Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Սթալինին Ուղեղը Ո՛ւր Հասած Է…

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Writers Sarkis Mahseredjian – Լսեցի՞ր վերջին լուրը,- հարցուց կատակասէր բարեկամս՝ հեռաձայնին միւս ծայրէն, ուշ յետմիջօրէին։

– Նորէն ի՞նչ կայ… ,- հարցուցի՝ իր երեւակայածին կատակները հաճոյքով լսողի տրամադրութեամբ։

– Նախագահ Թրամփը յայտարարութիւն մը ստորագրեր է այսօր. սուրիական Կոլանը Իսրայէլի նուիրեր է։

Բացատրեցի, որ լուրը արդէն աշխարհով մէկ տարածուած է, նոր լուր ըլլալէ դադրած է։

– Բուն լուրը Կոլանի մասին Թրամփի յայտարարութիւնը չէ, անկէ անդին բաներ կան եղեր։

– Այո՛, անոնք ալ լսեցի. հազար ու մէկ մեկնաբանութիւն, դատապարտում, մեղադրանք, Իսրայէլի ընտրութեանց մէջ Նեթանիահուի դիրքի ամրացում…

– Չէ՛, չէ՛, լուրը անոնց մասին չէ,- ընդհատեց բացատրութիւնս եւ շարունակեց.- Լուր տարածուեր է, որ նշանաւոր Սթալինին ուղեղը մինչեւ հիմա տեղ մը կենդանի պահուած է եղեր, հիմա Թրամփին ձեռքը անցեր է եւ ան ինքզինք այդ ուղեղով օժտեր է։

– Նորէն երեւակայութեանդ թռիչք կու տաս, հա՞,- ընդմիջեցի իմ կարգիս։

– Չէ՛, կատակը մէկդի։ Լուրը իրա՛ւ է եղեր։ Փա՛ստ ալ կայ եղեր…

– Ըսելիքդ ըսէ՛, վերջանանք,- ըսի ծիծաղելով։

– Գիտե՛ս, չէ՞. ժամանակին, 1923ին, Սթալինն ալ ասանկ՝ առտու մը արթնցեր է եւ որոշեր է մեր Արցախն ու Նախիջեւանը հրամանագիրով մը Ատրպէյճանին նուիրել, ոտքի տակ առնելով աշխարհն ու օրէնքը, ժողովուրդին տարրական իրաւունքը։ Խօսք կայ, որ Սթալինի մահէն ետք, անոր ուղեղը գաղտնօրէն մեկուսացուցած են. չե՞ս լսած, երբեմն արուեստագէտներու կամ գրողներու սիրտը կը պահեն եւ տարիներ ետք իրենց նախասիրած մէկ տեղը կը տանին-կը թաղեն։ Մարդիկ կան, որ Սթալինի ուղեղը այնքան սիրած են, որ մերժած են զայն թաղել, մեր Թրամփը լսեր է եւ պատկառելի գումարով մը ձեռք բերեր է, ինքզինք այդ ուղեղով ու տրամաբանութեամբ օժտած է։ Մենք ալ կը սպասենք, որ վաղը-միւս օր, Ապրիլ 24ին Ցեղասպանութիւնը ճանչնայ, մեր պատմական հողերուն իրաւատիրութիւնը հաստատէ։

– Կատակիդ առաջին մասը սիրեցի, բայց վերջին բաժինը չհաւնեցայ,- ըսի, եւ մեր խօսակցութիւնը վերջ գտաւ այսօրուան համար։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles