Մամուլի Աշխատաւորին Կարողութիւններուն, Կացութեան Եւ Նպաստին Մասին
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հարցէ հարց ոստոստող միտքեր մամուլի տարուան առթիւ, հասկնալու եւ քիչ մըն ալ պահանջելու միտումով:
Հայ մամուլի տարուան առթիւ չնաշխարհիկ ակնկալութիւններ եւ գովերգութիւններ սին կ՛ըլլան, եթէ չխօսուի մարդոց մասին, անոնց կացութեան եւ ապրած մթնոլորտին մասին: Մարդիկ կ՛ապրեցնեն նոյն այդ մամուլը եւ անոնք վարձկաններ չեն, պէտք չէ ըլլան:
Այսինքն հարց պէտք է տալ, թէ ո՞վ է մամուլը ապրեցնող մարդը, ո՞վ կամ ինչպիսի մէկը պէտք է ըլլայ ան, ի՞նչ պէտք է ըլլան ընկերային, քաղաքակրթական, մշակութային եւ տնտեսական պայմանները, որպէսզի ան լաւագոյն ձեւով կարենայ ծառայել ընկերութեան, այդ ընկերութիւնը ըլլայ երկիր, համայնք, գրականութիւն, քաղաքականութիւն, գիտութիւն, արուեստներ, եկեղեցի եւ այլն:
Ո՛չ աւելի, ո՛չ ալ պակաս, հայ լրագրողը պիտի ըլլայ նախ լրագրող, պաշտօնին բոլոր ստորոգելիներով, պարտաւորութիւններով եւ իրաւունքներով: Լրագրողին առաջին պարտաւորութիւնն է լուրը հաւաքել եւ տարածել, մնալով առարկայական: Դժբախտաբար հայ մամուլը ոչ ծաւալը եւ ոչ միջոցները ունի բազմաթիւ եւ մասնագիտացած աշխատաւորներ պահելու, ինչպէս այդ կրնան ընել մեծ լրատուամիջոցները: Միջոցները չունի նաեւ միշտ ուղղակի հետեւելու դէպքերուն, հետեւաբար իր լուրերը կը քաղէ, այսինքն՝ քաղուած լուրերը կը խմբագրէ, լրագրութիւն կ՛ընէ գրասեղանի ետին նստած: Այս պատճառով ալ, հայ մամուլի լուրերը, յաճախ կը նմանին կրկնութեան: Հայ մամուլը ընթերցողը հետաքրքրելու եւ հետեւաբար տարածուելու համար, պէտք է մօտենայ ուղղակի աղբիւրէն լուր քաղելու արհեստավարժ եղանակին, ինչ որ ցանկութիւններու սահմանին վրայ կը մնայ: Իսկ հայ լրագրողը, այն կառոյցին մէջ ուր կը գործէ, քիչ մը ամէն բան է:
Հայ լրագրողը նաեւ կը գրէ մեկնաբանութիւններ, խմբագրական կամ քրոնիկ, երբեմն իր թղթակցութիւններուն (reportage) մէջ ալ կրնայ գնահատականներ գրել, ի հարկէ մարդ չխրտչեցնելու համար մեծ զգուշութեամբ, այս պատճառով ալ ընթացիկ համայնքային թղթակցութիւնները կը մնան նկարագրութեան սահմաններուն մէջ, եթէ չըլլան գովերգութիւն կամ չդառնան «խօսափող» կամ «տիրոջ ձայն»ի բարձրախօս: Նման կեցուածքով մամուլը եւ լրագրողը կը կորսնցնեն իրենց վստահելիութեան դրամագլուխը, քանի որ հայ թերթի էջը երբ բանանք, գիտենք ազգային եւ քաղաքական էական հարցերու մասին ո՞ր հունով պիտի ընթանան միտքերը:
Ինչպէս մամուլը ընդհանրապէս, հայ մամուլն ալ կ՛անդրադառնայ կեանքի բոլոր հարցերուն (գրական, թատերական, երաժշտական, կրթական, քաղաքական, արուեստներու, խոհանոցի, մարզանքի եւ այլն): Երբ լրագրողը հարցերու մասին ուզէ խորացում ունենալ, ընթերցումներով, վերլուծումներով կամ հետախուզութեամբ կ՛ամբողջացնէ իր ըսելիքը, ի հարկին լուսանկարիչ լրագրողներու օժանդակութեամբ:
Կան ասպարէզով լրագրողներ: Անոնք իրենց մնայուն գործին համար կը վճարուին թերթէն, ձայնասփիւռէն, հեռատեսիլէն եւ պաշտպանուած կ՛ըլլան օրէնքով եւ համաձայնութիւններով: Արհեստավարժ լրագրողներէն զատ, կան նաեւ մամուլի գործակիցներ, վճարուող կամ սիրայօժար, որոնք արհեստավարժներուն պէս օրէնքներով եւ համաձայնութիւններով պաշտպանուած չեն ըլլար:
Միջազգային մամուլին համար կ՛ըսուի, որ ան չորրորդ իշխանութիւն է, թերեւս այդպէս է Հայաստանի մէջ ալ, բայց կրնա՞նք նոյնը ըսել Սփիւռքի հայ մամուլին համար, ան ըլլայ հայաբարբառ թէ օտարաբարբառ: Մամուլը կրնայ գրել եւ խօսիլ, սակայն ան ընթերցող եւ լսող պէտք է ունենայ: Կրկին կը դրուի վիճակագրութիւններու հարցը: Սփիւռք(ներ)ի հայկական մամուլի՝ թերթ, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ, ընթերցող-լսողներու թիւին մասին ոչինչ գիտենք, ո՞վ ի՞նչ կը կարդայ եւ ի՞նչ կը լսէ: Աւելի յստակ ըլլալու համար, պէտք է պատասխանել հետեւեալ հարցումին. հայկական համայնքի մը անդամներու ո՞ր տոկոսը կը լսէ կամ կը կարդայ իր մամուլը: Պէտք է խօսիլ թիւերով: Բան մը գիտե՞նք այս մասին: Հայաբարբառ թէ օտարաբարբառ հայկական թերթի տպաքանակը եթէ յայտարարուի, առնուազն գաղափար մը կը կազմենք կացութեան մասին, հասկնալ՝ թէ ի՛նչ կը ներկայացնէ ան որպէս չորրորդ իշխանութիւն:
Փակագիծ մը: Օր մը բարեկամ մը ըսաւ, որ «եթէ կ՛ուզես որ գրած-ըսածդ գաղտնի մնայ, այսինչ թերթին յանձնէ…»։ Եթէ այս պարզ ախտաճանաչումէն մեկնինք եւ մտածենք…
Սովորութիւն է բացակայ ընթերցողի եւ ունկնդիրի մասին խօսիլ, դժգոհիլ: Երբեմն ալ հարց պէտք է տալ, թէ ի՞նչ են պատճառները անոնց բացակայութեան, միթէ՞ հրամցուածը չէ մերժուածը, համարուելով հնամաշ, ժամանակավրէպ, կողմնակալ, անտեղի, գովերգական, նեղ իմաստով տեղական, տեղայնական, համայնքային, թաղային: Այս հարցումին պատասխան ճարելու համար պէտք է դուրս գալ ինքնագոհութեան խոզակէն:
Այս մթնոլորտին մէջ կը գործեն Սփիւռքի մամուլի աշխատաւորները, որոնց մէկ մասը սիրայօժար գործակիցներ են, շատեր սիրողական (amateur) մասնակցութիւն ունին երբեմն յօդուած (անվճար) գրելով, իսկ հասարակաց ոչ մէկ օրէնք ունի Սփիւռքի հայ մամուլը, մամուլի աշխատաւորի հանգամանքը, եւ այդ ձեւով ալ աշխատավարձը որոշելու համար: Հայ լրագրողները ոչ մէկ համախմբում ունին, դեռ չեմ խօսիր արհեստակցական միութեան (սենտիքա) մասին: Աշխատավարձերու ոչ մէկ համակարգում կայ, ըստ պատրաստութեան, ըստ պաշտօնի, ըստ աշխատանքի ծաւալի, ըստ փորձառութեան եւ յաւելումներու:
Եւ չթաքնուելու համար ճկոյթի ետին, պէտք է ընդունիլ այն իրողութիւնը, որ հայկական մամուլը ենթակայ է կողմնապաշտական գրաքննութեան կամ ինքնագրաքննութեան, ինչ որ լրագրողին համար կը ստեղծէ ազատ կամ անազատ արտայայտութեան խղճի հարց, որ ասպարէզին մէջ կը բնորոշուի՝ իբրեւ clause de conscience: Պատասխանատու անձի մը խօսքը, արտայայտութիւնը, դիրքորոշումը ըստ կողմի կը գնահատուի: Եթէ սեփական կողմի պատասխանատուի խօսքը լրագրողին կողմէ քննադատուի, այդ անընդունելի կը համարուի, եթէ միւս կողմի պատասխանատուին խօսքը քննադատուի, այդ կը մեկնաբանուի իբրեւ կողմնակալութիւն: Կը մնայ պանծացումը… Բայց նման ընթացքով մամուլը կը կորսնցնէ իրեն համար էական առարկայականութեան առաքինութիւնը: Երբ այս կ՛ըսեմ, ինքնագրաքննութիւն կ՛ընեմ օրինակներ չյիշելով եւ զանոնք չբազմապատկելով: Իսկ ինչ որ չեմ ըսեր, այս հարցերով զբաղողներէն շատեր գիտեն արդէն:
Լրագրողը իրաւ գիտակցութիւն պէտք է ունենայ իր ընկերաքաղաքական պատասխանատուութեան, ինչ որ կը կոչուի deontologie, իր արհեստին բարոյականութիւնը, ինչպէս որ ունին բժիշկը, ուսուցիչը, իրաւաբանը, ճարտարապետը եւ այլն: Ան իր հոգին ծախած կ՛ըլլայ, եթէ չգործէ բարոյական խոր ըմբռնումով: Լրագրողը սպասաւորը չէ ուրիշին, ոչ ալ իր անձին, այլ ճշմարտութեան, առարկայականութեան եւ ընկերութեան: Երբ լրագրողը չունի այս ազատութիւնը եւ գիտակցութիւնը, կը կորսուի ամէնուրեք ջատագովուած մամլոյ ազատութիւնը, որ ժողովրդավարութեան համար էական յատկանիշ է:
Լրագրողը հաւատարիմ պէտք է մնայ իր կոչումին:
Ո՛չ ոք ինքնիրեն իրաւունք պէտք է տայ բռնանալու լրագրողի ազատութեան վրայ:
Ո՛չ ոք իրաւունք ունի, ըլլայ անհատ թէ հաւաքականութիւն, լրագրողը համարելու իր խօսափողը:
Իսկ լրագրողը երբ կը խեղճանայ, ան ինքնահաստատում կը փնտռէ, անատակ կը դառնայ իր ասպարէզին:
Իսկ ընթերցող եւ լսող, իրենք նախանձախնդրութեամբ պէտք է զօրավիգ կանգնին լրագրողին, որպէսզի ան չհակասէ իր խիղճին: Ժողովրդավարութիւնը եւ ազատութիւնները այս ձեւով կը կենսագործուին:
Ազատութիւնները տեսական խնդիրներ չեն: Անոնց տէր կանգնիլը պարտականութիւնն է մեծերուն եւ պզտիկներուն, համեստներուն եւ անուանիներուն:
Մամլոյ ազատութիւնը հաւաքական պատասխանատուութիւն է: Ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքի եւ սնապարծութեան համար, այլ յաւելեալ ծառայութեան:
Գովերգական եւ կանխակալ կարծիքներով առաջնորդուող մամուլը, պարզապէս ստրուկն է շահակցութիւններու եւ մեծամիտներու: Անոնց համար մեծ գրող Հոնորէ տը Պալզաք ըսած էր, որ անոնք «…այնքա՜ն առաքինութիւններ իրենք իրենցմէ դուրս կը ցուցադրեն, որ իրենց համար ներսը ոչինչ կը մնայ»:
Այդպէս են վարդապետական եւ վերջին խօսքը ունենալու յաւակնութիւն ունեցողները:
Այս հարցերու թղթածրարը պէտք է բանալ, առանց հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւններու:
Վասն ազատութեան, որպէսզի դատարկաբանութիւն չըլլայ ժողովրդավարութիւնը:
Եւ մամուլը իրապէս ծառայէ ընկերութեան, մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան:
16 Փետրուար 2019
Պուրճ Համուտ, Լիբանան