Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Երբեմն Պէտք  Է Խառնել Մեղուին Փեթակը…

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Writers Sarkis MahseredjianՀայաստանի պատկերասփիւռի մէկէ աւելի կայաններ 22 Մայիսի իրենց հաղորդումներուն մէջ տուին հետեւեալ լուրը. Բագրատաշէնի սահմանագլուխին, բազմաթիւ բեռնատարներ քանի մը օրէ ի վեր կարգի կը սպասեն Հայաստան մտնելու, կը գանգատին սահմանապահներու եւ մաքսային իշխանութիւններու կամայականութիւններուն դէմ, որոնք պատճառ կ՛ըլլան իրենց բեռներուն Հայաստան մուտքի ուշացման։ Վարորդներն ու առեւտրականները կը հաւաստեն, որ իրենք օրինական թուղթերը ներկայացուցած են, տուրքերը վճարած, սակայն վերադարձուած են խուզարկութեան կայան ու դէմ յանդիման գտնուած նոր հարկադրանքներու։ Պաշտօնական աղբիւրներ կը պատճառաբանեն, որ ներածողները արդար տուրք չեն վճարած, սուղ ապրանքներ տարբեր անունի տակ արձանագրած են եւ նուազ տուրք վճարած։ Իբրեւ պատասխան, ներկրողները «կը հասկցնեն», որ մաքսային կարգ մը պաշտօնեաներ նման քայլերու կը դիմեն… կաշառք փրցնելու միտումով։

Ապրանք ներածելն ու տուրք վճարել-չվճարելու մասին լուրերը աննախընթաց չեն, թէեւ այժմու մթնոլորտին մէջ տարբեր երանգ կը ստանան ու օրուան ալիքներուն արձագանգ ըլլալ «կը բուրեն»։ Բնական բաներ, որոնց պէտք է վարժուիլ եւ ո՛չ մէկ խօսք՝ ունենալ արդար մօտեցում։ Այս տողերուն նպատակը պատկան իշխանութեանց հեղինակութիւնն ու իրաւասութիւնները հարցականի տակ առնել չէ։

«Շան գլուխը» թաղուած է ուրիշ տեղ, որուն մասին կը խօսին լրատու աղբիւրները, սակայն առանց սրդողում կամ ընդվզում արտայայտելու այդ իրականութեան մասին։ Ներածուող ապրանքները… թրքական են։ Կար ատեն մը, երբ յականէ անուանէ կը յայտատարուէր, որ Թուրքիայէն ներածումները անբաղձալի եւ արգիլեալ պտուղ էին, սակայն Հայաստանի շուկաները մի՛շտ ալ ողողուած կը մնան թրքական արտադրութիւններով, աչք կը փակուի այն իրականութեան վրայ, որ Թուրքիա ամէն օր թշնամական նոր դրսեւորում մը կ՛ունենայ Հայաստանի ու հայութեան դէմ, Ատրպէյճանի հետ շրջափակած է Հայաստանը։

«Մեղուի փեթակը» խառնած կ՛ըլլա՞նք, եթէ նման բաներ յիշեցնենք հրապարակաւ, յիշեցնենք, որ պաշտօնական Հայաստանն ու ողջ հայ ժողովուրդը բաց հաշիւներ ունի Թուրքիոյ հետ. պարզամիտ միամի՞տ կը սեպուինք, եթէ վրդովմունք արտայայտենք թէ «ֆութպոլային քաղաքականութենէ» հրաժարած Հայաստանը տրամադիր չէ հրաժարելու «շուկայական քաղաքականութենէն», թէ՝ ստուերային առեւտուրին համար այս կամ այն դիմագիծով իշխանութիւնը որեւէ իմաստ կամ կարեւորութիւն չունի։

Իսկ արդեօք իրաւունք ունի՞նք հարց տալու, թէ ինչո՞ւ շուրջ երկու տարի առաջ ահագին աղմուկ բարձրացաւ, եւ արդա՛րօրէն, երբ Հայաստանի շուկային մէջ ի յայտ եկաւ քանի մը սնտուկ ատրպէյճանական խնձոր, որ մաքսանենգութեամբ Հայաստան մտած էր։

Հաւանաբար երբեմն պէտք է խառնել մեղուին փեթակը…


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles