
Եղիա Թաշճեան
ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
Այս տարի, հակառակ անոր որ արեւմտեան լրատուական միջոցները եւ պետութիւնները քննադատեցին Չինաստանի վերաբերմունքը թուրք ույղուր ժողովուրդին նկատմամբ, Էրտողան լուռ մնաց: Իսկ անոր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Թուրքիոյ Ազգային ժողովին մէջ չքուէարկեց ի նպաստ օրինագիծի մը, որ կը քննադատէր Չինաստանի քաղաքականութիւնը ույղուրներուն նկատմամբ, բան մը, որ զայրացուց իր ազգայնական դաշնակիցները եւ ապշեցուց աշխարհը: Իբրեւ փոխադարձ վերաբերմունք՝ Չինաստանի կառավարութիւնը մէկ միլիառ տոլար փոխանցեց Թուրքիա՝ օգնելու օտար դրամական պահեստը:
Իսկ Փետրուարին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատեց չինական կառավարութեան վերաբերմունքը, զայն նկատելով «ցեղային մաքրագործում» ույղուրներուն նկատմամբ («Սի.Էն.Էս. Նիուզ», 12 Օգոստոս 2019): Չինաստան պատասխանեց այս անհիմն յայտարարութիւններուն՝ ըսելով, որ այսպիսի քննադատութիւններ միայն կը վատթարացնեն տնտեսական յարաբերութիւնները երկու երկիրներուն միջեւ: 2012ին, երբ չինական դրամատուները կասեցուցին իրենց գործակցութիւնը Թուրքիոյ հետ, կարճ ժամանակի մը ընթացքին Էրտողան եւ իր կառավարութիւնը ստիպուեցան հաշուի առնել Չինաստանի տնտեսական ճնշումը: Աւելի՛ն. Թուրքիա եւ Սէուտական Արաբիա ճնշում բանեցուցին իսլամական երկիրներու վրայ՝ հեռու մնալու ույղուրներուն նկատմամբ Չինաստանի քաղաքականութիւնը քննադատելէ: Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրին աւելի քան 35,000 ույղուրներ, որոնք կը վայելեն պետութեան աջակցութիւնը, կազմակերպական ցանցեր ունին եւ Սուրիոյ պատերազմին կազմեցին զինեալ ջոկատներ:
Անցեալ շաբաթ, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հուա Չոնիինկ յայտարարեց, որ Չինաստան դէմ է Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ վերջերս ծրագրուած Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ »ապահով գօտի« մը ստեղծելու գաղափարին: Նախարարութեան բանբերը նաեւ աւելցուց, որ Չինաստան կը կանգնի Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան կողքին (»Սիրիա Թայմզ«, 14 Օգոստոս 2019): Ասիկա ազդանշան էր Չինաստանի կողմէ՝ Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւններուն նկատմամբ:
Էրտողանի արեւելամէտ քաղաքականութիւնը զայն դարձուց պատանդ մը Ռուսիոյ եւ Չինաստանի ձեռքերուն մէջ: Ասիկա պիտի ունենայ իր քաղաքական հետեւանքները թրքական ներքին եւ արտաքին քաղաքական կեանքերուն մէջ:
Այս օգնութիւնը կարեւոր էր այն առումով, որ երկիրը ազատեց տնտեսական ճգնաժամէ մը, երբ Էրտողան քաղաքապետական ընտրութիւններուն պայքար կը մղէր երկրին մէջ՝ իր հակառակորդներուն դէմ: Աւելի՛ն. երբ անցեալ Յուլիսին Էրտողան այցելեց Փեքին, ան յայտարարեց, որ ույղուրները «ուրախ կեանք» մը կ՛ապրին Չինաստանի մէջ: Թուրք ազգայնականները անբաստանեցին Էրտողանը չինական դրամագլուխներու եւ ներդրումներու դիմաց ծունկի գալու յանցանքով:
Այստեղ պէտք է յիշել, որ 2009ին Էրտողան Չինաստանը ամբաստանեց ույղուրներուն դէմ «ցեղասպանութիւն» գործելու յանցանքով, բան մը, որ Էրտողանի շուրջ համախմբեց ազգայնական խաւը, սակայն նոյն խաւը այսօր զինք կրնայ որբ ձգել այս հակասական յայտարարութիւններուն պատճառով: