Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Սուրիական Օրագրութիւն – 25

$
0
0

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Վերջին նորութիւնը, որ եկաւ առաւել գեղեցկացնել մեր աղբազարդ ու լքուած քաղաքը՝ փողոցներու մէջ խորունկ փոսեր։ Նպատա՞կը. մենք միայն ենթադրութիւններ կրնանք ընել, ինչ եւ կ՛ընենք.
- Ջուրի խողովակներ կը նորոգուին, որ մշտական ջուր ունենանք…
- Ելեկտրական թելերը կ՛ապահովեն…
- Չէ՜, խրամատներ կը փորեն՝ անակնկալ յարձակումէ պաշտպանուելու համար…
- Ճանըմ, «անոնք» գետնի տակ ճամբաներ կը փորեն, որ հասնին մեր (քրիստոնէական) թաղերը։ Որոշեր են պայթեցնել, պետութիւնն ալ յայտնաբերեց ու կը քանդէ…
Այսպէս՝ փոսերը կը շարունակեն երեւակայութիւն շարժել։ Ու քանի որ ազատ ենք երեւակայելու, ես ալ իմ կարծիքս կու տամ։ «Անոնք», տեսնելով մեր հնամեայ քաղաքի ռազմավարական գետնուղիները՝ որոնք հին քաղաքէն դէպի բերդ կ՛երթան, հաւանաբար միտք յղացան ու շինեցին իրենցը՝ ոչ միայն մեր քաղաքը, այլ ամբողջ երկիրը պատելով գետնուղիներու ցանցով։ Արդ, երբ պատերազմը վերջանայ, իսկ անիկա անպայման պիտի վերջանայ, ի՞նչ կարելի է ընել այդ գետնուղիներուն հետ։ «Մեթրօ» կարելի չէ, քանի որ անհրաժեշտ չափով խորունկ չեն։ Ես կ՛առաջարկեմ ապագային զանոնք օգտագործել կամ մարզական մրցումներու, կամ պատերազմական թանգարաններու, որ Սուրիան քանդողներու սերունդները գան ու հիանան…
Կարծիք ունի՞ք…
***
«Որ մենք հերո՛ս…», կը սիրէր կրկնել Օտեանի գրիչին տակ անմահացած յեղափոխական մակաբոյծներէն մէկը, ու հայրենասէր եգիպտահայեր բարիքներ կը տեղային ինքնակոչ «ֆէտայի»ին վրայ։ Շատ խիստ չըլլանք, մեր պայմանները տարբեր են ու մեր կեցուածքը՝ աւելի քիչ շահախնդիր։ Մենք ընդամէնը մանուկի պէս քաջալերանք ու գովեստ կը սպասենք, երբ հայաշխարհին կը ներկայանանք որպէս Սուրիոյ մէջ պայքարող ու տառապող հերոսներ։
Այո՛, այս օրերուն Սուրիա մնալը մեծագոյն զրկանք է, չարչարանք, նաեւ՝ հոգեկան տառապանք ու կեանքի սպառնալիք ամէն պահ։ Սակայն բոլոր տառապողներն ու չարչարուողները հերո՞ս են… Այդ պարագային երրորդ աշխարհի բնակչութեան մեծ մասը հերոս պէտք է հռչակել։
Սուրիա մնալը որպէս սեփական անձի հերոսութիւն ներկայացնողներու քանի՞ տոկոսը ձեռքը կրնայ դնել խիղճին ու ըսել, թէ մնացեր է յանուն գաղութի գոյատեւման, յանուն արդարութեան, յանուն….
Հերոսը քի՜չ մը տարբեր բան է…
Անտարակոյս կա՛ն կամաւոր կերպով մնալ որոշողներ, կան եւ հերոսներ (խոնարհ ու զիրենք չտարփողող), որոնք վտանգաւոր ու նուիրեալ աշխատանքի լծուած են յանուն ու համար… Սակայն չէ՞ որ մեզմէ մեծ մասը մնացեր է անձնական ինչ-ինչ հաշիւներէ մղուած, ստիպողականութեան տակ։ «Ինկողը կը քաշէ» ժողովրդական խօսքը հոս աւելի քան տեղին է։ Ու մենք կը քաշենք։ Գայթակղիչ է ստիպողական մնալը որպէս հերոսական կեցուածք ներկայացնելը, բայց, ներեցէ՜ք, ո՞ւր է ճշմարտութիւնը…
Լա՛ւ, խիստ ըլլալ չեմ ուզեր. դուք որոշեցէք՝ հերոս էք թէ ոչ…
***
Կրկին յիշեցնեմ մոլլայի առակը. աղքատիկ ու նեղլիկ տունի մէջ մեծ ընտանիքով ապրող մարդ մը մոլլային կու գայ՝ իր բախտէն գանգատի։ Մոլլան կ՛առաջարկէ հաւերը տունէն ներս առնել, ապա՝ ոչխարները, կովը եւ այլն։ Մարդուն վիճակը երբ դժոխային կը դառնայ, մոլլան կ՛առաջարկէ մէկիկ- մէկիկ դուրս հանել անասունները։ Ու մարդը կ՛երջանկանայ։
Այսպէս՝ ամէն ինչ այս փուչ աշխարհին մէջ յարաբերական է։
Զհաց մեր հանապազօր…
Այսօր աղօթքին այս խորհուրդ-խօսքը սուրիացին ուղղակի կը հասկնայ։ Հաց ու ջուր հանապազօրեայ. կենսական՝ մեր հոգիին պատեան մարմինը կանգուն պահելու համար։ Երբ կը վտանգուի մարմինը, շատերու հոգիները կը փախչին կամ շատ խորունկները կը պահուըտին ու կը մնայ մարմինը՝ ստամոքսի հոգսով… Տխո՞ւր է. իսկ մենք իրաւունք ունի՞նք հերոսացում պահանջել պարզ մարդէն ու անկէ, որ մանուկներ պիտի կերակրէ ու ամառուան տաքին օրերով զրկուած է ջուրէ…
Հիմա ամէնքս անդրադարձանք այս պարզ անհրաժեշտութիւններու կարեւորութեան՝ հաց ու ջուր (ո՜չ պանիր)։ Բայց արդեօք շատ սուղ գին չե՞նք վճարեր այդ անդրադարձին համար։ Հիմա երջանիկ կը զգանք, եթէ ունինք հաց ու ջուր, նաեւ՝ քիչ մը ելեկտրականութիւն։
Արդէն չի մնար հեգնանքի ու զուարթամտութեան նուազագոյն նշոյլ, երբ այս տագնապի մթնոլորտին մէջ ես։

Պատկեր
- Առտուան ժամը հինգին մայրս (ան եօթանասուներեք տարեկան է) ու ես գացինք փուռ, արդէն խճողում էր։ Ժողովուրդը հաւաքուած, բայց իրենք հազիւ 8ին սկսան ծախել։ Թիւ առինք կարգի կենալու (այս մէկը յառաջդիմութիւն է, ստիպումէ դրդուած, որ ամբոխը ոտքի տակ չտայ զիրար։ Միւս կողմէ՝ քանի մը ոստիկան կը հսկեն ու կը պոռան ամբողջ օրը… անհաց, անջուր…)
- Կրցա՞ք առնել…
- Երեք շարք կար՝ կիներու, այրերու եւ ոստիկաններու (Անոնք ալ հաց պիտի ուտեն, չէ՞, մանաւանդ որ միշտ վտանգի տակ են)։ Մայրս խորամանկութիւն մտածեց, իր թիւը շրջեց, 83ը կրցաւ 38 դարձնել, խճողումին մէջ անդրադարձող չեղաւ, ինձմէ առաջ գնեց ու տուն գնաց, ինծի ջուր բերաւ։ Կէսօրուան երկուքին կարգս հասաւ։ Գլուխս ծածկած էի, միայն թէ մէկ թեւս արեւէն այրուեցաւ… Բայց կրցանք հաց գնել, ամէն մէկս՝ քսանական… ոտքերնիս հազիւ քաշքշելով տուն դարձանք։

Պատկեր
Ծերուկ մը վեց ժամ ոտքի կենալով կարգի մէջ, առտու մարեր ինկեր է…
Պատկեր
Կին մը նստեր է մայթեզերքի շուքին։ Տղեկ մը կ՛անցնի, ափերուն մէջ՝ հացեր։
- Տղա՛ս, քանիի՞ն գացիր փուռ, որ կրցար գնել։
- Գիշերուան երեքին։
Ժամը երեքին եկեր ու փուռին մայթին քնացեր է։ Կէսօրուան 11ին կրցաւ գնել… Հազիւ տաս տարեկան է։
Ձեր կուշտ ու կերակուրը մերժող տղոց պատմեցէք այս «հեքիաթը»։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles