Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Ովքե՞ր Պարտաւոր Են Հատուցելու

$
0
0

garoarmenian

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

 

Յաճախ հարց կու տանք մենք մեզի, թէ ինչպիսի՞ն էր Հայոց Ցեղասպանութեան նախօրեակը… Ի՞նչ կ՛ընէին մեր պապերը 1915ի Յունուար, Փետրուար, Մարտ ամիսներուն: Ով ի՞նչ հարցեր կը լուծէր, ով ինչո՞վ կը տագնապէր, ով ի՞նչ կը տօնէր, ով ի՞նչ նախատեսութիւններով կ՛ապրէր եւ կ՛ապրեցնէր իր ընտանիքը եւ ի՞նչ երեւակայութեամբ կը դիեցնէր իր հոգին:

Այո՛, կարեւոր է գիտնալ, թէ ի՞նչ երեւակայութեամբ կ՛ապրէր մեր մեծերու սերունդը, երբ տակաւին չէր բացայայտուած հայասպանութեան ծրագիրը:

Կապրիէլ Կարսիա Մարքէզն է, որ ըսած է տեղ մը, որ «ի վերջոյ իրականութիւնը պիտի գայ հաստատելու, թէ երեւակայութիւնը… ճիշդ էր»: Ես այս խօսքը առաջին անգամ տեսայ փոքր աղջկանս համակարգիչի պաստառին վրայ եւ այլեւս չկրցայ մոռնալ զայն, քանի որ ան եղաւ իմ մնայուն վէճս Մարքէզի հետ: Ո՞ր իրականութիւնն էր, որ պիտի գար հաստատելու 1915ի նախօրէի ո՞ր երեւակայութիւնը, հարց կու տայի ես ինծի (եւ Մարքէզի՛ն) Հայ Դատի հատուցման պայքարի ամէն մէկ հանգրուանին վրայ: Պարզ է, որ ցեղասպանազերծ աշխարհ մը գոյութիւն ունէր տեղ մը, որուն պերճանքէն զրկուած էինք մենք եւ որուն մասին կը խօսէր Մարքէզ: Բայց նաեւ կը յիշեցնէի ինքզինքիս, որ այդպիսի աշխարհի մը համար էր, որ ի վերջոյ կը պայքարէինք մենք երկրէ երկիր եւ տասնամեակէ տասնամեակ եւ թէ մեր քաջարի տղաքն էին ու մեր քաջազուն աղջիկնե՛րը՝ այդ գաղափարին իսկական եւ անկեղծ զինուորները…

1984ին, Հայկական ՍՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիայի հրատարակութեամբ լոյս տեսաւ բանասէր Ալբերտ Ս. Շարուրեանի «Դանիէլ Վարուժանի Կեանքի եւ Ստեղծագործութեան Տարեգրութիւն»ը, որուն էջերը հարուստ են բանաստեղծի կեանքին բաբախուն մանրամասնութիւններով: Յարգելի բանասէրը գրած է Դանիէլ Վարուժանի կեանքին ամէնէն սրտառուչ վէպը առանց քայլ մը իսկ շեղելու գիտական մարդու իր պատասխանատու դիրքերէն: Ի դէպ Շարուրեանի երկը ունեցած է Ակադ. Էդուարդ Մ. Ջրբաշեանը որպէս Պատասխանատու Խմբագիր եւ գիրքը հրատարակութեան համար երաշխաւորած են գրախօսներ՝ Մ.Մ. Մելիքեանն ու Ի. Դ. Վարժապետեանը եւ ի վերջոյ գիրքը լոյս տեսած է Գիտութիւններու Ակադեմիայի Մանուկ Աբեղեանի անուան Գրականութեան Հիմնարկի Գիտական Խորհուրդի որոշումով: Այս բծախնդիր մաղերէն անցնելէ ետք միայն գիրքը հասած է մեր ձեռքը…

0502varoujanՅարգելի բանասէրը շատ հակիրճ տողերով օրը-օրին կը վերականգնէ Վարուժանի ստեղծագործական առօրեան հիմնուելով անվիճելի փաստերու եւ վկայութեանց վրայ:  Եւ այդ չոր ու անսեթեւեթ տողերը այնուամենայնիւ սարսռալի պարզութիւն մը ունին մեզի համար այսօր, երբ կը կարդանք: Գիտենք, թէ ինչ պիտի պատահի: Գիտենք, թէ անխուսափելի վախճան մը ունին այդ միամիտ պատահարները Ապրիլ 24ի (նոր տոմարով) ձերբակալութեանց նախորդող օրերուն: Գիտենք, թէ Վարուժան իսկապէս չի գիտեր: Արաքսին եւ անչափահաս ձագուկները չեն գիտեր: Գաղափարի եւ գրչի ընկերները չեն գիտեր այն, ինչ որ մենք այս հեռաւորութենէն հիմա գիտենք… եւ որ մեր ողբերգութիւնն է գիտնալ եւ իրենց ողբերգութիւնն է չգիտնալ… Վարուժանի կեանքի պատահարները, ամէն քայլափոխին, կը ղօղանջեն դէպի մեր գիտակցութեան խորերը եւ կ՛արթնցնեն դաժան իրականութիւնը ոճրային կանխամտածութեան, որուն գիտութենէն զրկուած է զոհը: Զոհը զոհ է, քանի որ ան անգիտակցաբար ու պարտադրաբար կ՛ապրի սուտ կեանքը, զոր Թուրք Պետութիւնը պատրաստած է իրեն համար: Մարդիկ կը դաւեն իր ամէնէն մեծ հարստութեան՝ իր ազատ երեւակայութեան դէմ: Ամբողջ մարդկութի՛ւն մը կը դաւէ մէկ մարդու այդ սուրբ իրաւունքին դէմ: Եւ հետեւաբար՝ համայն մարդկութեան կեանքի սկզբունքին դէմ: Հիմա աւելի պարզ է, թէ ի՞նչ կը նշանակէ կանխամտածումով նիւթուած ոճիր: Կանխամտածումով նիւթուած ցեղասպանութի՛ւն: Հիմա աւելի յստակ է, թէ ինչո՛ւ մեր առջեւ ունինք մարդկութեան դէմ գործուած այս ոճիրը՝ Հայոց Ցեղասպանութի՛ւնը: Հիմա արդէն ոչ ոք իրաւունք ունի մեզի «ողջախոհութեան» դասեր տալու:

Հատուցման մեր ազգային պայքարը անժամանցելի է: Թուրք պետութիւնն ու թուրք ժողովուրդը պարտաւորուած են Հայաստանի եւ համայն հայութեան հետ հաշուի նստելու եւ անկեղծօրէն մաքրելու իրենց հաւաքական պարտքը Ցեղասպանութեան ոճրի արդար հատուցման բոլոր չափանիշներով եւ առաջին հերթին հողային մեր իրաւունքներու անվերապահ ճանաչումով: Երիտթուրքերը թիրախաւորելով, մեղքը այդ քանի մը ոճրագործներու ուսերուն միայն դնելով եւ հատուցման դատը ապակողմնորոշել ջանալով ոչ ոք սին յոյսեր թող չսնուցանէ, որ կարելի պիտի ըլլայ այս հարցը «մաքուրի հանել»: Հարցը քնացնել: Հարցը աստիճանաբար մեռցնել: Հարցը ծածկել ծաղկափոշիով: Զայն շաքարազօծել Էրտողանեան ցաւագար հռետորաբանութեամբ: Կամ Թանէր Աքչամի եւ իր նմաններու աճպարարութիւններով: Այդպէս պիտի չըլլայ: Երիտթուրքերու հաշիւը մենք մաքրած ենք վաղուց: Այդ ծառայութի՛ւնն ալ մենք մատուցած ենք մարդկութեան: Հիմա Թուրք Պետութեան եւ թուրք ժողովուրդի հաշիւն է,  որ դրուած է համաշխարհային հանրութեան սեղանին վրայ:

 

Մայիս 11, 2019

Ուաշինկթըն


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles