Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

«Հնարաւո՞ր Է Արդեօք Շտկել Վիճակը…»

$
0
0
0809arammanougian

Արամ Մանուկեան

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

 

Հետաքրքրութեամբ կարդացի Աւետիք Իշխանեանի «Երկու Արձան» խորագրեալ յօդուածը, ուր ան կ՛ընէ բաղդատականը Ստեփան Շահումեանի եւ Արամ Մանուկեանի երկու արձաններուն, միաժամանակ մեզի հետ բաժնելով իր մտածումները երկու յայտնի գործիչներու պատմական դերակատարութեան մասին: Իշխանեան մտահոգ է, որ համայնավարութեան դառն փորձառութեան հաւաքական յիշողութենէն ձերբազատուելու իր ճիգին մէջ հայրենի մեր ժողովուրդը կրնայ յանկարծ իր մտքէն վտարել Ստեփան Շահումեանն ու Ալեքսանդր Միասնիկեանը, Վահան Տէրեանն ու Եղիշէ Չարենցը, որպէս «կոմունիստ»ներ (համայնավարներ-Խմբ.), զանոնք հաւասարեցնելով հայ բոլշեւիկներու ընդհանրական կերպարին:

Իշխանեան նաեւ կ՛ընէ կարեւոր հաստատում մը: Ան կը գտնէ, որ իր պատմական դերակատարութեամբ եւ ի տարբերութիւն Շահումեանի՝ Արամ Մանուկեան կը պատկանի ամբողջ հայութեան: Եւ ասիկա՝ հակառա՛կ այն իրողութեան, որ Արամ Մանուկեան դաշնակցական է… Եւ կոչ կ՛ընէ մեզի՝ դաշնակցականներուս մեր չափերուն մէջ մնալու… Այսինքն հեռու մնալու այն փորձութենէն, որ մեզի ըսել կրնայ տալ, որ Արամ Մանուկեան մեծ էր քանի որ դաշնակցական էր… Ինչպէս որ -ըստ իրեն- կոմունիստները այս առումով եղած են զուսպ Վահան Տէրեանի եւ Եղիշէ Չարենցի անունները հռչակելու իրենց գործին մէջ…

0809alexandermiasnikyan

Ալեքսանդր Միասնիկեան

Անհարկի մտահոգութի՛ւն, Պր. Իշխանեան: Ցարդ մեր գանգատը եղած է ճիշդ այդ: Մենք պնդած ենք, որ Արամ Մանուկեան հայ անկախ պետականութեան հիմնադիր հայրն է եւ իր մեծ վաստակը կը պատկանի ամբողջ ազգին ու անոր բոլոր գալիք սերունդներուն: Եւ այդ վաստակը կը բխի Դաշնակցութեան մեծ գաղափարին էութենէն: Եւ որ այս երկու իրականութիւններուն միջեւ վէճ կամ հակասութիւն գոյութիւն չունի: Անոնք փոխսնուցիչ իրականութիւններ են: Եւ զանոնք պէտք չէ հաւասարեցնել բոլշեւիզմի մոլորութեան հետ, որ եղած է մեծագոյն աղէտը հայ անկախ պետականութեան կեանքին: Եւ վերջապէս՝ ահա՛ ձեզի մեր՝ դաշնակցականներուս գործի հաւատամքը: Դաշնակցութիւնը ծնած է մեր ժողովուրդի գոյութենական արմատներէն եւ հետեւաբար ի՞նչ իրագործում, որ ան կը յաջողի կեանքի կոչել ինքնաբերաբար կը պատկանի մեր ժողովուրդին՝ սեփականութեան ամբողջ իրաւունքով: Իսկ ի՞նչ անյաջողութիւն, որ հանգամանքներու բերմամբ այնուամենայնիւ ծնած է Դաշնակցութեան օրակարգէն, ատոր համար Դաշնակցութիւնը՝ ի՛նք պատասխանատու է մեր ժողովուրդին եւ պատմութեան առջեւ: Եւ մենք պատրաստ ենք հպարտօրէն դիմագրաւելու այդ դատաստանը:

0809ashahoumian

Ստեփան Շահումեան

Հայ բոլշեւիկներու աշխարհին մէջ կային քանի մը լուսաւոր դէմքեր, որոնցմէ մէկը Ստեփան Շահումեանն էր անկասկած եւ որ Բաքուի ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ ծառայեց մեր ժողովուրդի ազատագրութեան գործին ՀՅԴ հիմնադիրներէն՝ Ռոստոմի հետ կողք-կողքի: Այս երկու մեծերուն համատեղ գործի հերոսական պատմութիւնը դեռ չէ գրուած: Բաքուի մէջ, անոնք փորձեցին ապահովել թիկունքը տակաւին լինելութեան մէջ եղող հայ անկախ պետականութեան: Եւ այդ գործի բովին մէջն էր, որ Շահումեան Ռոստոմի տեսլականէն ներշնչում քաղելով թօթափեց բոլշեւիզմի պատրանքները եւ ամբողջ հոգիով նուիրուեցաւ Հայաստանի անկախութեան գաղափարին: Իսկ Վահան Տէրեանի եւ Եղիշէ Չարենցի մասին երբեք մի մտահոգուիք: Անոնք կը պատկանին յաւիտենութեան իրենք եւս կրելով դրոշմը Դաշնակցութեան դարբնոցին:

Արամի արձանը ողբերգութիւն մըն է Արամի էութեան հետ դոյզն առընչութիւն իսկ չունեցող իր յղացքով: Ան կը ցոլացնէ պոռոտ միջակութիւնը օրուան մարդոց եւ պետական կարգերուն: Ան պիտի քանդուի եւ Արամի էութեան յարիր հարազատ յուշակոթողը պիտի անպայման կոթողուի Հանրապետութեան Հրապարակին կեդրոնը յայտարարելով իսկական սկիզբը մեր ազգային նոր վերածնունդին: Ես համոզուած եմ, որ այդ օրը պիտի գայ շուտով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles