Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐԻ. Հայ Մամուլի Ապագան՝ Օրինակի Մը Հետքերով

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

 

Hagop BalianԱրամ Ա. կաթողիկոսի կոչը՝ 2019ը Հայ Մամուլի տարի հռչակելու, ինքնատիպ նախաձեռնութիւն մըն է, հրաւէր՝ նախ մտածելու, ապա մեր կարիքներու, հեռանկարներու եւ կարելիութիւններու ծիրէն ներս աշխուժացնելու հայ մամուլը, զայն ծառայեցնելու մեր ժողովուրդի ապագային, զայն դուրս բերելով իր թաղային, համայնքային, մասնակի լրատուամիջոցի վիճակէն:

Ղեկավարութիւններ (պետութիւն, կուսակցութիւն, հրապարակագիր, լրագրող, մտաւորական, եւ ընթերցող հասարակութիւն), այս հարցի մասին պէտք է մտածեն ընկերութիւններու եւ քաղաքակակրթութեան  հոլովոյթի լոյսին տակ, ճշդեն մամուլին տեղը, դերը, բովանդակութիւնը՝ կարելիութիւնները եւ անկէ սպասուածը եւ տալիքը: Ժողովուրդներ եւ երկիրներ մամուլ ունին, առանձին չենք: Ներազգային խոզակի բանտին մէջ մնալով նպատակասլաց եւ օգտակար մամուլ չենք ունենար:

Մենք սովորաբար հայ մամուլ հասկացողութեան տակ կ՛արձանագրէինք տպագիր թուղթը (օրաթերթ, շաբաթաթերթ, ամսաթերթ, պարբերական): Երբեք չենք կրցած հաշուել, թէ աշխարհագրական տուեալ շրջանի մը հայ բնակչութեան ո՞ր տոկոսը տեղեկութիւն կը ստանայ հայկական թերթերէն, անջատելով հայագիրը եւ օտարագիրը, յաւելեալ յստակութեան համար: Նահանջի մը արտայայտութիւն օտարագիր հայ մամուլը ի՞նչ օգտակարութիւն ունեցած է եւ ունի:

Երբեք չենք փորձուած նաեւ բաղդատութիւններ ընել օտար մամուլին հետ, որպէս բովանդակութիւն, որակ, կազմակերպութիւն եւ ազդեցութիւն: Հայկական թերթին տպաքանակը չի յայտարարուիր, ոչ ոք գիտէ, առաւել կամ նուազ ճշդութեամբ, անոնցմէ իւրաքանչիւրին գնողներուն եւ ընթերցողներուն թիւը: Ազգային, համայնքային եւ կողմնապաշտական բարոյական ըմբռնումով կը քաջալերենք հայկական թերթը, կը քննադատենք, նոյնիսկ երբ չենք կարդար:

Կը պատահի՞ որ խօսինք հայկական թերթի ընթերցողին հետ եւ հարց տանք, թէ ո՞ր սիւնակները կը կարդան (հետաքրքրուիլ բառը պերճանք պիտի ըլլայ): Հարցախոյզ մը եթէ կատարուի, տխուր եզրակացութեան պիտի հասնինք: Կը կարդացուին ձեռնարկներու յայտարարութիւնները, մահազդները, հոգեհանգիստները: Կը կարդացուին առաջին էջի մեծատառ վերնագիրները եւ հեռագրալուրերը:

Այսինքն թերթին gazette-ի մասի անմիջականութիւնը կը հետաքրքրէ զանգուածը: Իսկ այս նուազագոյնն ալ սահմանափակուած է, քանի որ ձայնասփիւռ եւ հեռատեսիլ այդ դերը կը կատարեն հասնելով իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ, առանց յաւելեալ ճիգ պահանջելու: Եթէ գումարենք համացանցով ստացուած եւ ընկերային ցանցերու վրայ տարածուող, կրկնուող եւ մեկնաբանուող լուրերը, դասական լրատուամիջոց տպագիր մամուլի ապագան կը դառնայ հարցական:

Կը մնայ հայ տպագիր մամուլի այսպէս կոչուած ներքին էջերու ընկերային, ազգային, քաղաքական եւ գրական բովանդակութեան գրութիւններու պարագան, վերլուծական կամ ստեղծագործական: Այս էջերուն վրայ տեղադրուածները, ստացուած եւ իւրացուած, գրողը եթէ փափաքի, համացանցով կը հաստատէ իր կայքը, եւ կ՛ունենայ իր ընթերցողները: Այս ընելու համար ոչ մէկ համադրումի, հսկողութեան, կամ զտումի կարիք եւ պարտաւորութիւն կայ:

Այս արագ նշումներու լոյսին տակ, կա՞յ կարելիութիւն հայ տպագիր մամուլի տեւականացման համար: Պարզ է, որ հայ տպագիր մամուլը, ինչպէս այսօր, վաղն ալ իր տպաքանակով եւ ընթերցողներու համրանքով պիտի չգոյատեւէ: Կը մնայ ծանուցումներու պարագան, որոնք շնչառութեան թոք են, առանց բաւարար ըլլալու:

Հայ տպագիր մամուլը, փաստ է այսօր, կ՛ապրի այս կամ այն կողմի պատկանելիութեամբ, անոր օժանդակութեամբ եւ յատկացումներով, իր վճարող ընթերցողներն ալ ընդհանրապէս կը պատկանին աւանդական կողմերէն մէկուն կամ միւսին:

Հարկ է քննել այն պայմանները, որոնք կրնան հայ տպագիր մամուլը աշխուժացնել, ընել այնպէս, որ ընթերցողները իրենք փնտռեն թերթը՝ իր բովանդակութեան համար, որ աւելին բերէ իրեն, քան ընթացիկ «կազէթ»ը, ձայնասփիւռը, հեռատեսիլը, համացանցը: Ընթերցողը լուրը կ՛իմանայ զանազան լրատուամիջոցներէ, որոնք կը կրկնուին մէկ կամ միւս աղբիւրի պարագային: Հայ թերթը լուրին վրայ կամ անոր հետ աւելին պէտք է բերէ: Այդ աւելին տեղեկութեան իմաստաւորումն է պատմութեան, քաղաքակրթութեան, միջազգային եւ ազգային ընդհանուր կացութեան լոյսին տակ, ինչ որ չեն կրնար ընել ո՛չ ձայնասփիւռը, ո՛չ հեռատեսիլը, ո՛չ համացանցը: Ո՛չ ալ օրաթերթը՝ որ հարկատու է անմիջականի:

Այս տրամաբանութեամբ ալ, ասկէ առաջ խորհած եւ ըսած եմ, որ ընդհանրապէս օրաթերթի ապագան, նաեւ հայ օրաթերթի, շաբաթաթերթն է, իր վերամտածուած հայկական եւ ժամանակակից քաղաքակրթական-քաղաքական-մշակութային բովանդակութեամբ:

Աչքի առաջ ունիմ ոչ-հայկական շաբաթաթերթ մը:

– 100 էջ։

– 25 էջ ծանուցում։

– 22 յօդուածներուն առնչուող նկարազարդում։

– Հրատարակութեան կէսը գեղեցիկ եւ գունաւոր նկարներ ունի, որոնք էջերուն շնչառութիւն կու տան, ընթերցումը դիւրացնելով։

– Շաբաթաթերթը կը սկսի երկրին համար անմիջական իրադարձութեան մը մասին երկու սիւնակով, էջին 2/3ը, դէպքի ընկերաքաքաղաքական հասկնալի եւ լուսաբանող բացատրութեամբ։

– Էջ մը յատկացուած է քաղաքական-ընկերային հարցի մը, որ կը վերաբերի ժամանակակից ընկերութեան, երկրին մէջ եւ երկրէն դուրս: Ընթերցողը կը հասկնայ, որ իր եւ իր երկրի հարցերը մաս կը կազմեն ընդհանուրի մը, բերելով դատումի տարրեր։

– Էջի մը 2/3ով կը խօսուի բջիջային հեռախօսի ներկայութեան մասին, որ քաղաքական կեանքի ազդակ դարձած է, մրցակցութիւններ, լրտեսութիւն, հսկողութիւն եւ այլն:

– Երկրի քաղաքական դէմքերու հակիրճ արտայայտութիւնները անմիջական խնդիրներու մասին. թեր, դէմ:

– Տարիներ առաջ հեռաւոր երկիր մը ապաստանած ահաբեկիչի ձերբակալութիւնը. յիշեցումներ:

– Քաղաքական երկու անձերու կենդանագիրը եւ անոնց առաջարկները:

– Դրամի եւ տնտեսութեան հարցը՝ համաշխարհային կացութեան մէջ նախատեսուող վտանգներ, պետութիւններու անլուծելի պարտքերը:

– Ժողովրդական ընդվզումներ իշխող ընտրանիին դէմ եւ ընդվզեցուցիչ եկամուտներ:

– Համաշխարհային պատերազմի ձգած ընկերային եւ հոգեբանական հետքերը:

– Եկեղեցին եւ մանկասիրութեան հարցերը:

– Պատերազմէն ետք Եւրոպայի վերակառուցման թաքուն երեսը:

– Այլ երկիրներ:

– Վեզիւվ հրաբուխի լավային տակ թաղուած Փոմփէի պեղումները, լուսանկարներով:

– Իմաստասիրութեան էջ մը. ինչպէ՞ս իմաստասիրել:

– Բնութիւնը եւ նախնական համարուած Ամազոնի ցեղախումբերը:

– Բժշկութիւն եւ բնութիւն:

– Գրականութիւն. վիպասան մը:

– Շարժանկար եւ դերասաններ:

– Նոր գիրքեր: Տեղական եւ միջազգային:

– Թատրոն. նորութիւններ եւ բեմադրութիւններ:

– Նորոյթի մասին կարծիք։

Այս յիշեցումները կ՛ընեմ, ըսելու համար, որ ընթերցողը շաբաթավերջին ընթերցման նիւթ ունի, առանց բանտարկուած մնալու կրկնուող հեռագրալուրերու ուռկանին մէջ: Կը բացուի իր մտահորիզոնը: 100 էջերուն մէջ չենք հանդիպիր մանկապարտէզի հանդէսներու նկարագրութեան, այս կամ այն անձի, այս կամ այն կողմի գովերգութեան: Ընթերցողին համար գրուած են էջերը եւ ոչ այս կամ այն իշխանին ծառայելու:

Ի հարկէ, այս ընելու համար սիրողականութիւնը չի բաւեր: Բանիմաց եւ անկախ անձնակազմ պէտք է:

Միամիտ չեմ խորհելու համար, որ մենք միջոցները, մարդիկը եւ իմաստութիւնը ունինք սեղանիս վրայ գտնուող թերթին հետ մրցելու: Բայց առնուազն կրնանք մտածել օրինակի արժէքի մասին, լոյս տեսած էջը պէտք է ծառայէ ընթերցողին եւ ոչ ստորագրողին, չըլլայ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով ապսպրուած:

Ընթերցող զանգուածը նուազած է, թերթի տպաքանակը նուազած է, ընթերցողը կա՛մ կը գոհանայ հեռատեսիլով, կա՛մ կը դիմէ օտարալեզու թերթերու:

Հայ մամուլը, անոր ետին կանգնած ղեկավարութիւնները, անմիջական շահերէ եւ մրցակցութիւններէ անդին, այս հիմնահարցերը պէտք է քննեն, եզրակացնեն, կազմակերպեն եւ ուղղութիւն ճշդեն: Բայց նախ լսեն մամուլի իսկական տէր ընթերցողը, որ թերթը կը կարդայ, որ թերթը չի տեսներ, կ՛անտեսէ: Այսինքն գիտական հարցախոյզով կացութեան ախտաճանաչումը պէտք է ընել, սրահ յուզելու կոչուած ճառի փոխարէն:

Եւ ի հարկէ հայ մամուլը պէտք չէ պատուանդան ըլլայ անմիջուկ փառասիրութիւններու բաւարարման, որ հայկական հին աւանդութիւն է, որուն մասին կը վկայէ Յակոբ Պարոնեան՝ իր «Ազգային Ջոջեր»ով: Ո՞վ այսօր կը կարդայ «Ազգային Ջոջեր»ը՝ հայելիին մէջ նայելու պէս:

Այժմ՝ «մարգարէներով», «նուիրեալներով», «անփոխարինելիներով»…

Այս հարցերուն մասին պէտք է խօսիլ եւ զանոնք քննել առանց վերապահութիւններու, հանրային շահը եւ գալիքը նկատի ունենալով:

Ինչպէ՞ս, ո՞ւր…


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles