Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Ճանաչումին Չափ Եւ Աւելի՝ Պահանջատիրութիւն

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

 

 

Ապրիլ 24 է:

0913bedikianԻբրեւ ժառանգորդները Ցեղասպանութեան զոհ գացած ազգի մը՝ կը յիշենք այս թուականն ու արհաւիրքը, որովհետեւ, ան դարձակէտ եւ ուղենիշ մըն է իւրաքանչիւրիս համար: Ու այս օրերուն դարձեալ մեր բոլորին շրթներուն վրայ աղօթք կայ, մեր եկեղեցիներէն ներս մոմի ու խունկի հետ նաեւ յատուկ պատարագ կը մատուցուի, ջարդարարին եւ մեծ պետութիւններուն յուշագիրներ կը յանձնուին, հայահոծ քաղաքներու փողոցներուն մէջ ալ մեծ ու փոքր քայլարշաւներ եւ ցոյցեր կը կազմակերպուին:

Եւ այս ձեւով ու ոճով «Ապրիլը» կը կազմակերպենք, կը յիշատակենք, պատշաճ եւ արդար եւ աւանդական:

Պատճառ. որովհետեւ աւելի քան դար մը առաջ, ազգովին բարբարոսութեան մը զոհը դարձած էինք: Ճակատագրային դժբախտութիւն:

Իսկ հիմա կ՛ուզեմ հեռու մնալ ծեծուած խօսքերէն:

Նախ ըսեմ, որ այս օրերուն դարձեալ մեր բոլորին մտածումները սահմանուած են:

Հայ միտքը կրկին անգամ կը տառապի ազգի ցաւերով: Տաժանելի է այս զգացումը եւ սակայն կարեւոր ու կենսական է: Ու յամառօրէն կը փորձենք իմաստ տալ կիսաքանդ պատմական օղակներուն:

Գիտենք, որ ներկայիս աշխարհը անհանգիստ է: Արդէն, գլխիկոր ինկած են բաւական թիւով արժէքներ, իսկ մեր պարագային տարիներէ ի վեր նոյն կարգախօսը կը ծամենք: Բայց անպայման՝ կը յիշենք, թէ՝ ցեղասպանութեան հետեւանքով մեր կորուստները եղած էին ահաւոր եւ հսկայական ե՛ւ տարածքային, ե՛ւ մշակութային, ե՛ւ մարդկային, ե՛ւ հոգեբանական տեսակէտէն:

Ու հիմա Ապրիլ 24 է, կը տեսնենք, կ՛ապրինք, կը յիշեցնենք:

Ու այս «Ապրիլը» կը կարծեմ, որ տարբեր է իր նախկիններէն: Եւ միշտ այդպէս պէտք է որ ըլլայ: Կ՛ուզենք, որ տարբեր ըլլայ: Իւրաքանչիւր Ապրիլ, պէտք է որ իր նախկինէն տարբերի, որովհետեւ վերջ ի վերջոյ ունինք մեր արժանապատուութեան զգացումը եւ մանաւանդ՝ բոլորով ալ պատասխանատու ենք պատմութեան առջեւ: Նաեւ անմեղօրէն ըսեմ, թէ անցեալ Մարտի կիսուն, Ալապամա նահանգը դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող Միացեալ Նահանգներու 49րդ նահանգը: Այս մասին հայ մամուլը արագ եւ օրին արձագանգեց: Շեփորեց: Դրական եւ նոյնքան ալ ուրախալի երեւոյթ:

Բայց…Ճանաչումը բաւարար չէ լուծելու համար մեր դատը:

Կարեւորը, արդար լուծումն է, որ կ՛ենթադրէ խլուածն ու կողպտուածը, իւրացուածն ու գողցուածը վերադարձնել բուն տիրոջ, իրաւատիրոջ եւ նման սկզբունքներու շուրջ կարելի չէ սակարկել:

Ու մեզի համար այլեւս նորութիւն չէ, որովհետեւ նաեւ դառն իրականութիւն է, որ միջազգային դիւանագիտութեան ասպարէզին մէջ քաղաքական շահեր հետապնդելու համար, յաճախ մեր ողբերգութիւնը կ՛օգտագործուի, անկախ մեր կամքէն, սաստելու համար Թուրքիոյ ոտնձգութիւնները: Անպայման քաղաքագէտ ըլլալու պէտք չկայ հասկնալու համար այս իրականութիւնը եւ մանաւանդ ներկայ մեծ պետութիւններու դիւանագիտական խաղերն ու անոնց հետապնդած շահերը:

Անոր համար եւ արդարօրէն բոլորս ալ, մեր աչքերը կը կեդրոնացնենք մեր միակ հայրենիքին՝ Ազատ եւ անկախ Հայաստանին վրայ: Ահա կայ եւ կը մնայ էականը:

Բոլորս ալ կը հաւատանք եւ կը հաստատենք, որ մեր հայրենիքը, մեր ազգային դիմագիծի հիմքն է: Ու նորութիւն չէ, որ ան վերագտած է իր ազատ եւ անկախ ապրելու հպարտութիւնը: Տակաւին տարի մը առաջ էր, երբ Հայաստանի մէջ նոր յեղափոխութիւնը եկաւ: Ու արդէն տեսանելի է, թէ ինչպէս նոր կեանքի բոցը վարակած է մեր հոգին:

Բոլորով հաստատեցինք, թէ մեր անկախութիւնը ալ ժողովրդականացած է:

Ու երեւակայեցէ՛ք, ի~նչ հրաշքներ կրնայ գործել անկախ մեր հայրենիքը: Ու միշտ հպարտութեամբ կը նշենք, որ աշխարհի տարածքին, բոլոր հայերուս սիրտն ու միտքը միշտ եղած է եւ կը մնայ հայրենիքի հետ: Առանց սակարկութեան՝ նուիրուածութիւն:

Հաւատքի աղբիւր է Հայաստանը, ոչ մէկ կասկած, որ մեզ կը միացնէ իբրեւ միասնական մէկ ազգի բաղադրիչ տարր:

Նաեւ կրնանք բացագանչել, թէ Հայաստանը իր ներկայ ժողովրդականացած դրութեամբ, մեր պայքարի յուսալի յենարան ալ է, հայ ժողովուրդի նպատակներու յաղթանակին ամէնէն ամուր խարիսխը: Ներկայ իր սահմաններով, ան կը հանդիսանայ պատմականօրէն շարունակութիւնը Մայիսեան մեր առաջին հանրապետութեան, ուր խտացուած են ազգային արժէքներ, որոնք ժառանգուած էին հազարամեակներու մեր պատմութեան ընթացքին: Եւ վերջապէս՝ Հայաստանը է՛ եւ կը մնայ համայն հայութեան ազգային գոյատեւման ապահով երաշխիքը:

Մէկ հայրենիք ունինք, որուն շուրջ միաւորուած են Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութիւնը, հաւասարապէս եւ անկեղծ:

Ու հաստատապէս մեր մօտ հայրենիքի սէրը ո՛չ տալ է, ո՛չ առնել է, այլ՝ ըլլալ է:

Իսկ հիմա, այս բոլորէն ետք, երբ կը խօսինք Հայոց Ցեղասպւանութեան եւ մեր արդար դատի ու մեր պահանջատիրութեան ոգիի եւ իրաւունքներու մասին, կը կրկնեմ, որ ազատ եւ ինքնիշխան Հայաստանը, իր քաղաքական բոլոր կառոյցներով պարտաւոր է հանդէս գալ ի պաշտպանութիւն տարագիր հայութեան հայրենիքի օրինական պահանջքին:

Այլ խօսքով՝ աջակից եւ յանձնառու ըլլալ համայն հայութեան բոլոր իրաւունքներուն:

Ահա թէ ինչու ցեղասպանութեան առնչուող բոլոր հարցերուն, կէտերուն, լուծման տանող բանակցութիւններուն եւ խորհրդածութիւններուն մէջ Հայաստան-Սփիւռք համակարգուած աշխատանքը էական եւ կենսական կը նկատեմ: Ահա թէ ինչո՞ւ այս «Ապրիլը» տարբեր պէտք է, որ ըլլայ իր նախկիններէն:

Ըլլանք համախմբուած  մանաւանդ, որ ներկայիս զոհի բարդոյթ չունինք այլեւս: Պատեհութեան եւ պոռոտախօսութեան զոհը չդառնանք: Պատմութեան անգիտութիւնը ներելի չէ: Պայման է, որ հայրենի իշխանութիւնները աշխարհի տարածքին վառ պահեն մեր ազգային պահանջատիրութեան ոգին, որպէսզի անով վարակուի նաեւ մեր վաղուան սերունդը:

Ազգային յանձնառութիւն է այս: Էական եւ կենսական: Ծարաւ է մեր ժողովուրդի ոգին: Պէտք է զայն ազգային գիտակցութեամբ լիցքաւորել:

Մեր բոլորի փափաքն ու երազն է, որ ներկայի խելամիտ իշխանութիւնը, իր պետական քաղաքականութիւնը շաղախէ ազգային առողջ ձգտումներով: Այլ խօսքով՝ պետական մտածողու-թեան մէջ ազգային պահանջատիրութիւնը դասէ առաջնահերթ:

Պայման է, որ Հայաստանի ձայնը ըլլայ յստակ, զօրեղ, մաքուր եւ հնչեղ:

Նոր սերունդ մը ունինք, համբուրելի, գիտակից եւ օժտուած: Պահենք զայն հաստատ մեր ազգային հրապարակին վրայ: Եւ որովհետեւ պահանջատէր ալ ենք, այդպէս ալ շարունակենք նոյն ոգիով թրծել զայն:

Հայաստանէն հնչած խօսքերուն, աշխատանքներուն եւ բանակցութիւններուն կ’ակնկալենք, որ միշտ տրուի աւելի յստակ ազգային եւ քաղաքական գոյն ու բովանդակութիւն, որպէսզի կարելի ըլլայ նուաճել ազգային մեր բոլոր իրաւունքները:

Չկորսնցնենք ազգային մեր եսը:

Այս բոլորը յանդգնութեան եւ կամքի ուժի կը կարօտին: Դարերու մեր պատմութիւնը մեզի կը ներշնչէ ինքնագիտակցութիւն: Ուղղութիւն կու տայ ապագայ կարելիութիւններուն:

Տէր մնանք մեզմէ խլուած հողին եւ ջուրին: Միջազգային ընտանիքէն Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջքը բաւարար չէ: Չխաբուինք: Մեզի արդարութիւն է պէտք եւ անպայման՝ հատուցում:

Լաւ յիշեցէ՛ք, արդար իրաւունքը չի մեռնիր, եթէ մենք ազգովին պահանջատէր մնանք: Մանաւա՛նդ՝ միասնակամ:

Ուխտ է այս մէկը:

Բոլորս կը հաւատանք նման պայքարի ուժին եւ յաղթանակին:

Ու համայն հայութիւնը իր պետութենէն կը սպասէ, կ՛ակնկալէ նման արդար լուծումներու իրականացումը:

Այս է Ապրիլեան օրուան խորհուրդը. կը կարծեմ:

Այս է նաեւ ընդհանուր յայտարարը, որ ի մի պիտի բերէ մեզ: Վստահինք մեր սեփական մտքին, ուժերուն եւ տէր կանգնինք ազգային շահերուն: Կարեւորը երթն է, նոր յաղթանակներու, ձեռբերումներու ճանապարհը:

Ցեղասպանութիւն տեսնող ազգ մը չի կրնար դաւաճանել իր հայրենիքին, իր ժողովուրդին եւ իր ազգին:

 

 


 

ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ

 

 

Հայոզ Ցեղասպանութեան 104ամեակին՝

դիմելով մեր նահատակ սուրբերու բարեխօսութեան,

կը վերանորոգենք մեր ուխտը՝

աննահանջ շարունակելու արդարութեան մեր պահանջատիրական երթը, 

մինչեւ ամբողջական ու արդար հատուցո՛ւմ,

մինչեւ մեր պատմական հողերուն վերադա՛րձը,

մինչեւ մեր մարդկային ու նիւթական կորուստներուն փոխհատուցո՛ւմը։

 

Այսօր եւ մի՛շտ պիտի քալենք, պիտի պայքարի՛նք՝ մինչեւ յաղթանակ։

 

 

Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ

Կրօնական Ժողով եւ

 Ազգային Վարչութիւն


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles