Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Պետականութիւնը Եւ Մարդու Իրաւունքները

$
0
0

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ 

 

0115pakradestoukianԲերման ենթարկուելէն ետք անհետ կորածներու յիշատակման օր ըլլալով նշուած է 17-31 Մայիս թուականները: Թուրքիա այս առումով բաւական մեծ աւանդութիւն մը ունի, որ կու գայ զինուորական յեղափոխութեան շրջաններէն: Մարդու Իրաւունքներու Միութեան յանձնախումբը այս շաբաթուան համար ծրագրած է զանազան միջոցառումներ: Անոնցմէ առաջինը գործադրուեցաւ Իսթանպուլի Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան մուտքին, ուր լրագրող Ճեմալ Քաշըքճի ամուսնութեան թղթաբանութիւններու համար մտած էր եւ չէր կրցած անգամ մը եւս դուրս ելլել: Այս ոճիրը թէեւ զբաղեցուց համաշխարհային ԶԼՄներու օրակարգը, բայց վերջ ի վերջոյ քօղարկուեցաւ երկիրներու տնտեսական փոխադարձ շահերու հետեւանքով: Արդարեւ, Մարդու Իրաւունքներու Միութիւնը խոր-հրդանշական այս վայրին վրայ մեկնարկելով՝ պատգամ փոխանցած կ՛ըլլայ պետութիւններու ձեռքով գործադրուած յանցագործութիւններու դէմ:

Ինչպէս ծանօթ է, բերման ենթարկելով անհետ կորսնցնելու աւանդութիւնը ունի պատմական անցեալ: Ան միաժամանակ իր մէջ կը պահէ որոշ ռազմավարութիւն: Ռազմավարութիւն՝ որ կը միտի սարսափի զգացումով չէզոքացնել բոլոր ընդդիմադիրները:

Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան յատկապէս քրտաբնակ տարածքներուն մէջ արդիւնք տուած է այս ռազմավարութիւնը, քանի որ մարդիկ գիտէին, թէ ի՛նչ կը նշանակէ սպիտակ գոյնով եւ «Թորոս» վաճառանիշով ինքնաշարժի այցելութիւնը: Գիտէին թէ այդ ինքնաշարժներով բերման ենթարկուածները չեն կրնար անգամ մը եւս տեսանելի ըլլալ:

Թուրքիոյ ներկայ կառավարութիւնը նախքան իր դիրքերը ամրապնդելը բազմիցս արտայայտուած էր այս մասին եւ խոստացած, որ նման դէպքերը կը վերաբերին նախկին շրջանին եւ իրենց իշխանութեան օրով կարելի չէ այս բնոյթով ոճրագործութիւն մը:

Մինչդեռ, ժամանակի ընթացքին, Էրտողանի կառավարութիւնը եւս գործադրեց այդ նոյն մարդասպանութեան եղանակը, որուն հետեւանքով օր ըստ օրէ աճեցաւ՝ բերման ենթարկուելով անհետ կորածներուն թիւը:

Նոյն սարսափը այսօր ալ կը տիրէ երկիրին մէջ եւ միակ փոփոխութիւնն է տարիներու պարտադրանքին հետեւանքով սպիտակ «Թորոս»ներու փոփոխութիւնը, այժմ նոյն չար արարքի համար կը գործածուին «Ֆորտ Ռենճըր»ներ, դարձեալ սպիտակ գոյնով:

Այս տեսակի ոճիրներուն դէմ մեծ պայքար տարած են Հարաւային Ամերիկայի մարդու իրաւունքի պաշտպանները: Անոնք նոյնիսկ յաջողած են տուեալ ժամանակահատուածին յանցագործները դատել: Իսկ Թուրքիոյ մէջ նման դատավարութիւն մը չէ կատարուած, պարզապէս արդարացնելու համար պետութեան յարատեւելու սկզբունքը: Ճիշդ է որ շրջաններ կը փոխուին, այդ շրջաններուն հետ կը փոխուին քաղաքական գործիչներ, բայց պետութիւններու ոճրագործ յատկութիւնը կը մնայ անփոփոխ:

Թերեւս այսօր կարելի է նման յատկութեան մասին խօսիլ Հայաստանի մէջ եւս: Չէ որ հոն ալ պետութիւնը, ի դէմ քաղաքացիներու բուռն բողոքին ազատ թողուց Հանրապետութեան Բ. նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը: Այս պատկերը եւս մտահոգիչ է, քանի որ Քոչարեան իր յանցագործութիւններով դատապարտուած էր ժողովուրդին խիղճին մէջ: Բոլորը գիտէին անոր վերագրուած յանցագործութիւններուն մասին եւ հիմա յոյսի նշոյլ մը գոյացած էր, թէ արդարութիւնը իր տեղը կը գտնէ եւ յանցագործը կ՛ենթարկուի արժանի պատիժին:

Ցաւալի է տեսնել այն իրողութիւնը, ըստ որուն պետական միտքը կը դիմադրէ արդարութեան, թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Հայաստանի մէջ նոյն մտայնութեամբ:

 

pakrates@yahoo.com


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles