Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Միասնական Ու Միակամ՝ Ամէն Ժամանակէ Աւելի

$
0
0

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

 

9602vrejarmenՈ՛չ, պիտի չկրկնենք մեր պատմահօր Ողբը՝ Հայոց աշխարհի դիմագրաւած տագնապի այս պահուն:

Պիտի չողբանք հայրենակերտման մեր անփորձութիւնը:

Պիտի չողբանք երկիր կառավարելու մեր անկարութիւնը:

Պիտի չողբանք մեր բոլոր ուժերը համախմբելու մեր ցարդ ունեցած դժուարութիւնը:

Մեզ պիտի չյուսահատեցնեն մեր մէջ անմիաբանութեան որոմը ցանելու դեռ յամեցող հարիւրամեայ փորձերը:

Պիտի չյուսահատինք, եթէ ահա արդէն երեսնամեակ մը եւ աւելի ծայր տուած հոգեկան ազատագրութեան շարժումը դեռ չէ հասած իր լրումին:

Պիտի հասկնանք, որ երկար է այդ ճանապարհը, փշածածկ ու միաժամանակ սայթաքուն:

Պիտի գիտնանք, որ երկու՝ օսմանեան ու խորհրդային եղեռն ապրած այս ժողովուրդը դեռ պէտք է ամրանայ, դեռ պէտք է ձերբազատի Աղէտի ժառանգորդի իր բարդոյթէն, դեռ պիտի սորվի իր սեփական ոտքերուն վրայ կանգնիլ ու սեփական ուղին գտնել:

Պիտի գիտակցինք, որ մեր յայտնի թէ թաքուն թշնամիները դեռ ամէն ճիգ պիտի ընեն, որ մնանք ստրուկի եւ զոհի հոգեբանութեամբ:

Հայրենիքը կորսնցնելու վտանգն է, որ կը սպառնայ բոլորիս:

Ահա ինչո՛ւ ժամանակն է ըլլալու միասնական ու միակամ: Աւելի քան երբեք:

Միասնական ու միակամ՝ Հայաստան եւ Սփիւռք:

Միասնական ու միակամ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Արցախի Հանրապետութիւն:

Միասնական ու միակամ՝ բոլոր կուսակցութիւններն ու բոլոր եկեղեցիները:

Անկախ անկէ, թէ ո՛վ է իշխանութեան գլուխ, անկախ անկէ, թէ համաձայն ենք իր քայլերուն թէ ոչ: Իր սխալները բոլորիս սխալները կրնան դառնալ: Իր սայթաքումն ու անկումը բոլորիս սայթաքումն ու անկումը կրնան հանդիսանալ:

Պիտի ըլլանք միակամ ու միասնական, որ կանխենք այդ սայթաքումը, որ մօտալուտ կը թուի. խուսափինք այդ անկումէն, որ միայն թշնամին կրնայ ուրախացնել: Թշնամինե՛րը: Եւ ո՛վ որ ալ ըլլայ այնտեղ, վերը՝ նաւուն ղեկին առջեւ, այսօր կամ վաղը, հասնելու է այն խոր համոզումին, որ առանց այդ միասնականութեան եւ միակամութեան, մեր նաւը պիտի տատանի ու մոլորի, պիտի չկարենայ ուղղուիլ դէպի վարդահեղեղ արշալոյսը, որուն ոտնաձայնը կ՛առնէր Բանաստեղծը աւելի քան հարիւրամեակ մը առաջ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles