ մէջ լայն տարածում կը գտնէ, ինչ որ կ՛ամրացնէ նախագահ Էրտողանի պատեհապաշտական կողմնորոշումները, որպէսզի ստիպուած չըլլայ զիջումներ ընելու Արեւմուտքին: Եւ եւրասիական քաղաքական վարդապետութիւնը ոսկեղէն առիթ է իրեն համար:
Զարմանալի է, որ Ռուսիա ինքզինք վտանգուած չի զգար դեռ միգամածային կերպարանք ունեցող համաթուրանական-համաթրքական երազանքի հետեւանքներէն, որոնց բեմը եղած է պատմութիւնը, իսկ Թուրքիա ե՞րբ տարբերութիւն դրած է ուղղափառի, կաթողիկէի եւ աւետարանականի միջեւ: Հարցում մը, որուն վկան պատմութիւնն է, ասորական, յունական, արաբական եւ հայկական ժառանգութիւնը:
Թուրքիա իր ներքին խնդիրներուն եւ Եւրոպայի կէս-բաց-կէս-գոց դռներէն բխած յուսախաբութիւններուն համար պիտի կարենա՞յ որպէս դարման օգտագործել եւրասիական երազանքը, թէ անիկա պարզապէս անվնաս դեղ մըն է (placebo) ամբոխները քնացնելու համար:
Բայց հարց կայ քաղաքական ախորժակներու եւ լարուածութիւններու որպէս հետեւանք: Ինչպէ՞ս կ՛ըլլան վերադասաւորումները: Չինաստան, իր սահմաններուն վրայ նոր մեծ ուժի մը ստեղծումը ինչպէ՞ս պիտի դիմաւորէ:
Այս բոլորին մէջ, Եւրոպայի հետ համագործակցող Հայաստան, որ նաեւ »խօսակից« է Արեւմուտքի հակադրուելու կոչում ունեցող եւրասիական նկրտումներէն յառաջանալիք վերադասաւորումներուն մէջ, ինչպէ՞ս պիտի գտնէ իր անվտանգութեան եւ զարգացման ուղին:
Աւելի պարզ՝ այս վերադասաւորուող ուժերու համաշխարհային հոսանքներուն մէջ, Հայաստան (հայութիւնը ընդհանրապէս) ունի՞ համահայկական քաղաքական վարդապետութիւն մը, ներազգային մեծ-պզտիկ պառակտումներէն, մրցակցութիւններէն եւ աթոռամարտերէն անդին:
Ըսի համահայկական՝ այսինքն քաղաքական վարդապետութիւն մը, որուն մէջ Հայաստանի, Արցախի եւ ազգի աւելի քան կէս սփիւռք-համրանքի հայութիւնը ինքզինք տեսնէ, հարազատութիւն եւ իմաստութիւն ապրի: